“Խճողուած” Յայտագիրներու Առաջնահերթութիւնները

Հրայր Ճէպէճեան, Ազդակ, Պէյրութ, 25 Մարտ 2010

"ստեղծել հաւաքական տեսադաշտ, որպէսզի կարելի ըլլայ մեր համազգային հիմնահարցերուն նայիլ հաւաքական մօտեցումով եւ միտքով:"

Լիբանանահայ մեր իրականութիւնը կ՝ապրի աշխուժ եւ մեծ եռուզեռ մը: Բաւարար է նայիլ, ներսէն կամ դուրսէն, հեռուէն թէ մօտէն, ուղղակիօրէն առնչուած թէ հեռակայ կարգով, ու արդէն յստակ կը դառնայ, թէ մեր գաղութին մէջ գործունէութիւններն ու ձեռնարկները ամէնօրեայ դրութեամբ որքա՛ն ՙկը հրմշտկեն՚ զիրար:

Հրայր Ճէպէճեան, Ազդակ, Պէյրութ, 25 Մարտ 2010

"ստեղծել հաւաքական տեսադաշտ, որպէսզի կարելի ըլլայ մեր համազգային հիմնահարցերուն նայիլ հաւաքական մօտեցումով եւ միտքով:"

Լիբանանահայ մեր իրականութիւնը կ՝ապրի աշխուժ եւ մեծ եռուզեռ մը: Բաւարար է նայիլ, ներսէն կամ դուրսէն, հեռուէն թէ մօտէն, ուղղակիօրէն առնչուած թէ հեռակայ կարգով, ու արդէն յստակ կը դառնայ, թէ մեր գաղութին մէջ գործունէութիւններն ու ձեռնարկները ամէնօրեայ դրութեամբ որքա՛ն ՙկը հրմշտկեն՚ զիրար:

Այս իրականութիւնը մէկ կողմէ անպայման ուրախալի երեւոյթ է, սակայն, միւս կողմէ, նաեւ ցոյց կու տայ, թէ լիբանանահայ գաղութը օժտուած է այն ՙուժականութեամբ՚, որով կը շարունակէ կեանքը նոյնինքն ՙուժական՚ Պէյրութի մէջ: Ու տակաւին, լիբանանահայ իրականութեան ճամբան եղաւ բաւական երկար, եւ այդ երկար ճամբուն վրայ կային նուաճումներ, նաեւ՝ դժուար ու ճակատագրական օրեր, որոնք հարուածեցին գաղութին հիմը: Ապրեցանք պատմութիւնը, երբ գաղութը անցաւ բախտորոշ ճակատագիրի փապուղիէն, որուն յաջորդեց այն մտածողութիւնն ու մտավախութիւնը, թէ՝ ՙայլեւս ելք չկայ՚:

Բայց այսօրը կու գայ լիբանանահայ իրականութեան նկարագրային պատկերը որակելու իբրեւ ՙուժականութիւն՚, որուն ենթահողը անցաւ ու կ՝անցնի ՙտոկալու՚ սահմաններէն անդին՝ զայն կրկին վերածելու սփիւռքահայ իրականութեան կարեւոր բերդը եւ կռուանը, որուն միջոցով պիտի կամրջուին սփիւռքահայ գաղութները, նաեւ՝ սփիւռքն ու հայրենիքը:

Այսօրուան գործունէութիւններուն եւ յայտագիրներուն հեւքը պէտք է դիտել ա՛յդ պրիսմակէն, եւ պէտք է գնահատել մեր գաղութին մէջ գործող իւրաքանչիւր միաւոր, որ իր ներդրումն ու նպաստը կը բերէ մեր հաւաքական կեանքին աշխուժ շարունակականութեան:

Բայց ՙայսօրը՚ ունի նաեւ իր տուեալները…: Անիկա իրեն հետ կը բերէ շատ մը մարտահրաւէրներ եւ անոնց հետ՝ հիմնահարցեր:

Կ՝ապրինք նոր օրեր: Նորը, որ բաւական տարբեր է անցեալի տրոփումէն՝ իր բովանդակութեամբ եւ ընթացքով: Եթէ մէկ կողմէ կ՝ապրինք տեղեկատուական աշխարհին ստեղծած արագութեան եւ մօտիկութեան կեանքը, որ աշխարհը կը վերածէ ՙմեծ-պզտիկ՚ գիւղի մը, բայց նաեւ այս տուեալներուն ընդմէջէն կը ներմուծուին շարք մը նոր հիմնահարցեր, որոնք կու գան անպայմանօրէն զգաստացնելու մեզ, թէ ամէն բան վարդագոյն չէ: Մեր կեանքին այս արագութեան մէջ սկսած են ու կը սկսին ՙճօճուիլ՚ նոր ինքնութիւններ՝ նոր արժեչափերով եւ մշակութային ենթահողով, որոնք արմատ նետելով մեր մէջ՝ կրնան ներածել նոր տարազներ…: Այդ տարազը պիտի հագնինք կամայ-ակամայ, բայց հոն եւս կայ հիմնական պարտաւորութիւն մը, որ այդ տարազին մէջ նոյնիսկ տեղ կու տայ մեր ազգային-քրիստոնէական ինքնութեան, մեր ամբողջ մշակոյթին: Արդեօք ասիկա կարելի՞ է ընել նոր տարազին մէջ ու այդ նորին ստեղծած հրապոյրին ազդեցութեան տակ:

Հոսկէ արդէն երեւան կու գան եւ մէկ առ մէկ կը քակուին մեր բոլոր հիմնահարցերը, որոնք սկսած են դառնալ համազգային՝ իրենց տարողութեամբ, բովանդակութեամբ եւ այժմէականութեամբ: Մեր այսօրուան հիմնահարցերը՝ ազգային-քաղաքական, քրիստոնէական-եկեղեցական, ընկերային-մշակութային, ստացած են համազգային տարողութիւն, նաեւ՝ համասփիւռքեան եւ համահայկական:

Այս իմաստով, եթէ մէկ կողմէ իւրաքանչիւր գաղութ պիտի արժեւորէ իր հիմնահարցերը, բայց միւս կողմէ՝ կայ այն, որ ներկայի տեղեկատուական յառաջխաղացքը կ՝օժանդակէ այդ հարցերուն նայելու համասփիւռքեան տարողութեամբ՝ նկատի առնելով նաեւ հայրենի իրականութեան կամրջուելու գործօնը:

Լիբանանահայ իրականութեան մէջ իւրաքանչիւր եկեղեցական, կուսակցական, մշակութային, մարզական, բարեսիրական, ընկերային թէ այլ միաւոր մեծ հարստութիւն մըն է, իւրաքանչիւր միաւոր, անկախ իր չափէն, ձեւէն ու գոյնէն, անպայման իր բաժինը ունի մեր գաղութային կեանքի կազմաւորման մէջ: Բայց այդ միաւորները հաւաքական տեսադաշտի մը մէջ համախմբելը եւ հաւաքական միտքը վերաշխուժացնելը կը դառնայ այժմէական մարտահրաւէր եւ իրագործելի գործընթաց՝ դիմագրաւելու համար մեր հիմնահարցերուն մեծ մասը: Ուժերու համադրումով կարելի է ապահովել մեր շարունակականութիւնը՝ մեր համազգային հիմնահարցերը շրջանցելու եւ նորին ստեղծած պայմաններուն ու պարտադրանքներուն հետ համակեցութեամբ ապրելու:

Լիբանանահայ իրականութիւնը կրնայ այս տեսլականով շարժիլ, որովհետեւ ցոյց տուաւ, թէ ունի ուժն ու ուժականութիւնը ապրելու եւ ստեղծագործելու նոյնիսկ ամէնէն դժուար օրերուն՝ հասնելու համար մինչեւ ներկան: Աւելի՛ն. լիբանանահայ իրականութիւնը սփիւռքեան մեր կեանքին մէջ կը մնայ իր ազգային առաքելութեան կեդրոնական դիրքին վրայ՝ մէկ կողմէ մարդուժի իմաստով, միւս կողմէ՝ համադրողական աշխատանքներուն մէջ կամրջելով հայկական տարբեր գաղութներ իրարու, նաեւ՝ մայր հայրենիքին: Եթէ մէկ կողմէ կայ ներլիբանանահայ աշխատանքներու համադրման պարագան, բայց անպայմանօրէն կայ նաեւ համասփիւռքեանը՝ այսօրուան ընծայուած կարելիութիւններուն, նաեւ պարտադրանքին լոյսին տակ:

Մեզի կը մնայ մէկ կարեւոր գործ կատարել:

Իրարու յաջորդող եւ խաչաձեւող բոլոր աշխատանքներէն անդին, որոնց ետին ակներեւ է տոկուն ուժը եւ ուժականութիւնը իւրաքանչիւր միաւորի, արժէ տրամադրել բաժին մը՝ ստեղծելու հաւաքական տեսադաշտ, որպէսզի կարելի ըլլայ մեր համազգային հիմնահարցերուն նայիլ հաւաքական մօտեցումով եւ միտքով: Այս հաւաքական մօտեցումը կարեւոր է ոչ միայն այսօրուան համազգային հիմնահարցերուն դէմ յանդիման կանգնելու՝ ներկայի ժամանակներուն բերած տագնապներուն լոյսին տակ, այլ նաեւ այս հաւաքական ուժը տանելու դէպի աւելի հեռուները՝ դէպի ապագայ:

Ներկայ ժամանակներու մեր յաջողութեան գրաւականը մեր խճողուած յայտագիրներուն մէջ առաջնահերթութիւնները ապահովելն է, նաեւ՝ իրականացնելը:

 

You May Also Like