Ծիծեռնակներու Գաղթը

Օշին Էլակէօզ, Մարմարա Օրաթերթ, 12 Օգոստոս 2008

Վերահրատարակուած 6-7 Սեպտեմբեր 1955-ի ոճիրներու տարելիցին առիթով


 

Աճեմեան ընտանիքի միակ զաւակն էր Կարպիս: Հայրը Հրանդ Աճեմեան շատ յարգուած ու սիրուած մուշտակավաճառ մըն էր շուկային մէջ: Իսկ մայրը տիկին Արաքսի, առաքինի ու պատուաւոր կին մը եւ անձնուէր մայր մըն էր: Աճեմեանները ձմեռը կը բնակէին Սամաթիա, իսկ ամառները կը փոխադրուէին իրենց Ենիգիւղի հօրենական, երկյարկանի ապարանքը: Կարպիս հոս ծնած էր ու շատ կը սիրէր այս տունը: Ամբողջ օրը ծով կը մտնէր, ու կը խաղար դրացի ապարանքներուն մէջ բնակող իրեն տարեկից ընկերներուն հետ: Ապարանքին ճիշտ քովը դարձեալ իրենց պատկանող տնակ մը կար ուր յոյն ընտանիք մը կը բնակէր: Քիրիօս Անտօնի որ, զինք պարպա Անտօնի կը գոչէին ձկնորս էր եւ միաժամանակ ապարանքին պահակութիւնը կընէր: Ձմեռները երբ Աճեմեանները կը փոխադրուէին իրենց ձմեռուայ տունը, ապարանքը պարպա Անտօնիին կը յանձնուէր: Իսկ իր կինը Քիրիա Փէնէլոփէ կ’օգնէր տիկին Արաքսիին առտնին գործերուն մէջ: Անոնք Թէոտորա անունով եւ Կարպիսէն երկու տարի փոքր դուստր մը ունէին որ Կարպիս բնաւ չէր ախորժէր անկէ. շատախօս, վտիտ եւ անհամակրելի աղջիկ մը կը նկատէր զինք ու բնաւ չէր խաղար իր հետ:

Օշին Էլակէօզ, Մարմարա Օրաթերթ, 12 Օգոստոս 2008

Վերահրատարակուած 6-7 Սեպտեմբեր 1955-ի ոճիրներու տարելիցին առիթով


 

Աճեմեան ընտանիքի միակ զաւակն էր Կարպիս: Հայրը Հրանդ Աճեմեան շատ յարգուած ու սիրուած մուշտակավաճառ մըն էր շուկային մէջ: Իսկ մայրը տիկին Արաքսի, առաքինի ու պատուաւոր կին մը եւ անձնուէր մայր մըն էր: Աճեմեանները ձմեռը կը բնակէին Սամաթիա, իսկ ամառները կը փոխադրուէին իրենց Ենիգիւղի հօրենական, երկյարկանի ապարանքը: Կարպիս հոս ծնած էր ու շատ կը սիրէր այս տունը: Ամբողջ օրը ծով կը մտնէր, ու կը խաղար դրացի ապարանքներուն մէջ բնակող իրեն տարեկից ընկերներուն հետ: Ապարանքին ճիշտ քովը դարձեալ իրենց պատկանող տնակ մը կար ուր յոյն ընտանիք մը կը բնակէր: Քիրիօս Անտօնի որ, զինք պարպա Անտօնի կը գոչէին ձկնորս էր եւ միաժամանակ ապարանքին պահակութիւնը կընէր: Ձմեռները երբ Աճեմեանները կը փոխադրուէին իրենց ձմեռուայ տունը, ապարանքը պարպա Անտօնիին կը յանձնուէր: Իսկ իր կինը Քիրիա Փէնէլոփէ կ’օգնէր տիկին Արաքսիին առտնին գործերուն մէջ: Անոնք Թէոտորա անունով եւ Կարպիսէն երկու տարի փոքր դուստր մը ունէին որ Կարպիս բնաւ չէր ախորժէր անկէ. շատախօս, վտիտ եւ անհամակրելի աղջիկ մը կը նկատէր զինք ու բնաւ չէր խաղար իր հետ:

Նախորդ տարի Թէոտորա ամառը անցուցած էր Պիւյիւքտէրէյի մէջ բնակող իր մեծ մօրը տան մէջ, մեծ մայրը հիւանդ էր ու օգնութեան կը կարօտէր եւ Կարպիս ամբողջ ամառ մը զայն չտեսած ըլլալուն համար շատ գոհ մնացած էր: Ան շատ կը սիրէր Թէոտորային հայրը Պարպա Անտօնին որ շատ վարպետ ձկնորս մըն էր ու յաճախ ձուկ որսալու կ'ելլէին միասին: Կարպիս այդ տարի շրջանաւարտ եղած էր իր դպրոցի լիսէի բաժինէն ու տրուած ըլլալով որ ան իր ընտանիքի միակ զաւակն էր, հայրը զինք իր գործին մէջ առնել կ'ուզէր, որպէսզի սորուէր իրենց ընտանեկան ասպարէզը: Այդ ամառ Աճեմեանները դարձեալ իրենց ամառանոցը փոխադրուեցան: Յաջորդ առաւօտ Կարպիս իրենց ապարանքին քարափի կողմն անցաւ ու տեսաւ որ քարափին սանդուխներուն վրայ մանկամարդ աղջիկ մը նստած, փէշը վեր հաւաքած ու ոտքերը ջուրը խոթած էր:

Այս անծանօթ աղջիկը որ սեւ թաւշեայ մազերով ու թուխ դէմքով գեղեցիկ պարմանուհի մըն էր, անմիջապէս գրաւեց Կարպիսին ուշադրութիւնը: Կարպիս մօտեցաւ աղջկան: Այս վերջինը յանկարծ իր գլուխը դարձուց եւ իրարու հետ աչք աչքի եկան: Կարպիս շուարած էր, չէր ուզեր հաւատալ իր աչքերուն: Այդ գեղեցիկ աղջիկը որ իր ուշադրութիւնը գրաւած էր, ուրիշ մէկը չէր, եթէ ոչ Թէոտորան: Այն Թէոտորան որ ինք միշտ վտիտ ու անհամակրելի աղջիկ մը նկատած էր: Թէոտորա խնդալով նայեցաւ Կարպիսին շփոթած երեսին ու զայն բարեւեց: Բայց Կարպիս չկրցաւ իրեն պատասխանել ու շարունակեց զարմանքով աղջկան դէմքին նայիլ: Կարպիս չէր կրնար հաւատալ Թէոտորայի վերջին մէկ տարուան մէջ կրած այս մեծ փոփոխութեան: Թէոտորա որ աչքաբաց աղջիկ մըն էր եւ նոյնպէս գիտակից իր գեղեցկութեան, Կարպիսին վիճակէն հասկցաւ թէ ան ինչու ապշած մնացած էր իր դիմաց: Թէոտորա այդ պահուն, բոլոր անցեալ տարիներուն ոխն էր որ առաւ Կարպիսէն եւ գրգռիչ ծիծաղով մը անոր աչքերուն մէջ նայելով ըսաւ:

-Ի՞նչ է Կարպիս բա՞ն մը ըսել կ'ուզես արդեօք:

Կարպիս շատ բան ըսել կ'ուզէր բայց խօսքերը իր կոկորդին կառչած էին եւ հազիւ կրցաւ գլխով բարեւ մը տալ: Այդ օրուընէ սկսեալ տղուն աչքը Թէոտորայէ զատ ուրիշ ոչինչ կը տեսնէր այլեւս: Ո'չ ծով, ո'չ իր ընկերները,  ո'չ ձկնորսութիւն: Իր համակ միտքը գրաւուած էր Թէոտորայի կողմէ:

Ամէն առաւօտ երբ ան շուկայ կ'երթար տան գնումները ընելու համար, Կարպիս դռան առջեւ իրէն կը սպասէր որպէսզի իր հեծանիւով զինք դէպի շուկայ առաջնորդէ: Իսկ երբ շուկայ կ'երթային Կարպիս պահ մը զայն առանձին չէր ձգեր ու գնումի բոլոր տոպրակները ինք կը կրէր որպէսզի թէոտորա չյոգնի: Կարպիս կատարեալ պահապան հրեշտակ մը դարձած էր աղջկան վրայ: Թէոտորա ոչ մէկ գանգատ ունէր Կարպիսին իրեն հանդէպ ունեցած ուշադրութենէն, ընդհակառակը գոհ էր որ ան վերջապէս անդրադարձած էր իր գեղեցկութեան: Օր մը, երբ դարձեալ շուկայէն կը վերադառնային, Կարպիս առեւտուրի տոպրակները տեղաւորելու համար մտաւ Թէոտորայենց տունը: Տան մէջ իրենցմէ զատ ոչ ոք կար այդ պահուն: Սկսան տոպրակները պարպել սեղանին վրայ: Պահ մը Կարպիս ու Թէոտորա աչք աչքի եկան: Երկուքին ալ սիրտը աւելի զօրաւոր կը բաբախէր: Կարպիս ակամայ մօտեցաւ աղջկան ու զայն իր շրթներէն համբուրեց: Թէոտորա պահ մը աչքերը բակ շնչասպառ վիճակի մէջ մնաց: Ոտքերը կը դողային ու շփոթած էր, յետոյ իր բոլոր ուժով Կարպիսը ետ հրեց ու տան սանդուխներէն վերի յարկ վազեց:

Կարպիս դուրս ելաւ տունէն, նայեցաւ Թէոտորայի տան պատուհաններուն, տեսաւ որ ան ալ վերէն զինք կը դիտէր ու չարաճճիի ժպիտ մը կար դէմքին վրայ: Կարպիս ինքզինք շատ ուրախ զգաց այդ պահուն, հասկցաւ որ Թէոտորա չէր զայրացած, ընդհակառակը իր սենեակի պատուհանէն ժպտած էր իրէն: Կարպիս այլեւս գիտէր թէ Թէոտորա եւս անտարբեր չէր իրեն հանդէպ եւ որոշեց նամակ մը գրել իրէն եւ իր բոլոր զգացումները արտայայտել անոր: Վազելով անցաւ պարտէզէն ու դէպի իրենց տան դուռը ուղղուեցաւ որպէսզի իր սենեակը ելլեր. չէր ուզեր ժամանակ կորսնցնել: Հազիւ հասած էր իրենց տան դրան մօտ ու ներս պիտի մտնէր, երբ դուրսէն ահռելի աղմուկ մը սկսաւ բարձրանալ: Հարիւրաւոր մարդիկ կը պոռային, կ'աղաղակէին: Ապակիները ջարդ ու փշուր եղած վար կը թափէին: Իրենց պարտէզին դռան մուտքին մարդիկ աջ ու ձախ կը վազվզէին, կարծես թէ կռիւ մը կար դուրսը: Որոշ խումբերու թշնամական պոռչտուքը ուրիշ խումբերու աղաչանքներուն կը խառնուէր: Ճիշտ այդ պահուն Կարպիս տեսաւ որ իր հայրը փողոցի դռնէն ներս կը մտնէր ու վազելով դէպի տուն կը պոռար.

-Դրօշակը, շուտ դրօշակը բերէ'ք:

Տիկին Արաքսի դրօշակը բերաւ ու պարոն Հրանդ անմիջապէս զայն կախեց տան վանդակապատ դրան ձողերէն մէկուն վրայ ու յետոյ դուռը լաւ մը կղպեց: Կարպիս ապշած մնացած էր ու դեռ չէր կրցած ըմբռնել թէ ինչ էր պատահածը: Նոյն պահուն տան քարափէն պոռչտուքներ սկսան լսուիլ: Կարպիս եւ հայրը հասան քարափի մօտ ու տեսան որ գաւազաններով ու կացիններով զինեալ պաշըպօզուքներու նաւ մը կը մօտենար դէպի իրենց տունը: Ներսէն տիկին Արաքսիին լացը կը լսուէր ու խեղճ կինը սկսած էր բարձրաձայն աղօթել: Հրանդ Աճէմեան քարափ ելաւ ու իր ամբողջ ուժով սկսաւ պոռալ.

-Մենք յոյն չենք, այս տունը յոյն չկայ:

-Ուր է ուրեմն ձեր դրօշակը, հարցուցին պաշըպօզուքները, որոնց նաւը գրեթէ մօտեցած էր տան:

-Առջեւի կողմը, մայր մուտքին դրան վրայ է, պոռաց Հրանդ Աճէմեան ահ ու դողի մէջ:

-Հատ մըն ալ հոս կախեցէք, հրամայեցին ու իրենց նաւուն ուղղութիւնը վար դէպի Ենիգիւղի նաւամատոյցը դարձուցին՝ քանդելիք ու թալանելիք ուրիշ խեղճի մը տունը գտնելու համար: Հրանդ Աճեմեան կնոջմէն կարմիր գոյնով ծածկոց մը ուզեց ու զայն երկուքի ծալլելով չուանի մը վրայ անցուց եւ զայն երկրորդ յարկի պատուհաններէն մէկէն վար կախեց, որպէսզի հեռուէն դրօշակ կարծուէր: Արդէն իրիկնացած էր եւ արեւը մարը մտած, ուստի այդ մութին մէջ կարելի չէր զանազանել կախուած ծածկոցը դրօշակէն:

Կարպիս որ ապշահար կը դիտէր բոլոր անցուդարձերը յանկարծ սթափեցաւ ու անմիջապէս վազեց դէպի Թէոտորաենց տունը: Տան դուռը կղպուած, ցուցափեղկերը փակուած ու լոյսերը մարած էին: Կարպիս իրենց տան սանդուխներէն վեր վազեց ու ելաւ ամենավերի յարկը, նեղ նրբանցքէ մը անցնելով բարձրացաւ տանիք: Սարսափելի էր տանիքէն տեսնուած տեսարանը: Որոշ թաղերու մէջ տուներ կը հրկիզուէին եւ տուներէն դէպի երկինք բոցեր կը բարձրանային: Կարծէք թէ երկինքը դաշունահարուած էր զանազան տեղերէ եւ այդ վէրքերէն երկինքի արիւնն էր որ կը հոսէր դէպի երկիր: Բոցերու մէջ էր նաեւ Ենիգիւղի Յունաց եկեղեցին: Այդ գիշեր մինչեւ առաւօտ չկրցան քնանալ:

Առաւօտուն երբ արեւը ծագեցաւ տեսան որ ծովուն վրայ կահ կարասի կը ծփար: Սեղաններ, աթոռներ, անկողիններ, հանդերձարաններ, վերմակներ, կերպասի ծրարներ ու այլ ինչ ինչ առարկաներ զորս կարելի է գտնել տան մը մէջ: Ժողովուրդին ամբողջ ունեցածը եղածին պէս ծովուն յանձնուած էր: Տեսան մարդ մը որ հանդերձարանի մը վրայ բռնուած ծովուն հոսանքին հետ Քէօյպաշըէն դէպի Ենիգիւղի նաւամատոյցը կը ծփար: Մարդը գլուխը իր մօտ գտնուած ցամաքին հակառակ ուղղութեանը, դէպի դիմացի ափը գտնուող Փաշապահչէի ուղղութեան դարձուցած էր եւ նոյնիսկ չէր հետաքրքրուէր ցամաքէն զինքը ազատելու համար ժողովուրդին կողմէ ցուցաբերուած ջանքերով: Կարծես թէ ծովուն մէջ ինքզինք աւելի ապահով կը զգար, քան թէ ցամաքի վրայ: Թերեւս ալ ամէն բանէ իր յոյսը կտրած իր ծով թափուած կարասիներուն հետ նոյն ճակատագիրը ապրիլ կ’ուզէր, երթալով կորսուելով Վոսփորի ալիքներուն մէջ:

Ժամ մը վերջ բոլոր պոռչտուքները դադրեցան: Պաշըպօզուքները մէջտեղ ելածին պէս անհետացան: Կարծես թէ յատուկ հրամանով մը սկսած դէպքերը յատուկ հրամանով մըն ալ դադրած էին: Երբ դուրս ելան տեսան որ փողոցներուն անկիւնները զինուորներու կողմէ բռնուած էին: Հրանդ Աճեմեան ամբողջ գիշեր քարափի եւ տան պարտէզի դրան միջեւ մագոգի նման գացած-եկած էր պատահական հաւանական յարձակումներուն արգելք ելլալու նպատակով. բայց ինչ կրնար ընել խեղճ մարդը եթէ հարիւրներով պաշըպօզուք դէպի տուն խուժէին: Բարեբախտաբար ոչ մէկ դէպք պատահեցաւ մինչեւ առաւօտ: Մուտքի դրան վրայ կախուած դրօշակը պահպանած էր զանոնք: Երբ դէպքերը դադրեցան Հրանդ Աճեմեան յոգնութենէ ու վախէ սպառած. ինկաւ տան բազկաթոռներէն մէկուն վրայ ու դիմացի պատին վրայ կախուած օրացոյցին նայեցաւ:Կարծես թէ այդ աղիտալի թուականը իր ուղեղին մէջ կ'ուզէր քանդակել: Այդ տաղտուկին մէջ առիթը չէր ունեցած օրացոյցին էջը փրցնելու եւ օրացոյցը դեռ երեկուան թուականը ցոյց կու տար. 6 Սեպտեմբեր 1955:

Տեղական թերթերը մանրամասնութիւններ կու տային եղածներուն մասին: 6 Սեպտենբերին իրիկուան դէմ սկսած դէպքերը ինը ժամ տեւած էին, եւ այս ինը ժամուայ մէջ երկու յոյն եւ մէկ հայ հայրենակիցներ սպաննուած էին: Ասոնցմէ երկուքը յոյն վարդապետներ էին, որոնցմէ մէկը Ենիգիւղի յունաց եկեղեցիին վարդապետն էր: 32 յույն հայրենակիցներ ծանրօրէն վիրաւորուած, կիներ ու աղջիկներ բռնաբարուած էին.  4214 տուն, 1004 գործատեղի, 73 եկեղեցի,  մէկ սինակոկ, 2 վանք,  26 դպրոց եւ այլ 5317 շէնքեր վնասուած էին: Այո, այս ամբողջ թալանը իրականացնելու համար միմիայն ինը ժամեր բաւարար եղած էին պաշըպօզուքներուն: Ի՜նչ վարպետութիւն, ի՜նչ կործանելու տաղանդ:

Թէ' այդ օր եւ թէ յառաջիկայ օրեր ու շաբաթներ Թէոտորայի ընտանիքէն ոչ ոք իրենց տունէն դուրս ելաւ:Կարպիս միշտ կը շրջէր իրենձ տան դրան առջեւ' Թէոտորան տեսնելու յույսով, բայց հազիւ քանի մը անգամ կրցած էր զայն պատուհանէն տեսնել: Խեղճ աղջիկը տխուր դէմքով, արցունքոտ աչքերով հեռուէն նայած էր իրեն: Կարպիսին մայրը տիկին Արաքսի ամէն օր ճաշ կ’եփէր ու կը տանէր անոնց, որովհետեւ անոնք կը վախնային տունէն դուրս ելլել: Ենիգիւղի եկեղէցւոյ սպաննուած յոյն վարդապետը շատ յարգուած անձ մըն էր թաղին յոյն հայրենակիցներէն եւ մանաւանդ Թէոտորայի մօրմէն եւ անոր սպանդը հոգեկան տագնապ պատճառած էր իրէն: Ժամանակ մը վերջ Հրանդ Աճէմեան հոգեբոյժ Տօքթ.Նալպանտեանը բերաւ որպէսզի քննէ Քիրիա Բէնէլօբէն: Բժիշկը քննելէ վերջ ըսած էր որ խեղճ կինը հոգեկան ծանր տագնապի մէջ կը գտնուէր, ուստի յանձնարարած էր որ փոխադրուէին:

Հոկտեմբեր ամսուան վերջն էր արդէն եւ Աճէմեանները իրենց ձմեռուայ տունը պիտի փոխադրուէին այլեւս: Շուրջ երկու ամսուայ մէջ Կարպիս եւ Թէոտորա միայն մէկ անգամ կրցած էին տեսնուիլ իրենց տան դրան առջեւ :Այդ պահուն երկու սիրահարներ իրարու փաթթուած էին ու Թէոտորայի արցունքները այտերէն վար սահելով թրջած էին Կարպիսի շապիկը :Կարպիս տեսած էր խեղճ աղջկան դեղնած, հիւծած երեսը ու անոր գեղեցիկ աչքերը որոնք լալէ կարմրած եւ ուրած էին :

-Մի վախնար Թէոտորա, ես միշտ քու քովդ պիտի ըլլամ այլեւս եւ քէզ երբեք պիտի չթողում, ըսած էր Կարպիս. իսկ Թէոտորա արցունքոտ աչքերով նայած էր իրեն ու բան մը ըսել ուզած էր, բայց խօսքերը բերնէն դուրս չէին կրցած ելլել:

Ուրբաթ օր մը Տիկին Արաքսի իրենց Սամաթիայի ձմեռուայ տունը մաքրութեան պիտի երթար, որովհետեւ այդ տունը պիտի փոխադրուէին այլեւս :Տիկին Արաքսի, Կարպիսէն խնդրեց որ ան ալ միասին գար ու իրեն օգնէր տան մաքրութեան գործի մէջ, որովհետեւ այդ տարի Քիրիա Բէնէլօփէի առողջութիւնը չէր արտօնէր որպէսզի նախորդ տարիներու պէս իրէն օգնէր :Կարպիս ակամայ ընդունեց մօրը առաջարկը, որովհետեւ չէր ուզէր հեռանալ Թէոտորայէն, բայց գիտնալով Քիրիա Բէնէլօփէի վիճակը, ի վերջոյ ընդունեց քանի մը օր հեռանալ տունէն ու իր մօրը օգնել: Ասիկա նոյնիսկ լաւ առիթ մըն ալ կրնար ըլլալ որ իր մօրը հետ խօսէր իր ու Թէոտորայի մասին: Արդէն իսկ 18 տարեկան էր եւ այդ ձմեռ իր հօրը քով պիտի սկսէր աշխատիլ, որպէսզի սորվէր իրենց ընտանեկան ասպարէզը : Կարպիս շատ պիտի աշխատէր ու շուտով վարպետ մուշտակավաճառ մը պիտի ըլլար ու յետոյ կարգը այլեւս ամուսնութեան պիտի գար: Կարպիս կը սիրէր Թէոտորան ու կ’ուզէր անոր հետ ամուսնանալ: Գիտէր որ շատ դժուար պիտի ըլլար այս գաղափարը իր ծնողքին ընդունիլ տալ, մանաւանդ իր հայրը երբեք պիտի չնդունէր որ իր միակ զաւակը յոյն ձկնորսի մը աղջկան հետ ամուսնանար :

Երբ հասան Սամաթիայի իրենց տունը, Կարպիս տեսաւ որ իր մօրաքոյրը տան մէջ իրենց կը սպասէր եւ շատ ուրախացաւ որովհետեւ իր մօրաքոյրը զինք շատ կը սիրէր ու միշտ հաւանութիւն կու տար իրեն: Ասիկա մեծ ոյժ մըն էր Կարպիսին համար: Իրիկունը ճաշի ժամուն Կարպիս առիթ ստեղծեց եւ նիւթը բացաւ ու Թէոտորայի հանդէպ ունեցած բոլոր իր զգացումները խոստովանեցաւ իր մօր եւ մօրաքրոջ եւ ըսաւ որ պիտի ամուսնանար Թէոտորայի հետ: Անոնք պահ մը իրարու նայեցան ու մայրը առանց հակառակելու ընդունեց իր ամուսնին հետ խօսիլ, երբ առիթը ստեղծուէր:

Կարպիս զարմացաւ որ մայրը այդքան դիւրութեամբ ընդունած էր իր՝ Թէոտորայի հետ ամուսնութեան գաղափարը ու նշմարեց որ անոնց համար անակնկալ մը չէր իր խոստովանութիւնը: Ուրեմն արդէն իսկ գիտէին, մտածեց Կարպիս: Արդէն իսկ հասկցած էին որ ինք կը սիրէր Թէոտորան: Հիմա կացութիւնը շատ աւելի դիւրին կ’երեւէր իրեն: Թերեւս իր հայրն ալ տեղեակ էր կացութենէն: Կարելի՞ բան էր որ իր մայրը տեղեակ ըլլար բայց այր եւ կին զրուգած չըլլային իրարու հետ :

Հայրը արդէն շատ կը սիրէր Պարպա Անտօնին, իսկ Թէոտորան իր ձեռքը մեծցած էր: Այդ երկու օրերը, զորս անցուցին իրենց Սամաթիայի տունը, Կարպիսին համար երկու տարիներ էին կարծես: Գիշերները խանդավառութենէն չկրցաւ քնանալ ու կ՝ուզէր որ ժամ առաջ առաւօտ ըլլար:

Կիրակի օրը ցերեկէ վերջ մօրը հետ ճամբայ ելան վեռադառնալու համար իրենց Ենիգիւղի ապարանքը: Նախ Սամաթիայէն շոգեկառքով գացին Էմինէօնիւ ուրկէ շոգենաւ նստեցան: Հազիւ հասած էին Ենիգիւղի նաւամատոյցը, Կարպիս այլեւս չկրցաւ համբերել ու մայրը ետին թողլով սկսաւ դէպի տուն վազել : Տան պարտէզի դռնէն ներս մտաւ եւ ուղղակի Թէոտորայենց տունը վազեց: Բայց անբնական կացութիւն մը կար: Տան փեղկերը գոց էին ու դուռը խոշոր փականքով մը կղպուած էր: Կարպիս դուրսէն քանի մը անգամ ձայնեց աղջկան,  յետոյ վազելով իրենց տունը մտաւ: Հայրը տեսնելով իր տղուն մտահոգ վիճակը, զարմանքով հարցուց.

-Ի՞նչ է Կարպիս, Ի՞նչ եղաւ:

-Հայրիկ ու՞ր են Անտօնիները :

-Անոնք մեկնեցան զաւակս, պատասխանեց հայրը, զարմանալով թէ ինչու՞ Կարպիս այդքան հոգ կը տանէր անոնց համար :

-Ե՞րբ մեկնեցան,  ու՞ր մեկնեցան, հապա ե՞րբ պիտի վերադառնան, կը հարցնէր Կարպիս յուսահատ :

-Անոնք Յունաստան մեկնեցան տղաս եւ այլեւս պիտի չվերադառնան: Վերջին դէպքերը Բէնէլօփէին առողջութիւնը շատ խանգարեցին եւ այդ օրէն ի վեր Յունաստան երթալ կը ծրագրէին: Ի վերջոյ երէկ շոգենաւով մը Յունաստան իրենց ազգականներուն մօտ գացին :

Անտօնիենք առաջին շոգենաւով փախած գացած էին երկրէն, առանց իսկ իրենց կարասիները առնելու: Հրանդ Աճեմեան իր վրայ ստանձնած էր տան բոլոր կարասիները Անտօնիներուն ղրկելու պարտականութիւնը:

-Բայց Կարպիս դուն ինչու՞ այսքան մտահոգ ես անոնց համար, հարցուց հայրը. Կարպիս չէր լսած իր հօրը հարցումը: Քարերը իր գլխուն մէջ հետզհետէ իրենց տեղը կը տեղաւորուէին : Այո՝ մայրը թերեւս հասկցած էր որ ինք Թէոտորան կը սիրէր, բայց նոյնպէս ալ գիտէր որ անոնք շուտով պիտի մեկնէին ու Սամաթիայի իրենց տան մաքրութիւնն ալ բեմադրութիւն մըն էր պարզապէս: Կարպիս դուրս ելաւ եւ դարձեալ Թէոտորայենց տան վանդակապատ դուռը գնաց ու դրան ձողերէն բռնելով սկսաւ կատաղութեամբ դուռը շարժել: Փարատել կ՝ուզէր այդ դուռն ու շղթան :Աչքերէն արցունք կը հոսէր: Երբ յոգնեցաւ դրան հետ կռուելէ ու երբ այլեւս ստիպուեցաւ ընդունիլ իրականութիւնը, գլուխը կռթնցուց դրան ձողերուն եւ երկար ժամանակ այդպէս մնաց :

Դրան ներսի կողմը փոքր բակ մը կար որուն վերջաւորութեան ծովը կ՝երեւէր: Իրիկուն եղած էր արդէն ու արեւը Թարապիայի բարձունքէն մարը կը մտնէր: Արեւուն ճառագայթները կարմիրի վերածած էին ծովը, որ միանալով ալիքներուն, յիշողութիւնները լափող բոցի մը կը նմանէր: Կարպիսին մէջն ալ բոց մը կը վառէ եւ իր արցունքներն իսկ չէին կրցած մարել այդ հուրը :

                                                                             *     *     *

-Սիրանիկ, այս սրբիչն ալ մայրիկին տար հոգիս, ձայնեց Կարպիս ու հազիւ հինգ տարեկան աղջիկ մը վազելով եկաւ, սրբիչը յափշտակեց եւ եկածին պէս անհետացաւ դռնէն ներս: Իր եղբօրմէ երկու տարի փոքր էր Սիրանիկ : Կիրակի էր եւ անոնք ընտանեօք ծով մտէր էին. փոքրիկ Սիրանիկ, եղբայրը, մայրը, մեծ մայրն ու մեծ հայրը: Միայն իր հայրը՝ Կարպիս չէր ուզած ծով մտնել: Երբ բոլորն ալ տան վերի յարկը գտնուող իրենց սենեակները բարձրացան հագուելու համար, ու երբ Կարպիս առանձին մնաց ինենց տան քարափին վրայ, գնաց ու նստեցաւ ճիշտ այն սանդուխին վրայ ուր տարիներ առաջ տեսած էր Թէոտորան: Գրպանէն հանեց պահարան մը, որուն մէջ կարդացուելէ այլեւս հնամաշ նամակ մը կար: Կարպիս ուշադրութեամբ բացաւ նամակը, որ չես գիտէր թէ արդեօք քանի՞ հարիւրերորդ անգամն էր որ կը կարդար: Նամակը տարիներ առաջ իրեն ղրկուած էր Թէոտորայի մէկնումէն վեց ամիս վերջ: Թէոտորան էր որ գրած էր իրէն.

Սիրելի Կարպիս,

Ահաւասիկ վեց ամիս է որ մեկնած ենք Պոլիսէն :Մօրս հոգեկան վիճակը շատ աւելի լաւ է հիմա, բայց ոչ իմս: Գիտեմ ինծի հանդէպ ունեցած զգացումներդ եւ պէտք է խոստովանիմ որ ես նոյնպէս սիրեցի քեզ :Նոյնիսկ բոլոր այն տարիները երբ մենք պզտիկ էինք ու դուն չէիր ախորժեր ինձմէ, ես քեզի հանդէպ յատուկ սէր մը կը զգայի: Այդ սէրը այն ժամանակ երեխայական անմեղ սէր մըն էր :Կը յիշե՞ս այն օրը, երբ դուն մեր տան մէջ զիս համբուրեցիր, ահաւասիկ այդ համբոյրն էր որ ճառագայդ մը եղաւ որպէսզի այդ պղատոնական սէրը իրական սիրոյ մը վերածուի: Այդ օրը իմ կեանքիս ամենաուրախ օրն էր, բայց եկուր ու տէս որ այդ ուրախ օրուան իրիկունը յառաջ եկած դէպքերը պատճառ եղան որպէսզի մենք բաժնուինք իրարմէ: Ճակատագի՜ր: Սիրելի Կարպիս, սենեակիս պատուհանին վրայ գտնուող ծիծեռնակներու բոյնը քեզ կը յանձնեմ: Տէր կանգնէ՛ այդ բոյնին ու յիշէ թէ քեզ ինչ ըսած էի անոնց մասին, երբ օր մը հարցուցած էիր թէ ինչու այդքան կը զբաղիմ այդ ծիծեռնակներով: Երբ ծիծեռնակ մը տեսնես, իմ մասիս խորհէ ու գիտցիր որ ես ալ քու մասիդ կը մտածեմ այդ պահուն:Սիրելի Կարպիս ես քեզ երբեք պիտի չմոռնամ:

ԹԷՈՏՈՌԱ

Տարիներ անցած էին բայց ծիծեռնակները հոն էին նորէն: Հարկաւ թէ նոյն ծիծեռնակները չէին անոնք: Ամէն ամառ էգ եւ արու երկու ծիծեռնակներ մէջտեղ կ՛ելլէին, նախ իրենց բոյնը կը շինէին եւ յետոյ էգը իր հաւկիթները կ՛ածէր ու թուխսի կը նստէր անոնց վրայ: Յետոյ ձագերը հաւկիթներէն դուրս կու գային եւ երբ անոնք  թռչիլ կը սորվէին, բոլորը միասին կը ձգէին իրենց բոյնը ու կը գաղթէին դէպի հեռու երկիրներ: Կարպիս յիշեց որ Թէոտորա անգամ մը ըսած էր իրեն, “Չըլլայ որ ծիծեռնակի մը բոյնը քանդես, որովհետեւ եթէ ծիծեռնակի մը բոյնը քանդես քու բոյնդ ալ կը քանդուի”: Ծիծեռնակները հոն էին դարձեալ, ո՛չ ոք անոնց բոյնը քանդած էր, բայց անոնց պահապան եղողներուն բոյնը շատոնց քանդուած էր: Դառն ժպիտ մը ուրուագծուեցաւ Կարպիսի դէմքին վրայ:

Արեւը դարձեալ մարը կը մտնէր Թարապիայի բարձունքէն ու արեւուն ճառագայթները կարմիր գոյն մը տուած էին ծովուն: Ձկնորսներուն նաւակները հետզհետէ իրենց տուները կը վերադառնային: Կարպիս գիտէր թէ Պարպա Անտռնիին նաւակը երբեք տուն պիտի չվերադառնար այլեւս:

 

 

You May Also Like