Կոչ՝ Ընդառաջ Ցեղասպանութեան 100-րդ Տարելիցին

Թանկագին հայրենակիցներ,

Համայն հայ ժողովուրդը  Հայաստանի, Արցախի եւ Սփիւռքի տարածքին կը գտնուի անպատիժ մնացած հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի սեմին: Հարիւրամեակէ մը իվեր, ամէն հայ իր սիրտին խորը զգացեր է անջնջելի վիշտն ու ցաւը  իր ժողովուրդին կրած հողային, մարդկային ու մշակութային անհաշուելի կորուստին: Ոչ մէկ հայ ընտանիքի խնայուած է  այդ ահաւոր   ճակատագիրը:

Ձեզի ծանօթ է Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի Գանատայի Յանձնախումբին զեկոյցը: Այնտեղ յիշուած են շարք մը ձեռնարկներ քաղաքական, մշակութային, պատմական, դաստիարակչական, հրատարակչական եւ երիտասարդական բովանդակութեամբ: Իւրաքանչիւր հայագաղութ իր սեփական միջոցներով ու մարդուժով, մշակութային թէ տնտեսական անկախ միջոցներու ներդրումներով պիտի իրագործէ 100-ամեակի  նախածրագրեալ իր հանդիսութիւնները: Թորոնթոյի եւ Մոնրէալի յանձնախումբերը կը ներկայացնեն Գանատայի հայկական գաղութը, որ իր հերթին մաս կը կազմէ Երեւանի մէջ կազմուած Հայոց Ցեղասպանութեան Կեդրոնական Յանձնախումբին.

Տնտեսական Յանձնախումբս պարտք կը զգայ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊԵԼ ԵՒ ԻՐԱԳՈՐԾԵԼ 100-ամեակի ծիրէն ներս  կատարուելիք հանգանակութիւնը, որուն հասոյթով պիտի հաւասարակշռուին մեծագումար ծախսերը Յանձնախումբին ստանձնած պարտաւորութիւններուն յառաջիկայ 18 ամիսներու ընթացքին:

Այսու  բացուած կը յայտարարենք 100-ամեակի Հանգանակութիւնը: Սրտագին կոչ կ՝ուղղենք ամբողջ գանատահայութեան, անխտիր   ԼԻԱՍԻՐՏ մասնակցելու սոյն հանգանակութեան, որպէսզի  միասնաբար լաւագոյնս կատարենք մեր ազգային արժանապատուութիւնը խորհրդանշող անյետաձգելի այս պարտականութիւնը: Աւարտին, Յանձնախումբս, ԳԻՏԱԿԻՑ ՅԱՆՁՆԱՌՈՒԹԵԱՄԲ ԵՒ ՊԱՏԱՍԽԱ-ՆԱՏՈՒՈՒԹԵԱՄԲ  հանրութեան պիտի  ներկայացնէ իր նիւթական գործունէութեան հաշուեկշիռն ու ցանկը նուիրատուներուն՝ ստացուած գումարներու:

Ի դիմաց

ՀԱՆԳԱՆԱԿԻՉ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲ

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ 100-ԱՄԵԱԿԻ

Ա. Չատըրճեան                                          Մ. Գարագաշեան
 Գանձապահ                                                    Ատենապետ

14/8/2014

1 comment
  1. Այդ միտումը շատ ողջունելի

    Այդ միտումը շատ ողջունելի է:
     
Comments are closed.

You May Also Like