Մինաս Գոճայեան, Երուսաղէմ, 26 Դեկտեբեր 2014
Գիտակից ու հայ ապագայով տառապող մարդիկ ծանր մտահոգութիւններով կը փակեն հին տարին և աւելի ծանր խոհերով կը դիմաւորեն 2015-ը։ Վաղուան հայ ապագայով ….. հայերս աւելի մռայլութեամբ կը պարուրուինք ի տես այն լեռնակուտակ մարտահրաւէրներուն, խնդիրներուն, տասնամեակներու հնութիւն ունեցող անլոյծ մնացած հարցերուն և մեր առջեւ ծառացած նորերու, երբ հաշուեկշիռը կ՚ընենք անցնող տարուան (և տարիներուն) մեր գործունէութեան։
Մինաս Գոճայեան, Երուսաղէմ, 26 Դեկտեբեր 2014
Գիտակից ու հայ ապագայով տառապող մարդիկ ծանր մտահոգութիւններով կը փակեն հին տարին և աւելի ծանր խոհերով կը
Ինչպէ՞ս չփախցնել քունը, մանաւանդ երբ քանի մը օրէն պիտի թեւակոխենք 2015-ը՝ Հայկական Ցեղասպանութեան 100-ամեակի տարին։
Առարկայական հաշուեկշիռը քննելով, անցնող տարին դժուար թէ կարելի ըլլայ որակել «նուաճումներու տարի» և այս ընթացքով ու այս ուժերու վատնումով ալ գալիքը որակել «նորի սկիզբ» մը։
Սկսելով մեր ամէնէն հին կառոյցէն՝ Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցիէն, փաստօրէն մենք յայտնուեցանք ու խելացնոր արագութեամբ մխրճուեցանք նոր ճգնաժամի մը մէջ։ Առանց նոյնացնելու Լուսաւորչակերտ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը իր այսօրուան ղեկավարութեան հետ, մեր հաւատքի կեդրոնի նորօրեայ տիրակալները իրենց անհեռատես, եսակեդրոն ու մեծապետական դատումներով ու տնօրինումներով փաստօրէն մեր եկեղեցին առաջնորդեցին այսօրուան անցանկալի ու ամչցնող կացութեան մը, ուրկէ նուազագոյն վնասով դուրս գալու համար հաւանաբար քանի մը տարիներու պէտք պիտի ունենանք։
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ միւս խնդիրն ալ Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան հետ իրաւական ու աշխարհագրական ոչ մէկ կապ ունեցող իրանահայ թեմին Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան հովանիին տակ գտնուիլն է, երբ պատմութիւնը յստակօրէն արձանագրած է այն հանգամանքները, որոնց պատճառով դարերով Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնին ջերմեռանդօրէն կապուած իրանահայութեան թեմը «անցաւ» Կիլիկիոյ տնօրինութեան, երբ իրանահայութեան ոտքին մէկը Հայաստան է այսօր, ուր հասնելուն պէս առաջին գործը կ՚ըլլայ ծնրադրել և ապա մոմ վառել Միածնաէջ խորանին առջեւ…։ Ինչո՞ւ։ Փնտռեցէք և կը գտնէք պատասխանը մենատիրութեան մոլուցքով տարուած քաղաքական կողմի մը արխիւներուն մէջ։ Թէեւ արդար ըլլալու համար յիշենք որ Հայաստանեայց Եկեղեցին Իրանի մէջ շօշափելի գործ կատարած է Հայ Դատն ու Պահանջատիրութիւնը իր օրակարգին վրայ պահելով միշտ։
Մեր հայրենիքին մէջ հոս ու հոն նկատուող կարգ մը առողջ ու շինիչ համեստ ճիգերը կը նսեմանան ի տես արտագաղթ-արիւնահողութեան։ Ոչ միայն բարելաւում չի նկատուիր այս բնագաւառէն ներս, այլեւ տակաւ կը շարունակուի մեր ուղեղահոսքը դէպի Ռուսաստան, Եւրոպա և ովկիանոսներէն անդին։ «Ուր հաց, հոն կաց» գնչուական հոգին յաղթած է կարծես, ու այս բոլորին վրայ վերջերս աւելցաւ նաեւ ԱՄՆ-ի կողմէ տասը տարուայ արտօնագիր (վիզա) շնորհելու հեռակայ կարգով վնասակար համաձայնութիւնը։ Ահաւասիկ «աւետիս» մը եւս այս օրերուն՝ ԱՄՆ-ի ափերը երազող հայերուն։ Ասկէ լաւ նուէր չ՚ակնկալեր Թուրքիան այս օրերուն…։
Մտահոգիչ չէ հապա ի՞նչ է այն երեւոյթը, երբ հայկական վարժարաններ յաճախող աշակերտներու թիւը աճ չէ արձանագրած անցնող տարեշրջանին՝ Միջին Արեւելքէն մինչեւ ովկիանոսամերձ ցամաքամասերը։ Մինչդեռ կար ժամանակ մը, երբ արտերկրի տարածքին ապրող հայ ծնողքները, յատկապէս Միջին Արեւելքի մէջ, արդար հպարտութեամբ կը նշէին թէ իրենց զաւակները այսինչ հայկական վարժարանը կը յաճախէին ու կը յաջողէին տեղական պետական քննութիւններու մէջ փայլուն արդիւնքներով։
Ինչո՞ւ ամէն ինչ գլխիվայր շրջուեցաւ։ Պատճառները հաւանաբար պէտք է փնտռել հայ դպրոցի մասին հայ ծնողներու ունեցած խիստ քաղքենի ու մոլի գործնապաշտ մօտեցումներուն շրջագիծէն ներս։
1915-ին տեղի ունեցաւ դարուս առաջին ցեղասպանութիւնը (նորէն «առաջինի պատիւը» կ՚երթայ հայ ժողովուրդին)։ Հոս ու հոն կամ քիչ մը ամէն տեղ կը տեսնենք 100-ամեակի ոգեկոչման ազդեր, ծրագիրներ ու միջոցառումներ՝ բոլորն ալ արժանի պատշաճ գնահատանքի։ Բայց տակաւին չենք յաջողած ստեղծել ՀԱՄՕՐԷՆ, ԱԶԳՈՎԻՆ ու ՄԷԿ ՄԻԱՍՆԱԿԱՆ ՀԱՄԱՊԱՐՓԱԿ ծրագիր, որով առաջնորդուին բոլորը և որուն մէջ ԲՈԼՈՐԸ ունենան իրենց ներդրումը։ Սփիւռքէն ետ չի մնար նաեւ հայրենի պետութիւնը իր անորոշ, մշուշոտ ու խանդավառութիւն չներշնչող «ծրագիրներով», իսկ տարեփակէն հազիւ շաբաթ մը առաջ Երեւանէն կը հնչէ Ցեղասպանութեան Թանգարանի տնօրէնին ծանրակշիռ ամբաստանութիւնները հայկական ցեղասպանութեամբ զբաղող մատի վրայ համրուող պատմաբաններուն դէմ։
Ինչո՞ւ չմտահոգուիլ ու չափսոսալ այն թանկագին առիթներուն համար միջազգային շրջանակներէ և գիտահետազօտական հաստատութիւններէ ներս մտահոգիչ ըլլալու աստիճան նօսրացած հայազգի պատմաբաններու թիւին ի տես։ Հաւատքն ունէինք որ գոնէ ԱՄՆ-ի ու Արեւմուտքի այլ ոստաններու կեդրոններուն մէջ անցնող տասնամեակին մենք պիտի կարենայինք մեր խօսքը լսելի դարձնել, մինչ Թուրքիոյ և Ազրպէյճանի համապատասխան կառոյցները յստակ ծրագիրներով յառաջ կը տանին իրենց քարոզչական աշխատանքը։ (Վերջերս մայրաքաղաք Ուաշինկթընի մէջ կայացած գիտական համաժողովի մը շուրջ հազար մասնակիցներուն ներկայացուցած նիւթերուն 200 կ՚առնչուէին Միջին Արեւելքին, նիւթերուն 160-ը ներկայացուած էր Թուրքիոյ կողմէ, իսկ հայերու թիւը…4)։
Յստակ է պատկերը և ակնյայտ են պատճառները։ Անլրջութիւն Հայ Դատի ու Պահանջատիրութեան հետապնդման հանդէպ, անպատրաստուածութիւն, հետաքրքրութեան զգալի նահանջ, նուիրուածութեան ու յանձնառութեան թաւալգլոր անկում մեր ԲՈԼՈՐ կառոյցներուն կողմէ՝ Հայաստանէն մինչեւ ովկիանոսներէն անդին։
Թուրքիա վաղուց անցած է գետը, իսկ մենք տակաւին կը մտածենք ուր շինել կախովի կամուրջ մը։
1 comment
Thought and Challenges
Dr. Minas Kojayan's diagnosis is very close to the realities of our nation. However, a medical doctor after the diagnosis provides solution(s) to the problem(s). Whose duty is it to perform that function? Nation-wide problems exist in Europe, in the Middle East and a few African territories. The more scientific advancements and progress the more family, human, national and religious values are being dumped. Is this a new Babylon where people, nations and civilizations do not comprehend each other any more?
Comments are closed.