Երան Գույումճեան, Ազատ Խօսք, Կիպրոս, Յունիս 2014
Կրթական տարեվերջի այս օրերուն, երբ հայրենի ու աշխարհասփիւռ դպրոցներէն շրջանաւարտ՝ հայ պարման-պարմանուհիներու նոր հունձք մը կ'ընծայուի կեանքին, հայ կեանքին ի մասնաւորի, մեր մտածման սեւեռակէտը կ'ուղղենք դարձեալ կրթութեան գերագոյն խնդրին, քանզի կրթութիւնն է վստահաբար գերագոյն ազդակը ժողովուրդի մը, ազգային հաւաքականութեան մը յառաջդիմութեան ու զարգացման: Անոնց յարատեւումին պատմութեան մէջ, անոնց վերածնունդին:
Երան Գույումճեան, Ազատ Խօսք, Կիպրոս, Յունիս 2014
Կրթական տարեվերջի այս օրերուն, երբ հայրենի ու աշխարհասփիւռ
Փոխուող ժամանակներուն ու պայմաններուն լոյսին տակ, կրթութեան յղացքն ու համակարգը կը վերամեկնաբանուին ու կը վերարժեւորուին շարունակաբար, դառնալով կիզակէտը հաւաքական բուռն քննարկումներու եւ բանավէճերու, մասնայատուկ խորհրդաժողովներու կամ սեմինարներու, քանզի անկարելի է մտածել ապագային մասին, առանց կրթութեան:
Հելլենական քաղաքակրթութեան վաղ ժամանակաշրջանին, իմացութիւնը կը սահմանուէր որպէս առաքինութիւն: Լուսաւորութեան Դարաշրջանէն սկսեալ եւ արդի ժամանակներուն հետ համընթաց, իմացութիւնը տակաւ սկսաւ առնչուիլ գիտական ներուժի զարգացման հետ գերազանցօրէն, եւ դարձաւ հիմնական ազդակը տնտեսական բարգաւաճման, ինչպէս նաեւ՝ բանական ու կազմակերպուած, օգտապաշտ ու ժողովրդավար ընկերութեան մը կառուցումին: Մարդկային միտքն ու մարդուն իմացութիւնը լաւագոյնս օգտագործելն ու արդիւնաւորելը դարձած են քսանմէկերորդ դարու մարտահրաւէրը: Կարծէք սկսած է իրականութիւն դառնալ մեծ քաղաքագէտ Ուինսթըն Չըրչիլի կանխատեսումը, թէ՝ ապագայի կայսրութիւնները մտքի կայսրութիւններն են: Այս կը թուի ըլլալ այժմէական, արդի յղացքը կրթութեան. մարդկային մտապաշարի կամ գիտելիքի ձեռքբերումը եւ անոնց առաւելագոյն օգտագործումը յանուն սպառողական քաղաքակրթութեան մը պահանջքներուն:
Հարց կը ծագի անմիջապէս, թէ կրթութեան նման ըմբռնումը արդեօ՞ք պիտի կարենայ ստեղծել իսկապէս արժէքաւոր ընկերութիւն մը, որ հիմնուած ըլլայ ոչ միայն հացիւ ապրելու կարիքի բաւարարումին, այլեւ ու մանաւանդ՝ հոգեւոր-բարոյական-մշակութային արժէքներով ապրելու էական պահանջքին վրայ: Թէ արդեօ՞ք՝ կրթութեան նման օգտապաշտ եւ նիւթապաշտ ըմբռնումը, պիտի չհնարաւորէ՞ ի վերջոյ, որ մարդկային շահամոլութիւնն ու եսամոլ կիրքերը, գործելով անարգել, շրջեն բանականութիւնը իր հակաբեւեռին՝ անհեթեթ ու անգուշակելի իրականութեանց գիրկը: Վերջին տասնամեակներու փորձը՝ պատերազմներ ու տնտեսական տագնապներ, ահաբեկչութիւն ու ոճիր, զանգուածային բնաջնջման զէնքերու սպառնալիք…., իրենց ամբողջ ահաւորութեամբ, կը յուշեն յստակօրէն, որ կրթութիւնը շատ աւելին ըլլալու է, քան գիտելիքներու ստեղծումն ու կուտակումը, աւելին՝ քան գիտական մտքի աճը, աւելին՝ քան գիտահնարքներու սրընթաց, հրաշքի համազօր ստեղծումն ու տարածումը….:
Որքան ճիշդ կը հնչէ 18-րդ դարու ֆրանսացի մտածողին խօսքը՝ «Գիտութիւնը առանց խիղճի՝ հոգիի կործանում է սոսկ»: Արդարեւ, կրթութեան եւ իմացութեան հիմքերու հիմքը ինքնաճանաչումն է, Սոկրատէսեան «ԾԱՆԻ՛Ր ԶՔԵԶ»ը: Սա կ'ենթադրէ որոշապէս, որ մարդ էակը թէ ազգային հաւաքականութիւնը տեւաբար գիտակից պիտի ըլլայ, թէ ո՞վ է ինք, ո՞ւրկէ կու գայ եւ ո՞ւր կ'երթայ: Մտքի իր տեսադաշտէն հեռացնելու չէ երբեք այն գերագոյն, վախճանական նպատակները, որոնք իմաստ, արժէք ու նպատակ կու տան մարդկային կեանքին. Մարդը մարդացնող բարոյական-հոգեւոր այն վսեմ սկզբունքներն ու իտէալները, որոնք պիտի ուղղորդեն իր կեանքը, տեսլական պիտի հաղորդեն անոր, գոյիմաստ ու գոյապատճառ հանդիսանան:
Գիտութեան յառաջդիմութեան հետ համընթաց, հոգեւոր-բարոյական-մշակութային արժէքներու կենսունակութիւնը էական նշանակութիւն ունի մարդ-անհատին եւ հաւաքականութեան համար, եթէ չուզեր ան դառնալ մարդ-մեքենայ, սպառողական քաղաքակրթութեան հսկայ մեքենային մէկ պտուտակը լոկ, զուրկ՝ անհատականութենէ, ինքնուրոյն դիմագիծէ, կեանքը առաջնորդող իտէալներէ….
Մեր փոքր ածուին համար առաւել եւս, կարեւոր է, անտարակոյս, որ մեր տեղն ու դերը նուաճենք՝ տակաւ ձեւաւորուող «իմացական հասարակութեան» մէջ, գիտելիք ստեղծող, արագ ու ճիշդ կազմակերպուող ընկերութեան մէջ, մեր գիտական-արհեստագիտական իրագործումներով եւ ձեռքբերումներով, մեր ճարտարարուեստի եւ այլ բնագաւառներու նուաճումներով…: Այս բոլորով հանդերձ, սակայն, հարց տալու չե՞նք, թէ ինչի՞ կը վերածուինք մենք՝ որպէս ինքնուրոյն ազգ ու երկիր, եթէ չպահպանենք եւ չվերակերտենք, չվերանորոգենք եւ չկենսաւորենք մեր ինքնուրոյն դիմագիծը ներկայացնող հոգեւոր-մշակութային արժէքները՝ հայոց Մեծասքանչ լեզուն, գիրն ու գրականութիւնը, երգ-երաժշտութիւնը,
ճարտարապետութիւնն ու նկարչութիւնը, աւանդութիւններն ու ապրելակերպը….., որոնք մեր ինքնութիւնն են, սեփական աշխարհընկալումը, հոգեբանութիւնն ու ճաշակը, ազգային նկարագիրն ու դիմագիծը ցոլացնող ոճը, առանց որոնց մենք կը դադրինք ՀԱՅ ըլլալէ, որքան ալ յառաջդիմենք ու հզօրանանք՝ տնտեսապէս, գիտականօրէն եւ նոյնիսկ ժողովրդագրական տուեալներով…
Կրթութիւնը անպայմանօրէն պիտի ըլլայ ՀԱՅԵՑԻ ԿՐԹՈՒԹԻՒՆ, ազգային ինքնաճանաչում կերտող, ազգային գիտակցութիւն դարբնող, հոգեւոր-մշակութային արժէքներ փոխանցող, անոնց նկատմամբ խորունկ պատասխանատուութիւն թրծող, եթէ պիտի յարատեւենք որպէս հայոց ազգ ու հայոց երկիր…:
Տարիներ առաջ, հայ դպրոցին տուած իր այցելութեան առիթով, բանաստեղծ Գէորգ Էմին այնքան յատկանշականօրէն կը գրէր դպրոցին ոսկեայ Յուշամատեանին մէջ. «Հայոց լեզուն, գիրն ու գրականութիւնը, հայոց պատմութիւնը…. սոսկ դպրոցական առարկաներ չեն, այլ՝ մեր գոյութեան եւ գոյատեւման հիմքը… անոնցմէ է կախեալ մեր լինել-չլինելու խնդիրը, մեր գոյութիւնն ու մեր ապագան»: Պիտի լսե՞նք այս իմաստալից պատգամը հայ բանաստեղծին, թէ՞՝ օտարամոլութենէ տարուած, պիտի կրկնենք շատ մը հայ ծնողներու տխուր խրատը իրենց զաւակներուն. « հայերէնը կարեւոր չէ. Միւս դասերդ սորվէ, որպէսզի յաջողիս…»:
Հայերէնը, անով ջամբուած հայեցի կրթութիւնը կրնան շահութաբեր չըլլալ՝ ներկայ նիւթապաշտ եւ օգտապաշտ աշխարհին մէջ: Բայց անոնք մեր հարազատ ինքնութիւնն են, հայ հոգին ու ոգին: Պիտի հրաժարի՞նք մեր ինքնութենէն: Ի՞նչ պիտի արժէր, արդարեւ, նոյնիսկ ամբողջ աշխարհը շահիլ, բայց հոգին կորսնցնել…: Սա չէ՞ խորիմաստ, հին բայց երբեք չհինցող պատգամը՝ Մեծագոյն Մատեանին մէջ արձանագրուած:
Կրթութիւնը կ'ըլլայ ճշմարտօրէն ազգի ապագայի գրաւական, եթէ անիկա ներդաշնակօրէն կարենայ համադրել իր մէջ՝ գիտական մտքի զարգացումը, իմաստութիւնը, մարդկային եւ ազգային ԻՆՔՆԱՃԱՆԱՉՈՒՄ եւ ԳԻՏԱԿՑՈՒԹԻՒՆ փոխանցող հոգեւոր-մշակութային արժէքներու ընկալումն ու ճաշակը: Անոնց կենսունակ պահպանման նկատմամբ խոր յանձնառութիւնը: Նոյնիմաստ պատգամ մը չեն փոխանցե՞ր արդեօք՝ 5-րդ Ոսկեդարու ոսկի խօսքերը մեր Թարգմանչաց Հայրերու. «Ճանաչել զիմաստութիւն եւ զխրատ, Իմանալ զբանս հանճարոյ»: Պատգամ՝ որ դարձաւ, նշանակալից կերպով, առաջին հայերէնի թարգմանուած նախադասութիւնը
Հին բայց չհինցող, իրենց այժմէականութիւնը պահած տողեր, որոնց մէջ է թաքնուած որոշապէս՝ ազգի ու հայրենիքի վերածնունդի շունչը…..