Եւ Էութեան «Դիրքորոշումները”
Հրայր Ճէպէճեան, Կիպրոս, 10 Յունիս 2013
Արաբական ծոցի երկիրներու հայկական իրականութիւնը սկսած է դառնալ կազմակերպուած եւ մնայուն գաղութային կեանք: Գաղութը սկսած է ստանալ կազմակերպուածութեան պատկեր` եկեղեցի, դպրոց, մշակութային եւ հաւաքական կեանք:
Կիրակոս Գույումճեան աւելի քան քանի մը տասնամեակէ ի վեր կ՛ապրի Քուէյթի մէջ: Ան ծնած ու մեծցած է Հալէպ, ուր ստացած է ազգային-քրիստոնէական դաստիարակութիւն, կերտած է հայկական նկարագիր եւ տիրապետած` արաբերէնին: Ան այսօր Քուէյթի մէջ ունի լաւ ասպարէզ, յաջող գործարար է, բայց նաեւ կազմակերպած է իր կեանքի ազգային-հասարակական եւ հրապարակագրական բնագաւառները: Ան կ՛ապրի հայութիւնն ու հայկականութիւնը, բայց նաեւ կը հաւատայ արաբական իրականութեան բացուելու անհրաժեշտութեան: Այս նպատակով ալ կը ստեղծէ հայկական-արաբական բարեկամութիւն` միեւնոյն ատեն հայը, անոր տագնապը, իրականութիւնները ներկայացնելով արաբին:
Եւ Էութեան «Դիրքորոշումները”
Հրայր Ճէպէճեան, Կիպրոս, 10 Յունիս 2013
Արաբական ծոցի երկիրներու հայկական իրականութիւնը սկսած է դառնալ կազմակերպուած եւ մնայուն գաղութային կեանք: Գաղութը սկսած է ստանալ
Կիրակոս Գույումճեան աւելի քան քանի մը տասնամեակէ ի վեր կ՛ապրի Քուէյթի մէջ: Ան ծնած ու մեծցած է Հալէպ, ուր ստացած է ազգային-քրիստոնէական դաստիարակութիւն, կերտած է հայկական նկարագիր եւ տիրապետած` արաբերէնին: Ան այսօր Քուէյթի մէջ ունի լաւ ասպարէզ, յաջող գործարար է, բայց նաեւ կազմակերպած է իր կեանքի ազգային-հասարակական եւ հրապարակագրական բնագաւառները: Ան կ՛ապրի հայութիւնն ու հայկականութիւնը, բայց նաեւ կը հաւատայ արաբական իրականութեան բացուելու անհրաժեշտութեան: Այս նպատակով ալ կը ստեղծէ հայկական-արաբական բարեկամութիւն` միեւնոյն ատեն հայը, անոր տագնապը, իրականութիւնները ներկայացնելով արաբին:
Ահա թէ ինչո՛ւ Կիրակոս Գույումճեան դարձած է ծանօթ անուն մը արաբական հրապարակագրութեան մէջ, ուր իր յօդուածները, բաց նամակները յաճախ երեւցած են արաբական մամուլին մէջ, ինչպէս` քուէյթեան «Քապաս» եւ «Ուաթան», լիբանանեան «Նահար» թերթերուն մէջ: Թարգմանաբար նոյն, նաեւ տարբեր յօդուածներ հրատարակուած են հայկական մամուլին մէջ` Լիբանան եւ այլուր:
Կիրակոս Գույումճեանի հրապարակագրութեան միտք բանիին ծանօթանալու համար պէտք է կարդալ արաբերէնով հրատարակուած հրապարակագրական-յօդուածներու հաւաքածոն հանդիսացող «Կայաններ եւ Դիրքորոշումներ» գիրքը, հրատարակուած Քուէյթ, 2012-ին:
Երբ կը սկսիս կարդալ գիրքը, կ'ապրիս Կիրակոս Գույումճեանին հետ` իր տարբեր «կայանները»… Կայաններուն առաջինը Կիրակոս հայն է, անոր ազգային նկարագիրն ու անոր հպարտութիւնը: Այդ կայանին մէջէն կը տեսնես Կիրակոսին «պահանջատէր»ի «դիրքորոշումները»: Գրած է Հայոց Ցեղասպանութեան մասին` տարբեր ոգեկոչումներուն առիթով, բաց նամակներ յղած է նախագահներու եւ Եւրոպական Միութեան, երախտագիտութիւն յայտնած է այն երկիրներուն, որոնք ճանչցած են Ցեղասպանութիւնը, ինչպէս` Քանատա եւ Ֆրանսա: Ան կ՛ապրի Արարատ լերան սէրը եւ իր էութեան դիրքորոշումը կ՛արտայայտէ իր մտորումներուն ճամբով` վերահաստատելով պահանջատիրութեան հրամայականը: Կ. Գույումճեան կ՛ապրի նաեւ Քուէյթի թրքական դեսպաններուն հետ Հայկական Հարցին առնչութեամբ եղած «քաշքշուքները»: Արաբական մամուլին մէջ լոյս տեսած այս նիւթով յօդուածները բնականաբար կ՛անհանգստացնեն թուրք դեսպանը, որ կը հակազդէ իր յօդուածներուն, որոնց եւս կը պատասխանէ Կ. Գույումճեան` բացայայտելով իր մտքին ու հոգիին էութեան մէջ գտնուող հրատապ եւ վճռական դիրքորոշումները:
Գիրքին մէջ կը շարունակես հետեւիլ Կիրակոս Գույումճեանի կեանքին յաջորդական կայաններուն, հայ մշակոյթի հպարտութեան, քրիստոնէական ինքնութեան` Նարեկացիի ու «Մատեան Ողբերգութեան»ի ընդմէջէն, հայերէն տառերուն նկատմամբ ունեցած գուրգուրանքին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին Քուէյթ տուած այցելութիւններուն, որոնք կը հանդիսանան հպարտութեան առիթ:
Կիրակոս Գույումճեան կը սիրէ արաբը, կը հաւատայ ու կ՛ապրի հայ-արաբական յարաբերութիւնն ու պատմական բարեկամութիւնը: Թէեւ ինք Հայկական Հարցին ջատագովն է, սակայն կառչած է նաեւ արաբական իրաւունքին, կառչած է Հալէպին, միեւնոյն ատեն երախտապարտ է վերջին տարիներուն միացած իր գաղութին եւ Քուէյթի պետականութեան, իր յարգանքը կ՛արտայայտէ անոր իշխանապետին` Ժապեր Ահմետ Ժապեր Սապահի:
Կիրակոս Գույումճեան կը հաւատայ, թէ` «այն, ինչ որ սրտէն կ՛ելլէ, կը հասնի սրտին»: Իր յօդուածներուն եւ գիրքին միտք բանին ալ ա՛յդ է` ընթերցողին սիրտին հասնելու փորձ մը:
Կիրակոս կը փոխանցէ իր սրտին «կայանները»` հատիկ-հատիկ: Ան դիտել կու տայ, որ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ապրուած իրականութիւն ու փորձառութիւն է, Հայաստանն ու հայրենի անկախութիւնը հայուն հպարտութիւնն են` իր մշակոյթով ու պատմութեամբ: Ան անդրադարձած է սփիւռքահայութեան երախտագիտութեանը` արաբ ժողովուրդին նկատմամբ, լուսարձակի տակ առնելով գոյութիւն ունեցող բարեկամութիւնը:
Գիրքը հրատարակուած է Քուէյթի մէջ, հոն տեղ գտած է Հայաստանի արտաքին գործոց նախկին նախարար Վարդան Օսկանեանի խօսքը, հալէպահայ ծանօթ մտաւորական-գրող Թորոս Թորանեանի արժեւորումը, որուն մէջ կը մատնանշուի, թէ գիրքը արաբերէն գրուած է, որովհետեւ հայն ու արաբը վարպետ են կամուրջ կառուցելու արուեստին մէջ:
Կիրակոս Գույումճեանին աշխատանքը պէտք է տեսնել այս «կամուրջ կառուցելու» իրականութեան մէջ: Ան յաջողած է այս մէկը ընել, որովհետեւ կրցած է իր սրտէն բխածը հասցնել սրտին ընթերցողին` հայուն ու արաբին, կրցած է «կայանները» ամուր պահել հայուն կեանքին մէջ եւ հայկական իրականութեան մէջ: Անոր էութեան «դիրքորոշումները» դարձեալ անխախտ են, որովհետեւ կը հաւատայ հայուն արժէքներու պահպանման եւ փոխանցման իրականութեան:
Արդարեւ, հայուն յաջողութեան գրաւականը նոյնինքն այս «կայաններուն» եւ «դիրքորոշումներուն» շարունակականութեան մէջ է: Կիրակոս Գույումճեան կը յաջողի ընթերցողը կամրջել այս շարունակականութեան միտք բանիին եւ հրամայականին:
Վարձքդ կատար, գրիչդ դալար, Կիրակոս Գույումճեան:
«Երբ Չի Մնում Ելք Ու Ճար»
Հրայր Ճէպէճեան, Կիպրոս, 28 Մայիս 2013
Վերոնշեալ տողը բանաստեղծութեան եւ անոր առնչուած երգէն առնուած նախադասութիւն է թէեւ, բայց անպաՎերոնշեալյմանօրէն հայուն ապրուած ու տակաւին ապրող իրական կեանքին շարունակուող մարտահրաւէրը…: Սարդարապատի նուիրուած բանաստեղծութեան իւրաքանչիւր տող կ՛արտայայտէ հայուն գոյապայքարը…: Թէեւ այս տողերը առնչուած են Սարդարապատի ճակատամարտին հետ` 22-26 մայիս 1918, բայց հայուն համար միշտ ալ առկայ եղած է իր գոյութեան համար տարած ու տարուելիք «ելք»-ի հնարքները ու անոր հետ իր գոյութեան «ճար»-ը գտնելու ձեւերը…: Բայց նախ պէտք է վերադառնալ Սարդարապատ «ելք»-ի ու «ճար»-իրականութեան:
Ցեղասպանութեան դժոխքէն դուրս եկած աւելի քան մէկուկէս միլիոն նահատակ,
Բայց Սարդարապատէն առաջ-վերջ` կայ պատմութեան փորձառութիւնը, որ երբեք կանգ չէ առած, ոչ ալ կանգ առաւ եւ առած է հայուն «ելք»-ի ու «ճար»-ի գոյապայքարը: Հայը իր պատմութեան ճգնաժամային խաչմերուկներուն միշտ ալ որոնած է «ելք»-ի ու «ճար»-ի հնարքները եւ յաջողած է հոն` ուր կրցած է մշակել հաւաքական տեսադաշտը եւ ռազմավարութիւնը իր տագնապներուն…: Մեր պատմութեան մօտիկ անցեալին` 9 մայիս 1992-ին` Արցախեան ազատագրութեան շարժումները եւ Շուշիի ազատագրութիւնը եկան նոյն բանը հաստատելու: Եւ ի՞նչն էր եւ ինչպէ՞ս էր հայուն «ելք»-ի ու «ճար»-ի յաջողութիւնը: Հաւաքական միտքը, տեսադաշտը, կեցուածքը, եւ այս պարագային դարձեալ հաւաքական զէնքը…: Յար եւ նման Սարդարապատի փորձառութեան:
Եթէ պիտի խօսինք լիբանանահայ գաղութի փորձառութեան մասին, զոր ունեցաւ լիբանանեան պատերազմին` 1975-1990-ի ժամանակաշրջանին, եւ այն մասին, թէ գաղութը նաւարկեց ամէնէն դժուար պայմաններուն ստեղծած «թոհ ու բոհին» մէջէն կրնանք ըսել, որ ատիկա ըրաւ, քանի որ կրցաւ կիրարկել հաւաքական տեսադաշտը` իր կուսակցական, միութենական, եկեղեցական ու համայնքային այլազանութիւններուն եւ տարբերակներուն ճամբով` դարձեալ կրկնելով Սարդարապատի փորձառութիւնը:
Բայց այսօր կը շարունակուի տակաւին հայուն «ելք»-ի ու «ճար»-ի գոյապայքարը: Եթէ պայքարին բնագաւառները տարբեր են, բայց խորքը եւ տարողութիւնը` նոյնը…: Այս գործընթացին մէջ նոյնքան այժմէական եւ կարեւոր կը մնայ վերանայիլ հայուն պատմութեան փորձառութենէն դուրս եկած-եկող պարագաներուն իր մշակած ռազմավարութեան…: Արդարեւ, այս ռազմավարութեան յաջողութեան միտք բանին` (ինչպէս իրաւացի էին պատմութեան տարբեր ժամանակներու փորձառութիւնները)` գաղտնիքը այն է, որ հայը մշակեց հաւաքական տեսադաշտ, խտացուց զգաստութեան գործօնները եւ համադրեց օգտագործելի բոլոր «զէնքերը»…:
Եթէ պատմութեան փորձառութիւնը յաճախ կը կրկնուի, բայց կը փոխուին միայն նոյն այդ փորձառութեան ընկերա-քաղաքական եւ մշակութային տուեալները եւ գործօնները…: Հայուն շարունակուող պատմութեան փորձառութիւնն նոյն այս պարունակին մէջ է…: Կրկնուող պատմութիւն եւ անոր առնչուած փորձառութիւններով փոխուող տուեալները: Հայը այս կրկնուող պատմութեան եւ իր փոխուող տուեալներուն մէջէն կրցաւ հասնիլ յաջողութեան գրաւականին, երբ կրցաւ իրականացնել իր ազգային-համազգային ռազմավարութիւնը…: Այս մէկը ըրաւ հիմնուելով հաւաքական տեսադաշտին ու անոր նկատմամբ զգաստ մնալու հրամայականին վրայ:
Հոս արժէ բանալ մէկ այլ փակագիծ:
Հաւաքական տեսադաշտը եւ անոր առնչուած ու առնչուող զգաստութեան գործօնները ճամբայ կը հարթեն «դրական ուժի» իրականութեան… այս ուժն է, որ կ՛անջատէ անհատը եւ հաւաքականութիւնը իր անցեալի ձախողութիւններէն եւ դժկամութիւններէն: Անիկա կը զարգացնէ տեսիլք մը, որ նորութիւններ կը յառաջացնէ հաւաքական տեսադաշտին մէջ, կը համադրէ կարողականութիւնը, եւ կը ստեղծէ ներազգային գիտակցութիւն մը… Դրական ուժը կու տայ կարողականութիւնը գիտակցելու անձին ու հաւաքական արժէքներու` սիրելով զանոնք եւ պահելով անոնց շարունակականութիւնը…: Դրական ուժը առիթը կու տայ մէկ կողմէ ճանչնալու «ուրիշ»-ը, բայց նաեւ գիտակցիլ ինքնութեանդ կանչին եւ կարողականութեանը` գտնելու, պահելու, բայց նաեւ պայքարելու «ելք»-ի ու «ճար»-ի բոլոր հնարքներուն համար:
Սարդարապատի ճակատամարտին հայը յաղթեց, որովհետեւ կրցաւ ստեղծել հաւաքական տեսադաշտ մը, որ ամբարեց «դրական ուժը» (անկախ այդ օրերու տիրող դժուար իրականութիւններէն)` իր պատմութեան տալով նոր սլացք ու ինքնութիւն…: Հայաստանի Առաջին Հանրապետութիւն կերտելու եւ ունենալու իրականութիւն:
Հայուն պատմութեան փորձառութիւնն է այս, ուր հայը իր կեանքի տարբեր փորձառութիւններուն մէջէն տեսաւ «լոյսը» եւ «յոյսը», երբ հաւատաց ու կառչեցաւ հաւաքական տեսադաշտին եւ անոր ստեղծած դրական ուժին վրայ:
Ներկայ օրերուն հայուն մեծ պարտականութիւնն է կառչիլ ու գիտակցիլ պատմութեան փորձառութեան: Եթէ պիտի չմնանք անցեալի պատմութեան մէջ (եւ անպայմանօրէն պէտք չէ, որ մնանք), բայց ներկային պիտի բերենք նոյնինքն այդ պատմութեան «ելք»-ի ու «ճար»-ի տեսլականները…: Պէտք է դասեր քաղել այն դէպքերէն, երբ հայը կրցաւ գիտակցիլ, թէ յաջողութեան գրաւականը հաւաքական տեսադաշտն է, իսկ անոր մղիչ զսպանակը դրական ուժն է:
Եթէ պատմութիւնը ինքզինք կը կրկնէ, եւ այո՛ կը կրկնէ, կը կրկնուի նաեւ հայուն պայքարը` «ելք»-ի ու «ճար»-ի մարտահրաւէրները…: Եւ այս կրկնուող իրավիճակներուն մէջէն` անհրաժեշտ է «կրկնել» հայուն Սարդարապատի (եւ պատմութեան այլ եւ նման իրադարձութիւններուն) կրկնուող ռազմավարութիւնը…:
Ռազմավարութիւն մը, որուն «ելք»-ը հաւաքական տեսադաշտն է, իսկ «ճար»-ը դրական ուժը…: Ասիկա հայուն Մայիսեան պատմութեան կերտուած աւանդն է…:
Սարդարապատի երգին ու բանաստեղծութեան բառերը այսօր նոյնքան իրական են: Հայուն համար «չէ մնացած ելք ու ճար»…, բացի մայիս 1918-ի աւանդը տանիլ պատմութեան նոր գրուող էջերուն մէջ ալ: