Խարխափումի կամ Բարեկարգումի Ընդմէջէն

«Մենք Ենք՝ Մեր Ցաւերը» շարքէն

Պարոյր Աղպաշեան, Պէյրութ, Յուլիս 2013

Գրաւոր կամ տպագիր խօսքը միշտ ունեցած է (ու պիտի ունենայ) իր մնայուն եւ անփոխարինելի տեղը, ի հեճուկս շատերու այն պնդումին, թէ անիկա  իր  տեղը  զիջած  է  արդի  եւ  արագ  հաղորդակցութիւններու միջոցներուն։

«Մենք Ենք՝ Մեր Ցաւերը» շարքէն

Պարոյր Աղպաշեան, Պէյրութ, Յուլիս 2013

Գրաւոր կամ տպագիր խօսքը միշտ ունեցած է (ու պիտի ունենայ) իր մնայուն եւ անփոխարինելի տեղը, ի հեճուկս շատերու այն պնդումին, թէ անիկա  իր  տեղը  զիջած  է  արդի  եւ  արագ  հաղորդակցութիւններու միջոցներուն։

Ճիշդ է, որոշ մակարդակներու վրայ եւ շրջանակներու մէջ, կայ նահանջ գրաւոր կամ տպագիր խօսքի գործածութեան, սակայն, այդքա՛ն միայն, որովհետեւ պարզ վիճակագրութիւններն ու ցուցախոյզերը հակառակը կը փաստեն։

Հաղորդակցութեան  նորագոյն  հնարքներն  ու  սարքաւորումները, որքան ալ հրապուրիչ ու գրաւիչ ըլլան, գրաւոր կամ տպագիր խօսքը պիտի մնայ, պիտի ունենայ իր իւրայատուկ ներազդեցութիւնը։

Այս վարկածին պատճառը շատ պարզ է:

Գրաւոր կամ տպագիր խօսքը, իր զանազան տարբերակներով, ունի ուղղիչ ու դիրքորոշիչ դեր, դաստիարակիչ եւ ուսանելի ներգործութիւն, միշտ վերանորոգելի ու բարեկարգելի հեռանկարներով։

Անիկա  պատեհութիւն  կու  տայ  խորհրդածելու,  միջոց  կը  դառնայ մտորումի,  կը  մղէ  վերլուծելու,  առիթ  կը  ստեղծէ  քննարկումի,  երբ հրամայական  ու  հրատապ  հարցեր  կը  ներկայացուին,  այժմէական  ու ժամանակակից խնդիրներ կը մէջբերուին։

Այս պարագային, գրաւոր կամ տպագիր խօսքը շատ աւելի հնչուն ու խօսուն իմաստաւորում կ'ունենայ, քան անոնք որոնք կը փորձեն անոր տեղը գրաւել, սակայն, առանց վերջնական «յաղթանակ» ապահովելու, որովհետեւ, ինչպէս ըսուեցաւ, անիկա աւելի երկարակեաց ու խորազդեցիկ բովանդակութեամբ գերյագեցած կ'ըլլայ։

Մեր  այս  մտածումները  արձանագրելով  կ'ուզենք  զանոնք Մասնաւորուած տեսնել  գլխաւորաբար  մամուլ  հասկացողութեան  կամ մամլոյ պարունակին մէջ, որովհետեւ, ինչպէս ասկէ առաջ յաճախ յիշած եմ, ներկայիս  հայ  մամուլը  կը  գտնուի  հիւանդկախ  վիճակի  մը  մէջ,  այս ընթացքով սուրալով դէպի վերջնական… կործանում։

Ասոր ինչուն չկայ, ոչ ալ հակաճառութիւնը, այնքան ատեն որ ահաւոր պատկերը  մեր  առջեւն  է,  յատկապէս  մամուլը՝  իր  ասպարէզային ընտրանքով, նօսրացումի ու ամլացումի ընթացքով։

Գլխաւոր  պատճառ(ներ)ը,  շատ-շա՜տ  են,  որոնցմէ  կրնանք  յիշել «քատր»ային  (ան)պատրաստութիւնը,  հետեւապէս,  մամուլը  ձգելով ինքնահոսի  մը  մէջ,  ուր  չկան  լիցքաւորող  մտաւորական  ուժեր,  կը բացակային հեղինակային հրապարակագիր գրիչներ։

Ցաւալի է, որ երէկուան միտքի ու հոգիի փարոսներ, գրաւիչ ու հմայիչ աղբիւրներ,  դաստիարակող  ու  կողմնորոշող  ազդակներ  հանդիսացող մամուլի մեծամասնութիւնը խամրումի ճամբուն վրայ կը գտնուի։ Ոմանք կը փորձեն իրենց կացութիւնը բարելաւել, ոտքի մնալ, սակայն, նշմարելի է որ անոնք կարկտան կամ ժամանակաւոր տնօրինումներ են, այնքան  ատեն  որ  յստակ ու  ծրագրուած քաղաքականութիւն  մը  չէ որդեգրուած,  մինչ  ուրիշներ  պատահականութիւններու  եւ միջակութիւններու ճամբով, կը կարծեն մամուլ պահել, մինչդեռ եղածը լոկ… փոշի ցանելու ցնորամտութիւն մըն է։

Սփիւռքի  մէջ  այսօր  հայ  մամուլը  կ'ապրի  համարեա  ցաւատանջ մղձաւանջ մը, որուն տագնապելիութիւնը պարուրած է մտաւորականներու այն  հատուածները,  որոնք  գիտեն  արժէքը,  կը  հաւատան  անոր առաքելութեան, կ'ըմբռնեն անոր դերակատարութիւնը։ Միւս կողմէ, սակայն, ի՞նչ կը կը լսենք, կը կարդանք։

Հայաստանը, փոխանակ սատարէ սփիւռքահայ մամուլի պահպանման ու զարգացման գործին, շքանշաններով ու պատուոյ գիրերով կ'ողողէ անորակութեան եւ  անկոչումնաւորութեան կարգ  մը անշնորհալիութիւններու, (արդեօ՞ք) հաւատալով որ կը նպաստէ անոնց կենդանութեան, թէ՞՝ «ֆիքս»ելով (հայաստանցիներուն սիրած ու գործածած բառերէն) անոնց հոգեվարքութեան մօտալիկութեան ճգնաժամը։

Տխուր տուչութիւններ՝ անբարեբեր նախաձեռնութիւններով։

Մտահոգիչ իրողութիւններ՝ անհետեւանք գործառնութիւններով։

***

Պէտք  է  համոզուած  ըլլան  այլեւս,  եւ  ասիկա՝  գլխաւորաբար  այն կողմերը, որոնք իրենց այդ քայլերով ո՛չ մամուլ, ո՛չ ալ մամլոյ գործիչ գնահատած կ'ըլլան, իսկ եթէ այլընտրանք չունին, գոնէ հրաժարելու են իրենց  այս  հնամենի  անարդիւնաւէտ  գործէն,  լծուելու  աւելի  շինիչ  ու կառուցողական ծրագիրի մը, ինչպէս՝-  Հայ  առաջաւոր  մամուլը  ֆինանսաւորել,  համապատասխան ընդունելի ու  շօշափելի յատկացումով,  անշուշտ,  փոխան  անկէ  որոշ քանակութեան մը գնման ու զայն վաճառելու հայրենիքի կրպակներուն կամ թերթավաճառներուն մօտ։

Հետաքրքրական չէ՞, սփիւռքահայ թերթ կամ գրիչ կը գնահատուի (ինչպէ՞սը ուրիշ հարց), բայց հայրենի ընթերցողը ոչ թերթը կարդացած է, ոչ ալ պարգեւատրուողի գրութիւններուն ծանօթ է։

– Այս մարզէն ներս, որեւէ գնահատումի պարագային, անհրաժեշտ է կազմել  մասնագիտական  յանձնախումբ  մը,  որ  անաչառօրէն  եւ առարկայականօրէն քննէ իւրաքանչիւր թղթածրար, փոխանակ զայն ձգելու փսփսացողներու, միջնորդներու, խնամի-քաւորականներու քմահաճոյքին։

Լիբանանի  մէջ,  օրինակի  համար,  այս  եւ  յարակից  այլ որակաւորումներով պարգեւատրումներու առիթով, կան նախագահական, կառավարական,  նախարարական  կամ  սենտիքայական  յատուկ մարմիններ, որոնք իրենք կը զտեն, կ'ընտրեն ու կ'որոշեն թեկնածուները ու զանոնք կը ներկայացնեն պատկան իշխանութիւններուն։

– Այս ծիրէն ներս Լիբանան-Հայաստան համագործակցութեան տալու համար արդիւնաշատ սլացք, գործնական եւ օգտաշատ պիտի չըլլա՞ր մամլոյ  յարաբերութիւններ  ստեղծել,  ամրացնել  ու  հզօրացնել,  թէ՛ արհեստավարժական,  թէ՛  համալսարանական,  թէ՛  մասնագիտական մակարդակներու վրայ։

Այս ուղղութեամբ որոշակի ճիգեր թափած եմ, որոնց վերջինը՝ 2010-ին, երբ  ծրագիր  մը  մշակելով  զայն  յղեցի  Սփիւռքի  նախարարութեան, Ժուռնալիստներու  միութեան,  Երեւանի  Պետական  Համալսարանի ժուռնալիստկայի բաժանմունքին…։ Մնացեալը ընթերցողին դատողութեան։

***

Այս առիթով, կարեւոր ճշդում-բացատրութիւն մը:

Հայաստանը կը կազմակերպէ լրագրողներու համագումարներ։

Նախ՝  հարց  է  թէ  կազմակերպողը  ո՞վ  պէտք  է  ըլլայ.  Սփիւռքի նախարարութի՞ւնը, թէ՞ Ժուռնալիստներու միութիւնը։ Եթէ երկուքն են, սխա՛լ է, մնաց որ երկրորդը, հոն թէ հոս, այդքան ալ հեղինակութիւն չունի, իսկ ունենալու համար, անհրաժեշտ են հսկայական փոփոխութիւններ ու բարեկարգումներ (որոնց մասին եւս ըսելիք եւ խօսելիք կայ, օրի՛ն)։

Երկրորդ՝ եւ կարեւորը, Սփիւռքը լրագրողներ չունի, մասնագիտական առումով, երնէ՜կ չէր որ ունենար լրագրողներ, որոնք մեր մամուլին կրնային տալ շունչ ու կեանք, զայն պահելով իր աշխուժութեան ու կենսունակութեան տարերքին մէջ, բայց ո՞վ է լրագրող պատրաստը, սնուցանողը, գնահատողը կամ ֆինանսաւորողը, մինչ տեղահան եւ այլատառ մամուլին մէջ անոնք ի պատուի են…։

Սակայն մենք այսօր ունինք հրապակագիրներու նախանձելի թիւ մը, որ հայ մամուլին ծառայած է անսակարկօրէն, անհունօրէն նուիրուած եւ յարատեւօրէն  աշխատակցած,  որմէ  փոքր մաս  մը  կը  շարունակէ  իր առաքելութիւնը, իսկ մեծ մաս մը կը մնայ՝ լուսանցքային։

Անհանդուրժողութիւն եւ անտարբերութիւն, անհասկացողութիւն եւ անգիտութիւն, անհեռատեսութիւն եւ անթափանցիկութիւն սնուցանողներն են,  որոնք  հայ  մամուլը  հոս  հասցուցին  ու  հայ  հրապարակագիրը խրտչեցուցին։

Խօսքի եւ տեսակէտի այդ ո՞ր ազատութեան մասին կը գեղգեղուի, երբ հայ հրապարակագիրը՝

Կ'անշքացուի

Կ'անտեսուի

Կը մեկուսացուի

Կը հալածուի

Կը խոցոտուի

Կը ցեխարձակուի

Կը կշտամբուի

Շարքը կարելի է շարունակել եւ երկարել, բայց, այդ ո՞ր մտաւորականն է, որ այդ վերաբերմունքէն ազդուած է, իսկ շահած է նախայարձակ կողմը, ընդհակառակը,  մտաւորական  այդ  փաղանգը  մնացած  է  իր հրապարակագրութեան  հարազատ  պատուանդանին  վրայ,  մինչ տուժողները  եղած  են  (եւ  են)  անցողիկները…հայ  մամուլը  աւելիով մթագնելով։

Այս  թռուցիկ,  բայց  էական  նշումները  կատարեցինք,  ցոյց  տալու համար, որ Սփիւռքը ունի՛՝

ՀԱՅ ՀՐԱՊԱՐԱԿԱԳԻՐՆԵՐ, որոնք արժանի են լո՛ւրջ ուշադրութեան, որովհետեւ, եթէ հայ մամուլը՝ գրաւոր ու տպագիր խօսքի բեմը, պիտի մնայ կանգուն  ու  մնայուն,  անոր  գլխաւոր  ներուժերէն  մէկն  է  հայ հրապարակագիրը, յանձնառո՛ւ հրապարակագիրը։

Ասկէ մեկնելով՝ առաջարկներ.

ա. Հայ հրապարակագիրներու հանդիպում-հաւաք մը, Հայաստան-Սփիւռք  համագործակցութեամբ,  զոյգ  հատուածներու կարողականութիւնները  խորաչափելու,  ապա՝  հեռանկարելու,  առանց զեղուն կամ «շափլոն» ելոյթներու, որոնցմէ ցմրուր ճաշակած ենք։

բ. Մամլոյ հիմնադրամի հաստատում, որ ակադեմական մակարդակիվրայ ըլլայ, դարձեալ Հայաստան-Սփիւռք առանցքի վրայ, հայ մամուլը եւանոր ասպարէզային մասնագէտները դասաւորելու, համակարգելու եւ արժեւորելու հիմնաւորումով։

գ.  Հայ  հրապարակագիրներու  Համախումբի  ստեղծում,  դարձեալ Հայաստան-Սփիւռք հորիզոնականին վրայ, հայ հրապարակագրութեան աւանդները  շարունակելու  ու  զարգացնելու  եւ  այն  նպատակային սեւեռումով, որ այդ միաձուլումը լաւագոյն դրսեւորումն է զիրար ճանչնալու եւ իրարմէ ճանչցուելու։

Ի վերջոյ, առանց մամուլի առողջացման, իր կազմակերպչական ու մտաւորական բաղադրիչներով, հայ կեանքը շատ բան կը կորսնցնէ իր դիմադրականութենէն ու հզօրութենէն, ներկայի եւ ապագայի հաշւոյն։

1 comment
  1. Սիրելիդ իմ Պարոն Աղպաշեան

    Սիրելիդ իմ Պարոն Աղպաշեան. միթէ դեռ այն միամիտ յոյսը կը փայփայէք, որ ներկայ իրավիճակին մէջ Ձեր ներկայացուցած այդ հրաշալի առաջարկները իրագործելի՞ են Հայաստանի մէջ…Սփիւռքի ու Մշակոյթի ներկայ նախարարաց պարագայի՞ն, դեռեւս իշխող (քսա՜ն տարի անցաւ…) կոմսոմոլիստական ու սովետական մտածողութիւնը պահպանած ըլլալու պարագայի՞ն…Քաւ լիցի: Ես, չեմ հաւատար: Եթէ Դուք կը հաւատաք՝ պրավօ…

Comments are closed.

You May Also Like
Read More

Հայաստանի 2018-ի ապրիլյան և Ղազախստանի 2022-ի հունվարյան իրադարձությունների միջև զուգահեռներն անիմաստ են

Լևոն Բաբաջանյան, Երևան, 10 Հունվար 2022 Ղազախստանում տարին սկսվեց ցնցումներով։ Պայմանավորված հեղուկ գազի գնի կրկնակի թանկացմամբ` հունվարի 2-ից…
Read More