Կանաչեան, Աթաթիւրք եւ «Հոթել» Պարոն…

Դոկտ. Հրայր Ճէպէճեան, Նիկոսիա, 14 Յունուար 2015

Հալէպ քաղաքին հետ ունիմ շատ մը ապրուած յուշեր, բայց նաեւ կեանք, որովհետեւ ծնողքս եղած են բնիկ Հալէպահայեր…։ Բայց նաեւ հօրեղբայրս Տոքթ. Ռոպէր Ճէպէճեան, որ իր լրիւ կեանքը ապրեցաւ եւ մնաց Հալէպ քաղաքին մէջ։ Անոր բնակարանը՝ նեռարեալ հիւանդանոցը (որ տակաւին կը գործէ) դարձած էր մեզի համար, ինչպէս հօրեղբայրս կ՚ըսէր, «Պապենական Տուն»…։

Ան միայն մեր հանդիպումի տունը չէր՝ բայց նաեւ անոր հետ կ՚առընչուէին հօրեղբօրս եւ մեր ընտանիքի բոլոր հարազատներուն եւ բարեկամներուն հետ միասին ըլլալու եւ հանդիպելու միջոցը…։ Եւ այդ բարեկամներուն մէջ էր նաեւ Մազլումեան ընտանիքը՝ որոնք տէրը եւ տնօրէնն են եւ մինչեւ այսօր Հալէպի «Հոթել Պարոն»ին…։

Դոկտ. Հրայր Ճէպէճեան, Նիկոսիա, 14 Յունուար 2015

Հալէպ քաղաքին հետ ունիմ շատ մը ապրուած յուշեր, բայց նաեւ կեանք, որովհետեւ ծնողքս եղած են բնիկ Հալէպահայեր…։ Բայց նաեւ հօրեղբայրս Տոքթ. Ռոպէր Ճէպէճեան, որ իր լրիւ կեանքը ապրեցաւ եւ մնաց Հալէպ քաղաքին մէջ։ Անոր բնակարանը՝ նեռարեալ հիւանդանոցը (որ տակաւին կը գործէ) դարձած էր մեզի համար, ինչպէս հօրեղբայրս կ՚ըսէր, «Պապենական Տուն»…։

Ան միայն մեր հանդիպումի տունը չէր՝ բայց նաեւ անոր հետ կ՚առընչուէին հօրեղբօրս եւ մեր ընտանիքի բոլոր հարազատներուն եւ բարեկամներուն հետ միասին ըլլալու եւ հանդիպելու միջոցը…։ Եւ այդ բարեկամներուն մէջ էր նաեւ Մազլումեան ընտանիքը՝ որոնք տէրը եւ տնօրէնն են եւ մինչեւ այսօր Հալէպի «Հոթել Պարոն»ին…։

Այն ինչ որ յատկանշական է «Հոթել Պարոնն» է…։ Այսպէս ըսած Հալէպ քաղաքի «աւանդներէն» մէկն է, որուն մէջ եթէ մէկ կողմէ կայ պատմութիւն, բայց նաեւ ապրուած կեանք եւ իրագործումներ…։ Պանդոկին քարաշէն շէնքը եւ լայն պողոտայի հանդիպակած մասին վրայ արդէն իսկ կը պարունակէ ահագին պատմութիւն եւ մշակոյթ…։ Պանդոկին իւրայատկութիւնը ներկայ օրերու հիւրանոցային ասպարէզի բարձր չափանիշերու հետ մրցիլը չէր…։ «Հոթել Պարոն»ի իւրայատկութիւնը անոր «մշակութային» ինքնութեան ու «կենցաղին» մէջ է, որ դարձած էր մէկ կողմէ «առասպել», բայց նաեւ Հալէպ քաղաքի ցուցանիշային երեւոյթ։ Մուտքի աստիճաններէն սկսելով՝ անցնելով հիւրասենեակի բաժնէն եւ անոր կարասիները բոլորը պահուած իր պատմական ինքնութեամբը, ինծի կ՚ապրեցնէին նոյնինքն անոր «մշակութային» աւանդը…։ Եթէ Հալէպը ճանչցուած է իր «բերդով», «ներսի շուկայով» ու «Ճտէյտէի» մասով, բայց նաեւ «Հոթել Պարոն»ը ունէր իր բաժինը…։

1911 թուականին հիմնուած «Հոթել Պարոն»ը Արմէն Մազլումեանի կողմէ, ապրած ու ապրեցուցած է շատ մը միջազգային դէմքեր եւ գործիչներ, ներառելով նաեւ հայկականը…։ Եւ անոնց մէջ է նաեւ Բարսեղ Կանաչեանը ու անոր համբաւ շահած «Օրօր»ը…։

Բարսեղ Կանաչեան 1920-1921 տարիներուն Հալէպ կը գտնուէր եւ յաճախ կ՚այցելէր Մազլումեան ընտանիքին, որ այդ օրերուն կ՚ապրէր «Հոթել Պարոն»ի շէնքի մէկ յարկաբաժնին մէջ։ Կանաչեան շատ կը սիրէր նուագել Մազլումեաններու տան դաշնամուրին վրայ՝ կատարելով նաեւ յօրինումներ…։ Գրիգոր Մազլումեան փոքր պատանի էր այդ տարիներուն, իսկ կրտսեր քոյրը Արտան՝ դեռ նորածին մօր գրկին մէջ։ Տիկին Երանիկ Մազլումեան (Գրիգորի եւ Արտայի մայրը) կ՚օրօրէր Արտան մայրական խանդաղատանքով։ Բարսեղ Կանաչեանի համար տեսարանը եղած է զգայուն եւ զգացական…։ Եւ նկատի առնելով իր երաժիշտի ու յօրինողի ներաշխարհը, ան նոյնինքն դաշնամուրի ետեւ անցնելով կը սկսի յօրինել, որ պիտի դառնար իր հանրածանօթ «Օրօր»ը…։

Բայց այն ինչ որ դարձած է հետաքրքրական, որ մինչ Կանաչեան իր ներաշխարհին մէջ կ՚ապրէր «Օրօր»ի յօրինումովը, դուրսը փողոցէն կը լսուէր տողանցող փողերային խումբի քայլերգը…։ Եւ Կանաչեան նաեւ ձայն կու տայ փողերային խումբի քայլերգներուն եւ անոնց երաժշտական չափերուն, որոնք ուժգին եւ զօրաւոր էին։ Եթէ մէկ կողմէ կը հետեւի այդ չափերուն՝ (եւ երեւի կը խանգարուի՞)՝ բայց նաեւ կ՚արձանագրէ զանոնք։ Այսպէս՝ քայլերգը եւ «Օրօր»ը կը յաջորդեն իրարու փոխն ի փոխ՝ մին զօրաւոր եւ միւսը մեղմ…։ Բայց արդեօք հնարաւո՞ր է…։ Կանաչեան իր ներաշխարհին մէջ, ինչ խօսք՝ կը շարունակէ ապրիլ «Օրօր»ին մթնոլորտին եւ մեղեդիին մէջ…։ Երբ փողերային խումբի երաժշտութիւնը եւ անոր ձայնը կը հեռանան, կը մնայ միայն մեղմ ու քնքուշ «Օրօր»ը՝ նոյնինքն ստեղծագործուած «Հոթել Պարոն»ի մէջ…։

Զօրավար Մուսթաֆա Քեմալը, որ հետագային դարձաւ Աթաթիւրք, ապրած է «Հոթել Պարոն»ին մէջ եւ աւելի քան ութ ամիս՝ 1918 տարիներուն…։ Պաղեստինի ճակատի վրայ թրքական բանակները ծանր պարտութիւն կրելով, Մուսթաֆա Քեմալ եւ իր բանակը դուրս եկան Հալէպէն եւ «Հոթել Պարոն»էն…։ Իրենց հետ տարին իրենց զինուորական սարքերը, բայց նաեւ հալէպէն «կորզած» շատ թանկագին մետաղ…։ Եթէ Աթաթիւրքը մոռցած էր բռնատէր զինուորականի իր ապրած կեանքը եւ անոր ձգած հետքերը ու տակաւին «իւրացուցած» մետաղները, սակայն երեւի չէր մոռցած «Հոթել Պարոն»ը…։ 1920 թուականներուն, երբ Հալէպի երկաթուղիի ընկերութեան ֆրանսացի տնօրէնը պաշտօնի եւ գործի բերումով գացած էր Թուրքիա, ան հանդիպած էր Աթաթիւրքին…։ Աթաթիւրք իմանալով թէ ֆրանսացի տնօրէնը կու գայ Հալէպէն, առաջին հարցումը կ՚ըլլայ անոր. «Դեռ կը գոյատեւէ՞ «Հոթել Պարոն»ը…»։ Ու տակաւին՝ «…հապա Մազլումեան ընտանիքը ինչպէս՞ է…»։

Տօքթ. Ռոպէր Ճէպէճեան, որ մանուկ տարիքին ապրած է Աթաթիւրքին «արհաւիրքը»՝ չի մոռնար իր պատասխան-ակնարկը ընելու իր յուշերուն մէջ…։ « Այո՛, Պր. Նախագահ, կը գոյատեւէ պատմական Պանդոկը ուրիշ շատ շատերու նման, չէ քանդուած։ Կը վերապրին Մազլումեանները ու Հայ ժողովուրդն ալ, որ դեռ կը բազմանայ»։

Արմէն Մազլումեան՝ Գրիգորի որդին, որ տակաւին կ՚ապրի Հալէպ եւ ներկայիս տէրն ու տնօրէնն է պանդոկին, մեկնելով երկրին մէջ տեղի ունեցած ահռելի իրադարձութիւններէն, ըսած է (պանդոկին մասին). «Բայց այս բոլորը անցեալի մէջ է։ Անկեղծ ըսեմ, հիւրանոցը ալ երբեք առաջուանը չ՚ըլլար։ Լաւագոյն տարիները ետեւ մնացին»։

Հասկնալի է Արմէնին «ցաւը»…։ Պատերազմական այս վիճակին մէջ, շատ դժուար է տեսնել հորիզոնին վրայ երեւցող-չերեւցող «Յոյս»ը…։ Եւ այս նոյնինքն «Յոյսին» ներշնչող եւ ներշնչեցնող լաւն ու լաւատեսութիւնը…։ Բայց Հայը՝ իր պատմութեան ամբողջ գնացքին մէջ հաւատաց, կարչեցաւ եւ ապրեցաւ այս «Յոյսով» եւ որուն միջոցաւ տեսաւ հորիզոնին վրայ երեւցող «լաւագոյն տարիները», որոնք կու գային անցեալէն՝ եւ կ՚ապրէր ներկային մէջ ու տակաւին գալիք օրերու հաշւոյն։ Այս «Յոյսով» է որ հայը  «վերապրեցաւ» ու «բազմացաւ»…։

Կանաչեանը ստեղծագործեց իր նշանաւոր «Օրօր»ը «Հոթել Պարոն»ին մէջ…։ Աթաթիւրքը չմոռցաւ «Հոթել Պարոն»ը…։ Ու տակաւին երկար է շարքը անոնց՝ նեռարեալ իրադարձութիւններուն, որոնք «Հոթել Պարոն»ին մէջ ու անոր մէջէն ստեղծեցին Հայկական «Աւանդ», որ տուաւ «Մշակոյթ» եւ եղաւ ապրելու եւ բազմանալու հիմք…։ Հայը այս «Աւանդին» հաւատաց ու տակաւին պիտի ու պէտք է շարունակէ հաւատալ…։

Դժուար է այո՛…։ Բայց Հայուն պատմութեան փորձն է այս…։ Եւ որ միշտ դժուար եղած է…։

Կանաչեան, Աթաթիւրք եւ «Հոթել Պարոն»…։ Հայուն Աւանդին «վերապրելու» եւ «բազմանալու» մէկ իրական փաստը…։

«Հոթել Պարոն»…։ Հոն ուր Կանաչեան Հայը ստեղծագործեց…։ Եւ Աթաթիւրք՝ թուրքը չմոռցաւ…։

Իսկ մենք այսօ՞ր…։ Մեզի կը մնայ ամուր կենալ այս Հաւատքին ու Աւանդին շարունակականութեանը մէջ։ Արժէ «լաւագոյն տարիները» տանիլ դէպի «հորիզոն» թեկուզ հեռու եւ ոչ խաղաղ մթնոլորտի մէջ։ Եւ ոչ թէ «չըլլալու» համար՝ հապա «առաջուանը» ընել մղիչ ուժ, աւելի լաւ վաղուան օրը ստեղծելու տեսլականովը…։

Եւ արժէ որ Հայը հաւատայ այս «ուժին»…։ Որովհետեւ այս «ուժին» մէջ ու անոր միջոցաւ է, որ Հալէպը եւ Հայը ամբողջ պիտի «վերապրին»…։ Եւ «Հոթել Պարոն»ը ու Հայուն բոլոր Էութիւնները պիտի «բազմանան»…։

You May Also Like