Զաւէն Գույումճեան, Պէյրութ, 13 Յունիս 2011
Յակոբ Պարոյր Կոճիկեանի “Լուռ Պատուհանը”
Ի՛նչպէս «ոչ» ըսեմ Յակոբ Պարոյր Կոճիկեանի խնդրանքին, իր անձնական միջոցներով հրատարակուող Լուռ Պատուհանը գիրքին նախաբանը գրելու: Ի՛նչպէս «ոչ» ըսեմ, որ հայերէն լեզուով գիրք մը կը հրատարակէ, այն պահուն՝ երբ գիրքով հետաքրքրուողները, որեւէ լեզուով, շատ քիչեր են: Եւ ի՛նչպէս «ոչ» ըսել մինչ ան, թերեւս երկնատուր նուէրս է՝ քսան տարիներ ետք կրկին հայերէն լեզուով գիրք մը կարդալու:

Շնորհակալութի՛ւն, Յակոբ՝ այս առիթին համար, որ զիս վերադարձուց հին դպրոցիս, Պէյրութի Հայ Աւետարանական Գոլէճին: Վերադարձուց գեղեցիկ այն օրերուն, երբ գիրքը ամենալաւ եւ ամենադիւրին զբաղումն էր ելեկտրականութեան եւ ձայնասփիւռ ու հեռատեսիլի սփռումներուն ընդհատուած ատենը: Վերադարձուց այն ատենուան, երբ հայերէնն էր առաջին լեզուս դպրոցիս մէջ ու երկրորդը՝ կեանքիս մէջ, երբ դեռ որոշած չէի արաբերէն լեզուս դարձնել անկարելի երազներուս զէնքը՝ ըլլալով լուրերու հաղորդավար ու հեռատեսիլի յայտագիրներ ներկայացնող:

Իրականութեան մէջ ան երկու մարտահրաւէրներ ունի: Առաջինը հայերէնով գիրք հրատարակելն է, իսկ երկրորդը՝ զայն ձեզի կարդալ տալը: Բոլորս ալ գիտենք թէ գիրք մը գրելուն եւ զայն կարդալուն միջեւ գտնուող միջոցը ոմանց կարծածին չափ ալ կարճ չէ:
Լուռ Պատուհանը կարճ պատմութիւն մըն է՝ երիտասարդական պատկերներով եւ դիւրասահ լեզուով բաբախուն, որ կը պատմէ հայ երիտասարդին պատմութիւնը՝ հայ շրջանակին մէջ: Ան կրնայ ըլլալ Պուրճ Համուտի մէջ, կամ՝ աշխարհի մէջ որեւէ տեղ, որով հայերը ցրուած ու սփռուած են աշխարհի չորս ծագերով մէկ:
Գիրքին մէջ մենք զմեզ կը կարդանք, կը հանդիպինք պատմութիւններուն անոնց՝ որոնք մեզմէ առաջ էին, եւ անոնց՝ որոնք տակաւին պիտի գան– հոն չկայ ո՛չ օտար, ո՛չ ալ չար որ ուրիշ շրջանակէ կու գայ: Հոն կայ հայը– աղքատն ու հարուստը, ծերն ու երիտասարդը, զոհն ու դահիճը, մարդկայինն ու չարը:
Պատմութիւններն են հայերուն, որոնք կը խարխափին աշխարհի քաղաքական, ընկերային ու տնտեսական փոփոխութիւններուն մէջ, որոնք կ‘ապրին ներքին ու արտաքին պայքարներով՝ իրենց երազներուն եւ պարտութիւններուն միջեւ, աշխարհին մէջ Ուիլյըմ Սարոյեանի, որ
ըսաւ թէ գեղեցիկ ու քաջ Հայաստանը հոն է՝ ուր հայ մը կայ, եւ կեանքի այն պայմաններուն, որով աշխարհը վերածեց մէկ համաշխարհային գիւղի մը՝ տիեզերական մէկ ինքնութեամբ, ուր տեղ չունին փոքրամասնութեանց լեզուները:

Այս նիւթերը հոս պիտի չարծարծեմ, սակայն պիտի վերադառնամ հայ գիրքի ընթերցանութեան: Եւ ա՛յս է կարեւորը: Աւելի կարեւորն այն է՝ որ մեր մէջ տակաւին կան Յակոբին նման անձեր, որոնք հայերէն կ‘երազեն ու հայերէն կը գրեն:
Յակոբին կը հարցնեմ թէ ինք ո՛ւր է գիրքին մէջ, ինծի կ‘ըսէ թէ հոն՝ ուր բոլորս ենք: Կը հարցնեմ հրատարակչատան մասին, կ‘ըսէ թէ հրատարակչատուն չկայ, եւ թէ ինք կը հոգայ բոլոր ծախսերը: Անոր կը հարցնեմ տպագրական ծախսերու իր ակնկալութիւններուն մասին, կ‘ըսէ թէ ակնկալութիւն չունի, թէ՝ խենթ արկածախնդրութիւն մըն է զոր կը վայելէ:
Եւ որովհետեւ իրօք այդպէս է, ինքզինքս կը տեսնեմ որպէս այս արկածախնդիր երիտասարդին խենթութեան մէկ մասնիկը:
Կենսագրութիւն
Յակոբ Պարոյր Կոճիկեան ծնած է 1987-ին Հալէպ, Սուրիա: Ան յաճախած է Հալէպի Հայ Աւետարանական Բեթէլ վարժարանը՝ մինչեւ վեցերորդ կարգ, որմէ ետք նետուած է արհեստի ասպարէզ, կամքէ անկախ պատճառներով:
Յակոբ Պարոյր Կոճիկեան ծնած է 1987-ին Հալէպ, Սուրիա: Ան յաճախած է Հալէպի Հայ Աւետարանական Բեթէլ վարժարանը՝ մինչեւ վեցերորդ կարգ, որմէ ետք նետուած է արհեստի ասպարէզ, կամքէ անկախ պատճառներով:
2001-ին Յակոբ Պարոյր Կոճիկեան իր ընտանիքին հետ փոխադրուած է Լիբանան: Հոս՝ ան գործունեայ մէկ անդամը եղած է իր շրջանակին՝ ազգային եւ եկեղեցական առումներով:
2006-էն մինչեւ օրս ան կը գործէ Չանից կազմակերպութեան մէջ, որպէս հաղորդավար եւ յօդուածագիր: Անոր բանաստեղծութիւնները տեղ գտած են լրատուական տարբեր միջոցներու մէջ: