Կը Հաւատանք Գործին (In Armenian & English)

«Հորիզոն», 29 Հոկտեմբեր 2010.- ՀՅԴ 120-ամեակին առիթով, «Հորիզոն» հետեւեալ հարցազրոյցը ունեցաւ ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ ընկ. Րաֆֆի Տօնապետեանի հետ:

 
ժամանակն է կոչերէն անդին անցնելու եւ…հիմը դնելու …
համագաղութային նոր կառոյցի մը:
 


«Հորիզոն», 29 Հոկտեմբեր 2010.- ՀՅԴ 120-ամեակին առիթով, «Հորիզոն» հետեւեալ հարցազրոյցը ունեցաւ ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ ընկ. Րաֆֆի Տօնապետեանի հետ:

 
ժամանակն է կոչերէն անդին անցնելու եւ…հիմը դնելու …
համագաղութային նոր կառոյցի մը:
 

Հարց.- Այս տարի հայրենիքի եւ Սփիւռքի տարածքին հանդիսաւոր շուքով պիտի նշուի Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան 120-ամեակը: Գանատայի տարածքին ի՞նչ ձեռնարկներ նախատեսուած են այս առնչութեամբ:

Պատ.- 120-ամեայ աւանդ ունեցող մեր կուսակցութիւնը, հայրենիքի թէ Սփիւռքի մէջ կը շարունակէ ազգապահպանման իր առաքելութիւնը: Հայաստանի անկախութենէն ի վեր, ՀՅԴ հայաստանեան կառոյցը իր աշխոյժ մասնակցութիւնը կը բերէ հայրենի քաղաքական կեանքէն ներս եւ արդէն իսկ հայրենիքի մէջ ճանչցուած եւ կայացած քաղաքական կազմակերպութիւն է:

Հ.Յ. Դաշնակցութիւնը Գանատայի մէջ ունի աւելի քան 100 տարուան պատմութիւն: Հ.Յ.Դաշնակցութեան Գանատայի առաջին Կոմիտէութիւնը հիմնուած է Պրանթֆըրտ քաղաքին մէջ 1902-1903 ժամանակահատուածին:

ՀՅԴ 120-ամեակին առիթով, պաշտօնական հանդիսութիւններ եւ ժողովրդային ճաշկերոյթներ տեղի պիտի ունենան Մեծն Մոնթրէալի, Մեծն Թորոնթոյի, Հարաւային Օնթարիոյի եւ Վանգուվըրի մէջ:

«Դաշնակցութեան օր»ուան այս տարուան մեր գլխաւոր պատգամախօսն է ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ՝ Հրանդ Մարգարեան:

Այս առթիւ, կոչ կ՝ուղղենք մեր բոլոր գործակից կազմակերպութիւններուն, միութիւններուն եւ համակիրներուն, որպէսզի կուռ շարքերով մասնակից դառնան ազգանուէր այս կուսակցութեան 120-ամեայ յոբելեանին:

Հարց.- 2010-ի Ապրիլին, Հայկական Ցեղասպանութեան 95-ամեակը Գանատայի մէջ նշուեցաւ համագաղութային ճիգերով, հայ աւանդական երեք քաղաքական կուսակցութիւններու, կրօնական յարանուանութիւններու եւ ազգային կազմակերպութիւններու մասնակցութեամբ: Այսօր ո՞ւր հասած են համագաղութային միասնակամ գործունէութեան աշխատանքները:

Պատ.-
Մեծ Եղեռնի 100-ամեակի սեմին, գանատահայութեան բոլոր հատուածներով միասնաբար եւ միաւորուած հանդէս գալու փորձը՝ կարեւոր իրադարձութիւն մը հանդիսացաւ գաղութի պատմութեան մէջ: Տարբեր կազմակերպութիւններու, միութիւններու եւ անհատ ազգայիններու գնահատականները այս առնչութեամբ, եկան հաստատելու, որ Հայկական Ցեղասպանութեան 95-ամեակը միատեղ շարքերով նշելու նախաձեռնութիւնը՝ մեծ յաջողութիւն մըն էր:

Այս ծիրէն ներս, ՀՅԴ Գանատայի կառոյցը իր խորհրդակցութիւնները կը շարունակէ հայմահայկական կառոյց ունեցող միւս կուսակցութիւններուն՝ ՌԱԿ-ի եւ ՍԴՀԿ-ի հետ, ինչպէս նաեւ Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցւոյ Առաջնորդարաններուն, Հայ կաթողիկէ, Հայ Աւետարանական համայքներու եւ այլ հայկական կազմակերպութիւններու հետ, կեանքի կոչելու գանատահայութիւնը համախմբող կառոյց մը: Այս նորաստեղծ կառոյցին գլխաւոր առաքելութիւնը պիտի ըլլայ գաղութի բոլոր հատուածները ի մի բերել Հայ Դատին եւ Հայկական Ցեղասպանութեան հարցերուն առնչուող քաղաքական նախաձեռնութիւններու ընթացքին, կամ Հայաստան Համահայկական Հիմնադրամի բարեսիրական նպատակներուն աջակցելու ընթացքին:

ՀՅԴ-ի համար նորութիւն չէ այսպիսի նախաձեռնութիւն, որ տարբեր առիթներու Դաշնակցութեան Գանատայի կառոյցը առաջարկած է աւելի քան տասնամեակէ մը ի վեր, դեռ 1998-էն սկսեալ: Դժբախտաբար, այս կամ այն պատճառներով եւ հակառակ սկզբնական համաձայնութիւններուն, կարելի չէ եղած իրագործել զայն:

Վերջին տասնամեակին, հայ քաղաքական կուսակցութիւններու կեդրոնական մարմինները ինչպէս նաեւ զոյգ վեհափառները կոչեր հրապարակած են համագործակցութեան ուղղութեամբ, իսկ ՀՅԴ Բիւրոն շարունակաբար հետամուտ եղած է ստեղծելու համագաղութային միասնական գործունէութեան զարկ տուող համախմբումներ:

Այս տարուան առաջին օրերէն սկսեալ Գանատայի Կեդրոնական Կոմիտէս նախանձախնդիր եղած է ստեղծելու այդ համախոհութիւնը, բազմակողմանի յարաբերութիւններ մշակելով գաղութէս ներս գործող գլխաւոր կազմակերպութիւններուն հետ, որպէսզի աշխատանքը՝ կոչերէ անդին, ամուր եւ գործնական հիմերու վրայ դրուի եւ արդիւնաւորուի:

Այսօր, Գանատայի տարածքին գործող շարք մը կազմակերպութիւններ արդէն իսկ նախանձախնդիր են միաւորուելու մեր ազգային հիմնախնդիրներուն պաշտպանութեան ի խնդիր եւ այդ առթիւ յաճախ իրենց կոչերով կը շեփորեն միասին համագործակցելու գաղափարը: Այսօր, մենք կը կարծենք, որ ժամանակն է կոչերէն անդին անցնելու եւ գործնական գետնի վրայ համապատասխան քայլեր առնելով հիմը դնելու միասնականութեան խորհրդանիշ համագաղութային նոր կառոյցի մը:

Հարց.-
Հայ Դատի յանձնախումբերը Գանատայի տարածքին կը շարունակեն իրենց քաղաքական եւ քարոզչական գործունէութիւնը: Ներկայ դրութեամբ ո՞ւր հասած են այդ աշխատանքները:

Պատ.– Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբերը, տասնամեակներէ ի վեր միշտ գտնուած են պատնէշի վրայ:

Ներկայ դրութեամբ, Շրջանային եւ տեղական յանձնախումբերը կը նախապատրաստուին յառաջիկայ դաշնակցային ընտրութիւններուն: Ինչպէս միշտ, Հայ Դատի յանձնախումբերը կը զօրակցին այն թեկնածուներուն, որոնք կարեւոր ներդրում բերած եւ աջակցած են հայութիւնը շահագրգռող հարցերուն:

Ընտրութիւններու ծիրէն ներս, մեր աշխատանքները գաղութը զօրաշարժի ենթարկելու ուղղութեամբ աւելի ծաւալուն պիտի դարձնենք, նկատի առած, որ Մեծն Մոնթրէալի երկու տարբեր ընտրատարածքներու մէջ ունինք երկու հայ թեկնածուներ:

Շրջանային մակարդակի վրայ աշխատանքները կը շարունակուին Գանատայի Մարդկային Իրաւանց թանգարանին մէջ Հայկական հարցը ներկայացնելու, թրքական ուրացման քարոզչութիւնը չէզոքացնելու ուղղութեամբ: Այս աշխատանքները կը համադրէ Օթթաուայի Հայ Դատի գրասենեակը:

Տեղական մակարդակի վրայ, Արեւմտեան Գանատայի, Օնթարիոյի եւ Քեպէգի Հայ Դատի յանձնախումբերը կը շարունակեն Ցեղասպանութեանց ուսուցումը նահանգային կրթական ծրագիրներու մէջ ընդգրկելու աշխատանքը: Այս ծիրէն ներս, Արեւմտեան Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբը՝ Հոկտեմբեր 15-17 Ալպէրթայի մէջ կազմակերպած էր Ցեղասպանութեան ուսուցման սեմինար, որուն մասնակցեցան Ալպէրթա նահանգէն բազմաթիւ ուսուցիչներ:

Լաւալի Հայ Դատի յանձնախումբի ջանքերով, քաղաքին մէջ պիտի բարձրանայ Հայկական Ցեղասպանութեան նուիրուած յուշարձան:

Թորոնթոյի մէջ, շրջանի Հայ Դատի յանձնախումբը անցնող օրերուն աշխոյժ գործունէութիւն ծաւալած էր քաղաքապետական ընտրութեանց առիթով: Քէմպրիճի Հայ Դատի յանձնախումբը այս տարի հիւրընկալեց նախարար Կուտյիրն ու Հայ-Գանատական խորհրդարանական բարեկամութեան խմբակցութեան ղեկավար տոքթ. Ալպրէխթը: Մոնթրէալի մէջ, տեղական յանձնախումբը իր գործունէութիւնը կեդրոնացուցած է յառաջիկայ դաշնակցային ընտրութիւններուն վրայ եւ այդ ուղղութեամբ արդէն իսկ կատարած է բազմակողմանի հանդիպումներ տարբեր կուսակցութիւններու հետ: Նշենք, որ յառաջիկայ Նոյեմբեր 6-ին, յանձնախումբը Մոնթրէալի Հայ կեդրոնին մէջ պիտի ընդունի ընդդիմութեան ղեկավար Մայքըլ Իկնաթիէֆը:

Օթթաուայի մէջ վերջերս կեանքի կոչուած Հայ Դատի յանձնախումբը, իբր առաջին մարտահրաւէր դէմ յանդիման գտնուեցաւ շրջանի քաղաքապետական ընտրութեանց թեկնածու Հայկական Ցեղասպանութիւնը ուրացող անհատի մը: Նորաստեղծ յանձնախումբը ճիգ չխնայեց, որպէսզի ուրացողը ընտրապայքարը աւարտէ ձախողութեամբ:

Մեր դարաւոր առաքելութեան ընթացքին դադարի պահ չենք ունեցած, որովհետեւ կը հաւատանք գործին եւ գիտակից ենք, որ գործը չի պակսիր…

Կարդալ վերոյիշեալ նիւթերուն հետ առնչուած.-
Journey to Brighter Future յայտարարութիւնը
և "Գեղարդ"ի Hollow Dream of Unity խմբագրականը

MONTREAL—As the ARF prepares to mark its 120th anniversary this December, Horizon Armenian Weekly conducted an interview with the representative of the ARF Central Committee of Canada, ung. Raffi Donabedian.
 
Q.—Before the year-end, the Armenian Revolutionary Federation will celebrate its 120th anniversary both in Armenia and in the Diaspora. What activities are planned in this regard throughout Canada?
 
A.—With its long history of 12 decades, our party continues its mission of guarding the Nation’s identity and interests, both in Armenia and in the Diaspora. Since Armenia’s independence, the ARF political bodies within Armenia are actively involved in the political life of the country and are seen as a well known and established political entity.
 
In Canada, the ARF has a history of more than a century: the first ARF committee was established in Brantford, Ontario in 1902-03. On the occasion of the 120th anniversary, official and popular celebrations are planned for the Greater Montreal and the Greater Toronto areas, the Armenian communities of Southern Ontario and Vancouver, BC.
 
The ARF Bureau representative ung. Hrant Markarian is slated to give a keynote address during these celebrations.
 
We call upon all Armenian organizations, associations and sympathisers to come forth and fully participate in the 120th jubilee of this party, whose dedication to our national ideals is beyond the need of mention.
 
Q.—In April 2010, the 95th anniversary of the Armenian Genocide was marked in Canada by the collective and collaborative efforts and participation of all three traditional political parties, the religious denominations and national organizations. Today, where have all these collaborative efforts reached?
 
A—At the threshold of the 100th anniversary of the Genocide, the fact that the community could and did come out in a united and unified way was a major milestone in our community’s history. The positive feedback of various organizations, associations and individuals reinforced our feeling that the initiative to celebrate the 95th anniversary in a unified way was indeed a great success. Within this framework, ARF-Canada continues its dialogue with other pan-Armenian organizations such as the Ramkavar Armenian Democratic Liberal party, the Hunchakian Party, the Prelacy and the Diocese of the Armenian Apostolic Church, the Armenian Catholic and Evangelic communities and other Armenian organizations. The main purpose is to create a collaborative structure for the activities of the various Canadian Armenian organizations regarding issues of national importance, such as those related to the Armenian Cause (Hai Tad), the Armenian Genocide, or the philanthropic activities of the Hayastan All-Armenia Fund.
 
This approach to the matter of unity is not new in itself. Such a framework has been put forth by ARF-Canada on more than one occasion, since 1998 and even before. Unfortunately, for whatever reasons and despite preliminary agreements, the initial agreements have never reached their logical fruition. In the last decade, the Central bodies of the Armenian political parties, as well as both Catholicoses, have released appeals of collaboration, while the ARF Bureau has pursued an active policy of encouraging the regions to initiate such efforts.
 
From the very beginning of this year, the ARF Central Committee of Canada has strived to create that consensus, by cultivating multi-lateral contacts with the major organizations of the Community in order to move beyond the appeals’ stage, into solid and practical footings. Many of the organizations throughout Canada are already eager to unify their efforts concerning our major issues and are clamouring the idea of collaboration. Today, we think that it is time to act and take necessary practical steps toward creating a new pan-Canadian formation symbolizing our unity.
 
Q.— Armenian National Committees across Canada pursue their political and promotional activities. What can you say about the current situation on that front?
 
A.—Throughout the past decades, numerous Armenian National Committees across Canada have been at the forefront of our political action. Currently, on both the national and local levels, the Committees are preparing for the next Federal elections. As it has always been the case, the Committees support the candidates who have contributed significantly and have shown their solidarity towards the issues concerning the Armenian community. The community’s mobilization during these upcoming elections should be more tangible, as we have two Armenian candidates running in the Greater Montreal area ridings.
 
On the national level, the Armenian National Committee of Canada is continuing its efforts toward a proper representation of the Armenian Genocide in the Canadian Museum of Human Rights, countering Turkish denialist efforts. These activities are coordinated by the ANCC National Office in Ottawa.
 
On the local level, the Armenian National Committees of the Western Canada, of Ontario and of Quebec are concentrating their efforts in getting Genocide Studies promoted on the various provincial school curricula. Thus, on October 15-17, the ANC-Western Canada had organized a Genocide educational seminar in Alberta, and many teachers from the province participated.
 
Through the efforts of ANC-Laval, a monument to the Genocide will be erected in the city. In Toronto, the Committee was very active during the last municipal elections. ANC-Cambridge is in close cooperation with Minister Gary Goodyear and Dr. Harold Albrecht, the chairman of the Canada-Armenia Parliamentary Friendship Group. ANC-Montreal has centered its attention on the upcoming Federal elections and has already had many meetings with the various parties on the field. On November 6, ANC-Montreal will receive Liberal leader Mr. Michael Ignatieff’s visit at the Armenian Community Centre.
 
In Ottawa, the recently created ANC has already tackled a first challenge, during the last municipals, by facing off with a denialist candidate. The Committee did its utmost to ensure that the denialist didn’t win.
 
During the 12 decades of its existence, the ARF has never ceased from working, because we believe in the endeavour, we know that there will always be work for the willing!
 

Horizon

 

You May Also Like