Խաչին «Ուրուականը»

Հրայր Ճէպէճեան, Պէյրութ, 25 Դեկտեմբեր 2010

Քամիլը Ատանա ծնած ու ապրած է։ Պատմութեան հանդէպ իր հետաքրքրութիւնը պատճառ դարձած է, որ ան սերտէ իր քաղաքին պատմական ու քաղաքական տուեալները։ Ու այդ տուեալներուն մէջ՝ հանդիպած է մեծ իրականութեան մը։ Ատանա քաղաքին բնակչութեան աւելի քան ութսուն առ հարիւրը հայեր եղած են…։ Այս իրականութիւնը սկսած է չարչրկել Քամիլի միտքն ու հոգին, եւ ան անպայմանօրէն սկսած է հարց տալ՝ «բայց ո՞ւր է Ատանայի հայը այսօր…»։

Հրայր Ճէպէճեան, Պէյրութ, 25 Դեկտեմբեր 2010

Քամիլը Ատանա ծնած ու ապրած է։ Պատմութեան հանդէպ իր հետաքրքրութիւնը պատճառ դարձած է, որ ան սերտէ իր քաղաքին պատմական ու քաղաքական տուեալները։ Ու այդ տուեալներուն մէջ՝ հանդիպած է մեծ իրականութեան մը։ Ատանա քաղաքին բնակչութեան աւելի քան ութսուն առ հարիւրը հայեր եղած են…։ Այս իրականութիւնը սկսած է չարչրկել Քամիլի միտքն ու հոգին, եւ ան անպայմանօրէն սկսած է հարց տալ՝ «բայց ո՞ւր է Ատանայի հայը այսօր…»։

19-25 հոկտեմբեր, 2010, Քէյփ-Թաուն, Հարաւային Ափրիկէ։ Կը մասնակցիմ քրիստոնէական միջազգային մեծ համաժողովի մը։ Աշխարհի տարբեր կողմերէն աւելի քան հինգ հազար եկեղեցական գործիչներ համախմբուած են քննելու քրիստոնէական հաւաքականութեան ներկայ ժամանակաշրջանի մարտահրաւէրները՝ ու անոր առնչակից Աւետարանչական հրամայականները։ Եւ այս համաժողովին մէկ լսարանին ընթացքին Քամիլը անդրադարձած է, թէ կայ հայ մը, որուն կրնայ հանդիպիլ, բան մը որ իր երկար տարիներու փափաքը եղած է։ Տեսնել նոյնինքն հայը, պատմելու համար իր մղձաւանջը՝ աւելի ճիշդ… ուրուականը։

Եւ բարեկամի մը միջնորդութեամբ, ուրախացաւ Քամիլը, որ ընդառաջեցի հետը հանդիպելու առաջարկին։

Գլուխը քիչ մը կորած, «հազիւ կարողանալով աչքերը վեր հանել նայելու ինծի, եւ որուն մէջ կրնայի կարդալ իր ցաւն ու ամչկոտութիւնը։ Բայց եւ այնպէս ան կրցաւ շարունակել…։

«Ծնած եմ ոչ քրիստոնեայ ընտանիքի մէջ, կը պատմէ Քամիլ։ «Քրիստոնեայ դարձայ եւ ընտանիքս զիս մերժեց ընդունիլ։ Դարձայ եկեղեցական գործիչ ու հիմա կը ծառայեմ ժողովուրդիս մէջ՝ Աստուծոյ խօսքին քարոզութիւնը ընելով»։ Եւ սկսաւ կամաց-կամաց հանդարտիլ Քամիլ, եւ ինքնավստահութիւնը ապահովելով՝ շարունակեց բաժնեկցիլ իր սրտին ցաւը, որ տարիներու վրայ շալկած էր…։

«Աղօթքս եւ փափաքս էր տարիներու վրայ երկարած՝ հանդիպիլ հայու մը, որպէսզի ներողութիւն խնդրեմ», շարունակեց Քամիլ։ «Սկսայ քաղաքիս պատմութիւնը սերտել եւ տեսնել թէ ինչո՞ւ հայերը այսօր անհետացած են Ատանայէն…»։

Քամիլին աչքերը սկսան կամաց-կամաց «ջրոտիլ»։ «Գտայ ճշմարտութիւնը, թէ ինչպէս իմ երկիրս ջարդած է հայը ու արտաքսած է իր հողէն»։ Քիչ մը թոթովելով, բայց նաեւ կամաց-կամաց իր հանգստութիւնը գտնելով Քամիլը շարունակեց…։ «Ներողութիւն պիտի խնդրեմ եղբայրս՝ մեր գործած մեծ ոճիրներուն համար։ Տարիներով կը սպասէի հանդիպիլ հայու մը, որպէսզի կարենամ արտայայտել սրտիս ցաւը…», ըսաւ ան։

Քամիլը հանեց իր ցաւը, որ տարիներու վրայ երկարած՝ պահած ու ճզմած էր իր սրտին ու հոգիին մէջ։ Բայց կար նաեւ իմ ցաւս, զոր ես պէտք է դնէի իր առջեւ, այն ցաւը որ սերունդներէ ի վեր կը շալկենք ու տակաւին…։

«Անցեալ տարի հարիւրամեակն էր Ատանայի ջարդերուն», ըսի Քամիլին։ «Մեծ-մեծ հայրս՝ Վերապատուելի Յակոբ Գունտաքճեան եւ իր եկեղեցւոյ ժողովականները բոլորը միասին նահատակուեցան Ատանայի մէջ», եղաւ իմ խռպոտ ձայնով պատասխանս, որուն մէջ մէկ կողմէ կար յուզում, միւս կողմէ՝ նեղութիւն եւ ցաւ։

Քամիլ չէր կրնար իր արցունքները զսպել։ Եթէ մէկ կողմէ հանդիպած էր այս «հայուն», որ տարիներու վրայ անձկանօք սպասած էր, միւս կողմէ կար իրականութիւնը, որ դժուար էր «շալկել» իր մտքին ու հոգիին մէջ։

Քամիլը Քրիստոսը եւ անոր խաչը ըրած էր իր կեանքին ուղեգիծը, եւ նոյն այդ խաչին ճշմարտութեան իրականութիւնը՝ ուրուականի մը նման հալածած էր զինք իր իւրաքանչիւր քայլափոխին…։ Բայց այդ օր՝ Քէյփ Թաունի մէջ, թէկուզ շատ հեռու պատմական Հայաստանէն, Քամիլ ճշմարտութեան ուրուականը դարձուց կենդանի ու ապրող իրավիճակ։ Ան դուրս հանեց իր ցաւը, որ հալածած էր զինք տարիներու վրայ, եւ ներողութիւն խնդրեց իր երկրին գործած բոլոր ոճիրներուն համար։

Բայց իմ պատմութիւնս տակաւին կը շարունակուի…։

«Իմ ընտանիքէս տասը անդամներ նահատակուած են Մեծ Եղեռնին, եւ այս մէկը իւրաքանչիւր հայու արիւնոտ պատմութիւնն է», ըսի Քամիլին։ «Բայց հիմա որ ճշմարտութիւնը դուրս հանեցիր քու սրտէդ, պէտք է նոյն ուժով աշխատիս այս ճշմարտութեան համար՝ եւ քու ժողովուրդիդ մէջ», եղաւ իմ հաստատ եւ ամուր խօսքս Քամիլին, որպէս հրաժեշտ, բայց անպայմանօրէն իր կեանքին ու ճշմարտութեան համար իր կեցուածքներուն խթան։


Աղթամարի Սուրբ Խաչ վերանորոգուած եկեղեցւոյ «ոդիսականը» զբաղեցուց միջազգային քաղաքական եւ կրօնական շրջանակները։ Եկեղեցական պատարագը դարձաւ «քաշքըշուք», ինչ որ միջազգային թէ թրքական «թատերաբեմերու» վրայ «բեմադրուեցաւ» ըստ պատշաճի եւ յարմարութեան։ Բայց այն ինչ որ դարձաւ մեծ առեղծուած՝ նոյնինքն Սուրբ Խաչ եկեղեցիին խաչն էր…։ Թեքնիք պատճառներու համար թէ այլ՝ կամքէ անկախ ու «արդարացուցիչ» պայմաններ լուսաբանելով եւ յառաջ քշելով՝ թրքական կառավարութիւնը չկարողացաւ «հասցնել» խաչին տեղադրումը եկեղեցիին գմբէթին վրայ, նոյնինքն այդ պատարագին պատմական օրին…։

Բայց չուշացաւ խաչին ուրուականը…։ Ան դարձաւ դարձեալ իրական, կենդանի եւ ապրող իրականութիւն, եւ միայն քանի մը օրեր ետք պատմական պատարագէն՝ տեղադրուեցաւ իր հարազատ տեղը՝ եկեղեցւոյ գմբէթին, մարմնաւորելով հայկական եկեղեցիին Ազգային ու Քրիստոնէական դիմագիծը։ Ուշ, բայց ոչ ուշացած…։

Ու տակաւին կը շարունակուի ճշմարտութեան անտեսումը…։

Եթէ մէկ կողմէ խաչը կը զետեղուէր Սուրբ Խաչ եկեղեցիին գմբէթին վրայ, միւս կողմէ Պատմական Անի քաղաքի մայր տաճարին մէջ կը կատարուէր իսլամական աղօթք, ինչ որ անտեսել էր տաճարին ինքնութիւնը, բայց անպայմանօրէն նաեւ՝ անոր հոգին։ Եւ չուշացաւ դատապարտումի ալիքը, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի կողմէ այս արարքը նկատուեցաւ որպէս «թրքական պետութեան շարունակական գործընթացը՝ վերացնելու համար հայկական յիշատակը եւ անոր պատմական սրբատեղիներն ու մշակոյթի ժառանգը»։

Մահմուտ Ալընաք, թուրք նախկին երեսփոխան-իրաւաբան, այս արարքը նկարագրեց որպէս «եկեղեցւոյ նուաճումի նամազ»։ Թրքական «Թարաֆ» թերթին մէջ (հայերէն պատճէնը հրատարակուեցաւ «Նոր Օր»ի մէջ, 11 նոյեմբեր 2010-ին) ան արտայայտուեցաւ ըսելով թէ
«… Անին անցեալ շաբաթ հիւրընկալեց արդի նուաճող մը՝ Ազգայնական Շարժում Կուսակցութեան (ԱՇԿ) նախագահ Տեւլեթ Պահչելին…»։ Ու դեռ աւելին։ Ան այս «նուաճումը» նկարագրեց իբրեւ «վիրաւորական, եւ «յուսալքիչ», որ «… աշխարհի համար անյետաձգելի անհրաժեշտութիւն նկատուող նոր դարու ազատութիւններու եւ մարդկայնապաշտութեան դարու այս քառուղիին վրայ մարդկային առումով վիրաւորական եւ յուսալքիչ է՝ նուաճողական նման կոչերուն տակաւին ժողովրդականութիւն ունենալը»։

Զիա Մերալ՝ թուրք հետազօտող, գրող եւ մարդկային իրաւանց պաշտպան, ապրելով եւ գործելով Անգլիոյ մէջ, իր վերջին հրատարակութեան մէջ («Թուրքիոյ նախատեսութիւնները») կ՝ընէ հետեւեալ եզրակացութիւն-վերլուծումը՝ հայ-թրքական յարաբերութեան համար- «հայ-թուրք յարաբերութիւնները պիտի մնան անլոյծ, առկախ եւ Թուրքիա պիտի կորսնցնէ բարոյական եւ մտաւորական հիմք, երբ ան մերժէ առարկայական մօտեցում եւ դիրք որդեգրել 1915-ի իրադարձութիւններու հանդէպ, եւ անպայմանօրէն քաղաքական միտումներէ եւ հաշուարկներէ դուրս»։

Նոյն Մահմուտ Ալընաք իր «յորդորը» կու տայ իր յօդուածի վերջաւորութեան. «… Ապագայ սերունդներուն ձգելիք մեր ամէնէն թանկագին ժառանգը մարդկային արժէքներով պարուրուած եղբայրութեան պատմութիւնն է»։

Եթէ պիտի կերտուի «եղբայրութեան պատմութիւնը», այս պիտի նշանակէր, թէ «անլոյծ» եւ «առկախ» յարաբերութիւնները պէտք է բերել լոյսին եւ ճշմարտութեան։ Իսկ փորձը ցոյց տուած է եւ կու տայ, թէ հայ-թրքական իւրաքանչիւր «անցուդարձին»՝ քաղաքական, ընկերային, մշակութային, կրօնական թէ այլ, ճշմարտութիւնը եւ անոր բացայայտումը «ուրուականի» մը նման կը հետապնդէ ու դուրս կը ժայթքի իւրաքանչիւր հանգրուանին, եւ այս անհատական թէ հաւաքական մեր կեանքերուն մէջ, ինչ որ անպայմանօրէն պիտի գայ չարչրկելու Քամիլին ու անոր նմաններուն հոգիները…։ Պիտի զետեղէ խաչը երբ իր արմատին ու դրուածքին՝ Սուրբ Խաչին ու տակաւին մնացեալներուն վրայ, Անիի մայր տաճարին ու շատ մը այլ եկեղեցիներու «նուաճումներուն» մէջ եւ անոնց հետ՝ խաչին ուրուականը պիտի գայ դարձեալ ցոյց տալու ճշմարտութեան իրականութիւնը…։

Եւ այս խաչին ուրուականն է, որ հայուն ճշմարտութեան եւ պահանջատիրութեան արդարութիւնը կը դարձնէ կենդանի ու ապրող իրականութիւն։

 

You May Also Like