Ահազանգային Արձագանգ
Պարոյր Աղպաշեան, Պէյրութ, 23 Յունուար 2014
Վերնագիրը տարօրինակ թող չթուի, որովհետեւ խօսքը կը վերաբերի մեր գրական լեզուներուն՝ Արեւմտահայերէնին եւ Արեւելահայերէնին, բայց, այս պարագային, ոչ իրենց առանձին շերտաւորումներով կամ հատուածներով, այլ… ”միաւորուած” տարբերակներով:
Արեւելահայը կը փորձէ Արեւմտահայերէն խօսիլ (ես կ‘ըսէի՝ կապկել), բայց ՉԻ ՅԱՋՈՂԻՐ, ոչ միայն լեզուաոճական առումով, այլեւ՝ առոգանութեամբ, շեշտադրութեամբ, կշռութաւորութեամբ, նոյնիսկ՝ մտածողութեամբ ու հոգեբանութեամբ:
Ահազանգային Արձագանգ
Պարոյր Աղպաշեան, Պէյրութ, 23 Յունուար 2014
Վերնագիրը տարօրինակ թող չթուի, որովհետեւ խօսքը կը վերաբերի մեր գրական լեզուներուն՝ Արեւմտահայերէնին եւ Արեւելահայերէնին, բայց,
Արեւելահայը կը փորձէ Արեւմտահայերէն խօսիլ (ես կ‘ըսէի՝ կապկել), բայց ՉԻ ՅԱՋՈՂԻՐ, ոչ միայն լեզուաոճական առումով, այլեւ՝ առոգանութեամբ, շեշտադրութեամբ, կշռութաւորութեամբ, նոյնիսկ՝ մտածողութեամբ ու հոգեբանութեամբ:
Արեւմտահայը, իր հերթին, կը փորձէ Արեւելահայերէն խօսիլ (ես կ‘ըսէի՝ դարձեալ կապկել), բայց ԿԸ ՁԱԽՈՂԻ, ոչ միայն իր անգիտութեան պատճառով, այլեւ՝ զուր ճիգեր թափելով ճիշդ արտայայտուելու կամ ”յարմարուելու” անոր նրբութիւններուն, բայց միշտ, անբնական եղանակաւորումներով:
Արդի՞ւնքը այս արուեստական փորձութիւններուն.
Լեզուախօսական կատարեալ խառնիճաղանճ մը, ուր Արեւմտահայերէնն ու Արեւելահայերէնը, հաւասարապէ՛ս, թիրախ են անգութ եւ անտեղի ոտնձգութիւններու, աղաւաղելով անոնց արտայայտման կամ արտաբերման նրբերանգներն ու իւրայատկութիւնները:
Շատեր կրնան բարեմտօրէն (կամ միամտօրէն) մտածել, թէ ի՞նչ կայ ասոր մէջ, այնքան ատեն որ երկու գրական լեզուներուն միջեւ ”մերձեցում” կը կատարուի, ”նոյնացում”ի կը դիմուի, գիտակցաբար թէ ոչ, չէ՞ որ զանոնք միացնելը կամ միաձուլելը ազգային պահանջատիրութիւն մըն է, թէկուզեւ հեռանկարային զարգացումներով, աստիճանական հոլովոյթներով ու ժամանակային հանգրուաններով:
Բայց, կարելի՞ է այդպիսի մակերեսայնութեամբ, նոյնիսկ թեթեւսոլիկութեամբ վերաբերուիլ մեր Ոսկեղնիկին հետ, որ դառն ճակատագիրի բերումով, ունեցած է երկլեզու ճիւղաւորում, միալեզու բովանդակութեամբ, բայց, տարաբնոյթ ձեւաւորումներով:
Մենք տակաւին կ‘ապրինք մղձաւանջը Մեսրոպեան դասական ուղղագրութեան, որ 1922ին, պետական դեկրետով, եղծանուեցաւ ու բռնաբարուեցաւ, մինչեւ օրս անոր վերասրբագրումը եւ վերականգնումը ձգելով երազատեսային խաբկանքներու յորձանուտին մէջ:
Ներկայիս, երբ հայրենիքը անկախացած է, բայց հայրենաթողներուն քանակը հասած է վտանգաւոր սահմաններու, իսկ սփիւռքահայութիւնը կը դիմագրաւէ անկանխատեսելի մարտահրաւէրներ, գաղութային իրավիճակները ձեւափոխուելու պարտադրութիւններու առջեւ կը գտնուին, հայկական երկնակամարին վրայ, Հայաստան թէ Սփիւռք, կը սաւառնին բազմաթիւ… մահացնող մահացուներ, որոնց մէջ, առաջին հերթին, Հայոց լեզուն, իր տարբերակներով:
Այո՛, իր տարբերակներով, առաւել կամ նուազ աւերներով:
Հայաստանի Հանրապետութեան պետական լեզուն՝ Հայոց մայրենին է, բայց, իշխանութիւնը եւ անոր ենթակայ համապատասխան կողմեր, ո՞րքանով նախանձախնդիր, աչալուրջ ու հետեւողական են հայերէնը պահելու իր անաղարտութեան, ճշդախօսութեան եւ անհպելիութեան մակարդակներուն վրայ, երբ մամուլը, հեռատեսիլի կայանները, լրատուամիջոցները եւ հասարակութիւնը, մեծաւ մասամբ, կը դաւաճանէ անոր նուիրականութիւններուն:
Սփիւռքը, որ կ‘ապրի Արեւմտահայերէնը կորսնցնելու սպառնալիքին տակ, արդեօք պիտի կարենա՞յ շրջանցել յամեցող վտանգները, երբ դպրոց, մշակոյթ, մամուլ, եւայլն, սկսած են կորսնցնել իրենց հարազատութիւնները, անձնատուր ըլլալով անորոշութիւններու հետզհետէ ալեկոծուող ալիքներուն:
Այսօր, երբ ուշացած (ու խիստ ուշացած), Արեւմտահայ լեզուի պաշտպանութեան մասին կը խօսուի, ինքնին հարց չէ՞ թէ ատիկա ինչպէս պիտի կարգադրուի, այնքան ատեն որ՝ իւրաքանչիւր ազգային կառոյցէ ներս կայ զգալի բացակայութիւն մը մաքուր ու ճշգրիտ լեզուախօսներու, լեզուագիտակներու կամ լեզուավարժներու (անշուշտ, մեր ակնարկութիւնը կ‘երթայ գրական Արեւմտահայերէնին):
Այնուամենայնիւ, այդ աշխատանքը կը տարուի, սակայն, ի՞նչ կարողականութեամբ, հասողութեամբ եւ արդիւնաւէտութեամբ, կը մնայ խոշո՜ր հարցական մը, ի դէմս Արեւմտահայերէնի քառասմբակ նահանջին:
Այս ազգային-լեզուական տագնապին վրայ, վերջերս նոր աղէտ մը եւս սկսած է ձեւաւորուիլ, որ կը կոչուի.
ԱՐԵՒՄՏԱՀԱՅ-ԱՐԵՒԵԼԱՀԱՅ ԼԵԶՈՒՆԵՐՈՒ ԽԱՌՆԻՃԱՂԱՆՃ
Ո՞ւր կարելի է (չ)հանդիպիլ այս այլանդակութեան՝
– Լոս Անճելըսի արշակաւանի՞ն մէջ
– Միջին Արեւելքի քաոսի՞ն մէջ
– Այլ հայագաղութներու խառնափնթորի՞ն մէջ
– Հայաստանի խաչմերուկներո՞ւն վրայ
– Անպաշտօն կամ պաշտօնական խօսակցութիւններո՞ւ առիթով:
Ցաւալի է, որ սկսած է դրսեւորուիլ ծանծաղամիտ հայերէն մը, որ ո՛չ մեր զոյգ գրական լեզուներուն կը ծառայէ, ո՛չ ալ միացեալ հայերէնի մը հաւանական գոյացումին:
Հայաստանի լսատեսողական միջոցները, իրենց զրոյցներուն կամ հանդիպումներուն ընթացքին, երբ սփիւռքահայ հիւրեր կ‘ընդունին, այս վերջինները, որոնց մեծ մասը Արեւմտահայերէնին իսկ տիրացած չէ, երբեմն գիտակցաբար, երբեմն անգիտակցաբար, ուղղակի կը բարբառեն արեւմտահայերէնախառն արեւելահայերէնով կամ արեւելահայերէնախառն արեւմտահայերէնով:
Ի՞նչ կ‘ապացուցանեն ասոնք, կամ ի՞նչ կ‘ապացուցուի այս անհեթեթութեամբ. այս կամ այն հատուա՞ծը կը շահի, թէ՞ երկուքին… միացումը, մինչ, խորքին մէջ, Ոսկեղնիկն է որ կը խոցոտուի ու կը խողխողուի, նորութային-անկումային կարգավիճակով:
Աւելի ահաւորը, սփիւռքահայ մտաւորականը (իմա՝ Հայաստանի Գրողներու Միութեան լիիրա՜ւ անդամը), երբ Հայաստանի մէջ կը խօսի այսպիսի ՎԻՐԱՒՈՐ հայերէնով, ալ պէտք է պատկերացնել, թէ ո՜ւր հասած ենք եւ ո՜ւր հասցուցած մեր բիւրեղեայ հայերէնը:
(Ի դէպ, Երեւանի Պետական Համալսարանի մեր ուսանողական տարիներուն (գէթ անձս), քանի մը անգամ ”դիտողութիւն” ստացած եմ դասախօսներէս, թէ ինչո՞ւ Արեւմտահայերէնով կ‘արտայայտուիմ, թէեւ նոյնքան ալ սկսած էինք տիրապետել Արեւելահայերէնին եւ զայն խօսած ու գործած եմ (ու կը գործածեմ) հոն՝ ուր պէտք է):
Հետեւաբար, եթէ կայ նախանձախնդրութիւն, Արեւմտահայերէնը գործածելու, իւրացնելու ու պահպանելու, ինչո՞ւ ցուցամոլիկութիւն կը կատարուի, ինչո՞ւ ոտնձգութիւն կ‘արձանագրուի, ինչո՞ւ ապաշնորհութիւն կը ցուցաբերուի, ինչո՞ւ ապիկարութեան կը դիմուի:
Այս բոլորէն աւելի եւ հիմնական, ո՛վ առաջքը պիտի առնէ այս թաւալքին եւ ի՛նչ կտրականութեամբ, ի տես մեր լեզուին նկատմամբ ցուցաբերուած բազմաբնոյթ ու բազմագլուխ, աժան ու անսանձ ասպատակութիւններուն:
Վերջին հաշուով, Արեւելահայերէնը իր տեղը ունի որպէս պետական լեզու, իսկ Արեւմտահայերէնը իր տեղը՝ որպէս արեւմտահայութեան խօսակցամիջոց, երկուքը զիրար չեն հակասեր, ոչ ալ կը հակադրեն, սակայն, զանոնք կարելի չէ գործածել այնպիսի ձախաւերութեամբ, խաչաձեւութեամբ ու զիկզակութեամբ, որոնց ականջալուր կ‘ըլլանք ժողովրդային թէ մտաւորական շրջանակներէ ներս:
1 comment
Խառնիճաղանճ
Այս ակնարկը տեղին է, սակայն ժամանակի տեսակէտով նահանջի այս տեղատուութեան մէջ արդէն վնասները անվերադառնալի կը մնան: Արեւմտահայերէնի պարագային ափսոս, որ անոր ապահովումը ու աճը պայմանաւորուած է մեր գաղութերու քաղաքական կայունութենէն՝ ուր որ ալ ըլլան անոնք:
Ինծի համար առաւել մտահոգիչը արեւելահայերէնն է, որ ԻԲՐԵՒ ԹԷ ապահովուած է պետականութեամբ եւ սահմանադրական օրէնքով, սակայն առանց բացառութեան մեր Ոսկեղնիկը այնքան խառնուած է օտարութեամբ որ ահազանգային վիճակին ի տես անտարբերութեան քունը համակած է մեր լրատուական տպագրական եւ խօսակցական բոլոր արտայայտութիւնները:
Նախագահ, վարչապետ, նախարարներ՝ յատկապէս Գիտութեան եւ Մշակոյթի մարզպետներ, քաղաքապետներ, բանակայիններ, արուեստագէտներ, գրագէտներ, լրատուներ, հարցազրոյց վարողներ, համալսարանի դասախօսներ, վարակուած են յունալատին ռուսացած բառապաշարով այն աստիճան՝ որ նոյնիսկ անգլերէնի եւ ֆրանսերէնի գիտութիւնը հասկնալի չի դարձներ այս տարօրինակուած լեզուն ունկնդրողին:
Որքան որ մեր պետականութեան սահմանային վտանգները պէտք ունին մեր Հայոց Բանակին պաշտպանութեան, մեր Ոսկեղնիկը նոյնքան կարիքը ունի պետական լեզուական բանակին Զինուած Ուժերուն:
Յարութ Մարտիրոսեան, [email protected]
Comments are closed.