Պարոյր Աղպաշեան, Պէյրութ, 25 Օգոստոս 2011
Կեցցէ՛ Մարաջախտ Բաղրամեանը, Անկցի՞…Բաղրամեանը
Խորագիրը տարօրինակ չթուի:

Անիկա խօսուն իրականութեան մը տխուր պատմութիւնն է, որ, դժբախտաբար, կը կրկնուի ու կը կրկնուի, յատկապէս Հայաստանի մէջ, ուր խայտաբղէտ պատկերներ կը պարզուին, անսովոր իրավիճակներ կը ստեղծուին, չափազանցուած դերակատարութիւններ կը կատարուին:
Պարոյր Աղպաշեան, Պէյրութ, 25 Օգոստոս 2011
Կեցցէ՛ Մարաջախտ Բաղրամեանը, Անկցի՞…Բաղրամեանը
Խորագիրը տարօրինակ չթուի:

Անիկա խօսուն իրականութեան մը տխուր պատմութիւնն է, որ, դժբախտաբար, կը կրկնուի ու կը կրկնուի, յատկապէս Հայաստանի մէջ, ուր խայտաբղէտ պատկերներ կը պարզուին, անսովոր իրավիճակներ կը ստեղծուին, չափազանցուած դերակատարութիւններ կը կատարուին:
Հարցը, աւելի ճիշդ՝ մտահոգութիւնը, կը վերաբերի հայրենի պատկան իշխանութիւններուն “սանձարձակ” տուչութիւններ, պարգեւատրումներ ու շքադրութիւններ տնօրինելու հիւանդագին անհեթեթութեան մասին է, որ յաճախ կը կատարուի անտեղի, անիմաստ եւ անխոհեմ կարգադրութիւններով:
Մենք այս “թունաւոր” թղթածրարին բազմաթիւ անգամներ անդրադարձած ենք վաղո՜ւց, թերեւս ըլլալով առաջիններէն, շեշտելով թէ՝ գնահատանքի եւ արժեւորումի տնօրինումները չեն կրնար ըլլալ չափանիշներու խախտումով ու մակարդակներու անկումով, ուր անհատական կապերը, հաշուենկատ մօտեցումները, պարագայական լսումները, “խաթըր”ական միջնորդութիւնները կը մնան… ի պատուի:
Վերջին հաշուով, ի՞նչ սկզբունքներով ու հիմունքներով, արժեչափերով եւ որակաւորումներով, կը մեծարուին կամ կը գնահատուին մարդիկ, եթէ ոչ իրենց ունեցած բացառիկ արժանիքներով, բերած ինքնատիպ նպաստներով, մատուցած մեծղի ներդրումներով, ինչ մարզի կամ կալուածի մէջ ծառայած ըլլան անոնք:
Սակայն, անցնող շուրջ տասնհինգ տարիներուն, բայց, մանաւանդ վերջին հնգամեակին, ականատես եւ ականջալուր եղանք խելակորոյս ու հիւանդագին բեմականացումներու, ուր շքանշանները, պարգեւները, յուշամետալները, եւայլն, զիրար կը հրմշտկեն աննախընթաց արտօրանքով, թէ՝ որուն՝ ի՛նչ պիտի հասնի, որուն՝ ի՛նչ պիտի յանձնուի, որուն՝ ի՛նչ պիտի տրամադրուի, ահաւոր դերաբաշխումով մը, ուր “տէրն ու ծառան” կամ “ծառան ու տէր”ը զիրար չեն ճանչնար (թերեւս ալ… կը ճանչնա՞ն):
“Պատուահաճոյութեան” այս կրկէսահանդէսին տխրահռչակ հիմնադիրը եղաւ Պրն. Ռոպերթ Քոչարեան, որ առանց գիտնալու “արժեւորուողի եւ արժեւորում”ի նրբութիւնները, գրպանները լեցուցած էր… շքանշաններով, զանոնք բաշխելով աստ ու անդ, ընդ որուն՝ Սփիւռք, վարկաբեկելով այդ շքանշաններու անուանակիրները եւ պարգեւատրուողները, կարծելով թէ մե՜նծ նուաճումներ կ’արձանագրէ ու համակիրներ կը շահի:
Օրի՛ն, ուժգնօրէն հակազդեցինք շարունակուող այս խեղկատակութեան, սակայն, ի զո՜ւր, Քոչարեան գրպանները աւելի լեցուց ու տեսակաւորեց շքանշանենրը, մինչ, հայ մտաւորականութեան մեծամասնութիւնը, աններելիօրէ՛ն, համակերպեցաւ քոչարեանական այս անուանարկային գործունէութեան, հնարք մը չգտնելով զսպելու հայ ժողովուրդի մեծերուն յիշատակն ու դերը արատաւորողները, ընդ հովանեաւ Քոչարեանի մը:
Բնական է, պարգեւատրուողներուն մէջ կային (ու կան) արժանաւորներ, սակայն, հարցը այն էր որ զայն “բաշխող” կողմը հեռու էր լուրջ ու գիտակից ըլլալէ, իսկ իր շուրջ գտնուողներուն մեծ մասը՝ պարզապէս պատեհապաշտ էր:
Այսօր, ներկայ իշխանութեան օրօք, բան մը փոխուա՞ծ է: Ոչի՛նչ: Աւելի քան խայտառակ վիճակ մը կը տիրէ:
Եթէ նախորդ շրջանին միայն նախագահական ծիրին մէջ կը մնար այս անկումային վիճակը, այսօր, տարածուած է բազմաթիւ ոլորտներէ ներս, ուր վարչապետականը, նախարարականը, եկեղեցականը, ակադեմականը, գրականը, եւայլն, եկած են միանալու “խժալուր համանուագ”ին:
Հետզհետէ այն անշեղ տպաւորութիւնը սկսած է ձեւաւորուիլ, որ հայ ժողովուրդի զաւակները, երկու հատուածներով, պիտի արժանանան հայրենի իշխանութիւններու… գնահատանքի վկայականներուն ու պատիւներուն, որովհետեւ, իւրաքանչիւր նախարարութիւն ու հիմնարկ՝ “մրցում”ի ելած է, ինքզինք պարտադրելու:
Լա՞ւ է այս բոլորը:
Լա՛ւ է, եթէ այդ տուչութիւններուն տրուի իրա՛ւ չափանիշներու յարգելիութիւն եւ ուղղուածութիւն, իսկ զանոնք կրողները ըլլան իրա՛ւ արժանաւորներ:
Լաւ չէ՛, եթէ այդ արարողութիւնները կ’ըլլան ցուցադրային ու ծրագրային հաշիւներով, իսկ զանոնք կրողները, մեղմ ըսած, անարժաններ:
Արագ յետադարձ հայեացք մը, ցոյց կու տայ այս մատնանշումներուն… մերկութիւնը: Անգամի մը համար, թող յայտարարուի շարքը այն պարգեւներուն, որոնք Հայաստանէն “արձակուեցան” դէպի Սփիւռք, մերթ ալեկոծելով, մերթ գինովցինելով ամբոխներ:
Սփիւռքի ազգային գործիչները, իրենց զանազան հանգամանքներով, անսակարկ զոհողութիւններով ծառայած են իրենց գաղութներուն ու հայահամայնքներուն, առանց ակնկալելու “պատուանշաններ”, որոնք այլապէս ալ կրնան փայփայելի եւ օրինակելի ըլլալ ոմանց:
Սակայն, այն ինչ որ տեղի կ’ունենայ ներկայիս “ցունամի”ի ոճով, առնուազն անհանդուրժելի է, իր բովանդակութեամբ ու տրամաբանութեամբ, երբ բարոյական ու նուիրական խոցելիութիւններ կ’առաջանան, տխուր հետեւանքներով:
Կ’ըսուի թէ՝ Սփիւռքի այս կամ այն հատուածին պնդումները կը պատճառեն այս սայթաքումները, այս կամ այն կողմին հետապնդումին արդիւնքն է այս “առատութիւն”ը, այս կամ այն “հեղինակութեան” պարտադրանքին գոհացում տալն է:
Չենք զարմանար:
Բայց, ինքզինք յարգող իշխանութիւն, պետականութեան մեկնարկով, իրաւունք ունի՞ դառնալու ենթակայական ու կամայական, վնասելով իր հեղինակութեան աւանդական ու բարոյական արժէքներուն:
Մենք դէմ չենք հայրենի պատկան իշխանութիւններուն Սփիւռքի գործիչները գնահատելու ու զանոնք վարձատրելու նախաձեռնութեան, զանազան արտայայտամիջոցներով, բայց, ո՞վ կ’ընդունի այն “բաբելոն”ութիւնը, որ այսօր կը տիրէ այդ հորիզոնականին վրայ:
Տեղ մը պէտք է զգաստանալ եւ՝ արգելակել այս թաւալքը, վերականգնելով չափանիշներու կարգը, վերահաստատելով աւանդոյթը, վերարժեւորելով մեծարուողը, վերագտնելով հաւասարակշռութիւնը, առանց ստրուկը դառնալու “արտաքին” միջամտութիւններուն, ոչ ալ իյնալու “խնամի”ական թակարդներու մէջ:
Իսկ նման “պատիւ”ներու մուրացկաններու ընչաքաղցութեան պէտք է վե՛րջ տրուի, նոյնինքն հայրենի իշխանութիւններու կողմէ, եթէ կ’ուզուի պահել ազգային–պետական արժանապատուութիւնը:
Անուանի հայազգի զինուորական՝ մարաջախտ Յովհաննէս Բաղրամեանի ստացած շքանշաններու թիւը իր մարմնէն աւելի ծանր էր, որովհետեւ ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ՄԵԾՈՒԹԻՒՆ էր, հետեւաբար հայրենի իշխանութիւնները կրնա՞ն այդ մակարդակը օրինակել, երբ շքանշան “կ’ածեն”, այլապէս ի՞նչ իմաստ ունի “կեցցէ” ըսել, երբ հոն կայ… “անկցի”ն:
4 comments
Corrupt and Oligarchic Armenia
This is Serzh’s corrupt and oligarchic Armenia for you. Keep clapping him and receiving state medals (which by now have been devalued as a result of their corruption) until there is no one left in Armenia.
I wish to make a correction
The word ISHKHANUTYUN is incorrect, as applied to mean Government. Ishkhan (prince) Ishkhanutyun can be applied to for example Principality of Monaco, Principality of Andorra, Lickhtenstein etc.
Whereas,
Republic of Armenia is not a Principality…..also by employing the said word ISHKHANUTYUN, our brethren in Armenia automatically surmise that they are dealing with old time ISHKHANS or ISHKHANAZUNS (princelings). Please make a note of above and try not to use word Ishkhan. Use Govternment.
One other remark, even Bedtutyun is not correct to use, leaves the same bad impression. In latin it would translate as Chief, Jefe(in spanish) which was applied to dictators like Francisco Franco, Gen.Pinochet etc. Armenia or Armenians do not need Chiefs!!!
We need democratically elected Government. We can use in plural Garavarutyunner, instead of Ishkhanutyunner!
As to the word oligarch, I don´t know where it came from but I take it there is a difference between the Ishkhans/Ishkhanutyuns and the self made oligarchs.
Իշխանութիւն, Կառավարութիւն եւ Պետութիւն
Your "Corrections", սրբագրութիւնդ առ այժմ վերապահէ: Որոշ շփոթութիւն մը կը նշմարեմ վերլուծումներուդ մէջ:
Հայերէն Իշխան բառը իշխել բառին հոլովոյթն է. Prince բառը նոյն իմաստը չունի իր կազմուածքին մէջ. երբ կ’ըսենք Հայաստանի իշխանութիւնները, լաւ կը հասկնանք Հայաստանի իշխող կառավարութեան ճիւղաւորումները. իսկ երբ կ’ըսենք Հայաստանի կառավարութիւնը, կը հասկնանք վարչապետը եւ իր նախարարական կազմը:
Հայաստանի Պետութիւն արտայայտութեամբ կը հասկնանք երկիրը իր վարչամեքենայով եւ իր ներկայացուցիչներով ինչպէս որ պիտի ըսէինք Միացեալ Ազգերու անդամ մօտ 200 այդպիսի գոյացութիւններու:
Իշխանութիւն, Պետութիւն, Կառավարութիւն եւ Հանրապետութիւն բառերուն պէտք է որ Հայաստանի մտաւորականութիւնն ալ ծանօթանայ եւ խուսափի օտար բառերու գործածութենէ.
Կը սպասենք Հայ Լեզուի Հսկիչներու քննարկումին ու «քննադատութեան»:
Re:Govt. in lieu of Ishkhanutyun
I beg to differ.
In Armenia, unfortunately when the word ISHKHANUTYUN is used, almost always, either orally by public and also in press.T.V. etc., the mainstream people (the majority) take it as to mean those who ISHKHEL, not quite Governing at all, as citizens – especially since independence- have known this kind of Governance. This is the reality, whether interpreted as to stand for Government or not.
Comments are closed.