Կոշտ Զրպարտութիւն

Մարզպետ Մարկոսեան, Լոս Անճելըս, 20 Օգոստոս, 2013

«ԱՍՊԱՐԷԶ»ի Շաբաթ, Օգոստոս 10, 2013-ի թիւին մէջ տպուած է Մհեր Արշակեանի յօդուածը՝ «Որպէսզի Երուսաղէմի Պատրիարքը Չկարողանայ Զրոյացնել Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին» վերնագրով։  Այլ խօսքով ան կ'անդրադառնայ այս օրերուն մեր եկեղեցին յուզող տագնապին ու յատկապէս Երուսաղէմի Պատրիարքին, Ամենապատիւ Տ. Նուրհան Արքեպիսկոպոսի՝ Ամենայն Հայոց կաթողիկոսին ուղուած նամակին։  Յօդուածի առաջին մէկ երրորդը նուիրուած է մեր եկեղեցւոյ ժամանակակից պատմութեան` ետ երթալով մինչեւ Սիսի ու Ախթամարի կաթողիկոսութիւնները։  Թէ ինչպէ՞ս է տեղեակ այս քուէարկութեան մանրամասնութենէն, օրինակ տեսա՞ծ է թէ ոչ, պատրիարքներու քուէաթղթիկները, չենք գիտեր։  Բան չ'ըսեր։  Բայց, յօդուածի գրեթէ սկիզբին, կը քննարկէ վերջին կաթողիկոսական ընտրութիւնը՝ ըսելու թէ Երուսաղէմի ու Պոլսոյ պատրիարքները «պաշտպանում էին Ներսէս Արք. Պօզապալեանի թեկնացութիւնը» եւ որպէսզի վստահ ըլլայ ընթերցողը թէ ի՛նչ կ'ուզէ ըսել, կը շարունակէ «սփիւռքահայերը պաշտպանում էին սփիւռքահային»։  Այս նախադասութիւնն է «կոշտ զրպարտութիւն»ը, որովհետեւ յօդուածագիրը սեպ կը փորձէ խրել մեր ժողովրդի երկու հատուածներուն միջեւ։  Թէ ինչո՞ւ այս միջոցին է դիմած, չենք գիտեր, բայց թէ եղածը անհարկի, անտեղի սադրիչ զրպարտութիւն մըն է՝ անկասկած։ 

Եկեղեցւոյ հեղինակութեան հանդէպ բծախնդրութիւն ցոյց տուող հեղինակը պարզապէս ինքզինք կը հակասէ եւ շատ շուտ գոյնը… կը նետէ։  Եթէ «սփիւռքահայերը պաշտպանում էին սփիւռքահային» ապա կրնա՞յ բացատրել թէ ինչպէ՞ս պատահեցաւ որ հոգելոյս Գարեգին Ա. Յովեփեանց Հայրապետը Կիլիկիոյ Աթոռին հայրապետ ընտրուեցաւ կամ ինչպէ՞ս բացատրել Խրիմեան Հայրիկին յաջորդող կաթողիկոսները՝ Գէորգ Ե., Խորէն Ա. Մուրատբէկեան, Գէորգ Զ. հայրապետներու ընտրութիւնները, ըսե՞լ է պէտք ըստ իրեն թէ «հայաստանցիները հայաստանցի ընտրեցին»։  Ծիծաղելի յիմարութիւն պիտի չըլլա՞ր նման հաստատում մը ճիշդ այնպէս, ինչպէս է վերը մէջբերուածը։ 

Գալով աւելի մեր օրերուն, նման յիմարութիւն մը տեղի ունեցաւ քանի մը տարի առաջ փրոթոքոլներու հարցով երբ գոնէ մէկ հայրենի թերթ հարկ տեսաւ ըսելու թէ «սփիւռքահայերը պէտք չէ իրենց քիթը կոխեն Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքականութեան մէջ»։  Երկու պարագային ալ մենք՝ «սփիւռքահայերը» մեր իրաւունքի սահմաններուն մէջն էինք՝ աւելի քան պարզ հետաքրքրութիւն, որովհետեւ փրոթոքոլները ուղղակիօրէն կապ ունէին եւ ունին ցեղասպանութեան ու անոր յաջորդելիք հատուցումներուն հետ, իսկ կաթողիկոսին տրուած տիտղոսը «Ամենայն Հայոց» կը պարտադրէ Սփիւռքը ընդունելու անոր հեղինակութիւնն ու օրհնութիւնը, բացի այն պարագայէն, երբ մենք, սփիւռքի հայերս հայեր… չենք, ու չենք մտներ «Ամենայն»ի հասկացողութենէն ներս։

Դրական երեւոյթ մըն է անշուշտ որ Պրն. Արշակեան ետ չէ գացած այնքան մը որ հասնէր… «աղբարներու» ժամանակներուն։  Բայց յուսախաբ պէտք չէ ըլլանք՝ Արշակեան մը ինչպէս ալ ըլլայ տեղէ մը կը բուսնի այդ պարապը լեցնելու համար։

Յօդուածին մէջ իրապէս այլանդակ հակազդեցութեան մը յիշատակումը կայ՝ Ամենապատիւ պատրիարքը չէզոքացնելու, թէ «…դաւադրութիւններ կարող են արտայայտուել միայն ֆիզիքական հաշուեյարդարով, որին Գարեգին Բ.ն չի գնայ»։  Եթէ այս նախադասութիւնը պարզ հայերէնի վերածենք, ըսել ուզուածը կ'ըլլայ Երուսաղէմի դաւադրութիւնները կրնան յանգիլ պատրիարքին սպաննութեան, ճիշդ հասկցած կ'ըլլանք եւ անսահման ուրախ ենք իր հաւաստիացումով թէ «Գարեգին Բ.ն չի գնայ» այդ ուղղութեամբ։  Այլ խօսքով, բոլոր այն «յանցանքներուն» վրայ, որոնք կը վերագրուին կաթողիկոսին, ոճրագործութիւն ե՞ւս պէտք է աւելցնել։  Ինչպէս Պուրճ Համմուտի մէջ կ'ըսեն, «վալլահի պրա՛ւօ»։

Բարեբախտաբար հեղինակը կը վերագտնէ իր տրամաբանելու բնական կարողութիւնը յօդուածի վերջին վեց-սանթիմեթր լայնքով սիւնակին վերջին տասնըութը (18) տողին մէջ, երբ կը հաստատէ «ան [կաթողիկոսը] կորցրել է բարոյական բոլոր յենարանները» եւ կը շարէ բոլոր այն ամբաստանութիւնները որոնք կ'ըլլան կաթողիկոսի հասցէին՝ Հայաստանի մէջ եւ լուծումը թէ «Գարեգին Բ.ի համար միակ իրական տարբերակը մնում է մաքրագուրծուել հէնց Հայաստանի ներսում»։  Այս հեռանկարային առաջարկին հետ կարելի չէ չհամաձայնիլ միեւնոյն ատեն պահանջելով որ սփիւռքի մէջ զինք, կաթողիկոսը, խնկարկողներու գումարտակները չփորձուին զինք չքմեղացնել ու անոր վերագրել «ազգային, եկեղեցւոյ գերագոյն շահերու պաշտպանի» դեր եւ թէ այդ շահերը ինչպէս կը վնասուին, եթէ կաթողիկոսը ստիպուի կամ ստիպեն հրաժարիլ։  Որովհետեւ բոլոր այդպիսի… «պատկեր»ներուն,  ըլլան վեղարակիր կամ անվեղար, պէտք է յիշեցնել՝ եթէ մինչեւ հիմա չեն անդրադարձած, թէ մեր լուսաւորչահիմն եկեղեցին այնքան ամուր է ու հաստատ որ պատահական որեւէ կղերական, քահանայէն մինչեւ կաթողիկոս, ի վիճակի չէ քանդելու մեր հաւատքի կրանիտեայ անձեռակերտ Տաղաւարը՝ մե՛ր Եկեղեցին։  Այս անառարկելի հաստատումը երբեք պէտք չէ մոռցուի ոեւէ մէկուն կողմէ, ով որ ալ ըլլայ եւ որքան ալ վճարուի տուեալ անհատ մը հակառակը փաստել ջանալու համար։  Բոլորը ա՛յս էր որ Երուսաղէմի Ամենապատիւ Պատրիարքը կը ջանար ըսել, կ'ըսէր, զգուշացնելու համար կաթողիկոսը, իր պատմական նամակին մէջ եւ որուն միտք բանին խուսափած ըլլալ կը թուի Պրն. Արշակեանէն։

You May Also Like