Անսանձները Սանձելու, Անզուսպերը Զսպելու
Պարոյր Աղպաշեան, Պէյրութ, Յուլիս 2012
Չենք գիտեր, թէ հայ ժողովուրդը՝ ի Հայաստան ու Սփիւռս, ինչպէ՞ս կամ ինչո՞վ պէտք է հպարտանանք, ի տես Ազգային Ժողովի պատգամաւորներու վերջին ընտրութեան, որ տեղի ունեցաւ ընթացիկ տարուան Մայիսին:
Հարցը այդ ընտրութեանց քննարկումը չէ, որուն մասին բազմաթիւ անգամներ անդրադարձանք, այլ՝ այն “հերոս”ներուն, որոնք բազմեցան այդ աթոռներուն վրայ, մեծ մասը ըլլալով նախորդ խորհրդարանի անդամներ (իմա՝ դասարանը կրկնողներ), Հանրապետական կուսակցութեան կամ դաշնակից ուժերու գերակշռող մասնակցութեամբ:
Անսանձները Սանձելու, Անզուսպերը Զսպելու
Պարոյր Աղպաշեան, Պէյրութ, Յուլիս 2012
Չենք գիտեր, թէ հայ ժողովուրդը՝ ի Հայաստան ու Սփիւռս, ինչպէ՞ս կամ ինչո՞վ պէտք է հպարտանանք, ի տես Ազգային Ժողովի պատգամաւորներու վերջին ընտրութեան, որ տեղի ունեցաւ ընթացիկ տարուան Մայիսին:
Հարցը այդ ընտրութեանց քննարկումը չէ, որուն մասին բազմաթիւ անգամներ անդրադարձանք, այլ՝ այն “հերոս”ներուն, որոնք բազմեցան այդ աթոռներուն վրայ, մեծ մասը ըլլալով նախորդ խորհրդարանի անդամներ (իմա՝ դասարանը կրկնողներ), Հանրապետական կուսակցութեան կամ դաշնակից ուժերու գերակշռող մասնակցութեամբ:
Դժբախտաբար, անկախ Հայաստանի իրերայաջորդ Ազգային Ժողովներու պատգամաւորներուն ջախջախիչ մեծամասնութիւնը չունի այն լիարժէք տուեալները, որոնք կը պահանջուին իրմէ:
Գաղտնիք չէ. հոն չկան մտաւորական հեղինակութիւններ, ժողովրդային դէմքեր, յարգելի անձնաւորութիւններ եւ ընդհանրապէս տեսլապաշտ ազգայիններ, բայց, միշտ հոն տեղ գտան ու գտած են այնպիսիներ, որոնք, մեղմ ըսած, շահագործած են իրենց պատգամաւորական մանտատը, յօգուտ իրենց անձնական շահերու պարարտացումին, բացարձակատիրական նկրտումներով:
Ասոնք սոսկ խորհրդածութիւններ չեն, ոչ ալ պատահական արձանագրութիւններ, այլ՝ խօսող ու գործող իրականութիւններ, որոնք կը պատահին օր-ցերեկով, ժողովուրդին սառը հայեացքներուն տակ, ամենայն համարձակութեամբ եւ այլանդակութեամբ:
Կարծես թէ չէր բաւեր այս սակաւապետերուն սանձարձակ եւ անզուսպ վարքագիծը, անոնք կը բռնանան նաեւ անմեղ ժողովուրդին վրայ, մերթ իրենց թիկնապահներով, մերթ իրենց անձեռնմխելիութիւններով, մերթ ալ՝ իրենց իշխանատիրութիւններով:
Ո՞վ կրնայ արգիլել ասոնց այլամերժութիւններն եւ ապիկարութիւնները, ո՞վ կրնայ դէմ կանգնիլ անոնց քմահաճութիւններուն ու կամայականութիւններուն, ո՞վ կրնայ հակառակիլ անոնց շահամոլութեան ու մենատիրութեան:
Դէպքերը եւ երեւոյթները ցոյց տուած են՝ Ո՛Չ ՈՔ, այնքան ատեն որ անոնք կը հովանաւորուին, կը պաշտպանուին կամ կը զօրակցուին:
Ուշագրաւ է, որ Ազգային Ժողովի այս “ազգային”ներուն մեծամասնութիւնը անհաշուելի կալուածներու, շքեղ կառոյցներու, փարթամ առանձնատուներու ու հոյակերտ դղեակներու տէր է (ոչ միայն Հայաստանի մէջ, այլեւ անկէ դուրս), նաեւ ունի իր պանդոկային, ճաշարանային, հանրախանութային կայսրութիւնները:
Թէ՝ ե՞րբ եւ ուրկէ՞ են այդ բոլորը, ո՞վ գիտէ, ո՞վ կրնայ համարձակիլ հարցնել, ո՞վ կը յանդգնի հաշուի կանչել:
Շատ բնական է, որ այդպիսի զեխ ու ցոփ մթնոլորտի մը մէջ, վայելող (՞ ) կողմերը, կ’ապրին անվայել կեանք մը, անվայելուչ բռնարարքներ պարտադրելով խե՜ղճ եւ անմե՜ղ ժողովուրդին:
Ահաւասիկ այսպիսի տխուր ու դաժան պատկեր մը եւս բարդուեցաւ Ազգային Ժողովի “պատկառելի” պատգամաւորներէն մէկու մը շրջանակին մէջ, երբ Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութեան չորս սպայ-բժիշկներ մահացու կերպով խոշտանգուեցան՝ պատգամաւոր եւ ֆութպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Ռուբէն Հայրապետեանի “քաջարի” թեկնապահներէն, որոնցմէ մէկը՝ Վահէ Աւետեան, յետագային, իր հոգին աւանդեց:
Երեւակայե՜լ. “զայիմ”ներ, իրենք իրենց այնքան լա՜յն իրաւունք տուած են, սպաննելու աստիճան մարդ ծեծելով, համոզուած ըլլալով որ իրենք անձեռնմխելի են… անպատժելիութեամբ:
Այս դէպքը, բազմակիօրէն, դարձեալ յիշեցնել տուաւ, Ռոպերթ Քոչարեանի օրօք պատահած ցաւալի ու դատապարտելի նմանօրինակ այլ գայթակղութիւն մը, երբ Շարլ Ազնաւուր ու յատենի գործող նախագահը, պուրակի մը մէջ կ’ընթրէին, վրացահայ մը փորձեց անոնց մօտենալ, որոշապէս միամտաբար, իսկ ատոր “հատուցում”ը եղաւ, բաղնիքին մէջ, լաւ “տփոց” մը (քիչ է այս բառը), պատճառ դառնալով անոր մահուան:
Ո՛վ՝ ի՞ նչ ըրաւ:
Չէ՞ որ Քոչարեանին թիկնապահներն էին:
Ասկէ ամիսներ առաջ, պաշտօնական հանդիսութեան մը ընթացքին, Երեւանի քաղաքապետը՝ Գագիկ Բեգլարեան, անձամբ “տփոց” մը քաշեց նախագահ Սերժ Սարգսեանի փրոթոքոլի պատասխանատուին, քանի որ համարձակած էր կնոջը ըսել, թէ այստեղ քու տեղդ (աթոռդ) չէ:
Ճիշդ է, Բեգլարեան, իր այդ խուլիգանութեան համար, հրաժարական ներկայացուց, որովհետեւ իր հովանաւորը՝ Սերժ Սարգսեան, իր վարկը եւ ժողովրդականութիւնը չկորսնցնելու վախէն, այդպէ՛ս պարտադրած էր անոր, բայց, հիմա ի՞նչ, քաղաքապետութեան պատուհանէն հեռացուածը, այժմ կառավարութեան դռնէն մուտք գործած է, որպէս նախարար:
Ի՜նչ հեգնանք:
Հիմա, երբ Ռուբէն Հայրապետեան, մեղայագիրով մը կը հրաժարի իր խորհրդարանական անդամակցութենէն, ո՞վ ըսաւ թէ՝ վաղը, ան ալ ուրիշ դռնէ մը մուտք պիտի չգործէ, այնքան ատեն որ գործող նախագահին սակաւապետներէն մէկն է, Հանրապետական կուսակցութեան կարկառո՜ւն անդամ:
Սխա՞լ է:
Չի՞ կրնար պատահիլ այս մէկն ալ:
Բայց, այնքան նախընթացներ կան, որոնց հակառակը կարելի չէ ապացուցել:
Սերժ Սարգսեան, որպէս ճկուն ու դիւանագէտ նախագահ, իր ղեկավարական դերը շատ լաւ կը խաղայ, գիտէ խաղին կանոնները, նոյնիսկ երբ իր մերձաւորներն ու վստահելիները կը գործեն աններելի սխալներ, զանոնք… պատժելով, բայց… ժամանակաւորապէս:
Ի վերջոյ, տագնապեցնող հարցումը հետեւեալն է. ճի՞ շդ է այս ռազմավարութիւնը, ընդունելի՞ է, երբ պատգամաւորներ կամ պետականգ ործիչներ, անկախ Հայաստանը դարձուցած են (կ’ուզեն դարձնել) իրենց կթան կովի ագարակը…: