«Խեղաթիւրում եւ Ժխտում» [Distortion and Denial]

The Nor Serount Cultural Center in Toronto was packed on October 19, 2018 with close to seventy attendees who had gathered for the book launch of Armen Kurkjian’s «Խեղաթիւրում եւ Ժխտում» (Distortion and Denial).  Following introductory remarks and biographical notes by Ms. Talin Aintablian, Maitre Barkev Davidian took to the podium. He provided extensive quotations from the book and highlighted the value of Kurkjian’s work in countering the arguments of genocide denialists. The evening was concluded with the traditional “Kinetson” ritual, dipping of the book in wine.

(L-R) Armen Kurkjian, Talin Aintablian and Maitre Barkev Davidian

The below “Introduction” (in Armenian) provides a precis of the book's content.

ՅԱՌԱՋԱԲԱՆ

Հայոց Ցեղասպանութիւնը հայ ժողովուրդին պատ­ճառեց քաղաքական, տնտե­սա­կան, մշակու­թային, կեն­սա­տարածքային ահռելի կորուստներ եւ յառաջացուց հո­գե­բանա­կան վնասներ, որոնց հետե­ւանքները աւելի քան հարիւր տարի յետոյ տակա­ւին առկայ են։ Որով Ցեղաս­պա­նութեան ճանաչումը, յատ­­կապէս ցեղասպանին կողմէ, մե­զի համար ունի ոչ միայն բարոյական եւ իրաւական, այ­լեւ ռազմավա­րական ան­վտան­գութեան երաշխիք­նե­րու նշանակու­թիւն։ Սակայն Թուրքիոյ հանրապետու­թիւ­նը, ո­րուն այս օրերու նախագահը հպարտութեամբ կը յայ­տա­րարէ, թէ հանրապետութիւնը Օսմանեան Կայսրու­­­թեան շարու­նա­կութիւնն է, այդ Օսմանեան Կայսրու­թեան դատարաններուն, 1919–1921 թուականնե­րուն, ցեղաս­պան­ներուն հասցէին արձակած մահապատիժի եւ ազա­տա­զրկման վճիռները կ’ան­տեսէ ու Հայոց Ցեղաս­պանու­թիւնը ոչ միայն չի ճանչնար, այլ կարելի բոլոր միջոց­նե­րով կը ժխտէ այս պատմական իրո­ղութիւնը։

The Nor Serount Cultural Center in Toronto was packed on October 19, 2018 with close to seventy attendees who had gathered for the book launch of Armen Kurkjian’s «Խեղաթիւրում եւ Ժխտում» (Distortion and Denial).  Following introductory remarks and biographical notes by Ms. Talin Aintablian, Maitre Barkev Davidian took to the podium. He provided extensive quotations from the book and highlighted the value of Kurkjian’s work in countering the arguments of genocide denialists. The evening was concluded with the traditional “Kinetson” ritual, dipping of the book in wine.

(L-R) Armen Kurkjian, Talin Aintablian and Maitre Barkev Davidian

The below “Introduction” (in Armenian) provides a precis of the book's content.

ՅԱՌԱՋԱԲԱՆ

Հայոց Ցեղասպանութիւնը հայ ժողովուրդին պատ­ճառեց քաղաքական, տնտե­սա­կան, մշակու­թային, կեն­սա­տարածքային ահռելի կորուստներ եւ յառաջացուց հո­գե­բանա­կան վնասներ, որոնց հետե­ւանքները աւելի քան հարիւր տարի յետոյ տակա­ւին առկայ են։ Որով Ցեղաս­պա­նութեան ճանաչումը, յատ­­կապէս ցեղասպանին կողմէ, մե­զի համար ունի ոչ միայն բարոյական եւ իրաւական, այ­լեւ ռազմավա­րական ան­վտան­գութեան երաշխիք­նե­րու նշանակու­թիւն։ Սակայն Թուրքիոյ հանրապետու­թիւ­նը, ո­րուն այս օրերու նախագահը հպարտութեամբ կը յայ­տա­րարէ, թէ հանրապետութիւնը Օսմանեան Կայսրու­­­թեան շարու­նա­կութիւնն է, այդ Օսմանեան Կայսրու­թեան դատարաններուն, 1919–1921 թուականնե­րուն, ցեղաս­պան­ներուն հասցէին արձակած մահապատիժի եւ ազա­տա­զրկման վճիռները կ’ան­տեսէ ու Հայոց Ցեղաս­պանու­թիւնը ոչ միայն չի ճանչնար, այլ կարելի բոլոր միջոց­նե­րով կը ժխտէ այս պատմական իրո­ղութիւնը։

Առաջին Աշխարհամարտի օրերուն հանրային կար­ծիքը կասկած չունէր, որ իթթիհա­տականներու գոր­­­ծա­դրած ջարդը ցեղասպանութիւն էր։ 24 Մայիս 1915 թուա­կանին, Մեծն Բրիտանիա, Ռուսիա եւ Ֆրան­սա համատեղ յայտարարութեամբ մը կը մե­ղադրէին օսման­եան իշխա­նու­թիւնը՝ հայոց դէմ գոր­ծադրուած զանգուածային կո­տո­րածներու համար։ Այդ թուա­կան­ներուն «ցեղաս­պա­նու­թիւն» բառին չգոյութեան պատճառով՝ արարքը կը կո­չէին «մարդ­կութեան դէմ գործուած յանցագոր­ծու­թիւն»։

Winston Churchill այդ կոտորածներուն համար «հո­լոքոստ» բառը գործածած էր։

Օսմանեան Կայսրութեան օրով սկսուած կոտո­րած­ներու խեղաթիւրման եւ իթ­թիհա­տա­կաններու իրենց իսկ կազմակերպած ցեղասպանութիւնը ժխտելու քաղա­քա­կա­­նութիւնը հանրապետականներու օրով, մինչեւ 1960-ական թուականները, Թուր­քիոյ Պատմութեան Կա­ճառի (Türk Tarih Kurumu) եւ առհա­սարակ առանձին ան­հատ­նե­րու կողմէ ի գործ կը դրուի։ 1960-ականներէն սկսեալ, Թուրքիա պատմու­թիւնը կեղ­ծելու իր աւանդական սովորութիւնը ի գործ կը դնէ։ Երկրին մէջ ուսուցիչներու, լրա­գրողներու, հասարակական եւ քաղաքական գործիչ­նե­րու վրայ ճնշում կը գործա­դրուի, որպէսզի «պատ­մու­թեան հակա­ռակ կողմը»՝ հայերուն թուրքերը ջարդելը բացատրուի։ Երկրէն դուրս ալ, պետութեան յատ­կա­ցու­ցած մեծ գումարներով, ժխտումի քաղա­քականութիւնը, յատկապէս ոչ-թուրք «պատմա­բան»-­ներու եւ հասարա­կական կարծիք ձեւաւո­րող­ներու օժանդակութեամբ, կը վե­­րածուի մեծա­ծախս աշխա­տանքի մը արար-աշխարհով։

Պետական անմիջական վերահսկումով եւ ծախ­սով, թուրք կամ ոչ-թուրք «պատ­մա­բան»-ներու կող­մէ գր­ուած ժխտումի «հակառակ կողմը» ցոյց տուող գիրքեր կը հրատա­րակուին։ Եւրոպական եւ ամերիկ­եան հեղի­նա­կա­ւոր թերթերու մէջ տեղ­ւոյն ժողո­վուր­դին մտքին մէջ կաս­կածներ յառաջացնող, թուրք կամ ոչ-թուրք անհատ­ներու ստորագրու­թեամբ, «Թուր­քիան պատասխանատու չէ», «ե­­ղածները «ցեղաս­պա­նութիւն» բառին ներ­կա­յացուցած բացատրութեան համապատասխան չեն», «ոչ թէ հայերը, այլ թուր­քերը ցե­ղասպանութեան ենթարկուած էին», «պա­­տա­հարները ներքին պատերազմ էին», «աշխար­հա­մարտի ընթացքին երկու կողմերն ալ կորուստներ ունե­ցան» գաղափարները ցոլացնող, Ցեղասպանութիւնը ժխտող յօդուածներ կը հրատա­րակուին։ Այս եւ նման ժխ­տա­­կան գործունէութիւններու՝ դասախօսութիւններ, Թուր­­­­­քիան ծանօ­թացնելու հիւրասիրութիւններ, յատ­­կա­պէս ԱՄՆ-ի մէջ, ծախսերը կը հո­գացուին այդ երկիրներու թրքա­կան դեսպանատու­նե­րուն եւ հիւ­պատոսարան­նե­րուն «ծնունդ տուած» զբօսա­շրջա­կան հաս­տա­տու­թիւն­ներու, ուսանողա­կան եւ հայրե­նա­կ­ցական միութիւն­նե­րու կողմէ։

Թուրքիոյ կառավարութիւնը քաղաքական բնոյթ ունեցող Հայոց Ցեղասպանու­թիւ­նը քաղա­քական դաշտէ «գիտական» դաշտ փոխադրելու եւ անվերջանալի վի­ճա­բանու­թիւն­ներու դուռ բանալու նպատակով, 1980-ական թուականներուն կը սկսի համ­բաւաւոր հա­մալսա­րան­նե­րու մէջ մեծագումար օժանդակութիւններով թրքագի­տու­թեան,– պատմու­թիւն, մշակոյթ,– ամպիոններ հաս­տա­տել, ուր ոչ-թուր­­քեր կը դա­սա­ւանդեն ի նպաստ Ցեղասպա­նու­թեան ժխտման։ Այսպիսով ջանք կը տարուի ժխտու­­մը դարձնել իրողութիւն, որ­պէսզի ան մաս կազմէ պատմութեան։ Ըստ ցեղա­սպա­նագէտ Israel W. Char­ny-ի, ԱՄՆ-ի եւ Իսրայէլի մէջ Հայոց Ցեղասպանու­թիւնը ճանչցուած չըլլալուն պատճառներէն մին թրքա­կան կառա­վա­րութեան Գոնկրէսին, մա­մուլին եւ համալսարաններուն մէջ ժխտական հասա­րա­կա­կան կարծիք ձեւաւո­րե­լու ն­պատակով կատարած բազ­մածախս գործունէութեան հե­տե­ւանքն է։  

Ըստ քննադատներու, Թուրքիա իր տեսակէտ­ները յառաջ քշելու համար կը ջա­նայ փոր­ձել համա­լսա­րա­նա­կան պաշտօնի նշանակումներուն վրայ ազդեցութիւն ու­նենալ՝ թրքա­գիտութեամբ զբաղող դասախօսներուն տրամադրելով մշտական եկա­մուտ, ինչ որ կ’օ­ժանդակէ թրքական ձեռքին համալսարան­ներէն ներս տեղաւոր­ման։

Ժխտողական քաղաքականութեան մաս կը կազ­­մէ նաեւ Թուրքիոյ դեսպաննե­րուն հա­մալսա­րանի դասա­խօս­ներուն դասախօսութիւններուն կամ հրատարա­կու­թիւն­ներուն մի­ջա­մտումը։          

ԱՄՆ-ի մէջ Թուրքիոյ դեսպանը՝ Շիւքրիւ Էլեք­տաղ (Şükrü Elekdağ, 1979–1989), 1987-ին, Հայոց Ցե­ղաս­պանութեան մասին գրած 80 գիտնականներու հակա­ճա­ռական նամակներ կը ղրկէ։ 1989-ին, իր գրած «The Nazi Doctors: Medical Killing and the Psychology of Ge­no­cide» խորագրեալ գիրքին համար, Նիւ Եորքի Graduate Center and John Jay College-ի հոգեբանութեան դասախօս Robert Jay Lifton Թուրքիոյ դեսպան Նիւզ­հաթ Քանտեմիրէն (Nüz­­hat Kandemir, 1989–1998) Հայոց Ցեղասպանու­թիւնը ժխտող եւ իրեն զարմանք պատ­ճա­ռող նամակ մը կը ստա­նայ։ Դեսպանը կը գրէ, թէ հարիւր հազա­րաւոր հայերու մահը (թիւը վիճելի է) ամբող­ջութեամբ հայ ազգայ­նա­կան­ներու կողմէ հրահրուած քաղաքա­ցիա­կան պատե­րազմի մը արդիւնքն է։ Robert J. Lifton ալ աւելի կը զար­մանայ, երբ կ’իմա­նայ, թէ այդ նամակը շարադրողը Heath W. Lowry-ն է, Atatürk Professor of Ottoman and Modern Turkish Studies at Princeton University։

Heath W. Lowry յառաջիկային կը նշանակուի Prince­ton համալսարանի նախագահ (1993–2013) եւ թր­քական կառավարութիւնը անոր կը յատկացնէ մշտական եկա­մուտ։ 22 Մայիս 1996 թուակիր New York Times-ի մէջ լոյս տեսած յօդուած մը կը հրա­պարակէ, թէ Princeton համալսարանը դարձած է Հայոց Ցեղասպանութեան հար­ցով թրքա­կան տեսակէտը քարոզելու կեդրոն, զոր կ’օգ­տագործէ թրքական կառավա­րու­թիւնը։

Այն «պատմաբան-գիտնական»-ները, որոնք թր­քա­կան տեսակէտը կը քարոզեն, Հա­­յոց Ցեղասպա­նու­թիւ­նը կը ժխտեն, կը ժխտեն նաեւ Արեւմտեան Հայաստանը հա­յոց բնօրրանը ու հայրենիքը ըլլալու իրողութիւնը, որ­պէսզի հայերու իրենց հայրե­նի­քէն աք­սորուած ըլլալու ի­րողութիւնը ջրուի։               

Վերեւ ներկայացուած խեղաթիւրումները, ժխ­տում­­­ները Թուրքիոյ կառավարու­թիւն­ներուն իրենց այ­լա­զան երկիրներու դեսպաններուն միջոցաւ ի նպաստ իրենց հասա­րա­կական կարծիք մը ձեւա­ւորելու՝ «գուցէ 1915-ի դէպքը ցեղասպանութիւն չէր» աշխա­տանքներէն օրի­նակ­ներ են։ 

Ըստ նշանաւոր ցեղասպանագէտներ Israel W. Char­ny-ի, Robert Jay Lifton-ի, Ro­ger Smith-ի, Eric Mar­kusen-ի, Deborah E. Lipstadt-ի եւ ուրիշներու, «Հերքումը ցեղա­սպա­­նու­թեան վերջին փուլն է»։ Թուրքիա ոչ միայն Ցեղասպանութիւնը կը հերքէ, կը ժխտէ, այլ հայոց մշա­կութային կոթողները՝ հայուն այդ հողերուն վրայ գոյու­թեան փաս­տերը՝ եկե­ղեցի, վանք, դպրոց, խաչքար, գե­րեզ­մանոց, կ’ոչնչացնէ։  

1986-ին Նոպելեան մրցանակի արժանացած քա­ղա­քական գործիչ, հոլոքոստէ վե­րապ­րեալ, 57 գիր­քերու հեղինակ փրոֆ. Elie (Eliezer) Wiesel կ’ըսէ. «Թրքական ժխտո­­ղա­կա­նութիւնը կրկնակի սպանու­թիւն է, քանի որ ան կը ջանայ մեռցնել՝ մոռա­ցու­թեան մատնել դէպքին յի­շողութիւնը»։      

Թուրքիոյ կառավարութիւններուն այս ժխտո­ղա­կան քաղաքականութեան հա­կա­սե­լու, թրքական կեղծա­րա­րութիւնները բացատրելու, ճշմարտութիւնը համաշ­խար­­հային հան­րութեան հասցնելու համար, Սփիւռքի Հայ Դատի կազմա­կերպու­թիւն­ները, սփիւռ­­­քա­­հայ եւ Մայր Հայ­րենիքի  ցեղասպանագէտ պատ­մաբանները լծուած են երկարատեւ պայ­քա­րի մը։ Այս աշխատանքին իրենց յօ­ժար մասնակցու­թիւնը կը բե­րեն նաեւ Թուրքիա կամ այ­լուր ապրող թուրք պատմաբաններ, որոնք համոզուած են, որ Թուրքիա առանց իր անցեալին հետ առերեսուելու՝ Հայոց Ցե­ղաս­պանութիւնը ճանչ­նալու, չի կրնար ժողո­վր­դա­վար կարգերով ղեկավարուող երկիր մը դառնալ։

Ցեղասպանութիւնը չճանչցող եւ այդ Ցեղաս­պա­նութեան գործադրման մէջ իրենց գործօն մաս­նակ­ցու­թիւ­­նը բերած անձերու կողմէ հիմնուած Թուր­քիան, մի­ջազ­գայնօրէն չդատապարտուած, ան­պատ­ժելիութեան զգա­ցու­մին տուած համարձակու­թեամբ յանդգնօ­րէն սպառա­զինուած, տարածա­շրջանին մէջ ապակայունացում յա­ռաջ բերած, ան­նա­խատե­սելի, սանձարձակ եւ յարձակողական քաղա­քականութիւն վարող երկիր մը եղած է։

Անտեսելով միջազգային օրէնքները՝ Սուրիոյ հո­ղա­տարածքը բռնաբարելէ ու այդ տարածքին վրայ «ա­հաբեկիչ»-ի որսորդու­թենէն յետոյ, այժմ, այս տողերու գրուած օրե­րուն, Իրաքի հողատարածքի բռնաբարումին սկսած է։

Երբ գերպետութիւններ, կաշկանդուած իրենց հա­կասական շահերէն, կը տատամսին Օսմանեան Կայս­րու­թիւնը վերականգնելու մարմաջով բռնկած Թուրքիոյ գնաց­քին արգելք ըլլալ, Իրաքի մէջ ալ «ահաբեկիչներ որ­սալ»-ու գացող Թուրքիա, ինչպէս Սուրիոյ մէջ ըրած էր, Իրաքի մէջ ալ հազարաւոր անմեղ ու խաղաղ քաղա­քա­ցիներու կեանքի թելը պիտի կտրէ։

Թուրքիա, 20 Յունուար 2018 թուականին, Սու­րիոյ Աֆրին քաղաքին վրայ յար­ձակ­ման սկսաւ «Ձիթենիի Ճիւղ» կոչեալ զինուորական գործո­ղու­թեամբ մը, որ կը յի­շեցնէ 20 Յուլիս 1974 թուականի թրքական բանակին Հիւսիսային Կիպրոսի գրաւման «Խաղաղու­թեան Գոր­ծո­ղութիւն»-ը։ Ըստ թրքական պաշտօնական յայտարա­րու­թիւն­ներու, Թուրքիոյ նպա­տակն է այդ շրջանները փրկել ահաբեկչական կազմակեր­պու­թիւններու բռնագրա­ւու­մէն, ապահո­վե­լու համար Թուրքիա գտնուող սուրիացի գաղ­թա­կաններու Սուրիա վերա­դար­ձը։ Այս առթիւ Թուր­քիոյ նախագահը կը յայտարարէ. «Կը յուսանք, որ կարճ ժամա­նակի մէջ պիտի աւարտենք գործողու­թիւնը ու վե­րա­դառ­նանք՝ յարգելով Սուրիոյ հողային ամբողջա­կա­նու­թիւնը»։

Երկրորդ Աշխարհամարտէն առաջ հիթլերա­կան Գեր­մանիան, 15 Սեպտեմբեր 1938-ին, վստահե­ցուցած էր Մեծն Բրիտանիային, թէ իր վարած քաղաքականութիւնը յարձակո­ղական քաղաքականութիւն չէր։ Տարի մը յետոյ, 1 Սեպտեմբեր 1939-ին, Գեր­մանիա արդէն իսկ սկսած էր Եւրոպայի գրաւման։

* * *

Վերջին դարերու ընթացքին, մեր պատմու­թիւնը ուղղակի կամ անուղղակի կեր­պով Թուրքիոյ պատ­մու­թեան հետ կապ ունի։ Այնքան ատեն, որ Թուրքիոյ մէջ ժողովրդավար կարգեր չհաստատուին, Թուրքիա պիտի շարունակէ մնալ հայուն եւ Հայաս­տանի համար որ­պէս ոչ-բարեկամ երկիր։ Որով Թուր­քիոյ գործադրած շրջա­փակ­ման եւ անոր դրդումնե­րով շարժող Ատրպէյճանի արցախեան յարձա­կո­ղական քաղաքականութեան մէջ ոչ մէկ փո­փոխու­թիւն պիտի ըլլայ։ Հայոց Ցեղասպա­նու­թիւ­նը պետա­կան ճանաչում պիտի չգտնէ, դպրոցական գիր­քերու մէջէն հայը վարկաբեկող էջերը պիտի չհանուին, թերթերու մէջ պի­տի շարունակուին քրէական յան­ցանք նկատ­ուող հայերը անհանգստացնող, ատելու­թիւն սեր­մա­նող գրութիւններու հրա­տա­րակումը։ Յանցագործները ոչ իսկ հարցաքննութեան պի­տի ենթարկուին։ Յատկա­պէս Արեւմտեան Հայաստանի մէջ իրենց գոյութեամբ մի­լիոն­ներ հաշուող իսլամացած, իսլամացուած, ծպտեալ կամ գաղտնի՝ ծա­ծուկ հայեր կամ անոնց ժառան­գորդ­ները պիտի շա­րու­նակեն նախընտրել իրենց հայկական ինքնութիւնը ծածուկ պա­հել։

* * *

Հայ ժողովուրդը յիշատակելով Ցեղաս­պա­նութեան 100-ամեակը (1915–2015) եւ գտնուե­լով իր պետա­կա­նու­թեան վերականգնման 100-ամեակի սե­մին (1918–2018)՝ կը յա­ռա­ջանայ դէպի լուսաւոր հորիզոններ։

Սակայն անցեալը մոռնալ կարելի չէ, բայց անց­եա­լին գերի մնալ՝ ո՛չ։ 20 տարի ա­ռաջ, օրուան նախագահ Ռոպերթ Քոչարեան Ապրիլ 24-ին կ’ըսէ. «Մենք չենք ու­զեր անց­եալին գերին ըլլալ, սակայն ձերբազատման ճամ­բան աշխարհի կողմէ անցեալին ճիշդ գնա­հատումն է։ Ցե­ղասպանութեան ճանաչման մեր պահանջքին իրա­գոր­ծումը կը ծառայէ տա­րածա­շրջանին մէջ հանգստութեան եւ խաղաղութեան հաստատման։ Ուրեմն, այսօր մեր գեր­խնդիրն է, համախմբելով համայն հայութեան եւ աշ­խար­հի մար­­դասիրական բոլոր ուժերը, հաստատել պատմական արդարութեան յաղթանակը եւ ապահովել մեր հայ­րե­նիքի խա­ղաղ զարգացումն ու հզօրացումը»։                                    

4 տարի առաջ ալ, օրուան նախագահ Սերժ Սար­գս­եան, 24 Ապրիլ 2014-ին, ՄԱԿ-ի ամպիոնէն կ’ըսէ. «Պատմութեան մէջ նախադէպ չունեցող, ամ­բողջ ժողո­վուր­դի մը սպանդը եւ հայրենազրկման նպատակ հե­տա­պնդող այդ ոճրագործութիւնը կը շարունակէ աշխարհի հայերու համար մնալ չսպիա­ցած վէրք»։

* * *

Օսմանեան եւ հանրապետական Թուրքիոյ Հայ­կա­կան Ցեղասպանութեան հար­ցով կատարած խեղա­թիւ­րում­ները եւ ժխտումները քանի՜-քանի՜ հաստա­փոր հա­տորներ կրնան լեցնել։ Ես ջանացի «գրպանի գիրք»-ի սահ­մաններուն մէջ մնալ։

Արմէն Քիւրքճեան, Ապրիլ 2018

 

 

 

You May Also Like