Ծանօթացնենք Հայկական Հարցը Սպանախօսներուն

Պետրոս Հաճեան, Պուէնոս Այրէս, 19 Հոկտեմբեր 2010

Նորութիւն ըսած չենք ըլլար, եթէ գրենք, որ Հայկական Հարցի (մասնաւորաբար ցեղասպանութեան) ծանօթացման, բացատրութեան եւ լուսաբանումին նուիրուած բաւական հարուստ մատենագրութիւն կայ գրուած մասնաւորաբար՝ անգլերէն եւ ֆրանսերէն լեզուներով, բացի անշուշտ հայերէնով գրուած հսկայական գրականութենէն, սակայն սպաներէն լեզուով, եւ համեմատաբար վերոյիշեալ օտար լեզուներուն, հազուագիւտ են այս ուղղութեամբ հրատարակուած աշխատութիւնները, եւ հետեւաբար բաւական աղքատ է սպաներէն մատենագրութիւնը՝ ինչ կը վերաբերի Հայկական Հարցին, անոր ծագումին եւ պատմական զարգացումին, հայ-թուրք յարաբերութիւններու հանգուցային հանգրուաններուն, միջազգային քաղաքականութեան մէջ եւ միջ-պետական յարաբերութիններուն մէջ ունեցած անդրադարձներուն, վերջապէս՝ հայոց ցեղասպանութեան, անկախ պետականութեան տեղծման (1918), եւ յետ Եղեռնի հայկական շարունակուող պահանջատիրութեան:

Պետրոս Հաճեան, Պուէնոս Այրէս, 19 Հոկտեմբեր 2010

Նորութիւն ըսած չենք ըլլար, եթէ գրենք, որ Հայկական Հարցի (մասնաւորաբար ցեղասպանութեան) ծանօթացման, բացատրութեան եւ լուսաբանումին նուիրուած բաւական հարուստ մատենագրութիւն կայ գրուած մասնաւորաբար՝ անգլերէն եւ ֆրանսերէն լեզուներով, բացի անշուշտ հայերէնով գրուած հսկայական գրականութենէն, սակայն սպաներէն լեզուով, եւ համեմատաբար վերոյիշեալ օտար լեզուներուն, հազուագիւտ են այս ուղղութեամբ հրատարակուած աշխատութիւնները, եւ հետեւաբար բաւական աղքատ է սպաներէն մատենագրութիւնը՝ ինչ կը վերաբերի Հայկական Հարցին, անոր ծագումին եւ պատմական զարգացումին, հայ-թուրք յարաբերութիւններու հանգուցային հանգրուաններուն, միջազգային քաղաքականութեան մէջ եւ միջ-պետական յարաբերութիններուն մէջ ունեցած անդրադարձներուն, վերջապէս՝ հայոց ցեղասպանութեան, անկախ պետականութեան տեղծման (1918), եւ յետ Եղեռնի հայկական շարունակուող պահանջատիրութեան:

Չենք ըսեր, որ գոյութիւն չունի սպաներէնով գրուած այսպէս ըսած՝ քարոզչական գրականութիւն: Կան անշուշտ հայերէնէն կամ օտար լեզուներէ թարգմանուած կարճաշունչ կարգ մը գործեր՝ ոչ ուղղակի նուիրուած Հայկական Հարցի սպառիչ ուսումնասիրութեան, այլ հայոց պատմութեան եւ հայ մշակոյթի պատմութեան, գրականութեան ( Աշոտ Արծրունի, Ճորճ Պուրնութեան, Հրանդ Թորոսեան, Պերճ Աճէմեան, Վարդան Մաթէոսեան, Պետրոս Հաճեան, ), եւ ուղղակի քարոզչական առաջադրանքներով հրատակուած գործեր ( Նելիտա Պուլղուրճեան, Ազատուհի Թըլսըմեան, Տանիէլ Գարամանուկեան, «Ուրարտու» Հրատ, Հարաւային Ամերիկայի Հայ Դատի մարմնին հրատարակած գրքոյկները, Ժան Փիեռ Ալէմ, Մարիանօ Սարավիա, Կարպիս Տերեպեան, , եւն.) յուշագրութիւններ կամ վկայութիւններ (Գէորգ Սարաֆեան, Փօլ Լեվերքուէն, տոքթ. Էտուրատօ Պետրոսեան, Աուրորա Մարտիկեան, Մորկընթաու, Խոսէ Անթոնիօ Կուրրիարան, Ռաֆայէլ տէ Նոկալէս, այս վերջինը ոչ-հայանպաստ), որոնք մասնակի կերպով կ՝անդրադառնան Հարցի այս կամ այն երեսին, հանգրուանին, եւ ընդհանրապէս կը կեդրոնանան 1915 թուականի ցեղասպանութեան հաստատումին, հետեւանքներուն, հայկական պահանջատիրութեան,եւայլն, եւայլն:

Յիշուած անուններէն զատ, թերեւս կան նաեւ ուրիշ գործեր, որոնց ծանօթ չենք եղած կամ կը խուսափին մեր յիշողութենէն : Այս բոլոր հրատարակութիւնները չեն դադրիր անշուշտ գնահատելի փորձեր ըլլալէ, այսուհանդերձ բաւարար չեն ամբողջական կերպով եւ բազմակողմանի երեսներով ներկայացնելու Հայկական Հարցը՝ աշխարհի մը, որ կը հաշուէ աւելի քան 350 միլիոն մարդկային զանգուած մը, հաշուելով մանաւանդ Հարաւային Ամերիկայի երկիրները, որոնց շարքին՝ Արժանթին, Ուրուկուայ, Չիլէ, Վենեզուելա, Մեքսիկա, ուր գոյութիւն ունին մեծաթիւ կամ փոքրաթիւ հայ գաղութներ:

Աւելցնենք, որ սպաներէն լեզուով հրատարակուած վերոյիշեալ գործերուն վրայ վերջերս աւելցաւ շատ կարեւոր հրատարակութիւն մը՝ գերմանացի միսիոնար Եոհաննէս Լեփսիուսի «Գերմանիա եւ Հայաստան 1914-1918» գործը նախաձեռնութեամբ գերմանագէտ տոքթ. Անահիտ Պարիկեանի: Այս խիստ շահեկան գրքին պիտի անդրադառնանք առաձնապէս:

Հարաւային Ամերիկայի պարագային՝ պէտք է չէ մոռնանք Պրազիլը, որուն լեզուն փորթուկալերէն է, եւ որքան գիտենք, այս լեզուով եւս Հայկական Հարցը շօշափող ուշագրաւ գործեր չկան ցարդ, կամ կան շատ անբաւարար ծաւալով (մեզի ծանօթ է միայն Նուպար Խրիմեանի համեստ աշխատասիրութիւնը՝ նուիրուած Հայկական Հարցի ամփոփ պատմութեան եւ ծանօթացման):

Արդ, շեշտելով անհրաժեշտութիւնը սպաներէն (նաե՛ւ փորթուկալերէն) լեզուով գրականութեան մը կարիքին՝ անպայման չենք առաջնորդուիր հարցին մօտենալով միմիայն դէպի դուրս ուղղուած քարոզչական նկատումներով, այլ կայ նաեւ ներհայկական պահանջ մը: Այս վերջին պարագան, ըստ մեզի, այնքան կարեւոր է որքան դէպի դուրս կատարուող քարոզչութիւնը, նոյնիսկ՝ աւելի՛ առաջնահերթ, իբրեւ աշխատանքի դաշտ եւ անմիջական հրամայական :
Այս գծով կարելի է նկատի ունենալ հետեւեալ պարագաները.-

ա) Հարաւային Ամերիկայի մէջ կ՝ապրի աւելի քան 100 հազար հաշուող հայ զանգուած մը, որուն աւելի քան 80 տոկոսը՝ սպանախօս երկիրներու մէջ (մնացեալը Պրազիլ, որուն լեզուն փորթուկալերէն է):

բ) Չափազանցած չենք ըլլար, եթէ յայտնենք, որ այս զանգուածին նուազագոյն 90 առ հարիւրը, այսօր օտարախօս է եւ անծանօթ՝ հայերէնին, հետեւաբար նաեւ, ընդհանրապէս անծանօթ ըլլալով անգլերէն կամ ֆրանսերէն լեզուներուն, չի կրնար օգտուիլ այս լեզուներով գրուած եւ հայ կեանքին ու հայկական հարցերուն անդրադարձող գիրքերէն:

գ) Որքան ալ սպանախօս կամ փորթուկալախօս՝ Հարաւային Ամերիկայի հայերը բացառիկ հետաքրքրութիւն ցոյց կու տան իրենց ազգային ծագումին, հայոց պատմութեան, Հայաստանին, Հայկական Հարցին պատմական հոլովոյթին, ցեղասպանութեան եւ պահանջատիրութեան եւ վերջապէս բոլոր այն իրողութիւներուն հանդէպ, որ աղերս ունին հայ կեանքին ու ճակատագրին հետ:

դ) Նկատի ունենալով այս իրողութիւնը, ինչպէս նաեւ այն հանգամանքը, որ Մերձաւոր Արեւելքի հայահոծ գաղութներու եւ Հայաստանի մէջ ընդհանրացած լեզուներ չեն սպաներէնն ու փորթուկալերէնը, այս լեզուներով հրատարակութիւններ շատ քիչ եղած են եւ հետեւաբար հայաճանաչման գծով տարիներու ընթացքին ստեղծուած է ուշագրաւ ամլութիւն մը, որմէ կրկնակիօրէն կը տուժէ հայապահպանումի աշխատանքը:

ե) Անհրաժեշտ է ուրեմն այս զանգուածին տրամադրութեան տակ դնել իրեն մատչելի լեզուով գրուած կամ թարգմանածոյ նիւթեր՝ ըլլա՛յ հայոց պատմութեան, հայ մշակոյթին ու գրականութեան եւ ըլլայ մասնաւորապէս Հայկական Հարցին եւ անոր տարբեր հանդրուաններուն մասին:

զ) Հեռու չէ այն ժամանակը, երբ բաւական պիտի դժուարանայ Հարաւային Ամերիկայի հայութեան եւ Հայաստանի ու Մերձաւոր Արեւելքի կազմակերպական կեդրոններու հաղորդակցութիւնը, եթէ երբեք այս վերջին երկիրներուն մէջ չմշակուին սպաներէնն ու փորթուկալերէնը եւ չպատրաստուին անոնց ծանօթ տարրեր:

Ազգային ինքնութեան պահպանումին, ազգային ոգիի եւ գիտակցութեան ուժեղացումին, ինչպէս նաեւ նոյնի՛նքն մեր պահանջատիրութեան յարատեւ վերանորոգումը եւ սերունդէ-սերունդ շարունակականութիւնը ապահովելու տեսակէտէն խիստ կենսական նշանակութիւն ունի դէպի ներս ուղղուած այս քարոզչութիւնը:

Շարունակելի
Յաջորդիւ՝ ներկայացում Տոքթ. Փասքուալ Օհանեանի «Հայկական Հարցը եւ միջազգային յարաբերութիւնները» մեծածաւալ ակադեմական աշխատանքը գրուած սպաներէնով.

 

2 comments
  1. Bedros Hadjian’s article
    All is correct.
    Thank you, B. Hadjian. We should multiply your personal efforts and example.

  2. Message to Bedros Hadjian

    Dear Mr. Bedros Hadjian,
     
    Allow me to make a few remarks concerning your interesting article on Armenian subject literature in Latin America which I read on Keghart.com dated 26/10/2010.
     
    I am a Brazilian, retired Armenian Evangelical Pastor, now living in Switzerland. During the last two decades or so I have written (other than many articles) several books on Armenian subjects in Portuguese language having in mind the needs of both the Armenian community in Brazil and the Brazilians who lately show some interest in our Armenian culture and history. They are:

        "História da Armênia – drama e eperança de uma nação", São Paulo, Paz e Terra, 1988, 210 pages.
        "Literatura Armênia – uma introdução", São Paulo, Paz e Terra,                  1994, 232 pages.           .
        "Cristianismo Armênio – fé viva de uma nação", São Paulo, Bentivegna,         1997, 128 pages.
        "Memórias de um Brasarmênio", São Paulo, Fonte Editorial, 2008, 364 pages.       
         "História sucinta e atualizada da Armênia", São Paulo, Emblema, 2010, 321 pages.
     
    All these books can be obtained a the Secretariat of the Armenian Evangelical Church of São Paulo, c/o Lúcia, [email protected]  
     
    If you can send me your e-mail, I will be glad to forward to you the text of the presentation of my latest of these books made personally by the Armenian Embassador in Brazil, H.E. Ashot Yeguiazarian, during the celebration of the Armenian Independence Day, last September.
     
    Yours,
    Aharon Sapsezian, Pastor

Comments are closed.

You May Also Like