Հարցազրոյց՝ Պատմաբան, Դասախօս Դոկտ. Ժիրայր Քոչարեանի Հետ
Համօ Մոսկովեան, Պերլին, 2 Հոկեմբեր 2012
Գիտարուեստական (թեքնիք) պատճառներով կարգ մը հայերէն գրութիւններ ստացուած թուականներուն չհրատարակուեցան: Ներողամտութիւն կը խնդրենք հեղինակներէն, յատկապէս Համօ Մոսկոֆեանէն որու հարցազրոյցը Պերլինահայ Պատմաբան, Դասախօս Դոկտ. Ժիրայր Քոչարեանի հետ արեւմտահայերէն լեզուով կը ներկայացուի փոխանակ արեւելահայերէնի երիզագրութեան անյստակութեան պատճառով:-Խմբ.
ՀԱՐՑՈՒՄ.- Վերջին շրջանին, բաւական կարեւոր իրադարձութիւններ տեղի ունեցան միացեալ Գերմանիոյ մայրաքաղաք Պերլինի մէջ, որոնք կը վերաբերին Հայ Դատին եւ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման։ Կարո՞ղ էք ներկայացնել զանոնք։
Հարցազրոյց՝ Պատմաբան, Դասախօս Դոկտ. Ժիրայր Քոչարեանի Հետ
Համօ Մոսկովեան, Պերլին, 2 Հոկեմբեր 2012
Գիտարուեստական (թեքնիք) պատճառներով կարգ մը հայերէն գրութիւններ ստացուած
ՀԱՐՑՈՒՄ.- Վերջին շրջանին, բաւական կարեւոր իրադարձութիւններ տեղի ունեցան միացեալ Գերմանիոյ մայրաքաղաք Պերլինի մէջ, որոնք կը վերաբերին Հայ Դատին եւ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման։ Կարո՞ղ էք ներկայացնել զանոնք։
ՊԱՏԱՍԽԱՆ.- Կը ցանկանայի քանի մը խօսք ըսել այսպէս կոչուած հայ-թուրք երկխօսութեան մասին՝ որ շատ կը հետաքրքրէ Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը։ Որովհետեւ Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակը շուտով կը մօտենայ եւ իրենք բնաւ նպատակ չունին 2015-ին Ցեղասպանութիւնը որպէս այդպիսին ճանչնալ, կը փորձեն հայ-թուրք մակերեսային երկխօսութիւններ կազմակերպել։ Այդ տեղի կ’ունենայ յայտնի կազմակերպութիւններու կողմէ՝ ինչպիսին են «Նաուման» հաստատութիւնը՝ «Օյրօ» ակադեմիան, «Անատոլու Քուլթուր»: Դժբախտաբար Հայաստանի մէջ այդ խայծը կուլ տուած են եւ կու գան մասնակցելու այս միջոցառումներուն…։ Այս բոլորին ֆինանսաւորողը արտաքին գործոց նախարարութիւնն է եւ պարզ է այդ բոլորին նպատակը։ Ա. Համաշխարհային Պատերազմի աւարտին երիտթուրք ոճրագործներուն փախցուցին Պերլին եւ թոյլ չտուին որ յանձնուէին Թուրքիոյ դատարաններուն, ուր դատապարտուած էին այդ ժամանակ, հեռակայ կարգով։ Հիմա, Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը կը ֆինանսաւորէ այս միջոցառումները։ Այնպէս որ հարկաւոր է նամակներ յղել բոլոր հայ կազմակերպութիւններուն, Սփիւռքի եւ Հայաստանի մէջ, որ հրաժարին այսպիսի ծրագրուած խորհրդաժողովներու մասնակցելէ…։
ՀԱՐՑՈՒՄ.- Ի՞նչ են Ձեր ծրագիրները:
1915 թուին ձերբակալուած եւ աքսորուած եւ ճանապարհին սպաննուած 15 գրողներու նիւթերը կը հաւաքեմ, Ցեղասպանութեան 100-ամեակին տպագրելու համար՝ գերմաներէն լեզուով։ Կը պատրաստեմ հայ ազգաբնակչութեան աթլաս, 1978 թուի Պերլինի վեհաժողովէն մինչեւ այսօր։ ԹԷ ինչպէ՞ս պատահեցաւ որ այսօր միայն Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Արցախի տարածքներուն վրայ է որ հայեր կ’ապրին։ Այդ 15 քարտէզները բացատրութիւններով կ’ուզեմ հրատարակել մինչեւ 2015 թուականը։
ՀԱՐՑՈՒՄ.- Ի՞նչ կրնաք ըսել Ազերի-Թուրք գործակցութեան մասին
Մի քանի շաբաթ առաջ Հունգարիոյ դեսպանատան առջեւ բողոքի ցոյց կազմակերպուեցաւ, բողոքի նամակներ յղուեցան Եւրոպական յանձնաժողովներու՝ բողոքելով ազերի ոճրագործ սպայ Սաֆարովի ազատ արձակման հարցով։ Գերմանիոյ մէջ շատ ընելիքներ կան։ Թուրքերը շատ կազմակերպուած են հոս եւ հակա-հայկական քարոզչութիւն կը տանին պետական մակարդակով։ Թրքական դեսպանատան մէջ կ’աշխատին պաշտօնեաներ այդ ուղղութեամբ…։
Հումպոլտի համալսարանի փողոցին վրայ յուշատախտակ տեղադրուեցաւ Կոմիտասի յիշատակին. [ան] փիլիսոփայութիւն ուսանած էր [այդ համալսարանին մէջ]։ Ողջունելի քայլ էր, սակայն նոյն համալսարանին մէջ ազրպէյճանագիտութեան, լեզուի ու մշակոյթի ամպիոն հիմնած են ազերիները։ Միւս կողմէ Պերլինի «Ֆրայ» [Ազատ] համալսարանը միանգամընդմիշտ փակեց հայագիտական ուսումնասիրութիւններու ամպիոնը….։ Այսինքն՝ ազրպէյճանցիները կը տեղաւորուին մայրաքաղաքին մէջ, իսկ հայեր…։
Այս քաղաքին մէջ 300-350,000 թուրք կայ։ Մեր Հայաստանի հայկական հատուածը թուրքին ինչ ըլլալը լաւ չի պատկերացներ. նենգ ու խորամանկ ոճրագործ մըն է ան։ Մանաւանդ այն թուրքերը որոնք այստեղ ծնած են, անոնք թրքական կառավարութեան երկարացուած ձեռքերն են…։
Փառք Տիրոջ, այստեղ ունինք մի քանի գերմանացի բարեկամներ, Ցեղասպանութեան ճանաչման խմբակ որ Թեսա Հոֆմընի գլխաւորութեամբ մեծ աշխատանք կը տանի։
ՀԱՐՑՈՒՄ.- Ի՞նչ կը թելադրէք:
Եթէ դրամական հաստատութիւն ըլլայ, որքան կարեւոր է Գրիգոր Պալաքեանի «Հայ Գողգոթան» թարգմանուի գերմաներէնի… կամ Սողոմոն Թեհլիրեանի «Իմ Յիշողութիւնները», որոնք մեծ ազդեցութիւն պիտի ձգեն գերմանական նոր սերունդին վրայ, որ քննադատաբար կը վերաբերի իր պատմութեան հանդէպ։ Տեղացի ժողովուրդին չենք փորձած ծանօթացնել իրողութեան հետ։ Այս օրերուն, Թեսա Հոֆմըն պիտի ներկայացնէ Պոնտոսի եւ Թրակիոյ յոյն ժողովուրդին հանդէպ գործուած Ցեղասպանութիւնը։ Թող աշխարհը իմանայ, որ թուրքը Ցեղասպանութիւններու շարքի գործադրող ոճրագործն է։ Պէտք է Պարսկաստանին եւ Ռուսաստանին հասկցնել թէ ան կը շարունակէ փան-թուրքիզմի քաղաքականութիւնը։
Ա. Համաշխարհային Պատերազմի աւարտին, Պերլին փախած թուրք ցեղասպան-ոճրագործներ Ճեմալ Ազմին, Պեհաէտտին Շաքիրը, Թալաաթ փաշան շանսատակ եղած էին հայ վրիժառուներու ձեռքով։ 1940 թուին Թալաաթի աճիւնը Թուրքիա տեղափոխուեցաւ մե՜ծ շուքով…։ Իսկ այստեղի թուրքերը, մեծ գումար հաւաքելով, մնացեալ երկու ոճրագործներուն գերեզմանները պատեցին թանկարժէք մարմարով, կողքին կառուցելով շքեղ մզկիթ մը, զոր կոչեցին “Նահատակ”ներու անունով։ Մենք բողոքի նամակ յղեցինք այդ շրջանի թաղապետին, բողոքելով ոճրագործներու պաշտամունքի դէմ, բայց մինչեւ այսօր պատասխան չստացանք։ Ինչպէ՞ս կ’ըլլար եթէ Նացիզմի ռազմական ոճրապետեր Հիթլերն ու Հիմլերը, անհատի պաշտամունքի առարկայ դառնային այսօր՝ Գերմանիոյ մէջ։
Պերլինը ամէն հարցով կապուած է հայոց պատմութեան հետ։