Կորուստ Մը Եւս

Դոկտ. Մինաս Գոճայեան, Լոս Անճելըս, 8 Սեպտեմբեր 2016

Համացանցային Keghart.com-ն ալ անցաւ պատմութեան գիրկը։ Ան հերոսի նման գլուխը բարձր մտաւ հայ մամուլի պատմութեան տարեգրութեան մէջ, որպէս անկախ, ոչ-յանձնառու եւ հետազօտական լրագրութեան պատկանող  կայքէջային պարբերաթերթ մը։ Ան շիջեցաւ ի վերջոյ՝ մինչեւ վերջին թիւը մնալով իր արհեստավարժական բարձրութեան վրայ՝ բոցավառ արեւի մը մայրամուտի շողերուն պէս փայլատակելով մեր լրագրութեան երկնակամարին վրայ։

Keghart.com-ը հոգեզաւակն էր Բժ. Տիգրան Աբրահամեանի, Թորոնթօ, Գանատա։ Keghart.com-ի մանկաբարձներն էին Վագօ Նագուլեանը, որպէս կայքէջային մասնագէտ, Ժիրայր Թիւթիւնճեանը, թրծուած թղթակից, խմբագիր ու երկարամեայ արհեստավարժ լրագրող. այս խումբին հետագային միացաւ նաեւ հայկական բաժնի խորհրդական-խմբագիր տողերուս հեղինակը։

Ըսի ոչ-յանձնառու, որ շատ հեռու է «չէզոք» ըլլալէ։ Keghart.com-ը ունեցաւ յստակ կեցուածք ազգային-հասարակական եւ հայրենական հարցերու ու խնդիրներու նկատմամբ։ Զայն առաջնորդող արժէքներն էին ժողովրդավարութիւնը, իրերը իրենց անունով կոչելը, անկողմնակալութիւնը, «եղբայրս կը սիրեմ, բայց ճշմարտութիւնը՝ աւելի» սկզբունքները։ Ով որ ճանչցած էր Բժ. Տիգրան Աբրահամեանը Պէյրութէն 1960-ականներու սկիզբներէն, երբ տակաւին ՀԲԸՄիութեան Յովակիմեան-Մանուկեան Երկր. Վարժարանի աշակերտ էր, ապա AUB-ի ուսանող, պիտի նկատէ որ ան ժամանակներու հետ հասուննալով եղած էր տիրապետող եւ ուժեղ տրամաբանութեան ու վերլուծական միտք ունեցող խոստմնալից երիտասարդ մը։ Թէեւ ուշ, բայց ան եկաւ հայրենիք եւ փայլուն կերպով աւարտեց Երեւանի Պետական Բժշկական Համալսարանը։

Շուրջ տասը տարի առաջ, երբ ան մեկնարկեց Keghart.com-ը, զինք ճանչցողները բնաւ չզարմացան եւ ըսին՝ միայն Տիգրանին պէս մէկը կրնար նման գործ մը գլուխ հանել։ Իր համեստութիւնը մէկ կողմ դնելով կ՚ուզեմ նաեւ ըսել թէ ան ոչ միայն բժիշկի պատասխանատու պարտականութիւնները կատարեց մեծ պատասխանատուութեամբ, այլ իր մասնագիտութեան առընթեր իր հոգեզաւակ Keghart.com-ին նուիրուեցաւ ամբողջ հոգիով՝ բարոյապէս եւ նիւթապէս, որովհետեւ ան կը հաւատար համամարդկային արժէքներու, որոնց մասին յիշեցի վերը։ Տիգրանի յաջողութեան մէջ կ՚ուզեմ շեշտել նաեւ իր ազնուահոգի տիկնոջ Շըրլիի, դուստրերուն՝ Սեւանին ու Նայիրիի զօրակցութիւնը, կ՚ընդգծեմ նաեւ երկարամեայ խմբագիր, հասարակական գործիչ ու հրապարակագիր Պարոյր Աշպաշեանի (Պէյրութ) դերը կայքէջային մեր թերթի յաջողութեան մէջ։

Ժիրայրը, ինչպէս ըսի արեւմտեան չափանիշով խմբագիր ու լրագրող մըն է, որ հակառակ իր յառաջացած տարիքին, ամբողջովին թիկունք կեցաւ Տիգրանին իր գրիչով ու արժէքաւոր խորհուրդներով։ Անոր խմբագրականները խիտ տողերու մէջ կ՚արծարծէին այժմէական ազգային եւ միջազգային խնդիրներ, որոնք ինչ որ չափով կ՚առնչուէին հայ իրականութեան հետ։ Այս մասին կը վկայեն Keghart.com-ի կողմէ հրատարակուած  երկլեզու երկու հատորները։

Keghart.com-ը կը հասնէր օտարախօս հայ թէ օտար հազարաւոր ընթերցողներու, որոնք տեղեակ կը դառնային հայ իրականութեան մէջ կատարուող անցուդարձերուն եւ հայկական տեսակէտներուն։ Keghart.com-ը դարձեր էր օտարագիր եւ օտարախօս մտաւորականութեան մը համար յղման աղբիւր։

Ինչպէս Տիգրանին, Ժիրայրին այլեւ ինծի համար Keghart.com-ի շիջումը թէեւ խորապէս եւ լալու չափ կը յուզէ, բայց եւ այնպէս մխիթարանք մը ունինք որ Տիգրանի այս հոգեզաւակը, որ նաեւ մերը եղաւ, բան մը փոխեց հայ լրագրութեան ասպարէզին մէջ։ Իսկ ես արդէն չորրորդ հոգեզաւակս կորսնցուցած ըլլալու վիշտով կը լեցուիմ. առաջինը Պէյրութի «Յառաջ»ն էր (Մեթր Գասպար Տէրտէրեան եւ Յովհաննէս Աղպաշեան), երկրորդը «Երիտասարդ Հայը», երրորդը եւ ամենէն ցաւալին Armenian International Magazine-ը (AIM) իսկ հիմա Keghart.com-ը։

Հայկական թերթ մըն ալ պակսեցաւ ահաւասիկ մեր իսկ աչքերուն առջեւ, այնպէս ինչպէս ամէն օր քիչ մը ամէն տեղ կը նուաղի հայութիւնը։

Ասոր վերջը ո՞ւր պիսի հասնի։

1 comment
  1. A very big loss – Շատ մեծ կորուստ մը

    A very big loss for the Armenians worldwide.

    Շատ մեծ կորուստ մը, որուն տեղը միշտ բաց պիտի մնայ: Վարձքերնիդ կատար:

Comments are closed.

You May Also Like