Կուսակցութիւնն ու կուսակցականութիւնը

ԿԸ ՅԱՄԵՆԱ՞Ն, ԹԷ՞ ԿԸ ՎԵՐԱՆՈՐՈԳՈՒԻՆ

Պարոյր Յ. Աղպաշեան, Պէյրութ, Դեկտեմբեր 2019

Ազգային կուսակցութիւններու գոյավիճակը ինքնին լուրջ, հրատապ եւ անմիջական թղթածրար մըն է, կարօտ՝ համապատասխան քննարկումի ու վերլուծումի, սերտողութեան եւ ուսումնասիրութեան:

Բնական է, խօսքը կը վերաբերի այժմ գործող կուսակցութիւններուն, որոնք իրենց հիմնումէն (ՍԴՀԿ՝ 1887, ՀՅԴ՝ 1890, ՌԱԿ՝ 1921) մինչեւ այսօր հրապարակի վրայ են, Սփիւռքէն ետք՝ նաեւ անկախ Հայաստանի մէջ՝ (փորձելով) ծաւալել իրենց գործունէութիւնը:

Շուրջ հարիւր եւ աւելի տարի այս կուսակցութիւնները, անտարակոյս, հայապահպանումի կամ ազգապահպանումի վիթխարի գործ կատարեցին՝ իւրաքանչիւրը իր կարելիութիւններուն ու միջոցներուն ներած չափով:

ԿԸ ՅԱՄԵՆԱ՞Ն, ԹԷ՞ ԿԸ ՎԵՐԱՆՈՐՈԳՈՒԻՆ

Պարոյր Յ. Աղպաշեան, Պէյրութ, Դեկտեմբեր 2019

Ազգային կուսակցութիւններու գոյավիճակը ինքնին լուրջ, հրատապ եւ անմիջական թղթածրար մըն է, կարօտ՝ համապատասխան քննարկումի ու վերլուծումի, սերտողութեան եւ ուսումնասիրութեան:

Բնական է, խօսքը կը վերաբերի այժմ գործող կուսակցութիւններուն, որոնք իրենց հիմնումէն (ՍԴՀԿ՝ 1887, ՀՅԴ՝ 1890, ՌԱԿ՝ 1921) մինչեւ այսօր հրապարակի վրայ են, Սփիւռքէն ետք՝ նաեւ անկախ Հայաստանի մէջ՝ (փորձելով) ծաւալել իրենց գործունէութիւնը:

Շուրջ հարիւր եւ աւելի տարի այս կուսակցութիւնները, անտարակոյս, հայապահպանումի կամ ազգապահպանումի վիթխարի գործ կատարեցին՝ իւրաքանչիւրը իր կարելիութիւններուն ու միջոցներուն ներած չափով:

Այսօր սակայն, ժամանակը չէ՞ որ վերատեսութիւն մը կամ վերանայում մը կատարուի անոնց արեւելումին ու գործընթացին մէջ՝ նկատի առնելով անոնց ազգային, քաղաքական, գաղափարական ոլորտներուն շրջագիծը, հարցադրելով.

Այսօր

– Ո՞ւր են

– Ի՞նչ իրագործումներու մէջ են

– Ի՞նչ ժողովրդականութիւն կը վայելեն

– Ի՞նչ հեռանկարներ կը հետապնդեն

– Ինչպէ՞ս կ’արժեւորեն իրենց դերակատարութիւնը

Եթէ տուեալ կուսակցութիւնները այս ինքնարժեւորումներն ու ինքնավերանայումները ներքննադատական թէ ներստուգողական չափանիշներով իրենք չեն կատարած, ապա ինչպէ՞ս կարելի է անոնց տալ գոյատեւումի իրաւունք կամ գործելու հաւաստիութիւն:

Այս բոլորէն առաջ, պէտք է յստակացնել (ու հիմնաւորել), թէ հայկական կուսակցութիւնները անցնող շուրջ երեսնամեակին, բայց յատկապէս Հայաստանի անկախութենէն ետք,

– Ո՞ր հորիզոնականին վրայ են

– Ո՞ր բեւեռներու վրայ կը դեգերին

– Ի՞նչ հիմունքներով կը (վերա)գործեն

– Ի՞նչ տուեալներով կը (վերա)յայտնուին

– Ո՞ւր կը գտնեն իրենց երթուղիին արժանաւորութիւնը

Դժբախտաբար, անկախութենէն ասդին, հայկական կուսակցութիւններէն Ո՛Չ ՄԷԿԸ, ՀՐԱՊԱՐԱԿԱՒ ԹԷ ԱՅԼԱՊԷՍ, այս մասին գործնապէս, քաղաքականօրէն, ազգայնօրէն բան մը ըսաւ կամ այդ ուղղութեամբ բացայայտիչ կողմնորոշում ունեցաւ, որովհետեւ անոնցմէ իւրաքանչիւրը կը ծփծփար, կը տատանէր ու կը խարխափէր իր պարունակին մէջ, իրեն յատուկ կամ իրեն ենթակայական ծիրով:

Իսկ այդ երեւումները ինչո՞վ կ’արդարացնեն անոնց գոյութիւնը, երբ սկսած են փարսախներով հեռանալ իրենց ժողովուրդէն, կամ՝ ժողովուրդը հեռացած է իրենցմէ:

Որեւէ կողմ չի՛ կրնար (եւ իրաւունք չունի՛) առարկելու այս թափանցիկ իրականութեան դէմ, որովհետեւ ասիկա լիովին ճշմարտութիւն է, երբ կը տեսնենք կուսակցութիւններու «տերեւաթափում»ը բազմաթիւ մարզերէ ներս, ի մասնաւորի՝ մարդուժային:

Եթէ կուսակցութիւն մը կը կարծէ կամ համոզուած է, թէ ինք «միւսներուն» նման չէ, այլ՝ կենսատու է, գործօն եւ բազմաշարք՝ թերեւս, ո՞վ ըսաւ, թէ ատիկա իրաւունք կու տայ ինքզինք «գերադասելի» դարձնելու, որովհետեւ (ըստ իրեն) «քիչ մը» աւելի լաւ պայմաններով, շարժերով ու երեւոյթներով հանդէս կու գայ:

Մեր ակնարկութիւնը կամ դիտողութիւնը այս չէ, այլ՝ շատ աւելին, երբ կը տեսնենք «պարապութիւններ ու բացակայութիւններ» ազգային կառոյցներէն (իմա՝ կուսակցութիւններէն) ներս, ուր երիտասարդական շարժումներ ու ներկայութիւններ յոյժ ՎՏԻՏ են, ոմանց պարագային՝ մատի վրայ կը հաշւըուին կամ… գրեթէ չկան:

Այդուհանդերձ, յաւակնորդներ կամ երեւակայութեան միտուածներ տակաւին չեն ուզեր ընդունիլ, որ իրենց շրջանակներն ու շրջանակակիրները ոչ միայն կը շարունակեն ապրիլ ցնորքներու մէջ, այլեւ կը յամառին (՞) ձեւացնելու ամենաուժեղ, ամենազօր, ամենապինդ եւ ամենագունդ կառոյցներ:

Արդեօ՞ք այդպէս է կամ կրնայ այդպէս մնալ եւ, զարմանալիօրէ՛ն, ասդ ու անդ համոզել, որ, այո՛, կուսակցութիւնները ունի՛ն իրենց նախկին հմայքը, գրաւչութիւնն ու տեղը:

Եթէ կան բարեմիտներ կամ միամիտներ, որ իրօք այդպէս կը մտածեն եւ կ’ուզեն այդ մեկնակէտով բացատրել կացութաձեւերն ու իրավիճակները, կը նշանակէ, թէ կայ «բան մը», որ իր ճիշդ հունին կամ պարունակին մէջ չի գտնուիր:

Հոս զգացականութիւնը, մոլեռանդութիւնն ու հաւկուրութիւնը տեղ չունին այլեւս, չե՛ն կրնար ունենալ, այնքան ատեն որ կայ յստա՛կ ու պերճախօ՛ս իրադրութիւն մը, որուն տուեալները ցոյց կու տան ու կը հաստատեն ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԻՒՆ հասկացութեան համակարգումը կամ ձեւափոխումը, այլ խօսքով, իր պատմական ուղեգիծէն դուրս գալով, յարմարուելու օրուան եւ ժամանակի պահանջներուն, դրուածքներուն ու կեցուածքներուն:

Անշուշտ, այս թղթածրարը բազմակոյտ ու բազմաշերտ, բազմատեսակ ու բազմակողմ է, որուն քննարկումը յօդուածի մը սահմաններով վերջ չի գտներ, մանաւանդ երբ այդ կը վերաբերի անցեալով ապրող, ներկայով գործող եւ ապագայով անորոշուող ազգային կազմակերպութիւններուն, որոնցմէ ամէն մէկը, իր չափով ու եղանակով, իր խորքով ու կշիռով, չէ՛ այն ինչ որ էր մօտիկ թէ հեռաւոր ժամանակներուն, մինչ ներկայիս հոս ու հոն կայ խարխափում՝ շատ յաճախ (եթէ ոչ միշտ) անհրապոյր եւ անբաղձալի դերակատարութիւններով:

***

Այս մտորումն ունեցայ երբ կարդացի Սուրէն Սարգսեանի «Քաղաքակա՞ն են արդեօք աւանդական կուսակցութիւնները» յօդուածը («Պայքար», 10 Նոյեմբեր 2019), որ զիս վերյիշել տուաւ այս մասին բազմաթիւ հրապարակումներէս գոնէ երկուքը.

– «Աւանդական»ութիւնը ուրկէ՞ կը սկսի ու… կը վերջանայ»

– «Հայկական կուսակցութիւնները ընելիք ունի՞ն…»

(տե՛ս «Դիտարկումներ Եւ Դատումներ» ժողովածուս, Պէյրութ, 2016)

Ասոնցմէ առաջինին մէջ մերժած էի ազգային կուսակցութիւններու համար «աւանդական» յորջորջումը, որովհետեւ ատիկա կը նշանակէ(ր) անոնց ժամանակավրէպութիւնն ու հնամենիութիւնը: Անոնց դիմաց, պահանջած էի, ցեցահանումի կարգով, տխուր «աւանդական»ը փոխարինել «աւանդաշէն» լուսապայծառութեամբ:

Երկրորդին մէջ սուր քննարկում ըրած էի… ի վերջոյ յանգելու հետեւեալ ճշմարտութեան. «Մենք համոզուած չենք ու չենք ալ ուզեր համոզուիլ, որ հայկական կուսակցութիւնները ընելիք չունին, բայց այս ուղիով ու շառաւիղով, ո՞վ կրնայ հաւաստիացնել, թէ ո՞րքան կը տեւեն անոնք եւ ո՞րքան համաժողովրդական կը մնան…»:

Բնական է, այս հրատապ հարցերուն անդրադարձած էի լայն ֆոնի վրայ, հիմնուելով հայկական կուսակցութիւններու կարգավիճակին եւ անկէ առաջացած հետեւանքներուն վերաբերող հոլովոյթներուն վրայ, ցոյց տալով այդ կուսակցութիւններուն հետզհետէ նօսրացումն ու փոքրացումը, ի տես անոնց

– Ժողովրդականութեան նուազումին

– Անդամակցութեան նօսրացումին

– Գործունէութեան սահմանափակումին

– Վստահելիութեան անկումին

Այսօր, հակառակ մեր բարի կամեցողութեան ու հանդուրժողութեան, գաղտնիք չէ, տեսանելի է, որ կուսակցութիւնները, իրօք, կը տառապին մտորելի լուրջ հարցերէ, կ’անցնին սուր տագնապներէ ու մարտահրաւէրներ կը դիմագրաւեն:

Տակաւին երէկ կը բարձրաձայնէինք, կ’ահազանգէինք, կը զգաստացնէինք, որ հայկական կազմակերպութիւնները այն չեն, ինչ որ իրենցմէ կ’ակնկալուէր կազմակերպչական, առաջնորդական, ղեկավարական առումներով նոր շունչ ու սլացք, կողմնորոշում ու սրսկում տալու իրենց «հօտ»երուն:

Արդեօք մէկը, ՈԵՒԷ՛ մէկը, կրնա՞յ բացատրել, թէ ինչո՛ւ մեր երիտասարդութեան մեծամասնութիւնը այս կամ այն շրջանակէն հեռու է: Եւ ոչ միայն այսքանը, այլեւ՝ քիչ չէ թիւը անոնց, որոնք ներգրաւուած են այլ պատկանելիութիւններու կամ մասնակից անոնց:

Չկա՞ն այս հաւանականութիւնները կամ չափազանցուա՞ծ են ասոնք: Որոշապէս, անոնք կա՛ն եւ՝ չափազանցուած չեն, եթէ առարկայական կողմնացոյցով պիտի դիտենք ու խորաչափենք ՑՑՈՒՆ պատկերները:

Արդարեւ, եթէ կուսակցութիւնը քաղաքական կազմակերպութիւն է ու հասարակութեան մաս կը կազմէ, իսկ կուսակցականութիւնը կուսակցութեան մը պատկանիլն է, կը նշանակէ, թէ մէկը միւսով կ’արժեւորուի կամ կը բնորոշուի:

Աւելին. ի՞նչ արժէք ունի կուսակցականութիւնը եթէ կուսակցութիւնը խախուտ է կամ փուլ գալու վրայ է: Նոյն տրամաբանութեամբ, ի՞նչ արժէք ունի կուսակցութիւնը եթէ կուսակցականութիւնը բացակայ է կամ սկսած է խամրիլ:

Ասիկա՝ կառուցուածքային առումով: Հապա սկզբունքներէն ու հիմունքներէն գաղափարախօսական շեղումը (կամ ոստոստումը) ի՞նչ կը ձգէ կուսակցութենէն ու կուսակցականութենէն:

Ո՞րքան ընդունելի կամ համոզիչ կրնայ ըլլալ, երբ ազգային կուսակցութիւնը կը մոլորի քաղաքական օտարոտի խաչմերուկներու մէջ, իսկ կուսակցականութիւնը կը դառնայ պարագայական կամ ենթակայական՝ անշուշտ ճեմելով անհարազատ կածաններու մէջ:

Վերջին հաշուով, «խարխուլ մակոյկ»ներով կարելի է նաւարկել, սակայն մինչեւ ո՞ւր եւ ո՞րքան ժամանակ, տեղ մը խրուելով, ուրիշ տեղ մը ընկղմելով, ստեղծելով խառնափնթոր ու խառնիճաղանչ վիճակ:

Պատճա՞ռը: «Նաւապետ»ին

– Ապիկարութիւնը

– Անկարութիւնը

– Անշնորհքութիւնը

– Անտեսլապաշտութիւնը

– Անիրազեկութիւնը

Միթէ պարզ չէ՞, թէ ինչու այս սեւ «ճակատագիր»ը կը պատէ այնպիսի կառոյցներ ու տարրեր, որոնք կը գտնուին անյարիր վիճակներու մէջ ու բաղկացած են… ինքնասիրահարներէ:

Աւելի վտանգաւորն ու աղիտաբերը այն է, երբ «մկրատի քաղաքականութիւն» կը գործուի՝ ճզմելով կուսակցութիւնը եւ անճիտելով կուսակցականութիւնը՝ զանոնք պարպելով իրենց էութենէն ու բովանդակութենէն:

Զարմանալու պէտք չկայ, ոչ ալ հարցադրելու, թէ ո՞ւր են մատնանշուած… մատնանշելիները, երբ անոնք մեր մօտ են, քիչ մը ամէն տեղ: Արդէն, այս զարմանալու ու հարցադրելու սովորամոլութիւնը չէ՞, որ այս անհարթութիւններն ու անբաղձալիութիւնները ստեղծեց, որովհետեւ այդպիսի մէկը ինքզինք չէր տեսներ ու չի տեսներ… հայելիին մէջ:

Պահանջուածը ու պահանջուելիքը եթէ անկարելիութիւններ են (ոմանց համար), ալ ի՜նչ ձանձրոյթ մտահոգուելու, մանաւանդ անոնց համար, որոնք ինքնագոհ են իրենց գործով, դիրքով ու պաշտօնով:

Եթէ կուսակցութիւններն ու կուսակցականութիւնները պիտի պահուին-պահպանուին՝ ուղին ու տեսիլքը, ղեկն ու մղիչ ուժը պէտք է փոխուին, բարեկարգուին եւ վերընձիւղուին, այլապէս… Պատասխանը յստակ է:

You May Also Like