
Վերջին երկու դարերուն, մեզի մօտակայ աշխարհատարածքին կայսրութիւններն ու թագաւորները, որոնք կ’իշխէին չորս ցամաքամասերու վրայ՝ Եւրոպա, Ափրիկէ, Միջին Արեւելք եւ Ռուսիա կործանեցան կա՛մ համաշխարհային ու քաղաքացիական պատերազմներով՝ եւ կա՛մ ալ յեղափոխութիւններով։
Արդի՞ւնք…։



Վերջին երկու դարերուն, մեզի մօտակայ աշխարհատարածքին կայսրութիւններն ու թագաւորները, որոնք կ’իշխէին չորս ցամաքամասերու վրայ՝ Եւրոպա, Ափրիկէ, Միջին Արեւելք եւ Ռուսիա կործանեցան կա՛մ համաշխարհային ու քաղաքացիական պատերազմներով՝ եւ կա՛մ ալ յեղափոխութիւններով։
Արդի՞ւնք…։
Իսկ 1945-էն ասդին, ՄԱԿ-ի կազմաւորումէն ետք կարգ մը եւրոպական ազգեր որդեգրեցին ռամկապետութեան զանազան տարբերակները, փոխ առնելով "հաւասարութիւն, ազատութիւն եւ եղբայրութիւն" 1789-ի ֆրանսական յեղափոխութեան լոզունգը։
Բնական է, որեւէ պատերազմէ ետք, երկրի մը ու անոր ժողովուրդին ապագան կը գտնուին մութ փապուղիի մէջ ու կը սպասուի անոր ելքին լուսաւոր ծայրը։ Ասոր կ’ըսեն՝ թէ անցումային շրջան մը կը բոլորեն, սակայն՝ քանի՞ սերունդ ետք։
Պարզենք։
Սովետ Միութեան անկումէն ետք ստեղծուած 15 հանրապետութիւնները կը գտնուին այսօր մութ փապուղիներու մէջ, մինչեւ որ հասնին շուկայական համակարգի տնտեսութեան եւ ռամկապետութեան։ Այս մէկը շրջուած Դիալեկտիկա է ու անցումայինը կը ստեղծէ խրթին հարցեր տնտեսական, ընկերային, միջազգային առեւտրական փոխ-յարաբերութիւններու, ռազմական ու քաղաքական մարզերու մէջ։ Այս մութ փապուղին շուկայական մշակոյթի ժամանակաշրջանի ընթացքն է, անոր կիրարկումը ժամանակի կը կարօտի։ Անոր ըմբռնումը եւ գործադրութիւնը խրթին են։
Եուրօն կարգ մը եւրոպական պետութիւններու միացեալ դրամանիշը կը սեպուի։ Եւրոպական իշխանութիւններ, 1834-էն ի վեր փորձեր կատարած են այս մարզին մէջ։ Բրուսիական Գերմանիոյ Zolverein-ը տեւեց մինչեւ 1871։ Ապա՝ լատին իշխանութիւններու միացեալ դրամանիշը՝ ֆրանքը, կազմուած 1865-ին շիջեցաւ Առաջին Համաշխարհային Պատերազմին։ Ասոր հետ միատեղ՝ ոսկիի եւ արծաթի փոխանակութեամբ, ստեղծուեցաւ "ոսկիի չափանիշը" _ gold standard իր զանազան տարբերակներով. նախ կանգ առաւ Երկրորդ Համաշխարհային պատերազմի սկիզբը ու 1945-ին՝ Bretton Woods համաձայնութեամբ տեւեց մինչեւ 15 Օգոստոս 1971-ին։
Մինչ այդ՝ Երկրորդ Համաշխարհային Պատերազմին ստեղծուեցաւ "Սթերլինի տարածաշրջանը" _ Sterling area, զոր դադրեցաւ 1972-ին, իսկ 1945-ի վերջաւորութեան, Ֆրանսան ստեղծեց "Ֆրանքի գօտին" _ Zone Franc, աշխարհագրական սահմաններ ունենալով ֆրանսական հոգատարութեան պատկանող ափրիկեան բազմաթիւ երկիրներ։
Ուրեմն։
Ուրեմն տագնապը՝ միացեալ դրամանիշերու դրութեանց համար նորութիւն մը չէ։ Բոլոր տագնապներէն ետք եղած են անկումներ կամ ոչնչացում՝ երբ միացեալ դրամանիշին օրէնքներն ու չափանիշները չեն յարգուած նոյնինքն մասնակից պետութիւններու կողմէ։
Կարծիքովս՝ "եւրոպական ելեւմական կայունացման դիւրութիւնը" զոր կը տրամադրուի այժմ պետական ծանր պարտքերու տակ ինկած պետութիւններուն, սահմանափակ ու անբաւարար միջոց մը, րեսուրս մը կը ներկայացնէ ու Եուրոյի վերջաւորութիւնը կամ Եուրոյի նոր ձեւաւորումը ժամանակի հարց է։
Իսկ՝ եթէ նկատի առնենք Արեւմուտք-Իրան փոխ-յարաբերութիւններու հանգոյցը, Իսրայէլ-Պաղեստինեան տագնապը 1948-էն ի վեր, Թուրքիոյ ներկայ ղեկավարութեան դիւանագիտութեան վերածնած ախորժակը Միջին Արեւելքի մէջ, քրտական հարցը ու անպատիժ մնացած ցեղասպանութիւնները, ծայրայեղական այլազգներու մագլցող շարժումները, քիչ մը ամէն տեղ, առաւել՝ Չինաստանի եւ հարաւ-արեւելեան ասիական պետութիւններու տնտեսութեանց յաջող արդիւնաբերութիւնները ի վնաս Արեւմտեան տնտեսական քաղաքականութեանց, ես հարց կու տամ ինքզինքիս՝ թէ ո՞ր մէկ արբանեակին մէջ կ’ապրինք այսօր, դէպի ո՞ւր կ’ուղղուին մարդկութեան ապագան ու մարդկային արժէքները_ պատերա՞զմ, խաղաղութի՞ւն, թէ խճողում մութ փապուղիներու մէջ, ուր ելեկտրական հոսանքին պակասը կը զգացուի ամէնուրեք։
* Կարդալ Գիւլչիչէք Թեքինի «Սեւ Սաւանը», իսլամացած հայ կանանց կեանքը, Sara Seton
Յ.Գ.- Այս յօդուածին խորագիրը առնուած է հեղինակին պատրաստած յաջորդ գիրքէն՝«Bottleneck in the dark tunnel»։ "Մութ" փապուղին հոս փոխաբերական իմաստով կը ներկայացուի որպէս խաւար՝ բաժնեկից մշակոյթի պակասին, տգիտութեան, սխալներու, ձախողութեան, ըմբռնելու անկարողութեան, կուրութեան ու խարխափումի, մռայլութեան ու տխրութեան, ինչպէս նաեւ արեւմարի։ Իսկ փապուղին կը ներկայացուի որպէս նեղ ուղի, ազատութեան պակասի, խժդժութեան ու անգթութեան, գաղտագողի գործերու եւ անարդարութեան։
2 comments
Խճողում Մութ Փապուղիներու Մէջ
Sireli baron Bouldoukian,
Pavaganin hedakerkragan hotvadz.
Sagayn gouzeyi hasgnal gabe ays ”Կարդալ Գիւլչիչէք Թեքինի «Սեւ Սաւանը», իսլամացած հայ կանանց կեանքը, Sara Seton” tser hotvadzi hed. Artyok ays kerki hayeren yev gam ankleren tarkmanoutyounne koyoutyoun ouni? Hajik imatsoutsek yev aghpouyre vordeghen grnank abahovel.
Sirov,
Vartan
Dark or Narrow Tunnels?
Fundamental changes are underway out of necessity.
Comments are closed.