Ի՞նչ կը մտածէ միւս թուրքը շարքէն
Էօմեր Ֆարուք Կէրկէրլիօղլու,«Թարաֆ»
Հայացուց Գրիգոր Կէօքճեան, Պէյրութ
Անգլիացի դեսպանը (? Խմբ.), երբ Թալէաթ փաշային ըսած էր թէ սխալ կը գործէին, որովհետեւ հայերը տեղահանելով հարցը պիտի չկարենային լուծել, ան պատասխանած էր, «վերջին հայն ալ տեղահան եղաւ եւ հարցը լուծուեցաւ», եւ սակայն հարցերուն վերջացած չըլլալը եւ ինչ վիճակի հասած ըլլալը բացայայտ է բոլորին: Արտաքսելով, վռնտելով հարցերը չեն լուծուիր: Եթէ հակաժողովրդական դիրքորոշումի մէջ էք, ձեր լուծումներն ալ հակաժողովրդական կ՝ըլլան:
Խնդիրը վերջացած չըլլալուն եւ տրամաբանութեանն ալ փոխուած չըլլալուն պատճառով նոր հարցեր մէջտեղ ելան: Աւելի քան վեց տարի անցած է եւ տակաւին անյայտ են Հրանդին սպանութեան բուն պատասխանատուները: Թալէաթ փաշան ժամանակին համոզուած էր որ հարցը լուծած էր. ներկայ պատասխանատուներն ալ հարցը նետեցին «3-4 տաքարիւն երիտասարդի վրայ, որոնք չէին կրցած զսպել իրենց ազգային զգացումները», սակայն հասարակութեան խիղճը չընդունեց այս բացատրութիւնը:

Այս հարցը լուծելու համար, կամ ժամանակաւոր լուծումներ բերելով պիտի կարծենք որ հարցը լուծեցինք, եւ կամ աւելի խորերը իջնելով մնայուն լուծումներ պիտի գտնենք: Կերպընկալէ գնդակի նման եւ 2015 թուականին ընդառաջ, որքան որ ջանանք զայն ջուրին յատակը հրել՝ անխուսափելի է անոր մակերես ելլելը. գնդակին օրինակին նման, անկարող դարձած ենք ձերբազատուելու ժամանակաւոր լուծումներ գտնելու մեր հիւանդութենէն: Մինչդեռ կը մոռնան որ հարցերը պէտք է լուծուին մեր միջեւ: Պատերազմները, ներքին կռիւները եւ անհամաձայնութիւնները լուծում չեն կրնար ունենալ դուրսէն եկած ձեռքերով: Ընդունեցէք որ մեր ներքին հարցերուն լուծումը կը նմանի թուաբանական կանոնի լուծումներուն. գործադրութեան դրէք զայն Սուրիոյ հարցին, հայկական հարցին, քրտական հարցին կամ ալեւիական հարցին մէջ եւ պիտի տեսնէք որ ճիշդ լուծումէն բացի տարբեր լուծում չէք ունենար:
Արդիւնքի մասին քննարկութիւն կ՝ընենք, սակայն արդիւնքը բացայայտող իթթիհատական, ազգայնական եւ օտարացնող մտայնութիւնը բաւարար չափով չենք քննարկեր: Այդ ժամանակուայ կրօնաւորները աղաչելու պէս խնդրեցին որ այս վէճերը պէտք որ վերջ գտնեն, պետութեան իրաւական սահմաններուն մէջ մնան եւ վերջապէս ոչ թէ ազգայնամոլութիւնը այլ խիղճն ու բանականութիւնը յաղթանակեն: Եւ սակայն պետութեան մտածելակերպը ընտրեց վատագոյնը՝ տեղահանութիւնը, աքսորը, անտեսումը եւ բնաջնջումը: Արդիւնքը՝ ցաւոտ հսկայ պատմութիւն մը, հոգերու կծիկի վերածուած մարդիկ, համրիչի գնդիկներու նման աշխարհով մէկ տարտղնուած, բայց Անատոլուի կարօտով այրող մարդիկ:
Ինչու՞ Փոխադարձ Ներում Չշնորհուի
Գիտական ուսումնասիրութիւնները ցոյց կուտան որ հայերն ու թուրքերը ծինական կազմուածքով իրարու ամէնամօտիկ ազգային հաւաքականութիւններն են աշխարհի վրայ: Զարմանալի է չէ՞. նկատեցի՞ք թէ Անատոլուի թշնամացուած այս երկու ժողովուրդները խորքին մէջ իրարու որքան մօտ եղած են (? Խմբ.): Հաւանաբար խառն ամուսնութիւններու իբրեւ հետեւանք (? Խմբ.): Յիշեցի՞ք թրքական այն ֆիլմերը, ուր թշնամի կարծուածը հետագային կը յայտնուի իբրեւ հարազատ եղբայր:
Ֆիզիքական կազմուածքին պատճառով ինքզինք գերադաս տեսնել եւ կամ երկրին տէրը իր ցեղակիցը ըլլալուն պատճառով դիմացինը երկրորդ դասակարգի մարդ համարել սատանայութիւն չէ՞: Սատանան ալ չէր պնդեր որ «մարդը» անարժէք է քանի ինք կրակի ծնունդ է: Արեան քաղցկեղի հիւանդներուն համար արիւն նուիրողներու կարիք կայ եղեր. եկէք նախ մեր արիւնները իրար խառնելու ծրագիրներ մշակենք: Ինչպէս որ Հրանդ կ՝ըսէր, մեզի նման Անատոլուի հին ժողովուրդներուն խնդիրները Եւրոպայէն գալիք պաղ ձայները պիտի լուծե՞ն:
Հոգիները իրար դպած, արիւնը իրարու շատ նման հայեր եւ թուրքեր, ահաւասիկ ձեզի առիթ մը, ծրագիրներուն թիկունք կանգնեցէք եւ մեր դիւանագէտներուն սահմանի դուռները բանալու ձախողութիւնը մենք յաջողցնենք՝ գործածելով սիրտերու լեզուն: Պետութեան գործածած կարծր, պաղ եւ սակարկող լեզուի փոխարէն հոգիներուն դպչող Հրանդին լեզուն թող մեզ առաջնորդէ:
Շատ ցաւալի դէպքեր պատահեցան, կարեւոր եւ խիզախ քայլեր առնուեցան, սակայն պետութիւնը չկրցաւ ներողութիւն հայցող մտաւորականներուն քաջութիւնը ունենալ: Խորունկ վախեր, գաղտնի օրակարգեր ունեցաւ. «Հապա եթէ այսպէ՞ս ըլլայ, հապա եթէ այդպէ՞ս ըլլայ», ըսաւ մեծապատիւ պետութիւնը: Խորքին մէջ ան, հոգեբանական առումով, ինք իր վրայ վստահութիւն չունեցող, իսկական ինքնութեան բացայայտումէն վախցող, անհատականութեան խանգարումի ախտաբանական օրինակը տուաւ պետական մակարդակի վրայ:
Հրանդին դատը դարձեալ պիտի սկսի: Դեռեւս ասիկա առիթ մըն է հաւատալու որ պետական մտածելակերպը կրնայ փոխուիլ, կը փոխուի եւ փոխուած է: Մեծ յուսախափութիւններ եւ ընդվզումներ ապրեցանք. տեսնենք նորութիւն մը կա՞յ դիմացինը թշնամացնողներու ճակատին մէջ: Դատավարութեան վերսկսիլը բախտաւորութիւն մըն է, հաւատացէք. եկէք հաւերժացնենք այս տաքարիւն մարդուն յիշատակը եւ աշխատինք ժողովուրդները գիրկընդխառնելու ծրագիրներ մշակել (? Խմբ.):