«Կասեցնել» Բայը Ջնջե՛լ Մեր Դիւանագիտական Բառարանէն

Մեր Դիտանկիւնէն

Դոկտ. Պարոյր Յ. Աղպաշեան, Պէյրութ, Նոյեմբեր 2012

Տխրահռչակ «փրոթոքոլ»ային արձանագրութեանց հարցը մետասաներորդ ժամուն կրկին արծարծուեցաւ Սերժ Սարգսեանի գահավիժող վարկը փրկելու անմիտ մտադրութեամբ: Յաջողեցա՞ւ: Այս առիթով կը հրատարակենք keghart.com-ի հայերէն բաժնի համախմբագիր Դոկտ. Պարոյր Յ. Աղպաշեանի Նոյեմբեր 2012-ի յօդուածը իր շահեկանութեան ու աժմէականութեան համար:- Խմբ.

Պատահական չէ որ վերոյիշեալ խորագիրը ընտրած ենք, զայն նկատելով անխուսափելի հրամայականութիւն մը, ի լուր սխալ ու թիւր, վնասակար ու վտանգաւոր քաղաքական ուղեգիծի մը, որ կը սպառնայ հայ ժողովուրդի պահանջատիրական ամբողջական թղթածրարի հետապնդման, իր զանազան տարբերակներով ու բազմերես դրսեւորումներով:

Մեր Դիտանկիւնէն

Դոկտ. Պարոյր Յ. Աղպաշեան, Պէյրութ, Նոյեմբեր 2012

Տխրահռչակ «փրոթոքոլ»ային արձանագրութեանց հարցը մետասաներորդ ժամուն կրկին արծարծուեցաւ Սերժ Սարգսեանի գահավիժող վարկը փրկելու անմիտ մտադրութեամբ: Յաջողեցա՞ւ: Այս առիթով կը հրատարակենք keghart.com-ի հայերէն բաժնի համախմբագիր Դոկտ. Պարոյր Յ. Աղպաշեանի Նոյեմբեր 2012-ի յօդուածը իր շահեկանութեան ու աժմէականութեան համար:- Խմբ.

Պատահական չէ որ վերոյիշեալ խորագիրը ընտրած ենք, զայն նկատելով անխուսափելի հրամայականութիւն մը, ի լուր սխալ ու թիւր, վնասակար ու վտանգաւոր քաղաքական ուղեգիծի մը, որ կը սպառնայ հայ ժողովուրդի պահանջատիրական ամբողջական թղթածրարի հետապնդման, իր զանազան տարբերակներով ու բազմերես դրսեւորումներով:

Այնքան ատեն որ՝  հայ ժողովուրդը, յատկապէս իր Տարագիր հայութեան ժառանգորդներով, ոգեւին կառչած կը մնայ իր անժամանցելի դատի նուիրականութեան ու անկէ բնաւ չհրաժարելու վճռակամութեան, կը նշանակէ թէ՝  որեւէ դասալքութիւն, որեւէ անձնատուութիւն կամ որեւէ պարտուողականութիւն ԱՆՆԵՐԵԼԻ է:

Այս անխախտ կեցուածքը կամ անվիճելի դիրքորոշումը չի բխիր միայն մեր «Նահատակներու պատգամ»էն, ինչպէս շատ յաճախ կը յիշուի կամ կը կրկնուի, այլ գերազանցապէս հայ ժողովուրդին իրաւունքներուն տէր դառնալու ազգային պարտաւորութիւններէն, անոնք ըլլան ֆիզիքական, հոգեբանական, հողային, ինչքային եւ ընդհանրապէս հայապատկան մշակութային-կոթողային սեփականութիւններէն:

Տարագիր հայութիւնը, խորապէս գիտակցելով այս բոլորին ծանրակշռութեանը ու իր պատասխանատուութեանը բարձր գիտակցութեան, մնաց յանձնառու իր իրաւունքներու պաշտպանութեան անշեղելի արեւելումին, ոչ մէկ ձեւով ընդունելով կամ համակերպելով դոյզն «զիջում»ներու, որոնք կրնային զինք բարոյալքել ու բարոյազրկել, ի՛նչ ալ ըլլային պայմանները, պատճառներն ու առիթները:

Դժբախտաբար, սակայն  «բեկում» մը առաջացաւ պահանջատիրական թղթածրարին մէջ, երբ հայրենի իշխանութիւնները փութացին, տարօրինակ անհեթեթութեամբ եւ անըմբռնելի շուտիկութեամբ, Թուրքիոյ հետ «ուռկան»ներ նետելու արկածախնդրութեան:

Մեր կարծիքով, ատիկա, իրօ՛ք, արկածախնդրութիւն էր, ահազանգային ըլլալու աստիճան, այնքան ատեն որ՝  առանց հայ ժողովուրդին հաւանութեան ու համաձայնութեան, հայրենի իշխանութիւնները, նախագահ Սերժ Սարգսեանի բացարձակ մենատիրութեամբ, ստորագրեցին Հայաստան-Թուրքիա «փրոթոքոլային արձանագրութիւն» մը, որ (իբր թէ) դուռ պիտի բանար երկու երկիրներու միջեւ դիւանագիտական (եւ այլ) յարաբերութիւններ մշակելու եւ իրականացնելու ծրագիրներուն:

Ցնցիչը այն էր, որ այս ինքնագլուխ նախաձեռնութիւնը առնուեցաւ, մասնաւորաբար, առանց գիտակցութեանը կամ խորհրդակցութեանը Տարագիր հայութեան ժառանգորդներուն, մինչեւ օրս բազմաթիւ հարցադրումներու ու մտորումներու տեղի տալով:

Աւելի ահաւորը, արձանագրութեանց ստորագրումէն ետք, Սփիւռքը եւս «միջամուխ» ընելու փորձն էր, թեր ու դէմ կողմերու միջեւ փոթորիկներ առաջացնելով, մանաւանդ երբ՝  նախագահ Սերժ Սարգսեան, պաշտօնական շքախումբով Սփիւռք ժամանեց (Լոս Անճելըս, Պէյրութ), նախ՝  բացատրելու, ապա՝  համոզելու, նման արձանագրութեանց կարեւորութեան եւ… օգտակարութեան անհրաժեշտութիւնը:

Ուշացած-անյաջող փորձ մըն էր եղածը, նոյնիսկ՝  անիմաստ բեմադրութիւն մը, որովհետեւ ատոր կարճ ճամբան կար, սակայն, ստորագրող կողմերէն՝  Հայաստանը, նախընտրեց փշոտ ու քարքարոտ արահետը, գիտնալով թէ ոչ՝  կ’անգիտանանք, ի վերջոյ, հասնելու համար թրքական պեթոնաշէն ուղեղին, որուն ծանօթ չէ եղած (ու չէ՛) հայրենական կողմը Հայաստան-աշխարհին:

Ի տես հայ ժողովուրդին մեծամասնութեան մերժողականութեան, չընդունելու «փրոթոքոլային» աճպարարութիւնը՝  մէկ կողմէն, իսկ թրքական իշխանութիւններու լարախաղացութեան շարունակականութիւնը՝  միւս կողմէն, հայկականը այլեւս այլընտրանք չունէր, բացի վերատեսութեան ենթարկելու «ֆութպոլային դիւանագիտութենէն» առաջացած իր մանուածապատութեան ե՛ւ՝

«ԿԱՍԵՑՆԵԼՈՒ» ԱՐՁԱՆԱԳՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ:

Ուշադրութի՛ւն, գործածուած էր «կասեցնել» որձեւէգութիւնը, ոչ-առաւել, ոչ-նուազ, գիտակցուած (կամ ապսպրուա՞ծ) խաբուսիկութիւն մը հայ ժողովուրդի երեսին շպրտուած, կարծես զայն անգամ մը եւս… խաչակրելու:

Օրին, ընդդիմացանք «կասեցում» – խեղկատակութեան, որովհետեւ զայն չնկատեցինք լուրջ, երբ կարելի էր ուղղակի ՋՆՋԵԼ արձանագրութիւնները եւ՝  վե՛րջ, սակայն, հայկական կողմը հասկնալիօրէն թէ անհասկանալիօրէն, այդ բայի գործածութեամբ, բաց պատուհան մը կը ձգէր, ուրկէ կարելի էր օր մը դարձեալ ներս մտնել (կամ պարտադրուէր իրեն ատիկա):

Նախագահ Սերժ Սարգսեան եւ իր դիւանագիտութեան ներկայացուցիչները, յետագային, բազմաթիւ առիթներով անդրադարձան արձանագրութեանց, երբեմն կոշտ, երբեմն մեղմ որակումներ տալով անոնց, բայց, ոչ թէ զանոնք մերժելով, այլ՝  թրքական իշխանութիւններու պայմանները չափազանցուած նկատելով, առաւել՝  զգուշանալով հայ ժողովուրդի հակազդեցութիւններէն:

Այդուհանդերձ, Հայկական պահանջատիրութիւնը մնաց «խոցելի», գէթ հայրենական-պետական մակարդակի վրայ, որովհետեւ «կասեցում»ի վտանգը Դամոկլեան սուրի մը նման տակաւ կը սպառնայ… վերակենդանացման, մերթ Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու բարւոքման (՞) ջատագովներու կողմէ, մերթ արտաքին ուժերու աշխարհաքաղաքական ճնշումներու յաճախական փորձերէն:

Այսօր, շատեր մոռցած ըլլալու են «կասեցում»ի յայտարարութիւնը, որ ատենին հնչեց հայրենի իշխանութիւններուն կողմէ, որմէ ոմանք խանդավառուեցան, ուրիշներ՝  հանգստացան, բայց, հարցերուն-հարցը մնաց (եւ է՛), ինչո՞ւ այդ «արձանագրութիւնները» տակաւին կը մնան ի զօրու, երբ անոնց տեղը… աղբանոցն է:

Գէթ գլխաւոր պատճառ մը, բազում պատճառներու ընդմէջէն, բաւարար չէ՞ր, ու չէ՞, որ հայկական կողմը նման «արձանագրութեանց» տիղմի մը մէջ չի մտներ ու չի մտցներ հայ ժողովուրդը.

Հայաստանի պարտադրուած շրջափակումը՝  Թուրքիոյ կողմէ, իսկ  Արցախին հարկադրուած շրջափակումը՝  Ատրպէյճանի կողմէ:

Այս բռնազբօսիկ իրականութեան մէջ, ինչպէ՞ս կարելի էր «փրոթոքոլային արձանագրութեանց» վրայ յոյս դնել, մինչ Թուրքիան «ժամանակակից այլանդակութիւններով» կը շարունակէ իր ցեղասպանական ոճրարարքները, իսկ Ատրպէյճան երբեք չէ հրաժարած իր մարտահունչ սպառնալիքներէն:

Այդ ո՞ր երաշխիքն էր որ հայկական կողմին մղեց հասնելու Հայաստան-Թուրքիա երազային «զենիթ»ին, երբ արեւու նման պարզ էր… թուրքին վերանորոգուող հաշմուած դիմագիծը:

Շուրջ երեք տարի անցած է այդ «արձանագրութեանց» հռչակումէն, իսկ Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւնները, նորօրեայ պայմաններով, վատէն-վատ ընթացքի մէջ են, յատկապէս երբ Թուրքիա սուրիական տագնապին մէջ ոճրային դերակատարութեան մէջ է, հայկական մարդասիրական թռիչքները բռնաբարելով եւ իր ազգակիցները հոն ղրկելով, վարձկանական հաշուեյարդարներ տեսնելու սուրիացիներուն դէմ, որոնց մէջ նաեւ՝  հայեր:

Ասոնք տակաւին վերջին զարգացումներն են, որոնք «փրոթոքոլային» Թուրքիան կը գործադրէ Հայաստանին ու հայութեան դէմ, իսկ «փրոթոքոլային» Հայաստանը կը յամենայ «կասեցում»ի յորձանուտին մէջ:

Այս ծանծաղուտ քաղաքականութենէն ետք, տակաւին «կասեցո՞ւմ», տակաւին «կասեցում»ի՞ պահպանում, տակաւին «կասեցում»է՞ կախուածութիւն, տակաւին «կասեցում»ո՞վ ցնծութիւն:

Պատասխանը, միանշանակ՝  մեծ Ո՛Չ մը, ակնկալելով որ «կասեցում»ի բոլոր ուղիները փակուին (կամ փակել տալ), ցնոր տնօրինում, որովհետեւ՝

Պէտք է յստակ ըլլայ, որքան ալ մեծապետական պետութիւնները փորձեն Հայաստանը պարտադրել, «փրոթոքոլ»ներով թէ «փոլիթիք»ներով «արձանագրութիւնները» յաջողցնելու, Հայկական պահանջատիրութեան հաշւոյն չի կրնար ըլլալ, ոչ ալ՝  զայն ստրկացնելով:

Ասիկա հիմնական նախապայման-պահանջք մըն է, այս անգամ, ուղղուած հայրենի իշխանութիւններուն, իրենց քաղաքական-դիւանագիտական բառարանէն իսպառ վերցնելու, ջնջելու զայն:

Նոր տարեշրջանի մը մուտքը, Հայկական ցեղասպանութեան հարիւրամեակի ճամբուն վրայ, լաւագոյն ու գերագոյն «նուէր»ը կրնայ ըլլալ հայութեան, «կասեցում»ը փոխարինելով «ջնջում»ով, եթէ համագիտակցութիւնը կայ այս առաջադրանքին անփոխարինելիութեան:

 

 

You May Also Like