Թէ՞ «Յաւերժական Հայրենիք»
Թէ՞ «Յաւերժական Հայրենիք»
1911 թուականին Միացեալ Նահանգներու Եէյլ համալսարանի պատմաբանասիրական ճիւղի դասախօս եւ հետազօտող Հերամ Պինկամ յայտնաբերելով քաղաքը զայն անուանած է «կորսուած քաղաք», որ 2007 թուականին դասուեցաւ աշխարհի եօթը հրաշալիքներու կարգին:
Հրաշալի է դիտել մարդկային պատմութեան ընթացքին կերտուած քաղաքակրթութիւն մը իր ճարտարապետական կոթողներով եւ գեղատեսիլ բնութեամբ, բայց նոյնքան զարմանալի է տեսնել անոր քաղաքակրթութեան անհետացումը թշնամիին սպառնալիքներուն պատճառով, այս պարագային` Սպանիոյ գաղութատիրական ախորժակներուն:
Կը շարունակեմ դիտել ու վայելել այս գեղեցիկ քաղաքը…: Մարդիկ ապրած են հոս` կերտելով ինքնուրոյն մշակոյթ, լեզու, հաւատք եւ անոր համար յատուկ մեհեան: Ու տակաւին տուն, ընտանեկան ու հաւաքական կեանք, կենցաղ, որոնք շաղախուելով բնութեան գեղեցկութեան հետ պատճառ դարձած են, որ մարդիկ արժեւորեն այս բոլորը համաշխարհային համակարգին մէջ եւս:
Այսօր դիտելով այս բոլորը, գեղեցկութիւնն ու մշակութային կոթողները հարց կու տամ. «Ո՞ւր է այսօր իրական կեանքը այս քաղաքին եւ անոր ապրող նկարագիրին»: Գեղեցիկ աւերակներու կոյտին մէջէն կը փորձեմ տեսնել անհետացած ժողովուրդի մը կեանքը: Կը տեսնեմ նաեւ «հողին» ու «արմատին» անհրաժեշտութիւնը եւ անոնց գոյապայքարը…
Ինգա ցեղախումբը միակը չէ, որ ձուլումի եւ կորուստի ենթարկուած է, իսկ Մաչու փիչուն` «հին գագաթը» դարձած է հազարաւոր զբօսաշրջիկներու հմայքին գոհացում տուող «Աւերակ»… Միայն այդքան…:
«Հին գագաթին» վրայէն կը շարունակեմ որոնել իմ ժողովուրդիս` հայուն «հին» պատմութիւնը, որ այսօր «նոր»ի տարազ հագած է իր անկախ ու սեփական պետութեան քսանամեայ նորագոյն իրավիճակով ու նուաճումով:
Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի հանրապետութիւններուն անկախութեան (առաջինը ճանչցուած միջազգային համակարգին մէջ, իսկ երկրորդը` տակաւին) քսանամեայ տարեդարձները կը նշենք եւ արդէն, բայց պէտք չէ մոռնալ, որ անոնց պատմութեան ետին կանգնած է «հին» երկար ուղի մը, որուն վրայ արձանագրուած է մէկ կողմէ զոհողութիւն, աշխատանք եւ պայքար, իսկ միւս կողմէ` նահատակութիւն: Պատմութեան ընթացքին հայրենական զոյգ իրականութիւնները կերտուեցան զոհողութեամբ նուիրեալներու, որոնք հասկնալով հողին ստեղծած «արժէքը» կառչեցան անոր ու անոր ստեղծած արժէքին անկախացումը դարձաւ ամուր կեանքի խարիսխ հայրենաբնակ եւ սփիւռքի հայուն: Իր ինքնութեան եւ վերապրելու տեսլականը սփիւռքահայը տեսաւ իր հայրենի զոյգ հանրապետութիւններուն մէջ. բայց աւելի՛ն. Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի հանրապետութիւններուն անկախացումով հայու ոգին իր ազգային արժէքներով լեցուեցաւ եւ հպարտացաւ: Այս երկու իրականութիւնները անհրաժեշտ են մեր գոյապայքարի ճամբուն շարունակութեան համար:
Այսօր ինքզինք կը պարտադրէ կարեւոր հարցում մը:
«Ինչպէ՞ս պահել անկախացած հողն ու անոր արժէքը…»:
Թէեւ ներկայիս անհետացած է սպանական գաղութատիրութեան վտանգը, ինչպէ՞ս էր Ինգա ցեղախումբին պարագային, բայց եւ այնպէս գոյութիւն ունին մեր ազգային կեանքը վտանգող այլ սպառնալիքներ: Մեկնելով այն իրականութենէն, որ «պատմութիւնը կրնայ ինքզինք կրկնել» (յար ու նման Ինգա ցեղախումբին պատմական տուեալներուն) հարց կու տամ. «Կարելի՞ է, որ Մաչու Փիչուի վարկածը իր «հին» ժառանգով իրականանայ նաեւ մեր հայ իրականութեան մէջ»: Հայաստանէն եւ որոշ համեմատութեամբ նաեւ Ղարաբաղէն արտագաղթը սպառնալիք ըլլալու աստիճան մտահոգիչ երեւոյթ է:
Հարազատ հողէն հայուն հեռանալն ու զայն լքելը դուռ կը բանայ հայուն «արժէքին» թուլացումին եւ այդ «արժէքէն» տուեալ տարածքներու դատարկումին:
Սփիւռքահայութեան «պարտադրուած» կարգավիճակէն մեկնած կրնանք հաստատել, որ ի գին ամէն տեսակ զոհողութեան կը փորձենք ամուր պահել հայու արժէքը` իր հողէն դուրս, սակայն ինչո՞ւ սփիւռքեան փորձառութիւնը կրկնել հայրենի իրականութեան մէջ եւ անկախացած հայրենիքէն հեռանալ` տարածուելով աշխարհի չորս ծագերուն: Յաճախ օտար երկիրներու մէջ կը հանդիպինք Հայաստանէն արտագաղթած հայորդիի, որուն հետ զրոյցի ընթացքին անպայմանօրէն կը շեշտուի արտագաղթի պատճառը. անոնք կ՛ըսեն. «Դժուար են մեր պայմանները Հայաստանի մէջ…»:
Որքան դիպուկ է ժողովրդային ասացուածքը. «Ամէն մարդու մանուկը կու լայ», եւ ամէն մարդ կը կարծէ, թէ ի՛ր «մանուկին լացը» ամէնէն բարձրն է եւ իւրայատուկը: Ճամբորդութիւններուս ընթացքին կը տեսնեմ, որ իւրաքանչիւր երկիր կ՛ապրի իրեն յատուկ տագնապներ, որոնք իրենց մէջ մեծ են: Այս եղած է պատմութեան ընթացքը, երբ քաղաքական, տնտեսական եւ ընկերային սպառնալիքները միշտ առկայ եղած են ամէնուրեք, թէկուզ տարբեր տարողութեամբ:
Հայուն այսօրուան կարգավիճակը իւրայատուկ է իր ցեղասպանութեամբ եւ պահանջատիրութեամբ: Այս իւրայատկութենէն մեկնելով` հայը պէտք է զգաստանայ թէ՛ սփիւռքեան եւ թէ՛ հայրենի ու ղարաբաղեան մակարդակով, զգաստանայ, որպէսզի պահէ, բարելաւէ եւ կառչած մնայ անկախացած հանրապետութիւններուն ու համախմբուի «Յաւերժական հայրենիք»ի հասկացողութեան շուրջ, նոյնիսկ երբ «լացը» մեծ է:
Կը շարունակեմ դիտել Մաչու Փիչուի աւերակները գեղեցիկ են եւ ունին հրաշալի նկարուելու արժանավայել հանգամանքը. կայ մշակոյթ մը, որ այսօր չկայ: Իրաւացի է բանաստեղծին խօսքը. «Երբ յիշատակս ալ թառամի այն ատեն ես կը մեռնիմ»:
Յիշատա՞կը… Եթէ անցեալի նուաճուած իրականութիւններէն եկող, երեւոյթ է ան, բայց անպայմանօրէն անցեալի արժէքին յարատեւումն է, որ պէտք է խօսի ու ապրի, այսօր եւ վաղը:
Ինգա ցեղախումբը հեռացաւ հողէն, չկրցաւ դիմանալ սպառնալիքներուն, բայց հեռացումին հետ կորսնցուց իր հողն ու անոր արժէքը` ետին ձգելով միայն պատմական հրաշալի կոթող «Կորսուած քաղաք» անուան տակ:
Բայց ի՞նչ է եւ ո՞ւր է հայուն փորձառութիւնը: «Կորսուած քաղա՞ք», թէ՞ «Յաւերժական հայրենիք»:
Քսանամեակի մէկ եւ մեծ առաքելութիւնն է` հաւաքաբար կերտել «Յաւերժական հայրենիք»: