Պարոյր Յ. Աղպաշեան , Պէյրութ 8 Մայիս 2016
Միշտ հարց եղած է, թէ Արաբական աշխարհին կամ Միջին Արեւելքին մաս կազմող Մայրիներու երկիրը՝ Լիբանան, իր իշխանութիւնը ինչպէ՞ս կը կազմէ կամ իր ուժականութիւնը ուրկէ՞ կը ստանայ:
Խօսքը կը վերաբերի իր նախագահական, խորհրդարանական եւ կառավարական համակարգերուն, այլ խօսքով՝ նախագահական ընտրութեան, խորհրդարանական կազմութեան եւ կառավարական նշանակումին:
Միշտ հարց եղած է, թէ Արաբական աշխարհին կամ Միջին Արեւելքին մաս կազմող Մայրիներու երկիրը՝ Լիբանան, իր իշխանութիւնը ինչպէ՞ս կը կազմէ կամ իր ուժականութիւնը ուրկէ՞ կը ստանայ:
Խօսքը կը վերաբերի իր նախագահական, խորհրդարանական եւ կառավարական համակարգերուն, այլ խօսքով՝ նախագահական ընտրութեան, խորհրդարանական կազմութեան եւ կառավարական նշանակումին:
Ինքնախաբէութիւն եւ հաւկուրութիւն է, կարծել կամ հաւատալ, որ լիբանանցիք իրենք են այս ստուգատեսներուն գործադրողները, այնքան ատեն որ՝ Լիբանանի անկախութեան գոյառումէն ասդին, պատմութիւնը, պերճախօս ու կենդանի պատմութիւնը, կը հաստատէ վերոյիշեալ իրողութիւնը:
Ասիկա ոչ գիւտարարութիւն է, ոչ ալ նորութիւն, եթէ ամէն ոք ունենայ իրատեսութեան եւ իրապաշտութեան, գործնատեսութեան եւ առարկայապաշտութեան տարրական ու նուազագոյն շնորհք մը, հոտառութիւն մը, հասունութիւն մը:
Այդուհանդերձ, լիբանանցիք՝ գիտակցելով հանդերձ այս անվիճելի իրականութեան, տարօրինակօրէն, կը համակերպին այս անբնական ինքնահոսին, «գերին» դառնալով իրենց համայնքային-յարանուանական պատկանելիութեան:
Այսպիսի մօտեցում մը, պետական հասկացողութեան ու պետականութեան ըմբռնողութեան առումով, ի՞նչ կը ցուցանէ, եթէ ոչ երկրին գոյութեան եւ յարատեւութեան վրայ դրոշմուող ծանրակշիռ շուք մը, խորապէս վնասելով անոր արժանապատուութեան, քանի որ ինքնիշխանութիւնը եւ գերիշխանութիւնը կը խախտին իրենց էութենէն ու կը կորսնցնեն իրենց գրաւչութիւնը եւ արժէքը:
Լիբանանը, իր անկախութեան հռչակումով, որդեգրեց ժողովրդավարութեան արեւելումը, յատկապէս գերադասելով փառլամենթական ընտրանքը, այդ ուղին նկատելով ամենէն օգտակարը եւ հանրանպաստը:
Անշուշտ, գաղտնիք չէ, որ անկախութիւնը նուէր չէր, ոչ ալ հրաշքով առաջացած կամ օդապարիկով իջած պարգեւ մը, այլ հոյլ մը լիբանանցիներու մարտունակութեան, երկրասիրութեան ու վճռակամութեան արդիւնք, անոնք ներկայացնելով այդ հողամասին վրայ ապրող համայնքային ներկայացուցիչներու խճանկար մը:
Անկախութեան ելիցը, ձեւաւորումը, ապա, արմատաւորումը, իսլամ-քրիստոնեայ համակեցութեամբ, փոխկեցութեամբ ու գոյակեցութեամբ, յատկանշական ու բարենշական վարկ մը ապահովեցին Լիբանանին ու լիբանանցիներուն:
Ամէն ոք ուրախ էր, նման «դրախտավայր» երկրի մը մէջ ապրելու բախտաւորութենէն. ծովեզերքը ու լեռնալանջը մնայուն «սիրահարութեան» մէջ էին, համայնքները եւս «սիրահարեալ» մթնոլորտի մը մէջ կը գտնուէին, օտարները՝ «սիրահարուած» էին Լիբանանին:
Պաղեստինի բռնազաւթումը ու պաղեստինցիներու բռնագաղթը, ընդ որուն՝ առաւելապէս Լիբանան, ծրագրուած ու թակարդուած փորձադաշտ մը եղաւ, միջազգային դաւադրութեամբ, որուն գլխաւոր «զոհ»ը պիտի դառնար ան, առանց գիտակցելու, թէ ինչ տխուր եւ աւերիչ հետեւանքներ պիտի ունենայ ու հետքեր ձգէ իր վրայ:
Յետ անկախութեան առաջին ցնցումը տեղի ունեցաւ 1958ին, որ արտաքնապէս ներքաղաքական-ներկուսակցական էր, բայց, խորքին մէջ ներհամայնքային, արտաքին կողմերէ հրահրուած, գլխաւոր գրգռիչ ուժը ըլլալով Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները, որուն պատերազմական նաւատորմիղները Միջերկրական ծով հասան եւ անոնց նաւազները ներխուժեցին լիբանանեան ծովեզերեայ շրջաններ:
Պաղ պատերազմի տխրահռչակ օրինակներէն մէկն էր ատիկա, բռնատիրական աքցանի մէջ պահելու աշխարհը, որմէ բաժին մըն ալ «յատկացուած» էր Լիբանանին, որ, բարեբախտաբար, այդ դժուարին երկունքէն դուրս եկաւ անարգել, բայց, հաշմուած ներքինով, հակառակ անոր որ՝ 60ականներու եւ 70ականներու սկիզբին, Լիբանանը նկատուեցաւ «Միջին Արեւելքի Զուիցերիան»:
Լիբանանցիք, որոնք կʼապրէին փառքի ու փառաւորութեան ժամանակներ, «գինովցած» էին եւ չէին ակնկալեր եւ անդրադառնար, որ իրենց գլխուն կը հիւսուէր ահաւոր կործանիչ քաղաքացիական պատերազմ մը, ամէն ինչ յեղաշրջելով եւ եղծանելով, երբ 1975ին ծայր առաւ ներքաղաքացիական նոր եւ երկրատաեւ ճակատում մը:
Պատահակա՞ն էր այս բոլորը, վրէժխնդրակա՞ն, հաշուեյարդակա՞ն, բայց, կարեւորը այն էր, որ Լիբանան մուտք գործած էր, մղուած էր, անծանօթ փապուղիէ մը ներս, իր զաւակներուն ձեռքով, զիրար բզքտելու ու Լիբանանը անդամալուծելու:
17 տարուան պատերազմը, թէեւ չշոգիացուց ու չմասնատեց Լիբանանը, բայց, լիբանանցիներուն հասկցուեցաւ, թէ դուք անկախութիւն ունիք, բայց, ազատութիւն չունիք, որովհետեւ ձեր ճակատագիրը մենք կը տնօրինենք, մենք կʼորոշենք, մենք կը ճշդենք:
Այն ինչ որ առ այդ տեսանելի չէր, քօղարկուած էր, 1975էն ետք դարձաւ թափանցիկ, իր տաք ու դառն երեսներով, իր դրական ու ժխտական կողմերով, իր թոյլ ու լպրծուն շարժերով:
Ոչ միայն այսքան. համայնքային եւ յարանուանական պատկանելիութիւնները, իրենց անձնաթղթային, ներշրջանային եւ ներնահանգային դրուածքներով, սուր ու բուռն հակամարտութիւններու զուգահեռ, պարարտ հող ստեղծեցին զիրար սպաննելու, չէզոքացնելու եւ նոյնիսկ… յօշոտելու, որովհետեւ արտաքին կողմերու նպատակն ու ծրագիրը ատոնք էին:
Իսկ Թաէֆի համաձայնագիրը, այո՛, ապահովութիւն ու խաղաղութիւն բերաւ, սակայն, սրտերու ու հոգիներու մէջ, համայնքայնութիւն կոչուած «վիշապ»ը խոր դրոշմ դրաւ, իր ամենէն զազրելի ու զզուելի, այլասերող եւ այլանդակող հետեւանքներով:
Հուսկ՝ սուրիական ուժերու մեկնումէն ետք, որուն ձեռքերուն մէջ էին, առ այդ, Լիբանանը կառավարող ու կազմող բոլոր գործօնները (մինչեւ 1992, ընդ հովանեաւ Միացեալ Նահանգներու), Ռաֆիք Հարիրիի դէմ դաւադրուած նահատակութենէն ետք, Լիբանանը ամբողջովին յանձնուեցաւ արտաքին պետութիւններու (արաբ թէ օտար) քմայքին, կամայականութեան եւ ստրկութեան, դիցուք՝ նախագահական ընտրութեան թեկնածու մը ենթարկելով սակարկութեան, լարաքաշութեան ու «շողգամ»ութեան, իւրաքանչիւրը իր ուզած ձեւով, շահով ու հաշիւով:
Միթէ պարզ չէ՞, որ լիբանանցիք, որքան ալ գոռգոռան, պոռչտան ու ճչան, թէ ինքնիշխան են եւ իրենք կʼընտրեն իրենց, օրինակի համար, նախագահը, մե՜նծ «պըլըֆ» մըն է եւ արդէն շուրջ մէկուկէս տարիէն աւելի, «աննախագահութեան» թափուրութիւնը ատիկա ցոյց կու տայ եւ՝ յամառօրէն:
Ինչպէս ըսուեցաւ, այս սովորամոլութիւնը միշտ ալ կար, եղած է, բայց, անգոյն կամ տժգոյն ազդեցութեամբ, իսկ հիմա, կարելի՞ է այդպէս բնորոշել, երբ նախագահական ընտրութիւնը, աւելի ճիշդ՝ նախագահի մը ընտրութիւնը, երբեք ալ լիբանանցիներու սեփականութիւնը եւ առանձնաշնորհումը չէ, որովհետեւ՝
– Մարոնիթները իրենց հայեացքը ուղղած են Ֆրանսայի եւ Վատիկանի
– Կաթոլիկները՝ Վատիկանի եւ Արեւմտեան Եւրոպայի
– Ուղղափառները՝ Ռուսաստանի եւ Արեւելեան Եւրոպայի
– Սիւննիները՝ Սէուտական Արաբիոյ
– Շիիթները՝ Իրանի
Մինչ նախագահական թեկնածու մը, հասնելու համար Պաապտայի ապարանք, պէտք է ոչ միայն այս «անցարգել»ները շրջանցէ, այլեւ իր ներհամայնքային համաձայնութիւնը ապահովէ, նաեւ՝ միջքաղաքական եւ միջկուսակցական գործընկերներուն հաւանութիւնը:
Հետեւաբար, շրջանային ու միջազգային ոլորտներու մէջ, առճակատող կողմերու լաւագոյն ու «բերքառատ» դաշտ կը նկատուի Լիբանան, իսկ լիբանանցիք՝ անոնց հետեւորդները, իրենց համայնքային եւ քաղաքական նախընտրանքներով:
Եթէ հարց պիտի տրուի, թէ այս խառնիճաղանչին մէջ, ո՞ւր կը գտնուին 6րդ եւ 7րդ մեծ համայնքները՝ տիւրզիները եւ հայերը, պատասխանը պիտի ըլլայ. անոնք արտաքին լծակներէ դուրս են, որովհետեւ՝ առաջինները, կը փորձեն ներքաղաքական կեանքին մէջ ընդգրկուիլ, հոն ուր իրենց շահերը չեն վտանգուիր, հոգ չէ թէ իրենց մէջ ալ կան շերտաւորումներ, իսկ երկրորդները հետամուտ են գործելու հաւասարակշռութեան սկզբունքով, թէկուզեւ հոս ալ նշմարելի ըլլան թեքումներ ու միտումներ այս կամ այն կողմի հաշւոյն (այս հրատապ հարցին՝ յետագային):
Այս արագ նշումներու լոյսին տակ, տակաւին կարելի՞ է ըսել, թէ Լիբանան եւ լիբանանցիք ինքնիշխան ընտրանքներու հորիզոնականներու վրայ կը գտնուին. երբ արտիշխանական գօտիները կը մնան անխուսափելի ազդակներ, աւելի ազդու եւ ներգործօն ճնշումներով: