Կոչ Հայ Բժիշկներուն Համացանցի Խնդրանքով

Համագումար Նուիրուած
Միջերկրականեան Ընտանեկան Ջերմութեան-(Տենդին)

Տոքթ. Րաֆֆի Պետիկեան, Տրեստըն, Գերմանիայ, 4 Հոկտեմբեր 2015

Սեպտեմբեր 30 – Հոկտեմբեր 3-ի ընթացքին արեւելեան Գերմանիոյ գեղեցիկ Տրեստըն քաղաքին մէջ տեղի ունեցաւ համաշխարհային բժշկական համամագումարը Միջերկրականեան ընտանեկան ջերմութեան-(տենդին) նուիրուած, ծանօթ որպէս "հայկական հիւադութիւն" կամ "Երեւանեան տենդ" անուններով:

Գիտաժողովին մասնակից էին հարիւրաւոր բժիշկներ ու գիտնականներ: Իսրայել եւ Թուրքիա ստուար թիւով ներկայացան, իսկ Հայաստանի պատուոիրակութիւնը կ'ընդգրկէր տասը անդամ: Կային նաեւ մասնակիցներ Արաբական երկիրներէն, Յունաստանէն, Իտալիայէն, Ֆրանսայէն, Հոլլանտայէն, Գերմանիայէն, Ամերիկայի Միացեալ նահանգներէն, Ճափոնէն ու Չինաստանէն:

Սփիւռքը նաեւ անմասն չէր. Կիպրոսէն՝ Տոքթ. Վահագն Ադամեան եւ Գերմանիայէն ես՝ որպէս մանկաբոյժ, ներկայացանք:

Հայաստանի պատուիրակութիւնը ելոյթ ունեցաւ երկու նեղ մասնագիտական դասախօսութիւններով: Գրիգոր Առաքելով ներկայացուց Molecular modeling of complete tertiary structure of  pyrin and influence of mutations on it, իսկ Աննա Սարգսեան՝ Pulmonary hypertension in familial Mediterranean fever-consequence or coincidence. ան նմանապէս ներկայացուց երեք ազդատախտակներ (փոսթըրներ) – տեսնել ընկերացող նկարը:

Մեր փափաքն է այս հարցով զբաղուող հայ բժիշներու եւ նաեւ հիւանդներու ցանց մը ստեղծել:

Շնորհալութիւն Ձեր ուշադրութեան համար:

You May Also Like
Read More

Ի՞նչպիսի Ազգ Ենք

Յարութ Տէր Դաւիթեան, Լոս Անճելըս, 15 Սեպտեմբեր 2012   Ազգերու պատմութեան մէջ կը պատահին դէպքեր, որոնք անկիւնադարձային նշանակութիւն…
Read More
Read More

Ո՞վ է Հայը…

Երվանդ Խոսրովյան, Եվրոպայի հայերի համագումար, 26 հոկտեմբեր 2010 Վերջին օրերին նորից այն հին նվագն է նվագվում, թե ով…
Read More