Կորո՞ւստ, թե Կողոպուտ

Հեղինակ՝ Ոսկան Մխիթարեան, Hetq.am 12 Դեկտեմբեր 2009

Լիբանանի աշակերտական տարիներէս ի վեր յաճախակի առիթներ եւ բախտաւորութիւնը ունեցեր եմ Մխիթարեան Միաբանութեան եւ անոր վաստակաւոր միաբաններուն հետ կապ եւ բարեկամութիւն հաստատելու, ինչպէս օրինակի համար լուսահոգի եւ ամէնքէն գնահատուած Հայր Աւետիք Վրդ. Թալաթինեանի եւ իր անբաժանելի գործակից ու միաբանակից Հայր Արիստակէս Վրդ. Մանուկեանի հետ։

Հեղինակ՝ Ոսկան Մխիթարեան, Hetq.am 12 Դեկտեմբեր 2009

Լիբանանի աշակերտական տարիներէս ի վեր յաճախակի առիթներ եւ բախտաւորութիւնը ունեցեր եմ Մխիթարեան Միաբանութեան եւ անոր վաստակաւոր միաբաններուն հետ կապ եւ բարեկամութիւն հաստատելու, ինչպէս օրինակի համար լուսահոգի եւ ամէնքէն գնահատուած Հայր Աւետիք Վրդ. Թալաթինեանի եւ իր անբաժանելի գործակից ու միաբանակից Հայր Արիստակէս Վրդ. Մանուկեանի հետ։

Այս վարդապետները իրենց կեանքով եւ գործունէութեամբ ոչ միայն անբասիր կղերականի վկայութիւն մը տուած են միջին արեւելքի մեր համայնքներուն, այլ յաջողած են մինչեւ իսկ խոր համակրանք մը ստեղծել նաեւ տարբեր տարիքի, կրօնական համոզումի եւ պատկանելիութեան անձերու մէջ անխտիր։ Պարզ է ուրեմն, ինչպէս արդէն նշած էի նախորդ յօդուածիս մէջ, որ իմ կապերս Մխիթարեան հաստատութեան եւ անհատ միաբաններու հետ երկար տարիներու պատմութիւն մըն է, հարուստ՝ կեանքի զանազան տեսակի փորձառութիւններով։

Գալով Լոս Անճելըսի Մխիթարեան վարժարանի հետ գործակցութեանս՝ ան սկիզբ առած է երբ 2008 Ապրիլ 2-ին ընդառաջելով Հ. Դաւիթ Վրդ. Ղազարեանի առաջարկին, կը ստանձնէի Վարժարանի տնօրէնութեան պատասխանատուութիւնը, որ դիմացս կը պարզէր կրթական, տնտեսական, կազմակերպչական եւ նաեւ վարկի լուրջ դժուարութիւններ։

Սոյն մտահոգիչ կացութիւնը որու մէջ կը գտնուէր Մխիթարեան վարժարանը արդիւնքն էր ներքին բախումներու, որոնց գլխաւոր դերակատարներ էին՝ առաջին, Հայր Եղիա Քիլաղպեան, որ անխոհեմօրէն դատ բացած էր դպրոցին դէմ եւ երկրորդ, Հայր Դաւիթ Ղազարեան, որ վստահելով փաստաբան Դերենիկ Քուչաքճեանին (այս վերջինը ապահոված էր նաեւ իր Ամերիկա կեցութեան փաստաթուղթերը), ասպարէզ կարդացած էր եւ հակամարտած իր Աբբահօր եւ միաբանութեան դէմ: Այս դաւաճանութիւնը ինքնին բաւական էր որ Հայր Դաւիթ Ղազարեան արտաքսուէր իր Միաբանութենէն:

Վերոյիշեալ դատերու պատճառով ո՛չ միայն վարժարանը ծանրօրէն տուժած էր աշակերտներու թիւի տեսակէտէն, հասած սնանկութեան սեմին, այլ մինչեւ իսկ ընթացքի մէջ մտած էր Հայր Դաւիթ Ղազարեանի միաբանական կարգէն արտաքսումի կանոնական գործընթացը։

Այստեղ մեր առջեւ կը պարզուին կարեւոր հարցեր, որոնք ժամանակին պէտք էր ՝ Հայր Եղիա Քիլաղպեան Աբբահայրը մտահոգած ըլլային, որովհետեւ այս հարցերու հանդէպ իր անտարբերութիւնը, բարոյականէն անդին՝ նիւթական մեծ կորուստներու մատնած էին դպրոցը, հաստատութիւն մը որ ի վերջոյ կը պատկանէր միաբանութեան:

Նիւթական կորուստ. Հինգ տարիներու ընթացքին 2003-էն մինչեւ 2008 թուական, Վարժարանը կորսնցուցած է աւելի քան ՄԷԿ ՄԻԼԻՈՆ ՏՈԼԱՐ:

Ահաւասիկ հաշուապահական փաստացի իրողութիւն մը որուն համար Հայր Եղիա Քիլաղպեան ոչ մէկ հաշիւ պահանջած է մինչեւ այսօր Հայր Դաւիթէն, ո՛չ գրաւոր եւ ոչ ալ բերանացի։ Նման կորուստի պարագային կարելի՞ էր անտարբեր մնալ եթէ անոր ետին թաքուն հաշիւներ չըլլային եւ կամ արդեօք չափազանցա՞ծ պիտի ըլլայինք եթէ յայտարարէինք որ լռելը մեղսակցութիւն կ՚ենթադրէր:

Ինչպէ՞ս կրնայ ըլլալ որ այսքան հսկայական նիւթական կորուստի դիմաց Աբբահայր մը հոգեպէս չալեկոծուէր եւ չփոթորկէր, երբ անդին միաբան եղբայրներ տնտեսական ծանր վիճակի մէջ կը գտնուէին։

Այս կորուստներու եւ մսխումներու շարքին են նաեւ, այն բոլոր յաւելեալ եկամուտները որոնք կարելի պիտի ըլլային ապահովել եթէ արդարօրէն վարձու տրուած ըլլային դպրոցապատկան կալուածները, որոնք կը գտնուէին դպրոցի անմիջական շրջափակէն ներս:

Տարիներու ընթացքին այս բոլորին հանդէպ անհոգ վերաբերումով, փակուեցան աչքերը Հ. Եղիա Քիլաղպեան Աբբահօր, եւ առիթ տրուեցաւ Հ. Դաւիթ Ղազարեանին շարունակելու իր վնասաբեր գործունէութիւնները:

Այս իրողութեան իրազեկ ըլլալէ ետք, վերջին մէկ ու կէս տարիներու ընթացքին, թախանձագին խնդրած էի աբբահօրմէ որ այսուհետեւ դադրէին անպատասխանատու զանցառութիւնները, եւ թելադրած էի թէ ինչպէս կրնայինք սրբագրած ըլլալ անցեալի սխալները յօգուտ Վարժարանի վերելքին։Դժբախտաբար Հայր Եղիա Աբբահայրը, բառին բուն իմաստով, զիս եւ Հայր Օգոստինոոսը, խաբելով կ՚օրօրէր, եւ այսօր վաղը ըսելով ո՛չ մէկ գործնական քայլ կ՚առնէր:

Եթէ դուք ըլլայիք մեր տեղը, ի՞նչ պիտի մտածէիք արդեօք: Կրնա՞յ ըլլալ որ արդարամիտ մէկը, որ իսկապէս մտահոգուած ըլլայ վարժարանին ապագայով, նման անտարբերութիւն ցոյց տայ այսքան հսկայ խախտումներու եւ սայթաքումներու նկատմամբ:

Հետեւաբար, այս բոլորը մեզի ենթադրել կու տան, որ անցեալի հակամարտ ուժեր, քով քովի եկած, թաքուն ծրագիրներ կ՚որոճան ի հեճուկս հայ մանուկի հայեցի դաստիարակութեան: Ի վերջոյ այդքան վնասներէ ետք, ինչպէ՞ս կարելի էր կրկնակի ձախողած անձ մը ետ բերել եւ Վարժարանը յանձնել ստոյգ անորոշութեան, եթէ Աբբահայրը չունենար այլ յետին նպատակներ, որովհետեւ իր այս անխոհեմ ընթացքը միայն կրնար արագացնել վարժարանին փակումը, բան մը որ տարիներէ ի վեր կ՚երազէր եւ ահաւասիկ, լաւագոյն առիթը կը ներկայանար իրեն:

Բարոյական կորուստ. Մտահոգիչ կացութիւնը որու մէջ կը գտնուէր Մխիթարեան վարժարանը մասամբ արդիւնքն էր նաեւ տնտեսական-դատական ներքին բախումներուն, որ գրեթէ երեք տարի ծանրօրէն հակադրութեան մէջ դրած էին Միաբանութեան ընդհանուր եւ կեդրոնական վարչութիւնը եւ մատակարարութիւնը մէկ կողմէն՝ իսկ միւս կողմէն վարժարանին տեղական իշխանութիւնները՝ մասնաւորապէս յանձին Հ. Դաւիթ Վրդ. Ղազարեանի։

Տխրահռչակ եւ միջ-միաբանական այս պայքարները որ անշուշտ հակառակ էին մեզի ծանօթ Մխիթարեան համերաշխութեան եւ միութեան գաղափարականներուն, բարեբախտաբար կանգ առած էին 2006 թուականին, աւելի՝ երկուստեք ծանր կորուստներու առաջքն առնելու շարժառիթով՝ քան թէ բարոյական արժէքներու ստիպողութենէն մղուած։

Բայց կը կարծէ՞ք որ կիրքերը հանդարտած ըլլային դատական մարտահրաւէրներու կասեցումով. անշուշտ ոչ։

Յուլիս 2008 թուականէն սկսեալ, Մխիթարեան Միաբանութիւնը զրկուած է իր ինքնավարութենէն եւ օրինական ու սահմանադրական կարգերէն։ Հետեւաբար, ներկայիս որոշ վճիռներ Մխիթարեան առաքելութեան եւ կեդրոններուն վերաբերող՝ սկսած են արդէն կասկած արթնցնել շատերու մէջ եւ զանազան երկիրներէ ներս, ըլլա՛յ Հայաստան, ըլլա՛յ սփիւռք, թէ՝ Վատիկանի միջամտութեան գլխաւոր նպատակը եւ ուղղութիւնը կը հանդիսանայ ոչ այնքան Միաբանութեան դժուարութիւններու աջակցութիւնը ապահովել, որքան հսկել անոր «կալուածներու եւ գոյքերու լուծարքի» գործընթացին։

Սնանկութիւնը կը շարունակուի։Այստեղ չեն դադրիր Հ. Եղիա Աբբահօր «հերոսութիւնները». կան նաեւ աւելի լուրջ դէպքեր որոնք պատահեցան վերջին տարիներուն (2000 թուականէն մինչեւ մեր օրերը), որոնց մասին կարդացինք Հայ եւ օտար մամուլի էջերուն մէջ:

Անձնապէս ալ առիթ ունեցած եմ կապ հաստատելու վերոյիշեալ գողութիւններու վերաբերող հայ ծագում ունեցող Մխիթարեան Միաբանութեան դատը պաշտպանող փաստաբանին հետ։ Դժբախտաբար շատ ցաւալի ու մտահոգիչ տպաւորութիւններ փոխանցուած են ինծի այս մասնագէտ-փաստաբանին կողմէ որ խորապէս հիասթափ մնացած է Մխիթարեան Միաբանութեան ղեկավարներու անփութկոտ կեցուածքէն նկատմամբ իրենց իսկ վերաբերող կենսական դատերուն։

Ամէնուս ծանօթ է Մխիթարեան վարդապետներուն թէ անցեալի եւ թէ ինչու չէ ներկայի մեծամասնութեան անբասիր կղերականի եւ յատկապէս մշակութային արժէքներու հանդէպ ունեցած անվերապահ հոգածութիւնը որ գրեթէ պաշտամունքի ձեւ կ՚առնէ։

Հետեւաբար փոքրամասնութիւն կազմող եւ յատկապէս ղեկավար դիրքի կանչուած կամ ինքզինքնին պարտադրած անձեր իրենց անպատասխանատու գործընթացով կրնան ոչ միայն ծանր գայթակղութեան եւ անվստահութեան առիթ ընծայել դարաւոր պաշտելի Միաբանութեան մը գործունէութեան մասին այլ կրնան մինչեւ իսկ նսեմացնել անոր մեծ տիտաններուն արեւանման փայլքը. «Վա՜յ քեզի քաղաք որ թագաւորդ մանուկ է»։

Հաստատութեան մը մեծութիւնը եւ բարգաւաճումը կը կայանայ անոր արժանիքի վրայ հիմնուած դրութեան վրայ։ Պետութիւն մը, եկեղեցի մը կամ որեւէ տեսակի կառոյց մը եթէ ինզինքը սրբագրելու կարելիութենէն զուրկ ըլլայ ոչ միայն կը դադրի յառաջադիմելէ այլ ապահովաբար եւ անխուսախելիօրէն կը դատապարտուի կործանումի։

Եթէ ղեկավար մը չկանչուի ստանձնելու իր իշխանութեան համեմատ պատասխանատուութիւնը, ան թէ՛ անկման կ՚առաջնորդէ իրեն յանձնուած հաստատութիւնը եւ թէ՛ կ՚ոչնչացնէ միեւնոյն կառոյցին վարկն ու վստահելիութիւնը։

Ուշադրութեամբ քննելով եւ թափանցելով Մխիթարեան Վարժարանին դէպքերը կ՚անդրադառնանք որ չկայ մէկը որ հաշիւ պահանջէ Մխիթարեան ղեկավարութենէն եւ հատուցման հրաւիրէ զիրենք ըստ արժանւոյն։

Հետեւաբար դաշտը բոլորովին անտէր մնացած կը թուի ըլլալ ուր կը վխտան անհամար մակաբոյծ մեղսակիցներ։

Ցաւ ի սիրտ սակայն միւս կողմէն կը տեսնենք թէ ինչպէս շատ աւելի մեծ թիւով արդարամիտ եւ պարկեշտ անձեր, ըլլան անոնք վանականներ կամ անոնց համամիտ աշխարհականներ, զոհ կ՚երթան նկարագրուած անարդարութիւններուն, կեղեքումներուն, բռնութիւններուն եւ ինչպէս առածը կ՚ըսէ, «Թացերն ալ չորերուն հետ կ՛այրին անարդարօրէն»:

———————-

Ո՞վ պիտի պահանջէ

Հեղինակ՝ Ոսկան Մխիթարեան, Hetq.am 27 Յունուար 2010
Ինչպէս յայտնած էի իմ նախորդ յօդուածիս մէջ թէ, եթէ ընդհանուր ակնարկ մը նետելու ըլլանք Մխիթարեան Միաբանութեան ընդհանուր կեանքէն ներս, կ՚անդրադառնանք որ չկայ մէկը, որ հաշիւ պահանջէ Մխիթարեան ղեկավարութենէն, ուր այսօր խնդրոյ առարկայ են Հայ ժողովուրդի դարաւոր գանձերը, որոնց պաշտպանութեան համար հաշուետու է նոյն ինքն Մխիթարեան Միաբանութեան ղեկավարութիւնը:

Անմիջապէս միտքս կու գայ վաթսունական թուականներուն Երուսաղէմի Սրբոց Յակոբեանց Միաբանութենէն գողցուած Ձեռագիրներու վաճառքի անմոռանալի դէպքերը, Անգլիական Sotheby աճուրդի հաստատութեան միջոցաւ, ուր անմիջապէս տեսանք, թէ ինչպէ՞ս զօրաշարժի անցան եւ ահազանգ հնչեցուցին մեր Նուիրապետական Աթոռները, Հայկական կազմակերպութիւնները, ինչպէս նաեւ հայկական մամուլը իր հետ ունենալով Հայ արժէքներու հանդէպ բծախնդիր հայորդիները։

Եօթանասունական թուականներէն սկսեալ, տեսանք արդէն թէ ինչպէս հանգուցեալ Հ. Պօղոս Վրդ. Անանեան Աբբահօր օրով տեղի ունեցան կալուածային մեծածաւալ ձեռքբերումներ ինչպէս նաեւ շինարարական ձեռնարկներ, որոնց գլխաւոր նպատակն էր մնայուն եւ հասութաբեր եկամուտներ ապահովել միաբանութեան համար։

Դժբախտաբար սոյն մեծղի գործարքներու մատակարարումը, միաբաններու կողքին չունեցան մասնագէտ աշխարհականներ, որոնք կարենային մօտէն հետեւիլ եւ որոշ ապահովութիւն մը ընձեռել վերոյիշեալ ծրագիրներուն։

Միւս կողմէ, իտալական սնանկացած ու պարտքերու լուծին տակ գտնուող որոշ ընկերակցութիւններու հետ գործառնական բաժնեկցութիւնները, դուր բացին մեծագումար պարտքերու, որոնք Մխիթարեան Միաբանութիւնը ակնյայտ սնանկութեան մը սեմին հասցուցին։

Այս անխոհեմ քայլերը սրբագրելու համար, Միաբանութիւնը պարտաւոր եղաւ ծախելու շատ մը թանկարժէք կալուածներ, ներառեալ Վենետիկի Ս. Մարկոս Հրապարակի վրայ գտնուող խանութները, վճարելու համար իր պարտքերը պարտատէրերուն։

Չմոռնանք այստեղ յիշեցնելու որ Միաբանութեան վիթխարի պարտքերու պատճառով կալուածներու մեծամասնութիւնը կարճ ժամանակամիջոցի մէջ չնչին եւ շուկայական արժէքէն շատ ցած գիներով շտապ վաճառուեցան:

Նմանօրինակ անխոհեմ քայլեր յաջորդաբար պատճառ դարձան նաեւ, որ Միաբանութիւնը վերատեսութեան ենթարկէր իր տնտեսական ընդհանուր վիճակը, եւ ստիպուած ըլլար փակելու իր բազմադարեան ու պատմական տպարանը, որուն հետեւանքով նուազեցան նաեւ գրքերու տպագրութիւնները:

Ահաւասիկ այս հրատարակութիւններու ճամբով էր որ Մխիթարեան Հայրերը, իրենց աշխատասիրութեամբ եւ բանասիրութեամբ, օտարներուն ներկայացուցին եւ ծանօթացուցին Հայ գրականութեան տիտանները, ինչպէս նաեւ Հայ ժողովուրդի պատմութիւնը, երբ մեր Նուիրապետական Աթոռները կը հիւծէին Օսմանեան եւ Ռուսական գերիշխանութիւններու երկաթեայ բազուկին տակ։

Դժբախտաբար, Մխիթարեան Միաբանութեան այսօրուայ պատկերը ամբողջութեամբ տարբեր է եւ մեր աչքին առջեւ կը պարզէ դառն եւ տխուր իրականութիւններ։

Յաջորդող կարգ մը Աբբահայրերու ձախաւեր գործունէութիւնը, նոյնքան իրենց տխուր անդրադարձը ունեցան Միաբանութեան վարկին եւ ընդհանրապէս միաբանութեան իւրաքանչիւր անձի հոգեբանութեան վրայ։

Ոմանք յուսահատ հեռացան միաբանութենէն, ոմանք աշխատանքի ասպարէզէն, ուրիշներ փոխեցին իրենց ծառայութեան մարզը, ոմանք ստեղծեցին իրենց անձնական աշխատանքի դաշտը եւ գրեթէ գործեցին անկախ։

Բարեբախտաբար խումբ մը պարկեշտ եւ անշահախնդիր միաբաններ մնացին պատնէշի վրայ այն ակնկալութեամբ որ օր մը արշալոյսը կրկին կը ծագի եւ իրենք աւելի պարզ եւ յստակ կը տեսնեն Հայ Մշակոյթի ծառայութեան անդաստանին պահանջները եւ անգամ մը եւս իրենց բազուկները սոթտելով կը նետուին ասպարէզ, առաջին առիթով փրկելու Մխիթարեան Միաբանութեան վարկը, ու ապա վերանորոգ հոգիով կենդանացնել եւ կերտել կը փորձեն, այն ինչ որ վերջին քառասնամեակին կործանած էին անխոհեմ, անջիղ եւ անպատասխանատու ղեկավարները։

Ահաւասիկ այս ակնկալութիւնները շատ կարճ ժամանակի համար եռուն գոյավիճակ մը ստացան երբ Մխիթարեան Միաբանութեան երկփեղկումը վերջ գտաւ Յուլիս 2000 թուականին, Վատիկանի ստիպողական ջանքերով։

Ճիշդ այս ատեն էր երբ Մխիթարեան Միաբանութեան, Վենետիկի եւ Վիեննայի արդիւնաշատ զոյգ ճիւղերը իրագործեցին մեր Հայ պատմութեան հազուագիւտ դրական արարքներէն մին՝ այսինքն է «գործադիր վերամիացումը»։

Միաբանութիւնները անգամ մը եւս որպէս մէկ սիրտ ու հոգի, իրենց միացեալ ուժերով լծուեցան գործի, ամբողջականօրէն նուիրուելու Հայ նոր սերունդի դաստիարակութեան։

Ափսո՜ս որ միութեան ակնկալութիւնները շատ արագ ցնդեցան շոգիի նման։ Ինչո՞ւ. որովհետեւ ընտրուեցաւ ղեկավար մը, յանձինս Հայր Եղիա Քիլաղպեանի, որ ոչ միայն չկրցաւ հին վէրքերուն սպեղանի գտնել, այլեւ իր անխոհեմ, անպատասխանատու, անկազմակերպ եւ անձնակեդրոն աշխատանքներով՝ բորբոքեց հին վէրքերը իր դէմ դարձնելով թէ՛ Վենետիկի եւ թէ՛ Վիեննայի Միաբանութեան անդամները։

Մեր ըսածները փաստելու համար, այստեղ պէտք է վկայակոչել 2004 թուականի դատավարութիւնները ընդդէմ Լոս Անճէլըսի Մխիթարեան վարժարանին, որ մինչեւ վերջերս կը վայելէր, Վիեննայի Մխիթարեան ուխտէն, Հայր Օգոստինոս Սեքուլեանի ղեկավարութիւնը ամբողջական նուիրուածութեամբ։

Տխրահռչակ եւ միջ-միաբանական այս պայքարները որ անշուշտ հակառակ էին մեզի ծանօթ Մխիթարեան համերաշխութեան եւ միութեան գաղափարականներուն, բարեբախտաբար կանգ առած էին 2006 թուականին, աւելին՝ երկուստեք ծանր նիւթական կորուստներու առաջքն առնելու շարժառիթով քան թէ բարոյական արժէքներու ստիպողութենէն մղուած եւ սակայն այս անպատուաբեր դատավարութիւնները միայն ջիղեր մաշեցուցին, վարկեր մրոտեցին եւ անուններ վարկաբեկեցին յանուն ոչինչի։

Այս անպատասխանատու ղեկավարութեան հետեւանքն է նաեւ վերջին տարիներուն տեղի ունեցած գողութիւնները, որոնց համար ստորագրեալս ահազանգ կը հնչեցնէ մամուլով իրենց անհոգ եւ անտարբեր թմբիրէն արթնցնելու մեր ղակավարութիւնը, որպէսզի ոտքի ելլեն եւ հաշիւ պահանջեն Մխիթարեան ղեկավարութենէն, մեր դարաւոր թշնամիէն հազիւ ազատած, մեր թանկագին եւ սրբազան գանձերուն համար։

Այս գողութիւններէն մի քանիին անդրադարձայ իմ նախորդ յօդուածիս մէջ, բայց այն ինչ որ ես հրամցուցի հանրութեան, միայն փոքրիկ չնչին մէկ մասն էր կողոպուտին որ այսօր կը շարունակուի զանազան կերպերով եւ գունաւորումներով ինչպէս անդրադարձած եմ իմ նախորդ յօդուածիս մէջ ( «Ով է գողը» յօդուածը կարելի է ընթեռնուլ hetq.am կայքէջին վրայ, Սփիւռք ենթախորագրի տակ)։

Բոլոր ժամանակներէ աւելի ԱՅՍՕՐ, իւրաքանչիւր Հայ, բարոյական պարտաւորութիւն ունի հաշիւ պահանջելու, ապա թէ ոչ, մեր լռութեամբ մեղսակից կը դառնանք այս աններելի կողոպուտին։

Չենք կրնար անտարբեր մնալ, եթէ ունինք անխորտակելի պաշտամունքը հանդէպ մեր մշակութային գանձերուն։ ժամանակն է որ անմիջապէս ստեղծենք վարչական մարմիններ, կազմուած մասնագէտ անհատներու կողմէ, որոնք անյապաղ պիտի աշխատին պարկեշտ միաբաններու հետ եւ պիտի ցանկագրեն Մխիթարեան Միաբանութեան տրամադրութեան տակ ի պահ դրուած բոլոր մշակութային հարստութիւնները (Գիրքեր, Ձեռագիրներ, Քարտէսներ, Գորգեր, Զգեստներ, Ոսկեղէն, արծաթեղէն դրամներ եւ իրեր, Արուեստի գործեր) ըլլան անոնք Վենետիկի եւ կամ Վիեննայի վանքերէն ներս։
Բացի մեր մշակութային գանձերէն, անհետ կը կորչին նաեւ մեր ազգապատկան կալուածները, որոնցմէ իւրաքանչիւրը, դարերու ընթացքին նուիրուած են Մխիթարեան Միաբանութեան այն համոզումով որ անոնք պիտի պահուին որպէս աւանդ գալիք Հայ սերունդներուն համար։ Դժբախտաբար, այդ կալուածներէն շատեր ծախուած են այսօր զանազան պատճառներով, ոմանք հասկնալի պատճառաբանութիւններով, որոնց կարգին են անպատասխանատու եւ անհաշիւ մսխումները, իսկ ոմանք ալ զուտ անձնական շահադիտական նպատակներով։

Այսօր Մխիթարեան Միաբանութեան երկու ճիւղերն ալ ունին իրենց հսկայական եկամտաբեր կալուածները, որոնց պատասխանատուութիւնը միշտ ալ յանձնուած է անուանական մատակարարութեան մը։

Անկարելի է երեւակայել որ անձ մը կարենայ տնօրինել այդ բոլորը, երբ այս կալուածները սփռուած են, միջին Արեւելքէն մինչեւ Հայաստան, Եւրոպայէն մինչեւ Հարաւային Ամերիկա։

Կրնա՞ք հաւատալ որ այսքան հարստութիւն կուտակած հաստատութիւն մը այսօր կը կանգնի ստոյգ սնանկութեան եզրին, պարզապէս անոր համար որ կամայականութեան եւ անձնակեդրոն ղեկավարութեան զոհ են այս բոլորը։

Ասոնց վրայ աւելցնենք նաեւ, համայնավարութեան օրերուն Վիեննական Մխիթարեան Միաբանութենէն բռնագրաւուած կալուածներուն ցանկը, որոնք դժբախտաբար կը մնան պատանդ պատկան պետութիւններու մօտ, պարզապէս անոր համար որ չկայ լուրջ ղեկավարութիւն մը որ մտահոգուի այս հարցերով, ի վերջոյ ազգային կալուածներով։

Այսօր եօթը տարիներէ ի վեր կը խնդրեմ Հայր Քիլաղպեանէն որ Պուլկարիոյ Ֆիլիպպէ (Plovdiv) քաղաքի Մխիթարեան Վարժարանի կալուածը ետ առնելու ջանքերը հարկ է աշխուժացնել պատկան մարմիններու մօտ, նախ քան որ ետ պահանջելու ժամանակամիջոցը դադրի ըստ օրէնքի, բայց դժբախտաբար մեր բոլոր խնդրանքներն ալ հանդիպեցան խուլ ականջներու։

Նոյն ճակատագրին արժանացան նաեւ Վենետիկի Միաբանութեան պատկանող, Հունգարիոյ մայրաքաղաք, Պուտաբէշտի կալուածներն ալ, բռնագրաւուած համայնավարութեան օրերուն, որոնք հաւանաբար միլիոնաւոր տոլարներ կ՚արժեն այսօր, եւ սակայն կը մնան տակաւին պետութեան ձեռքը պարզապէս անոր համար որ չկայ լուրջ ղեկավարութիւն մը որ մտահոգուի այս կալուածներով, եւ իր արդար իրաւունքներըը ետ պահանջէ։

Այս կալուածի շուրջ մեր առաջարկած բոլոր թելադրութիւնները, նոյնպէս հանդիպեցան խուլ եւ անտարբեր ականջներու։

Այստեղ կ՝արժէ յիշեցնել նաեւ որ Պուտաբէշտի ժողովրդապետական եկեղեցին, ուր կը կատարուէին կիրակնօրեայ Հայկական Ս. Պատարագները, այսօր բռնագրաւուած կը մնայ տեղւոյն Լատին Արքեպիսկոպոսին կողմէ, պարզապէս անոր համար որ, Հայր Եղիա Քիլաղպեան չկարողացաւ անաչառ միջամտել գաղութային հարցերուն, որոնց անձնապէս մօտէն ծանօթ եմ եւ նոյնիսկ մասնակցած կարգ մը ժողովներու, իր անխոհեմութեամբ ո՛չ միայն բարդացուց եւ կնճռոտեց հարցերը, այլ եւ պատճառ դարձաւ որ Արքեպիսկոպոսը բռնագրաւէ Մխիթարեան Միաբանութեան կալուածը, ինչպէս նաեւ այնտեղ գտնուող հայկական գանձերը։ Այս բոլորին ի տես ոչ մէկ քաջութիւն եւ յանդգնութիւն իր կողմէ բողոք ներկայացնելու Վատիկանին։ Իրողութիւն մը որ մեզի կրկին մտածել կու տայ թէ արդեօ՞ք Հայր Քիլաղպեան դիտաւորեալ կամակատարն է Վատիկանի։

Նոյնպէս տակաւին ժամանակի բախտին ձգուած են նաեւ Ռումանիոյ, Պուքարէշտ քաղաքի, Գալիա Մոշիլոր փողոցին վրայ գտնուող Վիեննական Մխիթարեան կալուածը, բազմայարկանի շէնք մը, որուն ճակատին կարելի է տեսնել մինչեւ այսօր Վասպուրականի Արծիւը, տակաւին բռնագրաւուած կը մնայ Լատին Արքեպիսկոպոսարանին կողմէ եւ ոչ ոք Մխիթարեան Միաբանութեան ղեկավարութենէն ճիգ կը թափէ այս բռնագրաւուած կալուածը ետ առնելու օրինական ամէն ճամբաներով։

Այս անտարբերութիւնը ինքնին լաւագոյն ապացոյցներէն մէկն է թէ ինչպէ՞ս Վատիկանը տակաւ առ տակաւ, զանազան ձեւերով լուծարքի կ՚ենթարկէ Մխիթարեան կալուածները, ի վերջոյ նոյն ընդհանրական լուծարքին ենթարկելու ամբողջ Միաբանութիւնը, ինչպէս որ եղաւ վախճանը Անտոնեան Միաբանութեան։

Բռնագրաւուած կը մնան նաեւ, Վիեննական Մխիթարեան Միաբանութեան Սերպիոյ, Նովի Սատ քաղաքի եկեղեցին ու եկամտաբեր կալուածները, որոնք գրաւուած էին Նախագահ Թիթոյի ժամանակ։

Դժբախտաբար այդ կալուածները այսօր փլած են եւ հսկայ կալուածը վերածուած հանրային պարտէզի մը, ուր կանգուն կը մնայ միայն Հայ զօրավարի մը արձանը որպէս հերոս, որովհետեւ կռուած էր Սերպական պատերազմին։

Այս եկեղեցւոյ թանկարժէք իրերն ու գանձերը, ինչպէս նաեւ տոմարները կը զարդարեն այսօր Նովի Սատի եւ Պէլկրատի քաղաքներու թանգարանները. Ո՞վ պիտի պահանջէ։

Նոյնքան տժգոյն է դարձեալ, Վիեննական Մխիթարեան Միաբանութեան Եգիպտոսի Գահիրէ քաղաքին, Հելիոպոլիս արուարձանին մէջ գտնուող Մխիթարեան վարժարանը, որ կառուցել տուած էր հանգուցեալ Հ. Բարսեղ Ֆէրհաթեան եւ ուր ժամանակին սերունդներ դաստիարակուած էին Եգիպտոսի փառքի օրերուն։

Այդ դպրոցը այսօր կը մնայ Կաթողիկէ Ղպտի Արքեպիսկոպոսարանին ձեռքը, անուանական չնչին վարձքով մը։

Անծանօթ կը մնայ նաեւ ճակատագիրը, Արաքսի Համբարեանին կողմէ կտակով Մխիթարեան Հայրերուն փոխանցուած կալուածները Գահիրէի մէջ։ Ո՞վ պիտի պահանջէ։

Երկար է շարքը ժամանակի բախտին ձգուած մեր դարաւոր գանձերուն, բայց Ո՞Վ ՊԻՏԻ ՊԱՀԱՆՋԷ։

 
You May Also Like