Մեթր Պարգեւ Դաւիթեան, «Լուսաբաց», 14 Փետրուար 2015
Հայաստանի ներկայ Երրորդ Հանրապետութիւնը արդի յառաջադէմ մարդկութեան օրէնքներն ու կանոնները որդեգրելով կը նկատուի ապակրօն (secular) պետութիւն մը, որուն մէջ դերերու բաժանումը պետութեան եւ եկեղեցւոյ (separation of church and state) միջեւ պէտք է յստակօրէն իրարու հետ չխառնուին կամ չշփոթուին։ Ամէնքս լաւ գիտենք ասացուածքը, թէ այն ինչ որ Աստուծոյ կը պատկանի` կը տրուի Աստուծոյ, եւ այն ինչ որ կայսրինն է` կը տրուի կայսեր (այսինքն` պետութեան)։
Հայ Սփիւռքի ազգային պետական կառոյցի չգոյութեան պատճառաւ, լաւապէս կը հասկցուի մեր ազգային եկեղեցւոյ դերը գաղութային եւ համայնքային հայ կեանքի կարգաւորման ու կազմաւորման մէջ։ Շատ մը սփիւռքահայ երկիրներու մէջ հայը իր ազգային եկեղեցւոյ շուրջ հաւաքուելով կը գոյատեւէ։

Նոյնը չէ սակայն պարագան հայրենիքի մէջ, ուր հայրենի պետականութեան հովանիին ներքեւ կը կարգաւորուի կեանքը հայաստանցիին, եւ ուր եկեղեցւոյ դերը պէտք է սահմանափակուի ժողովուրդին հոգեկան ու բարոյական կրթութիւն տալու առաքելութեամբ, աղքատախնամ աշխատանք տանելու բարեգործութեամբ։
Սակայն եւ այնպէս, հայրենի իրադարձութեանց հետեւողը ականատես կ’ըլլայ յաճախ պետութեան ներկայացուցիչներու կողքին տեսնելու ներկայութիւնը եկեղեցականներուն, ամէն անգամ որ բանակի շքերթ կը կատարուի կամ ազգային ու մշակութային միջոցառում տեղի կ’ունենայ։ Եկեղեցին կարծէք ձեւով մը կը գործածուի օրինականութիւն եւ հմայք տալու իշխանութեան մը, որ կարիքը կը զգայ այդ տեսակի ամպհովանիի կամ գունաւորումի։
Հասկնալի էր Համազգային Հռչակագրի ընթերցման ատեն տեսնել ներկայութիւնը եկեղեցական ներկայացուցիչներուն, որպէսզի աշխարհի առջեւ հայութիւնը կանգնէր իր ամբողջ տարազով։
Սակայն ինչի՞ կը ծառայէ ՀՀ նախագահի կողքին տեսնել ներկայութիւնը կաթողիկոսին` հայկական բանակի տողանցքին կամ անոր մեծարանքի օրուան կատարուող հանդէսին։ Ինչո՞ւ նախագահին մօտ յաճախ կը նստի հայ եկեղեցւոյ պետը, երբ ազգային կամ մշակութային հանդէսներ տեղի կ’ունենան։ Նոյնիսկ Լիբանանի պէս համայնքային կարգուսարքով կառավարուող երկրի մէջ սովորութիւն չէ երբեք տեսնել ներկայութիւնը կրօնապետերու պետական մարդոց կողքին` ազգային կամ քաղաքական բնոյթ ունեցող տողանցքներու կամ հանդէսներու ընթացքին։ Արդեօ՞ք հայրենի իշխանութիւնը կ’ուզէ ցոյց տալ բոլորին, որ պետական իշխանութեան կողքին կայ նաեւ եկեղեցական ազգային իշխանութիւն։ Բայց չէ՞ որ մենք ընդունած ենք հետեւիլ քաղաքակիրթ մարդկութեան յառաջադէմ օրէնքներուն ու կանոններուն եւ որդեգրած ենք ապակրօն (secular) իշխանաձեւ, որուն մէջ կայ յստակ բաժանում պետութեան եւ եկեղեցւոյ դերերուն միջեւ։
Սխալ չհասկցուինք։ Դարերէն մեզի հասած եւ Արարատի պէս անսասան մնացած մեր ազգային եկեղեցին եղած է ու կը մնայ մեր ժողովուրդի գոյատեւման աղբիւրը եւ զայն պղտորող ձեռքերը թող կապանքի տակ դրուին։ Հայրենի ժողովուրդի խղճալի տնտեսական վիճակին մէջ դեր ունեցող մարդիկ իրաւունք չունին եկեղեցւոյ գմբէթին տակ պատսպարուելու, որպէսզի պատճառ չդառնան որ եկեղեցին իրենց մեղքերով պղծուի ու շաղախուի ժողովուրդին զայրոյթով եւ ատելութեամբ։ Եկեղեցին ալ պէտք չէ իրաւականութեան տարազ հագցնէ այդպիսի մարդոց, որքան ալ բարձր տեղեր նստած ըլլան անոնք։
Հայրենի իշխանութիւնն ու ազգային մայր եկեղեցին կը թուի թէ իրենց գործակցութիւնը լաւ ձեւով կը կիրարկեն Ռուսիոյ մէջ, ուր գոյութիւն ունի արտագաղթի պատճառաւ օրէ օր աւելի մեծ թիւերով աճող հայկական համայնք մը։ Պաղ պատերազմի մը նախանշանները սկսած են յայտնի դառնալ նախկին Արեւելք ու Արեւմուտք կոչուող կողմերուն միջեւ. հաւանական է որ Արեւմուտքի մէջ ապրող հայ համայնքները եւ անոնց լօպիները ձեւով մը սկսին կորսնցնել իրենց ազդեցութիւնը հայանպաստ դիրքորոշում ապահովելու իրենց երկիրներուն մէջ, տրուած ըլլալով որ Հայաստան կը գտնուի Ռուսիոյ ազդեցութեան տակ։
Զօրաւոր ռուսահայ լօպի մը հարկաւոր է, որպէսզի միշտ ստացուի հայանպաստ դիրքորոշում Ռուսաստանի կողմէ։ Աշխատանք պէտք է տարուի, որպէսզի հոն ունենանք ուսեալ եւ արհեստավարժ մարդիկ, որպէսզի իրենց դիրքով եւ վայելած համբաւով ապահովեն Հայաստանի շահն ու անվտանգութիւնը։ Արտագաղթը, որ դժբախտաբար դարձած է բնական երեւոյթ, գոնէ այդպիսով դրական երես թող ունենայ։ Թող չըլլանք Ռուսիոյ մէջ այն ինչ որ եղան թուրքերը Գերմանիոյ մէջ։
Իշխանութիւն-եկեղեցի գործակցութիւնը Հայաստանի մէջ օրհնելի եւ շնորհաւորելի կը նկատուի այն ատեն, երբ կը ծառայէ հայրենի ժողովուրդի տնտեսական ու բարոյական հոգերուն ու կարիքներուն բարելաւման, եւ ոչ թէ կարգ մը մարդոց մենատիրական եւ եկեղեցական շահերուն…։