Կը կարծուէր թէ հոգեւոր երաժշտութեան հայ մեծանուն դէմք եւ գիտակ՝ Խորէն Պալեան այս աշխարհէն մեկնեցաւ առանց ժառանգի: Հայ եկեղեցական երաժշտութեան առասպել, Լուսինէ Զաքարեանի երկարամեայ կողակիցը, ծագումով Ջաւախքցի, Լուսինէն՝ շաքարախտէ կը տառապէր եւ դժբախտաբար անժառանգ համբարձաւ դէպի երկինք… Իսկ Խորէն Պալեան, որպէս գրաբարագէտ եւ հայ դարաւոր երաժշտութեան մեծագոյն մասնագէտ, ձայներիզներու եւ շարականներու ուսումնասիրութեան մեծ ժառանգ ձգեց հոգեւոր երաժշտութեան գանձարանին: Իսկ որպէս իր կեանքի անկատար իղձ, սիրեցեալ մօր անունով դուստր մը ունենալու, ան իր կեանքի վերջին տարիներուն իրականացած տեսաւ այն հոգեւոր երաժշտութեան տաղանդաշատ երգչուհի Շողեր Աբրահամեանէն ունենալով հրաշալի աղջնակ մը…

Հեսընի հայ հոգեւոր հովիւ Հայր Սերովբէ Խախանեանի ջանքերով ու Տոքթ. Ռաֆֆի Պալեանի (այժմ Լոս-Անճելըս Փասատենա) խնդրանքով՝ Գերմանիա Պոխում քաղաքէն կարելի եղաւ կրկին «յայտնաբերել» փոքրիկն Մաքսիմիլիանան ու մայրը՝ Շողեր Աբրահամեան: Ապա հեռաձայնով կը ժամադրուինք շոգեկառքի կայարանին մուտքին, ուր Սախլնէն գալով պիտի ժամանէինք: Իսկապէս որ աստուածային շնորհ կար այս աննման աղջնակին վրայ՝ որ իր բացառիկ գեղեցկութենէն անկախ, իր տարիներուն համաձայն շատ խելացի էր. դժուարին կեանքը Գերմանիոյ մէջ որպէս վտարանդի՝ շատ բան սորվեցուցած էր Մաքսիմիլիանային՝ որ Մեծն Խորէն Պալեանի միակ ձայնն ու ժառանգն էր կենդանի աշխարհին մէջ:
Պոխումի կեդրոնական հրապարակէն քիչ մը վար գտնուող բարձրայարկ շէնքի մը համեստ, մաքուր եւ «հայկական» բնակարանին մէջ կը հիւրասիրուինք այս միայնակ ընտանիքին կողմէ: Պատին, հանգուցեալ հօր հետ գիրկընդախառն նկարն է աղջնակին, որ մի քանի տարի շարունակ այցելած էր իրենց, եւ միշտ հեռախօսով կապ հաստատած է իր «սիրուն բալա»-յին հետ: Մայրը, անբասիր եւ առաքինի հայուհի մը, որ կ’ապրի «պարտադրուած» օտարութեան մէջ՝ Խորէն Պալեանին յիշատակով, դաստիարակելով այս թանկագին ժառանգորդուհին, որ արդէն միքանի լեզուներ կը խօսի…
Մեր զրոյցի ընթացքին փոքրիկն «Մաքսի»ն մեզի նուիրեց իր վրձինով պատրաստած՝ սպիտակ նապաստակի նկար մը… «Քեզ սիրեց», – ժպտալով ըսաւ մայրը: Ապա, ցոյց տուաւ իր մանկական «միւս» դէմքը, երբ աչքերը արցունքով լեցուեցան հեռատեսիլի հաղորդում մը անպայման դիտելու համար…
Մեր կարճատեւ հանդիպման ընթացքին նաեւ կիմանանք, հանգուցեալին նիւթական ժառանգին համար՝ որ թողած է Երեւան՝ ամօթալի գզվրտոց մը տեղի ունեցած է իր եւ Լուսինէ Զաքարեանի հարազատներուն միջեւ՝ ուր փորձած են օգտագործել այս փոքրիկ հրեշտակին անունն ու գոյութիւնը՝ որպէս միակ «իսկական» ժառանգորդ…
Սակայն, մեր բարեկամութեան կամուրջները նետուած են արդէն ու խոստացած միշտ այցելել, որպէս 1976-78 թ.թ.ի երեւանի պետական Համալսարանի գրաբարի դասախօսիս հարազատի եւ այն սակաւաթիւ անձերէն՝ որ 2007 թ.-ի աշնան, յորդառատ անձրեւուն տակ, ներկայ եղանք Խորէն Պալեանի տապանաքարի «պաշտօնական» տեղադրման, Սրբ. Գայանէ Վանքին գերեզմանատան մէջ՝ հրամանովը Հ.Հ. նախագահ Սերժ Սարգսեանի եւ բարեխօսութեամբ Երեւանի Պետական Համալսարանի Արեւելագիտական ֆաքիւլթէի դեկան՝ Մեծ Հայ եւ Մարդ՝ Գուրգէն Մելիքեանին:
Խորէն Պալեանի միակ ժառանգը արժանի է ամէն յարգանքի եւ իրաւունքի՝ որպէս ապրող մասնիկը այդ արժանաւոր անձնաւորութեան: