Կրակը մարե՛լ պէտք է

Սոյն ելոյթը արտասանուած է 10 Փետրուար 2014-ին Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ Հիւսիսային ԱՄՆի Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդարանին մէջ տեղի ունեցած Սուրիահայութեան զօրակցութեան հաւաքին, ուր գլխաւոր զեկուցաբերներն էին Հալէպի ազգայիններէն Տոքթ. Գրիգոր Ատանալեանն ու Դամասկոսի Առաջնորդ Գերշ. Տէր Արմաշ Եպս. Նալպանտեան: Իր շահեկանութեան համար Գեղարդի ընթերցողներուն ուշադրութեան կը յանձնենք Սուրիահայութեան Օժանդակ Մարմնի Ատենապետ եւ մեր կայքեջին թղթակցող Զաւէն Խանճեանի խօսքը: (Խմբագրութիւն)

Զաւէն Խանճեան, Պըրպէնք, Քալիֆորնիա

Երախտագիտութեամբ եւ սրտի ճմլումով լսեցինք մեծարգոյ բանախօսներու կենդանի վկայութիւնը այն ճգնաժամին մասին, զոր հայ ժողովուրդը կը դիմագրաւէ այսօր ընդհանրապէս եւ Սուրիահայութիւնը կ՛ապրի մօտ երկու տարիէ իվեր՝ յատկապէս:

Կարելի՞ է կեանք կոչել այն եղեռական քաշքշուքը, որուն զոհն է Սուրիահայը այսօր եւ որուն օրակարգն է ոճիրն ու քանդումը, հրասանդն ու պայթումը, տարագրութիւնն ու գաղթականութիւնը, անգործութիւնն ու հիւանդութիւնը, մահուան եւ բնաջնջումի սպառնալիքը, ընտանեկան բռնազբօսիկ երկբեղկումները, ինչքի եւ կալուածի թալանն ու ահաբեկումը, աւազակութեան, առեւանգումի եւ սպաննութեան մշտական վտանգը:


Սոյն ելոյթը արտասանուած է 10 Փետրուար 2014-ին Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ Հիւսիսային ԱՄՆի Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդարանին մէջ տեղի ունեցած Սուրիահայութեան զօրակցութեան հաւաքին, ուր գլխաւոր զեկուցաբերներն էին Հալէպի ազգայիններէն Տոքթ. Գրիգոր Ատանալեանն ու Դամասկոսի Առաջնորդ Գերշ. Տէր Արմաշ Եպս. Նալպանտեան: Իր շահեկանութեան համար Գեղարդի ընթերցողներուն ուշադրութեան կը յանձնենք Սուրիահայութեան Օժանդակ Մարմնի Ատենապետ եւ մեր կայքեջին թղթակցող Զաւէն Խանճեանի խօսքը: (Խմբագրութիւն)

Զաւէն Խանճեան, Պըրպէնք, Քալիֆորնիա

Երախտագիտութեամբ եւ սրտի ճմլումով լսեցինք մեծարգոյ բանախօսներու կենդանի վկայութիւնը այն ճգնաժամին մասին, զոր հայ ժողովուրդը կը դիմագրաւէ այսօր ընդհանրապէս եւ Սուրիահայութիւնը կ՛ապրի մօտ երկու տարիէ իվեր՝ յատկապէս:

Կարելի՞ է կեանք կոչել այն եղեռական քաշքշուքը, որուն զոհն է Սուրիահայը այսօր եւ որուն օրակարգն է ոճիրն ու քանդումը, հրասանդն ու պայթումը, տարագրութիւնն ու գաղթականութիւնը, անգործութիւնն ու հիւանդութիւնը, մահուան եւ բնաջնջումի սպառնալիքը, ընտանեկան բռնազբօսիկ երկբեղկումները, ինչքի եւ կալուածի թալանն ու ահաբեկումը, աւազակութեան, առեւանգումի եւ սպաննութեան մշտական վտանգը:

Վտանգը սիրելինե՛ր, մեծ է եւ ահարկու: Առանձնացնելով մեզ՝ հայերս, այդ մեծ պատկերին մէջ, ես զայն կը նմանցնեմ հրդեհի մը, զոր կը կլանէ հայ ժողովուրդի մեծ տան փոքր սենեակներէն մին: Ըսենք՝ շտեմարանը տան, որ կը մատակարարէ տան բոլոր բնակիչներու պէտքերը: Մենք կը տեսնենք այդ հրդեհին լափող բոցերը եւ սակայն ընդհանրապէս զբաղած ենք խոհանոցի նորոգութեամբ, հիւրասենեակի կահաւորումով, ճաշարանի ընդլայնումով եւ կամ ննջասենեակներու բարեզարդումով:

Կրա՛կը սիրելինե՛ր, մարել պէ՛տք է: Եւ մենք բոլորս հաւաքաբար կոչուած ենք դառնալու վարպետ հրշէջներ, մեր կարելիութեան սահմաններու մէջ գտնուող բոլոր միջոցներով՝ մարելո՛ւ կրակը: Այլապէս, կարելի է երեւակայել արդիւնքը. այդ փոքր սենեակի հրդեհը տարածուելով, կրնայ լափել ամբողջ կառոյցը, մոխրացնելով զայն եւ անոր հետ կապուած բոլոր ազգային երազներն ու տեսիլքները:

Կրակը պէ՛տք է մարել, հաւաքաբար դառնալով աշխոյժ եւ կորովի հրշէջներ, որպէսզի զղջումով չկրկնենք Սիամանթոյի ափսոսանքը:

-Աւա՜ղ, ապարանքի մը պէս մեծ էիր ու շքեղ:

Այս առաքելութիւնը լաւ է, որ միասնական ուժերով իրականացուի: 

Կիլիկեանցին՝ Կիլիկեանցիին                                                                            Կրթասիրացը՝ Կրթասիրացին                                                                           Բեթելը՝ Բեթելին                                                                                                  Եւ Մարաշցին՝ Մարաշցիին                

նեղ մտայնութեամբ կարելի չէ հրդեհ մարել եւ ներդաշնակել հաւաքական հոգատարութիւնը, ապահովութիւնը եւ անվտանգութիւնը բոլորին:

Մենք՝ SARF-ը, CNN  չենք եւ չունինք…: Այս եւ նման բեմեր, մամուլն ու հեռատեսիլն են մեր կոչերու փողերը:

Յաճախ եւ այսօ՛ր կրկին կը հրաւիրե՛նք ձեր բոլորը՝ ներկաներ եւ բացականեր, ըլլալու նպատակին առաքեալները, միանալու մեզի այս «Սրբազա՛ն » ծառայութեան դաշտին մէջ. ձեր ներդրումը, կարծիքը, դերը եւ դրամահաւաքի աշխատանքը խիստ կարեւոր են:

Կատարե՛նք զայն միասի՛ն:

Անհատապէս եւ ոչ SARF-ի անունով, մի քանի ափսոսանքներ հարկ կը տեսնեմ բաժնել ձեր հետ՝ հաւաքական սրբագրման կամ յաղթահարման բարի միտումով:

Ա. Հայաստան Համահայկական Հիմնադրամը անծանօթ չէ՝ ոչ ձեզի՛ եւ ոչ ինծի՛: Ափսոսալի է, որ անոր Կեդրոնական Հոգաբարձական Խորհուրդը իր Մայիս ամսուայ ընթացքին գումարած, վերջին երկու տարեկան ժողովներու ընթացքին – 2012 եւ 2013-ին, ոչ մէկ յատկացում ըրաւ Սուրիահայութեան, հակառակ պետական աւագանիի, ազգային լայն կառոյցներու ներկայացուցիչներու եւ հայ բարերարներու հաւաքական ներկայութեան: Սուրիահայութիւնը օրակարգի վրայ իսկ՝ չէր…: Այս բացթողումը անընդունելի՛ է եւ կը կարօտի անյապաղ սրբագրման:

Բ. ՄԱԿ-ի հովանաւորութեամբ եւ 50-է աւելի երկիրներու մասնակցութեամբ երկու շաբաթ առաջ՝  Զուիցերիոյ մէջ սկսաւ «Ժընեւ 2» պիտակին տակ միջազգային ժողովը՝ նուիրուած Սուրիոյ տագնապին: Այդ 50 երկիրներու շարքին են՝ Սուրիայէն տարածութեամբ եւ շահագրգռութեամբ անհամար մղոններ հեռու գտնուող երկիրներ՝  ինչպիսին են՝ Քորիան եւ Մէքսիքօն: Բացակայ է՝ Հայաստանը, զոր ինչպէս արդարօրէն, Հայաստանի նախկին Արտգործոց նախարար Վարդան Օսկանեանը յուշեց՝ միակ ՄԱԿ-ի անդամ անկախ երկիրն է զոր Սուրիոյ մէջ գտնուող փոքրամասնութիւն մը, Հայրենիք կ’որակէ: Ո՞վ պիտի պաշտպանէ Սուրիահայութեան շահերը եւ ապահովէ անոնց անվտանգութիւնը միջազգային բեմի վրայ: Քորիան եւ Մէքսիքօ՞ն թէ՝ Հայաստանի դիւանագիտութիւնը:

Գ. Մենք կ՛ապրինք ԱՄՆ ու Քոնկրեսական այն ընտրաշրջանին մէջ, զոր ամերիկահայութիւնը ամենախիտ եւ թուային ամենաբարձր ներկայութիւնը ունի՝ 28-րդ ընտրատարածք: Ինչպէ՞ս կարելի է հաշտ ըլլալ մենք մեզի հետ եւ ընդունիլ՝ ունենալու ներկայացուցիչ մը, որ Ամերիկայի Միջին Արեւելեան քաղաքական ոլորտի ամէն ծալքերուն մէջ կը նպաստէ, կը զօրակցի եւ կը քուէարկէ հայակործան, քրիստոնէակործան եւ մարդակործան ուղիի եւ ըմբռնումներու:

Ժամանակը հասուն է, որ հաւաքաբար եւ իմաստուն մօտեցումով եւ ծրագրումով պատրաստե՛նք այլ ներկայացուցիչ մը, որ կարենայ ծառայել եւ սատարել թէ՛ ընտրաշրջանի մէջ գտնուող ժողովուրդի շահերուն եւ թէ՛ ԱՄՆ-ի ու արտաքին քաղաքականութեան մէջ Հայ ժողովուրդին նպաստող ընդհանրական եւ համապարփակ շահերու:

Սիրելի՛ ներկաներ եւ բացականեր,

Սուրիահայութեան նիւթաբարոյական օժանդակութիւնը՝ ողորմութիւն չէ՛: Այլ ինքնագիտակից պարտաւորութիւն՝ ապահովելու համար անոնց գոյութեան պայքարի տարրական կարիքները: Այլ խօսքով, մարդկային արժանապատուութեան նուազագոյն ընդունելի չափանիշներով կեանքի ապահով ընթացք մը, մինչեւ որ անցնին այս «Գորշ ամպերը» Սուրիական երկնակամարէն:

Վտանգը մեծ է եւ գաղտնիք չէ, որ եթէ կրօնամոլ ծայրայեղական ահաբեկիչներու ձեռքով կրակ առած այս հրդեհը կլանէ Սուրիան, անոր ահարկու բոցերը կը սպառնան հրդեհել նաեւ գեղատեսիլ Լիբանանը եւ զարկ տալ Հայաստանի դրացի թշնամիներու անյագ ախորժակներուն:

Կրակը մարե՛լ պէտք է:

Ուստի փոխ առնելով Պարոյր Սեւակէն՝

Խնդրելու պէս կը պահանջե՛նք
Եւ
Պահանջելու պէս կը խնդրե՛նք,

լայն բանալ ձեր հրշէջային քսակները եւ օժանդակել Սուրիահայութեան:

Սրահի ետին նուիրատուութիւն ընդունող սեղանները ձեզ կը սպասեն:

Կրակը մարե՛լ պէտք է:

 

Syrian Armenian Relief Fund (SARF)
P.o.Box 1948
Glendale, CA 91209-1948

CAMAM / Syrian Armenian Relief Fund
Attention: Jean Hallajian
3401 Oliver-Asselin
Montreal, Quebec
Canada H4J 1L5

All donations to SARF are tax deductible.

 

 

 

You May Also Like