Իրաւունք, Հատուցում Եւ Լուծում

«Ի՞նչ ԿըՄտածէ Միւս Թուրքը»  Թարգմանութիւններու Շարքէն
 
Օրհան Քեմալ Ճենկիզ, Ռատիքալ, 11 Ապրիլ 2012, Հայացուց՝ ԳրիգորԿէօքճեան, Պէյրութ
 
Հայոց ցեղասպանութեան համար Թուրքիան հարկ է որ ներողութիւն խնդրէ, ինչպէս նաեւ «ներքին իրաւական» ուղիներ ստեղծէ հայերուն կրած նիւթական վնասները փոխհատուցելու համար:
 
Հայկական հարցին կապակցութեամբ, կարելի՞ է միջազգային որեւէ դատարանին առջեւ Թուրքիոյ դէմ դատ բանալ եւ ստիպել զայն փոխհատուցում ընելու. իմ պատասխանս կարճ ու յստակ է. ո՛չ, կարելի չէ: Մի առ մի քննենք հաւանական այն դատարանները, ուր կրնայ դատուիլ Թուրքիան:
 

«Ի՞նչ ԿըՄտածէ Միւս Թուրքը»  Թարգմանութիւններու Շարքէն
 
Օրհան Քեմալ Ճենկիզ, Ռատիքալ, 11 Ապրիլ 2012, Հայացուց՝ ԳրիգորԿէօքճեան, Պէյրութ
 
Հայոց ցեղասպանութեան համար Թուրքիան հարկ է որ ներողութիւն խնդրէ, ինչպէս նաեւ «ներքին իրաւական» ուղիներ ստեղծէ հայերուն կրած նիւթական վնասները փոխհատուցելու համար:
 
Հայկական հարցին կապակցութեամբ, կարելի՞ է միջազգային որեւէ դատարանին առջեւ Թուրքիոյ դէմ դատ բանալ եւ ստիպել զայն փոխհատուցում ընելու. իմ պատասխանս կարճ ու յստակ է. ո՛չ, կարելի չէ: Մի առ մի քննենք հաւանական այն դատարանները, ուր կրնայ դատուիլ Թուրքիան:
 

Միջազգային Պատժական Ատեան
 
Ցեղասպանութեան յանցագործութեան տեսակէտով առաջին անունը, որ մեր միտքը կու գայ, Միջազգային պատժական ատեանն է (ՄՊԱ): Թուրքիան տակաւին չէ ճանչցած այս դատարանին վճիռի իրաւասութիւնը: Եթէ նոյնիսկ վաղը այս ամօթալի կացութեան վերջ տրուէր եւ ճանչցուէր դատարանին տալիք վճիռը, դարձեալ կարելի չէ այս դատարանին մօտ Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ դատ բանալ: Որովհետեւ ՄՊԱն անհատական «պատիժի պատասխանատուութեան» վրայ հիմնուած դատարան մըն է. հետեւաբար, նոյնիսկ եթէ վճիռի իրաւասութիւնը ճանչցուի եւ ընդունուի անոր իրաւասութեան գործադրութիւնը անցեալի մէջ պատահած դէպքերուն համար, դարձեալ անկարելի է ՄՊԱի մօտ դատ բանալ, որովհետեւ 1915-ի դէպքերուն «դերակատարները» կենդանի չեն այլեւս:
 

Արդարադատութեան Ատեան
 
Եթէ հարցը Միացեալ ազգերու Լահէյի Արդարադատութեան Ատեան տարուիԱմբողջ աշխարհի իրաւագիտութեան մարզին մէջ իբրեւ հեղինակութիւն համարուող Ուիլիըմ Շապաս կը հաստատէ. «Ասիկա միմիայն նոյնինքն Թուրքիան կրնայ ընել»: Որեւէ այլ երկիր կարելիութիւնը չունի այս հարցով Թուրքիոյ դէմ դատ բանալու Արդարադատութեան Ատեան առջեւ: Պահ մը կարելի է մտածել, թէ Թուրքիոյ` Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան պարագային, ձեւով մը հարցը կարելի ըլլայ փոխադրել Եւրոպայի Արդարադատութեան Ատեան. սակայն ճամբուն փակուած ըլլալը կը տեսնենք 2003 եւ 2004-ին բացուած դատերով. արդարեւ, Եւրոպական Միութեան արդարութեան դատարանը հայերու կողմէ Իտալիոյ եւ եւրոպական այլ երկիրներու դէմ բացած դատերը «վերացական» նկատելով` մերժած էր քննարկել:
 
Եւրոպայի Մարդկային Իրաւանց Ատեան
 
Եւրոպական մարդկային իրաւանց ատեանին մօտ ալ կարելիութիւն չկայ դատ բանալու Ցեղասպանութեան հարցով, որովհետեւ ԵՄԻԱն կրնայ քննարկել այն օրինազանցութեանց պնդումները, որոնք կ՛իյնան Եւրոպայի մարդկային իրաւանց համաձայնագիրի ծիրին մէջ: Հայկական հարցի վերաբերեալ ԵՄԻԱի մօտ կարգ մը դատեր բացուած են, ասկէ վերջ ալ հաւանաբար բացուին: Օրինակի համար, մեր քրէական օրէնսգիրքին տխրահռչակ 301-րդ յօդուածը, որ ձեւով մը կ՛արգելակէր Հայկական հարցին քննարկումները, ԵՄԻԱն գնահատեց զայն որպէս արտայայտուելու ազատութեան ոտնակոխում: Սակայն կարելի չէ նոյնինքն Հայոց ցեղասպանութեան դատը տանիլ ԵՄԻԱ:
 
Միջազգային իրաւագիտական տեսանկիւնէն պատկերը ա՛յս է: Միւս կողմէ, քանի որ Թուրքիան զինեալ հակամարտութեան մը մէջ չէ Հայկական հարցով, «Նիւրենպերկի դատարանի» օրինակով դատարանի մը կազմութիւնը եւս անկարելի է. հետեւաբար կարելի չէ միջազգային արդարադատութեան շրջագիծին մէջ Թուրքիան դատել «ցեղասպանութեան» ամբաստանութեամբ:
 
Ազգային Իրաւագիտութեամբ Դատուիլ
 
Սական բոլոր վերը նշածներս չեն նշանակեր, որ կարգ մը ազգային իրաւագիտական ուղիներ ստեղծելով` անկարելի ըլլայ դատել Թուրքիան: Ամերիկացի հայերուն Քալիֆորինոյ դատարաններուն մէջ բացած դատերը այսպիսի իրաւագիտական ճամբաներու օգտագործումին համար օրինակ կը ծառայեն:
 
Ատանայի մէջ գտնուող Ինճիրլիքի խարիսխին սեփականութեան վերաբերեալ Պագալեանին բացած դատը կը շարունակուի Քալիֆորնիոյ մէջ: Շատ հաւանաբար այս դատը իյնայ` նկատի առած ներկայ միջազգային իրավիճակը. արդարեւ, դարձեալ Քալիֆորնիոյ մէջ գերմանական ապահովագրութեան «Միւնիխ Ռէյ»-ի դէմ բացուած դատը ինկած էր, որովհետեւ այս դատերուն իբրեւ յենակէտ ընդունուած «Բուջիկեանի» օրէնքը չեղեալ համարուեցաւ Սան Ֆրանսիսքոյի Բարձրագոյն ատեանին կողմէ: Իր տուած պատճառաբանութեան մէջ բարձրագոյն ատեանը կը նշէր, թէ նախագահ Օպամա խուսափած էր Հայոց ցեղասպանութիւն բառը գործածելէ, հետեւաբար այս օրէնքը ներհակ կը նկատուէր Ամերիկայի արտաքին քաղաքականութեան հետ: Ի՞նչ կը նշանակէ այս. ամերիկեան քաղաքականութեան փոխուած վայրկեանին իսկ նման օրէնքներ կարելի է հանել եւ այս անգամ դատերը ցկեանս կը շարունակուին: Այս բոլորը ցոյց կու տան, որ չլուծուած Հայկական հարցը Թուրքիոյ գլխուն վերեւ յաւիտեանս ճօճուող դամոկլեան սուր մըն է:
 
Ամփոփելով, վերը բացատրեցի, թէ միջազգային իրաւական մեքանիզմներ գործածելով կարելի չէ դատապարտել Թուրքիան, որ վնասուց հատուցում վճարէ: Ասիկա որոշ չափով կը հանգստացնէ Թուրքիան որովհետեւ եթէ կարելի ըլլար այս դատարաններուն մօտ դատ բանալ, ատկէ ետք քաղաքական նախաձեռնութիւններ առնելու շատ նեղ տարածութիւն պիտի մնար. սակայն, ինչպէս որ նկատեցիք, «ազգային իրաւական» մեքանիզմներ ստեղծելու ճամբով Թուրքիոյ վարած անքաղաքականութեան գինը շատ սուղ վճարել տալու կարելիութիւնը մշտապէս առկայ է:
 
Խնդրին Լուծումը
 
Այս յօդուածաշարքին սկզբնաւորութեան ըսի, որ Թուրքիա կրնայ լուծել Հայկական հարցը` թէ ՛ մարդկային եւ թէ՛ իրաւական մակարդակներու վրայ, եթէ արդարօրէն մօտենայ անոր: Եթէ մտավախութիւն կայ, որ «Ցեղասպանութիւն» բառին օգտագործումը կրնայ յառաջացնել անկանխատեսելի  եւ անհակակշռելի արդիւնքներ, Թուրքիան ի՛նք կրնայ այս հարցին անունը դնել. օրինակի համար, կարելի է ըսել, թէ` Ցեղասպանութիւնը իրաւական հասկացողութիւն մըն է. այս սահմանումը ընող համաձայնագիրը պատահած դէպքերէն շատ աւելի վերջ ի զօրու դարձած է. սակայն մենք կ՛ընդունինք, որ 1915-ի դէպքերը մարդկային մեծ որբերգութիւն մըն են. կը դատապարտենք ասիկա իրականացնող Իթթիհատ եւ թերաքքի կառավարութիւնը եւ անոր հետ գործակցողները. ողբերգական այս դէպքերուն զոհ դարձած մեր հայ եղբայրներէն եւ անոնց սերունդներէն ներողութիւն կը խնդրենք»:
 
Թուրքիան միմիայն ներողութիւն խնդրելով պէտք չէ բաւարարուի, այլ այս խնդրին յառաջացուցած նիւթական վնասները վերացնելու նպատակով իրաւական ուղեգիծ մըն ալ պէտք է որդեգրէ: Ես կ՛առաջարկեմ, որ Թուրքիոյ մէջ «ներքին իրաւական ուղեգիծներ» որդեգրուին փոխհատուցանելու համար հայոց կրած վնասները. այսպէս, ներողութիւն հայցելով` Թուրքիա վերացուցած պիտի ըլլայ «Բարոյական վնասները», իսկ «նիւթական վնասները» կարելի է փոխհատուցել «անհատական» մակարդակով եւ ամէն մէկ «առարկայական պարագայ» նկատի ունենալով: Օրինակի համար, կարելի է նախատեսել, որ թրքական արդարադատութեան շրջագիծին մէջ փոխհատուցում վճարուի օսմանցի հայերու ժառանգորդներուն, եթէ անոնք կարենան փաստել իրենց կալուածին սեփականութիւնը կալուածաթուղթով եւ կամ որեւէ այլ փաստաթուղթով մը: Ներողութեան եւ օրէնքի նախագիծը գրպանը դրած Թուրքիան կրնայ սեղան նստիլ Ամերիկայի, Եւրոպական միութեան ու Հայաստանի հետ եւ ստորագրել միջազգային համաձայնագիր մը:
 
Միջազգային այս համաձայնագիրով կը հաստատուի, որ հայերու վնասներուն վերաբերեալ իրաւասու միակ կողմը թրքական դատարաններն են:
 
Հաւատացէք` այս բոլորը Թուրքիան դիւրութեամբ կրնայ ընել եւ հարցը կը լուծուի: Սակայն այս բաները ընելու համար նախ եւ առաջ հարկ է որ մէկդի ձգենք ուրացումի եւ ժխտողականութեան մեր հոգեբանութիւնը, որ ամբողջ աշխարհի առջեւ մեզ կը նուաստանցէ, եւ կարենանք բաց սիրտով նայիլ մեր երկրէն վտարած օսմանցի հայերուն ողբերգութեան: Ամէն բանէ առաջ հարկ է, որ մենք մեզի հանդէպ արդար եւ անկեղծ գտնուինք. մնացեալը շատ դիւրութեամբ կը լուծուի, հաւատացէ՛ք

 

You May Also Like
Read More

ՀՀ-ի իրավահաջորդության խնդիրը կամ Հայոց պետական այրերի մեղքերի սրբագրման նոր միջոց

Վահե ՍԱՐԳՍՅԱՆ, «Միտք» վերլուծական կենտրոն ,25.10.2009թ. Հայ-թուրքական արձանագրությունների նախաստորագրմամբ հասարակական լայն քննարկումների մեկնարկից հետո մեջտեղ եկան մի շարք…
Read More