Կրկին «Ո՛չ, եւ Երիցս Ո՛չ»

Մինաս Գոճայեան, Լոս Անճելըս, 13 Ապրիլ 2018

Սոյն թերթին մէջ վերջերս իմ արտայայտած միտքերս «Ո՛չ, եւ երիցս ո՛չ» վերնագրով խրախուսած է մեր ընթերցողներէն ոմանց արտայայտուիլ իմ տուած գնահատումներուս «Եղբայրասպանութիւն» եզրին մասին, բառ մը, որով որակած են ոմանք 1956-1958-ի Լիբանանի մէջ կուսակցութեան մը կողմէ նախաձեռնուած եւ իրագործուած՝ «դիմացի»ններէն զոհեր խլելով մենատիրութեան հասնելու համար։

Ի հարկէ այդ «դիմացինները» կամ «միւս կողմինները» իրենց գիտցածէն ետ չմնացին եւ ոչ ալ վախցան, այլ պարզապէս Պուրճ-Համմուտը ձգելով փախան եկան իրենց համար աւելի ապահով շրջաններ։

Մէջտեղ մնացին անմեղ զոհերը։ Երախաներ մէկ օրէն միւս օրը որբացան, կիներ այրիացան, քոյրեր, եղբայրներ ու մայրեր աղի արցունքներ թափեցին տասնամեակներով։ Դժբախտաբար նշուած թուականներուն երկրին պետութիւնը գաղտնօրէն սատար կը կենար, ինչպէս ժոովուրդը կ՚ըսէր. «ոստիկանութեան այս դուռէն կը մտցնէին միւս դուռէն կը հանէին»։

Նախայարձակ կողմը միայն այն ատեն զսպուեցաւ, երբ տեսաւ թէ անխոցելի չէ ինք եւ համբերութեան բաժակը երբ կը լեցուի «խենթերն են գտնում հնար»։ Դժբախտաբար այս էր միակ միջոցը խելքի բերելու նախայարձակները։

Մեզի համար դժուար է այս մասին կրկին անգամ անդրադառնալ «որպէսզի հին վէրքերը չարծարծուին նորէն» եւ «հարիւր տարի առաջ» կատարուած ողբերգական դէպքերը ի լոյս չբերուին նորէն։ Բայց, երբ տեսանք թէ անճիշդ ու ապակողմնորոշիչ որակումներ ու վերնագիրներ կը տրուին «հարիւր տարի առաջ» կատարուած դէպքերու մասին, ստիպուած էինք կատարել ճշգրտումներ ԱԿԱՄԱՅ։

Մենք այս տողերն ալ չէինք գրեր, եթէ մեր բարեկամները չխրախուսէին մեզ, նոյնիսկ խնդրելով որ պատասխան մը պէտք է տալ։

Սիրելի ընթերցող, մեր մարող ու շիջող հայ մամուլը ցեխարձակելու պէտք չէ ծառայէ։ Որպէս երկարամեայ լրագող, հրապարակագիր ու ամերիկեան մամլոյ դասընթացքներու հետեւեած սիրողական թղթակից, միշտ հեռու եղած եմ նման մօտեցումներէ։ Մենք՝ հայերս, թէ՛ սփիւռքի եւ թէ հայրենիքի մէջ այնքան մտահոգութիւններ, ցաւեր ու հարցեր ունինք որ պէտք չէ տխուր դէպքերու արծարծումները մեզի համար դարձնենք գրելու նիւթ։ Աշխարհը կը պատրաստուի շրջանային  նոր պատերազմի մը մեր սահմաններէն ոչ շատ հեռու եւ չենք գիտեր պատերազմի հուրն ու բոցը մինչեւ ուր կրնան տարածուիլ։ Մենք պէտք է մտածենք նման պատերազմի մը ատեն մեր ընելիքներու մասին։

1 comment
  1. Կրկին Ոչ

    Դժբախտաբար, շատ լաւ կազմակերպուած համաշխարհային բոլոր սատանայական կազմակերպութիւնները օրն ի բուն, գիշեր ցերեկ, զբաղուած են բոլոր ազգերը գերիացնելով և ոչնչացնելով:

    Սատանայական ոչնչացուելիք ազգերու ցուցակին վրայ առաջնահերթ նախապատուութիւնը տրուած է մասնաւորապես հին և հաստաբուն արմատներով քրիստոնիա ժողովուրդներուն, օրինակ՝ Յոյներուն, Սերպերուն, Սպանացիներուն, Ղպտիներուն: Հայ ազգին ալ արդէն միայն կմախքը ձգեցին ցեղասպանութիւններով, համաշխարհային պատերազմներով, եղբայրասպանութեամբ և մասամբ նորին:

    Սատանայականը ազգը բաժան բաժան ընելէն ետք բոլոր կողմերուն ալ զէնք կ'ապահովէ:

    Նիքօլա Րօմաշուք Հայրապետեան Հոլանտա

Comments are closed.

You May Also Like