



Չդպչի՛լ Ազատ Արտայայտուելու Գործօններուն
Այսօր, երբ քաղբանտարկեալները կը մնան կալանքի տակ, ատոր պատասխանատուները, ձեւով մը փորձելով «մոռացութեան» գիրկը նետել այդ թղթածրարը, առնուազն, յաչս անվտանգութեան պատկան մարմիններուն, զայն լուսարձակի տակ առնելը մարդկային իրաւանց պաշտպան յիշեալ կազմակերպութիւնը, միթէ կարելի՞ է անտարբերութեամբ վերաբերուիլ անոր հետ:
Նախ՝ պէտք է հարց տալ, թէ նախայարձակ ոստիկանութիւնը, իր բիրտ միջամտութիւններով, ինչպէ՞ս «անպարտ» հռչակուեցաւ, երբ միայն ՉՈՐՍ ոստիկաններ «ամբաստանուեցան», ապա… ազատ արձակուեցան (ներո՞ւմ ստացան), մինչ հանրահաւաքի կազմակերպիչ պատասխանատուներէն շատեր կը մնան արգելափակուած:
Հետաքրքրական է, որ հանրածանօթ լրագրող-խմբագիր Նիկոլ Փաշինեան, որ իբրեւ մասնակից-առաջնորդներէն մէկը բողոքի այդ շարժումներուն, ատեն մը ընդյատակեայ վիճակի մէջ մնալով, ի վերջոյ, ինքզինք յանձնեց ապահովական մարմիններուն, այն միամտութեամբ, որ ԱՐԴԱՐ դատաքննութեան մը կ՝ենթարկուի եւ իր կարգավիճակը վերջնականապէս կը ճշդուի:
Սակայն, մինչեւ օրս Փաշինեան «կը վայելէ բարիքները» զնտանի (ինչպէս իր գործակիցները), մինչդեռ, դատական իշխանութիւնները, որոնք ենթադրուած էին որ ըլլան անաչառ եւ անկողմնակալ, կը գործադրեն վերին ղեկավարութեան ցուցմունքները, կարծես թէ իրենց դէմ կը գտնուի քրէական յանցագործ մը կամ ազգային դաւաճան մը:
Եթէ, իրօք, այս քաղբանտարկեալները միջամուխ եղած են քաղաքացիական անդորրը խանգարելուն կամ ազգային անվտանգութիւնը ապակայունացնելուն մէջ, ինչո՞ւ չեն հրապարակուիր անոնց վաւերականութիւնները, պայմանաւ որ ըլլան տրամաբանական եւ առարկայական տուեալներով, փաստացի ու համոզիչ ապացոյցելով:
Ինչպէ՞ս կարելի է խօսիլ ժողովրդավարութեան եւ ազատախօսութեան մասին, բայց, անայլայլօրէն հակադրուիլ, նոյնիսկ՝ դաւաճանել անոնց:
Հայաստանի գործող իշխանութիւնները, որոնք կը յաւակնին ըլլալ ազգային արժանապատուութեան եւ մարդկային իրաւապաշտութեան կրողներն ու պաշտպանները, ինչպէ՞ս կը մեկնաբանեն այս երեւոյթները կամ ինչպէ՞ս կ՝արդարացնեն իրենց վերաբերմունքները:
Անկարգապահութիւններու եւ անօրինապահութիւննրու հեղինակները, ինչ խօսք, պէտք է կրեն իրենց պատիժները, սակայն, եթէ փնտռուածն ու գործադրուածը քաղաքական հաշուեյարդար է, ապա, հարցը բոլորովին կը տարբերի:
Նոյն վերոյիշեալ կազմակերպութիւնը, իր տեղեկագիրին մէջ, այլ տեղ մը, կը յիշեցնէ Հայաստանի «Ա1+» պատկերասփիւռի կայանի 8րդ տարին ըլլալով փակուած ըլլալու իրողութիւնը, խօսքի ազատութեան ու բազմակարծութեան դէմ ատիկա նկատելով բռնաբարութիւն:
(Նշենք թէ՝ այս կայանը, յանդուգն ու ճակատային քննադատութիւններու կ՝ենթարկէր յատենի նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանը եւ անոր վարչակազմը, իսկ այս մէկը, Պրն. Նախագահին համար, ոչ միայն անհաճելի էր, այլեւ՝ անհանդուրժելի, հետեւաբար, ի՞նչ կար իրեն համար աւելի դիւրին, քան ի սպառ պապանձումը անոր):
Եթէ պետական այրեր պիտի գործեն սխալներ, ուրիշներ պիտի մատնանշեն, ուրիշներ ալ պիտի զգաստացնեն, միթէ՞ առաջիններուն ամբարտաւանութիւնը պիտի ըլլայ չընդունիլ իրենց «մեղք»երը, իսկ երկրորդներուն «հատուցում»ը՝ պատժելիութիւնն ու հալածանքը:
Գործող նախագահը, որ ինքզինք կը նկատէ արդիականութեան ու բարեկարգութեան ջահակիր, հետեւապէս, իր նախորդը գերազանցելով, Հայաստանի բնակչութեան շուրջ կէսը «վարձատրել»ով խայտաբղէտ պարգեւներով ու շքանշաններով, իր այդ գործընթացը նոր մեկնակէտի մը կամ որակի մը առջեւ չի՞ կրնար դնել, մարդկային կեանքի եւ ընկերային աշխարհի ամենէն աւելի փայփայելի նուիրականութիւնները յարգելով (կամ յարգել տալով), հետեւեալ գործօններով.
– Խօսքի ազատութիւնը պահելով անբռնաբարելի
– Արտայայտուելու իրաւունքը՝ անհպելի
– Բազմակարծութիւնը՝ անվիճելի
– Գրիչի դերակատարութիւնը՝ անխոցելի
Եւ ասոնք՝ մամուլը, լրատուամիջոցները, լսատեսողական ցանցերը, հաղորդակեդրոնները հեռու պահելով «ոստիկանական» տրամաբանութենէն ու միջամտութենէն, որոնք մեծապէս կը վնասեն Հայաստանի վարկին ու հեղինակութեան, առաջին հերթին, վերատեսութեան ենթարկելով այս ուղղութեամբ ցարդ առնուած բռնամիջոցները, ապա, քակելով այն «սեւ կծիկ»ը, որ արուեստաբար փաթթուած է ազատախօսներու եւ ազատագործներու վզին:
Անշուշտ, մեր այս վերամտորումներով ու վերյիշեցումներով, մենք երբեք յաւակնութիւնը (չենք ունեցած եւ) չունինք «սատանայի փաստաբան»ի դեր ստանձնելու կամ «միջամուխ» ըլլալու ակնարկուած հարցերուն մէջ, բայց, ատոնք մեզի իրաւունք ալ չեն տար, ձեռնածալ նստելու եւ չարտայայտուելու այդ մասին, այնքան ատեն որ՝ ճնշամիջոցներէն անդին, անիրաւութիւններ կը գործուին, կը բացայայտուին, կ՝արձանագրուին:
Հայաստան որքա՜ն կրնայ շահիլ, երբ քինախնդրութիւնն ու վրէժխնդրութիւնը վերացուին (կամ նուազին), մանաւանդ՝ ազատ արտայայտուելու գործօնները հեռու պահելով եսականութիւններու, մենատիրութիւններու ու բռնակալութիւններու մոլուցքներէն: