Պարոյր Աղպաշեան, Պէյրութ, 23 Մայիս 2011

Հայաստան երբ իր անկախութիւնը ստացաւ, հակառակ իր կանխահաս «ծննդաբեր»ութեան, նաեւ՝ «անչափահաս»ութեան, առաւել՝ «անփորձ»ութեան, սփիւռքահայ մանր թէ մեծ գործարարներու պատկառելի թիւ մը փութաց հոն՝ առեւտուր ընելու, տնտեսութիւն հաստատելու, ձեռնարկութիւն հիմնելու, մէկ խօսքով՝ գործ ընելու:
Պարոյր Աղպաշեան, Պէյրութ, 23 Մայիս 2011



Հայաստան երբ իր անկախութիւնը ստացաւ, հակառակ իր կանխահաս «ծննդաբեր»ութեան, նաեւ՝ «անչափահաս»ութեան, առաւել՝ «անփորձ»ութեան, սփիւռքահայ մանր թէ մեծ գործարարներու պատկառելի թիւ մը փութաց հոն՝ առեւտուր ընելու, տնտեսութիւն հաստատելու, ձեռնարկութիւն հիմնելու, մէկ խօսքով՝ գործ ընելու:
Դժուար տարիներ էին, մէկ կողմէն՝ լոյսի, վառելանիւթի ու հաղորդակցութեան աննախընթաց տագնապներ, միւս կողմէն՝ նոր պայմաններու, մթնոլորտներու, եւ իրավիճակներու աննախատեսելի դրուածքներ, այդուհանդերձ, սփիւռքահայեր չվարանեցան ծրագիրներ մշակելու ու ներդրումներ կատարելու, թէ՛ նոր շուկայ մը գտնելու յաւակնութեամբ, թէ՛ հայրենի աշխարհին օգտակար ըլլալու պատրաստակամութեամբ:
Բայց, արդեօ՞ք անոնք հասան իրենց նպատակին, արժանացան ընդունելութեան կամ դիւրութիւններ ընծայուեցան:
Հարցումին պատասխանը, միանշանակ, ժխտական է:
Տխուր օրինակները շա՜տ են, սակայն, ատոնց պատճառը չկարծուի թէ միայն այդ օրերուն տիրող անհանդուրժելի պայմաններն էին կամ ձեռնհասներու պակասը, ո՛չ, այլ՝ մեղմ ըսած, անպարկեշտ վերաբերմունքներն ու բիրտ միջոցները, որոնք ցուցաբերուեցան դուրսէն եկած դրամագլուխներուն ու դրամատէրերուն նկատմամբ:
Ո՞վ կրնար դիմանալ յարաբերութիւններու «անապահովութեան եւ անորոշութեան» գործօններուն ու պարագլուխներուն, որոնք դամոկլեան թուրէն աւելի ուժգնութեամբ ու սրութեամբ կը կախուէին անոնց գլուխն ի վար:
Երկրորդ նախագահութեան շրջանին, երբ աջ ու ահեակ խոստումներ կը շռայլուէին հանգստաւէտ պայմաններու, աշխատանքային եռուզեռի, ապահովական միջոցառումներու ու սփիւռքահայ գործարարներու հրաւէրին մասին, կացութիւնը շատ աւելի ծանրակշիռ դարձաւ, մանաւանդ դուրսէն ԳՈՐԾ ընողներու նկատմամբ:
Փաստ է, որ աշխատանքային ձեռնարկներով խանդավառուողներու թիւը զգալապէս նուազեցաւ, որովհետեւ ոչ պայմանները, ոչ ալ միջոցնրը հանդուրժելի էին, այլեւ՝ կաշառակերական ու սպառնական վիճակները տիրական:
Ընդվզումի ու բողոքի ձայները հասան մինչեւ վերին մարմիններուն, պալատական իշխանաւորներուն, սակայն, անոնք ոչինչ ըրին (կամ չկրցա՞ն), թերեւս այն պատճառով որ «կոռոպցիա»ն ուժգնօրէն արմատ նետած է ու դարձած էր սովորական–արմատացած երեւոյթ:
Կը պատմուի (իսկ ասիկա առասպել չէ), արտասահմանցի մեծ ներդնող–գործատէր մը, երբ տնտեսական մեծ ծրագիրի մը շինութեան գաղափարը ներկայացուցած է, բայց մտահոգութիւն յայտնելով հոս ու հոն, պաշտօնական–անպաշտօն արկածախնդիրներու «զոհ»ը դառնալէն, գերպատասխանատո՜ւ մը, «գիւտ» մը ըրած է, ըսելով թէ այդ գործը կը յաջողի եւ ինք անվնաս դուրս կու գայ, պայմանաւ որ իր տրամադրութեան տակ դրուի մեծկակ գումար մը (ոչ իրեն համար, այլ) գոհացնելու այդ «տուզ»երը («զայիմ»ները):
Ընդունելի թէ ոչ, պախարակելի թէ ոչ, ասիկա էր իրականութիւնը, տխո՛ւր իրականութիւնը, որուն պատճառով, բազմաթիւ (գէթ լիբանանցի) գործատէրեր խուսափեցան Հայաստանի մէջ գործ ընելէն:
Խուսանաւելու պէտք չկայ, ոչ ալ խուսափելու այս իրականութենէն, երբ ասիկա գո՛յ է, թէեւ կան նաեւ այնպիսիներ, որոնք յաջողած են ու կը շարունակեն հոն գործել, սակայն, պէտք չէ ծածկել, որ շատեր իրենց վստահութիւնը կորսնցուցած են ու ապահովութիւն չունին Հայաստանի մէջ ներդրում կատարելու:
Այս արագ, բայց պարտադրեալ խորհրդածութիւնը ունեցանք, երբ վերջերս կարդացինք Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի մէկ յայտարարութիւնը, որով կոչ կ՝ուղղէր սփիւռքահայ գործարարներուն ներդրում կատարելու Հայաստանի մէջ:
Թերեւս այդքան ալ կարեւորութիւն չտրուէր այդ կոչին, եթէ հոն չհանդիպէինք հետեւեալին.
«Ցաւօք, մեր սփիւռքահայ քոյրերի եւ եղբայրների մեծ մասը ԹԻՒՐ (ընդգծումը՝ Պ.Ա.)կարծիք ունի, որ չի կարելի հայրենիքում պիզնես ունենալ, դրամ վաստակել»:
Այսինքն, ինչո՞ ւ սփիւռքահայը «թիւր» կարծիք պիտի ունենայ, երբ որ «փորձ»ը ցոյց տուած է իր մորթին վրայ զգացածը:
Ա՞յս է «սառոյցը կոտրելու» ձեւը կամ մօտեցումը, սփիւռքահայը «ամբաստանել»ով թիւր կարծիք ունենալու հայրենիքի մէջ պիզնես կատարելու մասին: Աւելի լաւ պիտի չըլլա՞ր, որ Պրն. նախագահը այս թղթածրարը լրիւ բանար, մանաւանդ որ՝ ով–ով, գոնէ ինք ամէնէն աւելի ծանօթ պէտք է ըլլայ անոր:
Վերջին հաշուով, ո՞վ պիտի չուզէր որ սփիւռքահայը գործ ընէր Հայաստանի մէջ, դրամ վաստակէր, ապրէր ու ապրեցնէր, պաշտօնեաներու ցանցով, ներածութիւններու ու արտադրողութիւններու բերքով:
Պրն. նախագահը պէտք է գիտնայ, որ սփիւռքահայը շատ լաւ գիտէ հայրենիքի մէջ գործարարութեամբ զբաղուիլը ոչ միայն օգտակար է, այլեւ՝ իրեն համար հայրենական–հայրենակերտական–հայրենասիրական վսեմ եւ անփոխարինելի պարտականութիւն մըն է. հետեւաբար, եթէ կայ «սխալ մօտեցում», ինչպէս որ կ՝ըսէ, ատիկա պէտք է փնտռել ուրիշ տեղ եւ ինք շատ լաւ գիտէ՝ ո՛ւր:
Ասկէ առաջ, բազմաթիւ առիթներով գրած էինք, թէ Հայաստանի իշխանութիւնները պէտք է «բանալի»ն գտնեն թէ՛ հայաստանցիներուն, թէ՛ սփիւռքահայերուն վստահութիւնը շահելու արուեստին:
Եթէ ասիկա չկայ կամ կը բացակայի, կը նշանակէ թէ ամէն ինչ զուր ու փուճ է, նոյնիսկ նախագահական մակարդակով «կոչ»երը ոչինչ կը նշանակեն, այնքան ատեն որ «պոչ»իկները կը շարունակեն աւերներ գործել, սարսափի պահեր ստեղծել ու սպառնալիքներ սփռել:
Հետեւաբար, լաւ կ՝ըլլայ որ «թիւր» կարծիքները փնտռուին այլուր: