
Ս. Կիրակոսեան, Ազդակ, Պէյրութ, 20 Մարտ 2010



Ս. Կիրակոսեան, Ազդակ, Պէյրութ, 20 Մարտ 2010
Համեստ, բայց իր կոչումին եւ առաքելութեան խորապէս գիտակից, պատասխանատու եւ նուիրեալ հայագէտի վճռակամութիւնը, հաւատամքն ու ուխտը շարունակելու բարձրաձայն խոստում մը նաեւ, որ, անկասկած, է՛, կը շարունակէ եւ պիտի՛ շարունակէ մնալ Պարոյր Աղպաշեան հայագէտին ու մտաւորականին առաջին եւ վերջին սէրը, լրագրութիւն կամ հրապարակագրութիւն կոչեցեալ հոմանուհին որքան ալ ժամեր ու ժամեր խլած ըլլայ կամ շարունակէ խլել իր առաքինի սիրուհիին արդար իրաւունքէն:
Արեւմտահայ, բայց յատկապէս սփիւռքահայ քանի՜-քանի՜ տաղանդաւոր գրագէտներու ջիղերն ու սուղ ժամերը մաշեցուց հայ արձակագիրին այս բարեկամ թշնամին՝ հայ մամո՛ւլը, որ եղաւ ամէնօրեայ մրցակիցն ու անկուշտ պարտապահանջը Ռուբէն Զարդարեաններուն ու Երուանդ Օտեաններուն, Արփիար Արփիարեաններուն ու Գրիգոր Զօհրապներուն, Անդրանիկ Ծառուկեաններուն ու Վահէ Օշականներուն եւ քիչ մը գրեթէ բոլոր արտերկրաբնակ գրագէտներուն:Բայց նաեւ ամէն առաւօտ անսխալ հնչող զարթուցիչը, որ այս զոյգ կուռքերուն սպասարկուները պահեց լարուած եւ գերարթուն վիճակի մէջ, անոնց ջիղերը վարժեցնելով իմացական տիսիփլինի մը եւ արտադրողական պարտադիր կարգապահութեան մը, որ այլապէս բարիք մը եղաւ հրապարակագիր հայ գրողին, բայց մա՛նաւանդ՝ հայ մամուլին համար՝ իբրեւ մշտաշխատ ու բազմարդիւն շնչառութիւն:Այս տողերը գրողը անծանօթ չէ վերոնշեալ փարատոքսին, աւելի ճիշդ՝ յանձնառու հայ գրողի ճակատագրին:Կ՝արձանագրենք փաստը եւ կ՝անցնինք:Պարզապէս կ՝ուզենք աւելցնել, որ թէ՛ Պարոյր Աղպաշեան եւ թէ հայ գրականագիտական-բանասիրական կալուածը շատ բան պիտի շահէին, եթէ կեանքը Պարոյր Աղպաշեանի եւ իր ճակատագրակիցներուն շնորհէր միմիայն իրենց սիրուհիին հրաւէրներուն ընդառաջելու բախտն ու առիթը:
Այնուամենայնիւ, ՙԱրեւմտահայ գրողներու լեզուամտածողութիւնն ու բառապաշարային շերտաւորումները՚ հատորով հրամցուած հայագիտական բերքը քիչ հարուստ չէ, իսկ անոր ընթերցումին յաջորդած իմացական վայելքը իւրայատուկ է՝ բառին ազնուագոյն եւ ամբողջական առումով:
Ամենադժուարահաճ ընթերցողը կամ նոյնիսկ խստապահանջ մասնագէտը, կարդալէ ետք Պարոյր Աղպաշեանի ՙԱրփիար Արփիարեանի լեզուական հայեացքներն ու բառապաշարը՚, ՙԵղիա Տէմիրճիպաշեանի բառակերտական նպաստը հայ գրական լեզուին՚, ՙՄելքոն Կիւրճեանի բառապաշարին որոշ տարրերը՚, ՙԹլկատինցիի գրականութեան բառապաշարային երանգները՚, ՙԳրիգոր Զօհրապի լեզուին բառաբաղադրութիւնները՚ խորագրեալ ու մնացեալ աշխատասիրութիւնները, եւ տակաւին՝ նոյնիսկ հեղինակին ստորագրած գրախօսականները, կը կարծենք, պիտի եզրակացնէ անմիջապէս, որ գործ ունի բարեխիղճ, խորաթափանց եւ բանասիրական յայտնաբերումները ռեզոն տ՝էթրի վերածած իրաւ հայերէնագէտի մը հետ:
Գործ ունի տարբեր լեզուամտածողութեանց եւ ստեղծագործական իւրայատուկ խառնուածքներու տէր հսկաներու ստեղծագործութիւններուն բառապաշարային ու լեզուագիտական առանձնայատկութիւնները, միտումներն ու օրինաչափութիւնները խորաթափանց հայեացքով ու գիտական մօտեցումով քննարկող անաչառ մտաւորականի մը հետ, որուն աշխատասիրութիւններուն մասին ծանրակշիռ եւ արդար խօսք ըսելու ազնուագոյն ճիգն անգամ՝ կը նշանակէ խեղաթիւրել խնդրոյ առարկայ աշխատասիրութիւնը կամ առնուազն զայն պարպել իր գիտական բովանդակութենէն:
Լուսարձակի տակ բերուած արեւմտահայ արձակի կարկառուն դէմքերուն գրական հարուստ աշխարհները ժամանակին ու անմիջական միջավայրին գրական-լեզուամտածողական շրջանակին մէջ տեղադրելով՝ Պարոյր Աղպաշեան ո՛չ միայն կը կատարէ գիտական քննարկումը արեւմտահայերէնի զարգացման իրերայաջորդ հանգրուաններուն ու հեղինակային հեռանկարներուն, այլեւ իր լեզուաբանական աշխատասիրութիւնները կ՝օժտէ կեանք-գրականութիւն յարաբերութիւնները առարկայական տուեալներու օժանդակ լոյսերով մեկնաբանող բացառիկ արժանիքով:
Այսպէս, վերոնշեալ գրողներու հերոսներուն ընդմէջէն, անոնց բառային ատաղձը, այսինքն՝ լեզուամտածողութիւնը, գրաբարեան ազդեցութիւնները, գաւառաբարբառային տարրերը, արտայայտչական իւրայատուկ եղանակները եւ խնդրոյ առարկայ հեղինակներուն նորակերտ արտայայտչաձեւերը, ոճային առանձնայատկութիւններն ու բառապաշարային շերտաւորումները իբրեւ մէկ եւ անբաժան ամբողջութիւն քննարկելու իր եղանակին շնորհիւ, Պարոյր Աղպաշեան մեզի կը ներկայանայ առարկայական, գիտական, տրամաբանական եւ պատասխանատու համընդհանուր խօսք ըսող հայագէտի յստակ ծրագիրով եւ ողջունելի ձեռքբերումներով:Անհերքելի եւ յարգելի արժանիք մը, որ Պարոյր Աղպաշեան հայերէնագէտ բանասէրը կը բերէ առաջին գիծ՝ շուքի մէջ ձգելով խնդրայարոյց, կրքոտ եւ տեսակէտ ունեցող հրապարակագիրը:
Կը սիրենք յուսալ, որ իր բանասիրական աշխարհին ու կոչումին հարազատ մնալու վճռակամութիւնը, պարզ ըսած՝ ՙզայն շարունակելու ու հետազօտելու հաւատամքս՚ բարձրաձայն խոստովանած Պարոյր Աղպաշեան գիտական նոյն բծախնդրութեամբ եւ միեւնոյն խանդավառութեամբ կը բացուի նոր հորիզոններու, այս անգամ խորասուզուելով արեւմտահայերէնը բացառիկ ոլորտներու բարձրացուցած տաղանդաւոր այլ արձակագիրներու՝ Ռուբէն Զարդարեանի եւ Յակոբ Օշականի, Երուխանի եւ Ինտրայի, Համաստեղի եւ Բենիամին Նուրիկեանի, Շահան Շահնուրի եւ Վազգէն Շուշանեանի, Նիկողոս Սարաֆեանի եւ Անդրանիկ Ծառուկեանի, Եդուարդ Պօյաճեանի եւ Վահէ Օշականի նման անմահանուն գեղագէտներու լեզուաշխարհներէն ներս՝ կատարելու համար նոր ՙանջրպետներու գրաւումը՚:
Պերճախօս փաստը տրուած է արդէն:
Կը յուսանք եւ կը սպասենք:
ՌԱԿ Մամուլ, Մարտ 23, 2010
(Հեղինակ՝ Պարոյր Աղպաշեան, Պէյրութ, 2009)
Դոկտ. Մինաս Գոճայեան
Պտուղը հեռու չինկաւ ծառէն: Կաղնին՝ անսակարկ հայրենասէր, մարդասէր ու խմբագիր երգիծաբան Յովհաննէս Աղպաշեանն էր, պտուղը՝ բանասէր, հրապարակախօս ու հրապարակագիր որդին՝ Պարոյրը, «Զարթօնք»ի աննահանջ խմբագիրը, սեւին՝ սեւ, ճերմակին՝ ճերմակ ըսող սկզբունքային խմբագիրը, ինչպէս իր «ուսուցիչ» մեծ նախորդը՝ Գերսամ Ահարոնեան:
Խմբագիրը (պատասխանատու, գլխաւոր եւ այլն) թերթին սիրտն ու հոգին է, թերթը իր հայելին է: Խմբագիրն է որ կը թելադրէ ուղղութիւնը եւ գաղափարախօսութիւնը: Ընթերցողներն ու մամուլի պատմաբանները յաճախ կը նոյնացնեն խմբագրապետն ու թերթը:
Պարոյր Աղպաշեանի աշխատակցութեան եւ հուսկ ապա իր խմբագրապետութեան տարիները զուգադիպեցան ազգային, միջազգային արաբօ-իսրայէլեան ու շրջանային վերիվայրումներու, ցնցիչ ու յեղաշրջիչ դէպքերու, «կայսրութեան» մը փլուզման լիբանանեան քաղաքացիական մաշող 16 տարիներուն, սիոնական ու անոնց սայլին լծուած «մեծերու» խարդաւանքներով, դաւադրութիւններով ու յարձակումներով յատկանշուող տասնամեակներուն:
Ներկայացուող Բ. հատորը վերոյիշեալի հայելին է: Պարոյր Աղպաշեան հրապարակագիրը իր խմբագրականներուն թէ հրապարակագրական գրութիւններուն մէջ ցոյց կու տայ խիզախ քաղաքացիի, իրաւ հայրենասէրի եւ արաբ ժողովուրդի հանդէպ անխառն սիրոյ կեցուածք դրսեւորող մտաւորական մը:
Հատորը կը սկսի 1990-ին Կիպրոսի Խորհրդարանին Պատմական որոշման նուիրուած Յունիս 12-ի «Նուաճում Մեծ Երազի Ճամբուն Վրայ» գրութեամբ: Տողերուս հեղինակը, ինչպէս այս յաջողութեան նպաստած բոլոր կիպրահայ դէմքերը, լաւ գիտեն թէ ինչպիսի՛ հետեւողական աշխատանքի արդիւնքն էր ճակատագրակից Կիպրոսի Խորհրդարանի որոշումը: Մենք անձամբ առնչուած ենք նշուած յաջողութեան գործընթացին, որուն պատմական կարեւորութեան մասին ատենին չտրուեցաւ պատշաճ գնահատական: «Փոքր կղզիին կիպրայոյն թեւը՝ յանդուգն եւ իրաւացի քայլ մը կ’առնէր իր այս որոշումով», կը գրէ Աղպաշեան եւ կը շարունակէ. «որովհետեւ ան շատ լաւ գիտէր ցեղասպանին ինքնութիւնը, շատ լաւ զգացած էր անոր վայրագութիւնները եւ շատ լաւ ըմբռնած էր հայութեան տառապանքը»:
Հեղինակը օրը օրին կ’անդրադառնայ 1980-ականներու վերջի եւ 1990-ականներու սկիզբները հայրենի քաղաքներու փողոցներուն մէջ ծաւալած ցոյցերուն: ԽՍՀՄ-ը տակաւին չէ փլած, բայց շուտիկներ Երեւանի փողոցներու մէջ «երկրորդ կամ երրորդ ուժերու օրէնքներու մասին» կը բարբաջեն: Մտահոգ է Աղպաշեան եւ կ’ահազանգէ «նոր թշնամիներ շահելու» նպաստող երեւոյթներու մասին «այնքան ատեն որ մենք ոյժ չենք ներկայացներ թէ՛ տնտեսապէս, թէ՛ զինուորապէս եւ թէ՛ քաղաքականապէս», կը գրէ ան:
Ներլիբանանեան կեանքը միշտ ներկայ է Աղպաշեանի հրապարակագրութեան օրակարգին վրայ: Առաջին հայեացքով հայ մամուլի վերլուծաբանը պիտի նկատէ քաղաքացի հայրենասէր լիբանանահայը: Անողոք է Աղպաշեանի գրիչը, սուր է եւ միշտ թիրախին հարուածող, Սիոնա-իսրայէլեան արիւնալի յարձակումներուն դիմաց «Զարթօնք»ի այս քաջարի հրամանատարը կը խօսի «գերիշխան, ամբողջական ու միասնական» լիբանանեան հայրենիքին մասին:
Անխնայ է հրապարակագրին գրիչը երբ ան կ’անդրադառնայ ու կը վերլուծէ ազերի պատկան իշխանութիւններու եւ անոնց դրդումներով հակահայ արիւնալի դէպքերուն: Խօսելով շրջափակումի մասին, կը գրէ. «Արիւնարբու ցեղասպանին ոճն է ասիկա, վայրագութեան բնազդն է ասիկա, զորս պէտք է մերկացնել, պախարակել ու վիժեցնել … » էջ 48-19):
Լիբանանահայ կրթական կեանքը, ինչպէս ամէնուր, կ’ապրի սուր ճգնաժամ: Լիբանանը, ոչ-շատ հեռու անցեալին, օրրանն էր սփիւռքին՝ ուսումնա-կրթական բնագաւառին մէջ: Ցաւօք սակայն կը նկատուի զգալի նահանջ մը՝ արմատներէն ու հայ պատկանելիութենէն տարօրինակ ու աննախադէպ փախուստ մը: Պարոյր Աղպաշեանի մտորումներուն գլխաւոր նիւթերէն մէկը կը դառնայ հայ դպրոցի ապագան, հայեցի կրթութիւնը ժամանակավրէպ նկատող ամբոխը, հայ ծնողաց գովելի անձնազոհութիւնը յանուն հայ դպրոցի գոյատեւման եւ իրենց զաւակներուն հայեցի դաստիարակութեան, սակայն անոնց կողքին «քաղքենիական հովերով» տարուած նորահարուստներու ամբոխ մը սկսած է իր ներկայութիւնը զգալի դարձնել՝ մտահոգիչ ընելու համար մեզ:
Պարոյր Աղպաշեան նոր չափանիշ մը կը հասատատէ հայ մամուլի ու հրապարակագրութեան անդաստանին մէջ:
Հատորը արժանի յուշարձան մըն է կանգնեցուած Յովհաննէս Աղպաշեանի ու Գերսամ Ահարոնեանի յաւերժութեան ի խնդիր: Սոյն յաջող հրատարակութեան մէջ, նիւթերու ընտրութեան եւ դասաւորութեան մէջ մեր խոր ակնածանքը կ’երթայ նաեւ բանասէր Դոկտ. Երուանդ Քասունիին, որուն խմբագրի յատուկ բծախնդրութեան շատ բան կը պարտի այս հատորը
2 comments
Կարծիք
Спасибо ГЕГАРДУ и авторам двух статей для подробного и объективного ознакомления на понятном мне и другим армянском языке.
Знание трудов сыновей собственного народа увеличивает собственное достоинство , без которого и природе не жить.
Успехов в области обединения созданных армянским народом духовных ценостей как для армянского народа так и для человечества.
Издатель газеты МТОРУМ , а также член совета сайта " husisapail ":
Aslamazyan A. K.
Publisher of Մտորում newspaper
Is the book sold in US?
Comments are closed.