Մեթր Պարգեւ Դաւիթեան, Թորոնթօ, 18 Յուլիս 2016
Պըրնի Սանտըրզի ընտրապայքարին յաղթական երթէն անհանգիստ դարձած Միացեալ Նահանգներու հաստատեալ դրութիւն ցանկացող վարչամեքենան (establishment) ամէն ինչ ըրաւ, յայտնի ու ոչ-յայտնի միջոցներով, որպէսզի վերջ գտնեն միլիոնաւոր ամերիկացի «լուսաւորչականներու» յոյսերը: Անոնք կը ձգտէին քաղաքական շարժում կամ յեղափոխութիւն յառաջացնել` շրջելու կամ փոխելու համար հարուստին ծառայող անընդունելի տնտեսական իշխանաձեւ մը, որ անհաւասար ու անարդար կարգավիճակ ստեղծած էր սակաւաթիւ մեծահարուստներու ափին մէջ դնելով անսահման հարստութիւնը Ամերիկայի։
Փոփոխութիւնը (change), որ ձախ կողմէն կը ցանկար ստեղծել Սանտըրզը կասեցուեցաւ վարչամեքենայի Տեմոքրաթ բաժնին կողմէ, իսկ խելագար ու ցեղապաշտ ամբոխը աջին` պարտադրեց վարչամեքենայի Հանրապետական «վերին խաւին» ընդունիլ Թրամփի մտահոգիչ ծրագիրներով լի թեկնածութիւնը։ Թեկնածութիւն մը, որ կը հաւատայ աւելի ծառայելու հարուստին, աւելի խառնակ ու անհանգիստ կեանք բաշխելու աշխարհին եւ որ ուժով կը կարծէ լուծել մարդկութեան բոլոր տագնապները։

Ու առանց ծամծմելու բառերը կարելի է ըսել, որ Ամերիկայի հրէական հզօր լոպին, որ ամբողջ կէս դարէ ի վեր իր ցուցմունքներով եւ ցանկութիւններով յաջողած է ուղղութիւն տալ այդ վարչամեքենային եւ ճշդել անոր որդեգրած դիրքորոշումները քաղաքական եւ տնտեսական հարցերուն մէջ, հաւանաբար մեղսակից եղաւ ծագումով հրեայ, մարդասէր թեկնածու Սանտըրզի արշաւի կասեցման մէջ, որպէսզի յաջողի Իսրայէլի անխախտ պաշտպան Հիլըրի Քլինթընը։ Արդարեւ, այն տիկինը, որ գրած ու ըսած էր 30 Նոյեմբեր 2015-ին, թէ «լաւագոյն ձեւը Իսրայէլի ծառայելու … կը կայանայ օգնութիւն տալով սուրիացի ժողովուրդին, որ տապալէ Պաշշար Ասատի վարչակարգը», արժանի էր հրէական լոպիի նեցուկին եւ օգնութեան։ Անցեալին Թուրքիոյ հաճոյքին ընթացք տուող Քլինթընը, որ սերպերը պատժեց եւ Քոսովօն պաշտպանեց ու ներկայիս ալ Իսրայէլի սիրոյն Սուրիան քանդելու տրամադրութիւն յայտնեց, կարելի չէ անոր ընտրութիւնը արդար կոչել ու ռազմատենչ չնկատել զինք։ Ահա թէ ինչու Հիլըրին սիրելի կը դառնայ հզօր հրեայ լոպիին եւ նախագահ ընտրուելու համար իր տրամադրութեան տակ կը դրուին այդ լոպիի նիւթական եւ տեղեկատուական մեծահարուստ հաստատութիւններու կարելիութիւնները։
Ցաւով կարելի է հոս նշել, թէ Տանըլտ Թրամփի նման վտանգաւոր թեկնածու մը (Ամերիկայի եւ աշխարհի համար) "բախտաւորութիւնն" ունեցաւ մրցելու ընդդէմ Հիլըրիի նման մէկու մը դէմ, որ անվստահելի եւ ստախօս կը նկատուի ամերիկացի ժողովուրդի մեծամասնութեան կողմէ, ըստ բոլոր հարցախոյզ ընկերութիւններու։ Այդ կնոջ ամէն բան իր օգտին ու շահին ծառայեցնելու անվիճելի հմտութիւնը, որ զինք ու իր ամուսինը դուրս բերած են դժուար վիճակներէ անցեալին ու ներկայիս, լաւ բան կարելի է նկատել, երբ այդ իմաստութենէն կ’օգտուին զրկեալներն ու տկարները այս աշխարհի։ Սակայն երբ այդ կինը մատը շարժելով եւ կրակ ժայթքող աչքերով իրաւունք կու տայ Իսրայէլի, որ անվտանգութիւն ապահովելու լոզունգին տակ քանդէ ու կործանէ պաղեստինցիներու ենթակառոյցները եւ խորտակէ բռնագրաւեալ այդ խեղճ ժողովուրդին կեանքը, սայթաքում մը անպայման որ կայ այդ կնոջ մտքին ու սրտին մէջ, որ ի գին բոլոր մարդկային զգացումներու անտեսումին, կ’ուզէ հատուցում տալ անոնց, որոնք զինք փառքի աթոռներուն վրայ կը նստեցնեն։ Ամէն ինչի մէջ խելացի, փորձառու եւ իմաստուն կոչուող այդ կինը ինչպէ՞ս կրնայ արդեօք չգիտնալ կամ չ’ուզեր տեսնել ու ընդունիլ Պաղեստինի ողբերգութեամբ յառաջացած բազմագլուխ վիշապը ահաբեկչութեան։ Այդ կինը արդեօք Նաում Չոմսքիի նման իմաստուն մարդուն ու փիլիսոփային գրութիւններէն եւ ելոյթներէն բան մը չէ՞ կարդացած կամ լսած ու սորված։
Քանի մը ամիս առաջ գրած էի յօդուած մը «Հիթլըրի ընթացքով քալող ամերիկացին» խորագրով, որուն մէջ նշած էի վտանգը, որ Թրամփը մարդկութեան պիտի հասցնէ, եթէ ընտրուի նախագահը Ամերիկայի։ Ու գուցէ Պըրնի Սանտըրզը հաւատաց, որ պէտք է վերջ տար իր ընտրապայքարին եւ կանգնիլ Հիլըրիի կողքին, որպէսզի ճեղք չբանար Տեմոքրաթներու շարքերուն մէջ, որմէ կրնար օգտուիլ Թրամփը եւ նախագահ ընտրուիլ. սակայն ամէն օր հոս ու հոն ահաբեկչութեամբ զարնուած խառնակ աշխարհ մը ընտրելի կը դարձնէ Տանըլտ Թրամփը, որուն դէմ Հիլըրիի նման թեկնածու մը իր անվստահելի եւ ստախօս ու պատեհապաշտ ընթացքով (ըստ բոլոր հարցախոյզներու) խրտչեցուցած է ամերիկացի ժողովուրդին մեծամասնութիւնը։
Խառնակ աշխարհի մէջ Հիլըրիի պատճառաւ Տանըլտ Թրամփը եթէ ընտրուի, իր փառասիրութեան եւ զինք շահագործող կողմերու զոհը կրնայ դարձնել աշխարհի մարդկութիւնը։ Իսկ եթէ Հիլըրին ընտրուի, Իսրայէլի սիրոյն Միջին Արեւելքի մէջ բռնկումը եւ կործանումը պիտի շարունակուին։
Ընդհանրապէս մարդիկ կ’ըսեն եւ կ’ընտրեն երկու չարեաց փոքրագոյնը։ Այս պարագային սակայն, կրկնելով ժողովրդային ասացուածքը, կարելի է ըսել, թէ երկուքն ալ, այսինքն Տանըլտն ու Հիլըրին, իրար կ’արժեն…։