Կրօնափոխ Հայերու Զարթօնքը

Հետազօտող Լրագրողի Վկայութիւններ 1980-2011


Համօ Մոսկոֆեան, Դիւանագիտական լրագրող, 18-03-2012
Keghart.com աննշան խմբագրական յապաւումներով եւ փոփոխութիւններով կը ներկայացնէ լրագրող Հ. Մոսկոֆեանի ներքոյիշեալ խօսքը արտասանուած կրօնափոխ հայերու նուիրուած գիտաժողովի աւարտին Երեւանի մէջ՝ Դեկտեմբեր 2011-ին: Պետական հովանաւորութիւն վայելող սոյն համաժողովին մասնակցեցան հայ եւ օտարազգի արուեստագէտներ, գիտահետազոտողներ, հրապարակագիրներ, լրագրողներ ու քաղաքական գործիչներ:- Խմբ.
 
1980 թուականի Սեպտեմբերին, երբ Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցաւ զինուորական յեղաշրջում, ֆաշիստական խունթայի ղեկավար Քենան Էվրենի ղեկավարութեամբ՝ հազարաւոր յառաջդիմական թէ ձախակողմեան մարտիկներ, փախչելով զանգուածային ձերբակալութիւններէ ու կախաղաններէ, ապաստանեցան Սուրիա եւ Լիբանան։ Անոնցմէ ոմանք, որպէս հմուտ յեղափոխականներ ու մարտարուեստի մասնագէտներ, անցան պաղեստինեան յեղափոխական կազմակերպութիւններու շարքերը։


Հետազօտող Լրագրողի Վկայութիւններ 1980-2011


Համօ Մոսկոֆեան, Դիւանագիտական լրագրող, 18-03-2012
Keghart.com աննշան խմբագրական յապաւումներով եւ փոփոխութիւններով կը ներկայացնէ լրագրող Հ. Մոսկոֆեանի ներքոյիշեալ խօսքը արտասանուած կրօնափոխ հայերու նուիրուած գիտաժողովի աւարտին Երեւանի մէջ՝ Դեկտեմբեր 2011-ին: Պետական հովանաւորութիւն վայելող սոյն համաժողովին մասնակցեցան հայ եւ օտարազգի արուեստագէտներ, գիտահետազոտողներ, հրապարակագիրներ, լրագրողներ ու քաղաքական գործիչներ:- Խմբ.
 
1980 թուականի Սեպտեմբերին, երբ Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցաւ զինուորական յեղաշրջում, ֆաշիստական խունթայի ղեկավար Քենան Էվրենի ղեկավարութեամբ՝ հազարաւոր յառաջդիմական թէ ձախակողմեան մարտիկներ, փախչելով զանգուածային ձերբակալութիւններէ ու կախաղաններէ, ապաստանեցան Սուրիա եւ Լիբանան։ Անոնցմէ ոմանք, որպէս հմուտ յեղափոխականներ ու մարտարուեստի մասնագէտներ, անցան պաղեստինեան յեղափոխական կազմակերպութիւններու շարքերը։

Որպէս լրագրող, այդ տարիներուն կարողացանք սերտ կապեր հաստատել «Տեվրիմճի Սոլ»ի (Յեղափոխական ձախ), «Տեվրիմճի Եոլ»ի (Յեղափոխական ճանապարհ), «Փարթիզան Եոլ»ի (Հայդուկային ճանապարհ), Թուրք-Քոմունիսթ Փարիթիզի- Լենինճիլեր (Թուրքիոյ Համայնավար կուսակցութիւն-Լենինեաններ), THKP Acilciler եւ TIKKO-Turk Isci Koyli Kommunist Partisi (Թուրքիոյ Ժողովրդային եւ Բանուորա-Գիւղացիական համայնավար կուսակցութիւն), P.K.K.-ի (Քիւրտիստանի Բանուորական կուսակցութիւն) ներկայացուցիչներու հետ. անոնցմէ շատեր ծագումով կրօնափոխ, քրտացած կամ թրքացած հայեր էին…. [յետագային] իրենց շարքերուն մէջ էին Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման պայքարի մարտիկներ՝ Թաներ Աքչամ, Ռագէպ Զարագօլուն, Հրանդ Տինքը, Միհրաճ Ուրալը, Ապտուլլահ Օճալանը-Աբօն, Էրքին Էրքիները, Արամ Տիգրանը եւ շատ ուրիշներ։

1982 թուականի իսրայէլեան ներխուժումէն երկարամեայ կալանաւորի իրավիճակին մէջ գտնուելէ ետք՝ մեր գլխաւոր հանդիպումը, այս անգամ համշէնահայերու եւ Ալեւի-քրտացած հայերու հետ տեղի ունեցաւ Գերմանիոյ Ֆրանքֆուրթ եւ Վիսպատեն քաղաքներուն մէջ, 1999-ին։ Ռիզէի թրքախօս, կրօնափոխ եւ ապա քրիստոնեայ մկրտուած Ալիէ-Ալիս Ալթ, իր եղբայրը՝ Սատեթ Պոսթան – Տիգրան Կոստանեան, զաւակը՝ Տենիզ Ալթ ազգականներն էին Թուրքիոյ երբեմնի վարչապետ Մեսուտ Եըլմազի։ Ալիս Ալթի տիփլոմային աշխատանք-գիրքը՝ «Համշէնահայութիւնը Պատմութեան Հայելիին Մէջ», թարգմանուեցաւ յունարէնի (գերմաներէնէ) Երջօ Անտրէատիսի կողմէ եւ թրքերէնի՝ Ռագէպ Զարաքօլուի ջանքերով։ Գերմանիոյ համշէնահայերէն բաւական աշխոյժ աշխատանք կը տանէր Նուրէտտին Կուրման։ Կարելի եղաւ շարք մը յօդուածաշարքերով, Սփիւռքի եւ Մայր Հայրենիքին ծանօթացնել կորսուած հայու զաւակներու իսկական ղեկավարներէն մի քանին, որոնք կարողացան իրենց հարիւրաւոր ազգականներուն մէջ յառաջացնել անսպասելի զարթօնք մը, տարիներու լռութենէ ետք։

Համշէնահայերու արեւելեան, հայախօս հատուածին հետ մեր հանդիպումները, հարցազրոյցները եւ նկարահանումները, Մոսկուայէն 1250 քլմ. Հարաւ-արեւելք գտնուող Ֆետերցովքա գիւղին մէջ, բաւական նշանակալից էին։ Սթալինի եւ Բերիայի կողմէ դէպի Ղրխզստան ու Ղազախստան աքսորուած Աքպէօյիւքովներու (Ճերմակեան), Քարաիպրահիմովներու, Շապանօղլիներու եւ այլոց զաւակներն ու թոռները, կենցաղային ծանր պայմաններու մէջ կը բնակէին Ռուսիոյ այս տարածքին վրայ, նոյնիսկ ուրախ հարսանիք ալ կազմակերպելով, յաճախ չիմանալով որ իրենք ոչ միայն հոմշենցի են՝ այլ հայեր, լեզուն որ սահունօրէն կը խօսէին՝ համշէնահայերէն։ Անոնցմէ ոմանք, Ղրխզստանի համշէնահայերու ղեկավար Ռուսլան Քարապաճաքովի նման, այցելելով Հայաստան եւ Արցախ, ցանկութիւն յայտնեցին վերադառնալ Մայր Հայրենիքի ազատագրուած հողերը, երկարամեայ աքսորէ ետք։ Այս հարցով … Մոսկուայի «Համշէն» Միութեան երիտասարդներ՝ Գէորգ Մխիթարեանի, Գարիկ Կարանեանի, Աշոտ Տուտուքճեանի ջանքերը, Լ.Ղ.Հ.ի վարչապետ Արայիկ Յարութիւնեանի բարեհաճ աջակցութեամբ՝ կը շարունակուին։

Վերադառնալով Գերմանիա, Ալեւի թէ Սիւննի դաւանանքի պատկանող կրօնափոխ հայերու հարցով անգնահատելի տեղեկատուութեան, լուսանկարներու թէ ֆիլմերու աղբիւր դարձան՝ Արեւմտեան Հայաստանի Մուշ-Կիւնտեմիրա շրջանէն՝ Սիմոն (Սետէթ) Կիւնտէնը, իր եղբայրն ու հարազատ Արմանն ու Օրհանը, Վարթօ-Հասաքէ-Վիսպատեն տառապանքի ուղին անցած ալեհեր, բայց միշտ խիզախ Դանիէլը ու տղան Յակոբը, բոլորն ալ քրիստոնեայ մկրտուած եւ միշտ սերտ կապերու մէջ զաւթուած Հայաստանի հազարաւոր հայերու հետ։ Սիմոնի հայրը՝ Հիւսէյն Կիւնտէնը, 2007-ին այցելելով Երեւան, Սասունի Քնար գիւղին Տարօնի սրբազան հող բերաւ հանգուցեալ վարչապետ, մշեցի Անդրանիկ Մարգարեանի գերեզմանին։ Մշեցի Արմէն Մարտիրոսեան ուղեցոյց է Արեւմտեան Հայաստան այցելող բազմաթիւ սփիւռքահայերու։ … [Նշենք] քրտական բանուորական կուսակցութեան երբեմնի ազատամարտիկ Սամուէլ Ֆէլէքեանը (Ալի Իհսան) …[որ] վերադարձած է ազատագրուած Հայաստան տասնեակ տարիներ որպէս քաղաքական բանտարկեալ մնալով թրքական կալանավայրերու մէջ. [ան] այսօր կամուրջի դեր կը կատարէ Թուրքիոյ եւ Գերմանիոյ կրօնափոխ հայերու եւ Մայր Հայրենիքի միջեւ։

Վերջերս, Գերմանիոյ Վիսպատեն քաղաքին մէջ ներկայ եղանք 1500 հրաւիրեալներու հետ՝ Սիմոն Կիւնտէնի հարսանիքին, Վարթոյէն ալեւի, ծագումով հայ օրիորդի մը հետ, [ան]1938 թուին Տերսիմի Զազա ապստամբութեան ընթացքին զոհուած հերոս-նահատակ Սէյիտ Ռիզայի ծոռնուհին է։ Կնքահայրը, ծագումով էրզրումցի սիւննի-քրտացած, ապա քրիստոնեայ մկրտուած հայ Տիգրան (Շահին Մենտերես) Զաթինքայան էր, որ 2000 թուականին Թուրքիոյ կառավարութեան դէմ դատական հայց ներկայացնելով, կարողացաւ վերադարձնել իր հայ-քրիստոնեայ ինքնութիւնը թրքական անձագրին մէջ։

Մեր հանդիպումը եւ ամրապնդուած բարեկամութիւնը Զազա մեծ երգիչ ու երաժիշտ Միքայէլ Ասլանի ու Ճեմիլ Քոչքիրիի հետ, Քզըլպաշ, նոյնպէս Զաֆէր Կիւչիւքի…, լոյս սփռեց մինչ այդ անծանօթ ու թաքնուած ողբերգութեանց վրայ, որոնք տեղի ունեցած են 1915 թուի Հայոց Ցեղասպանութեան ընթացքին հազարաւոր հայ որբերու փրկութեան Զազա նահատակ-հերոս ղեկավար Սէյիտ Ռիզայի կողմէ, որուն պատճառով ալ գլխաւորաբար, 1938 թուին որպէս ապստամբ կախաղան բարձրացուեցաւ Քեմալ Աթաթիւրք-Իսմեթ Ինէօնիւ բռնատիրութեան կողմէ։ Ըստ Զազա պատմաբան Մոնզուր Ճէմի վկայութեան (որուն արիւնակից քոյրը հայուհի է), Սէյիտ Ռիզայի տան մէջ բռնագրաւուած ու ոչնչացուցած են բազմաթիւ հայկական հազարամեայ մագաղաթներ ու աւետարաններ։

Հայկական հսկայական բառապաշարի, աւանդութեանց, տօնակատարութիւններու առկայութիւնը Զազա-Տերսիմ մշակոյթին մէջ՝ առանձնապէս յայտնի դարձաւ Մեսուտ Քեսքինի (Ֆրանքֆորթի «Կէօթէ»ի համալսարան), Նատիրէ Կէօքթաշի (Անգարայի համալսարան), Աննիքա Թէօրնէի (Պոխում-Գերմանիա) [աշխատանքներու շնորհիւ] եւ մանաւանդ Միքայէլ Ասլանի հռչակաւոր «Փեթակ» ալպոմով՝ օգտուելով Մեծն Կոմիտասի աշակերտ Տիգրան Թումաճեանի արխիւէն եւ օգնութեամբ «Ակունք» համոյթի։ Ալպոմով ներկայացուած են Տերսիմի հայոց դարաւոր եղանակները, որոնք կ’երգուին նաեւ զազաքի ու թրքերէն լեզուներով:

Այս բոլոր տուեալներուն դիմաց, ամփոփելով մեր ձեռք բերած տուեալները, կրօնափոխ հայերը կրնանք բաժնել հետեւեալ խումբերու

1) Մահմետական եւ քրիստոնեայ համշէնահայեր, որոնք կ’ապրին ինչպէս Թուրքիոյ (Արեւմտեան Հայաստանի) Համամ Ամատունի իշխանին կառուցած Համամաշէն պատմական բերդաքաղաքին, Տրապիզոնի, Խոտորջուրի, Քաջքարի, Ռիզէի շրջապատին մէջ, ինչպէս նաեւ Վրաստանի, Ռուսիոյ, Ղրխզստանի ու Ղազախստանի Վորոնէժ, Ռոստով, Ֆետերցովքա, Օշ, Չիրքինօ եւ այլ բնակավայրերու մէջ (կրօնափոխները)։ Իսկ քրիստոնեայ համշէնահայերը, գլխաւորաբար Մոսկուայի, Սոչիի, Կրասնոտարի, Կակրայի, Աբխազիոյ բնակավայրերուն մէջ, որպէս հետնորդները Արեւմտեան Հայաստանէն արտագաղթած թրքական հալածանքներէն փախչած համշէնահայերու։ Այսօր մեծ թիւ կը կազմեն նաեւ՝ Գերմանիոյ, Հոլանտայի, Պելճիքայի, Ֆրանսայի, Գանատայի եւ Ա.Մ.Ն.ի համշէնահայերը, որոնք կապերը կը պահպանեն իրենց հայրենակիցներուն հետ։ Համացանցի վրայ կան բազմաթիւ կայքէ֊ջեր, Facebook-ի վրայ ամէնօրեայ հաղորդակցութեան համակարգչային միջոցներ, որոնք կ’օգնեն համշէնահայերու զարթօնքին։ Այս առիթով կարելի է յիշել համշէնագէտ Ս. Վարդանեանի, Հ. Ալվըրցեանի, բանաստեղծ Ե. Վայէճի, Ռ. Սաֆրաստեանի, Ռ. Մելքոնեանի ակադեմիական մակարդակով գործունէութիւնը այս բնագաւառին մէջ։ Մեծ աշխատանքներ կը տարուին Մոսկուայի Քրիստոնեայ Համշէնահայերու Միութեան ու երիտասարդական կազմակերպութեան անդամները՝ յանձինս Սերկէյ Գալինճեանի, Աշոտ Տուտուքճեանի ու իրենց հրատարակած «Համշէն» գունազարդ ամսագրին կողմէ։

2) «Ալեւի» ու «Սիւննի» դաւանանքին պատկանող, Զազա ու Քըզըլպաշ, քրտացած եւ զրադաշտական ծագումով հայեր, որոնք գլխաւորաբար կ’ապրին Սասունի, Մուշի, Վարթոյի, Կիւնտէմիրայի, Տերսիմի, Պաթմանի, Էրզրումի շրջաններու մէջ, նաեւ մի քանի հազար ալ Գերմանիոյ, Հոլանտայի, Պելճիքայի, Շուէտի զանազան քաղաքներուն եւ աւաններուն մէջ։ Անոնց թիւը օրէ-օր կ’աւելնայ, շնորհիւ համացանցային կայքէ֊ջերու, Facebook-ի միջոցով ստեղծուած կապերու, համաժողովներու, նորանոր ուսումնասիրութիւններու։ Կ. Պոլսոյ Պատրիարքական փոխանորդ Արամ Աթեշեան եւ Գերմանիոյ հոգեւոր Առաջնորդ Գարեգին Արք. ՊԷքճեան, որոնց հարազատներուն մէջ ալ կան կրօնափոխ հայեր, բազմիցս թրքական մամուլին յայտարարեցին “գաղտնի” հազարաւոր հայերու գոյութիւնը։ Անոնց ինքնութիւնը փաստուելէ ետք, շատեր քրիստոնեայ մկրտուեցան Պոլսոյ, Քէօլնի թէ Հանովրի, Վիեսպատենի եւ Ֆրանքֆուրթի մէջ…։

Բաւականին մեծ թիւ կը կազմեն Զազա ու Քըզըլպաշ զրադաշտական հայերը Տերսիմի թէ Արեւմտեան Եւրոպայի մէջ։ Անոնք նոր եւ հզօր ուժ են, ունին զարգացած ղեկավարութիւն, Տերսիմի ցեղասպանութեան ընդունման եւ անկախութեան պայքարին մէջ իրենց ուժերը միացուցած են իրենց Զազա եւ քիւրտ եղբայրներուն հետ։ Հիմնած են իրենց միութիւնները եւ կայքէջերը, կը կազմակերպեն մշակութային ու երաժշտական համերգներ Տերսիմի թէ Արեւմտեան Հայաստանի մէջ, հայ թէ օտար դէմքերու եւ ղեկավարներու հոծ մասնակցութեամբ։

3) Արաբացած եւ ասորացած կրօնափոխ եւ քրիստոնեայ հայեր …Հայոց Ցեղասպանութեան օրերուն, հազարաւոր որբ-որբուհիներ փրկուեցան Սուրիոյ եւ Միջագետքի արաբ ցեղախումբերու կողմէ, որոնցմէ մեծ մասը յանձնուեցան հայ թէ հայասէր որբահաւաքներուն… Շատեր մնացին եւ արաբացան, ուրիշներ ալ ասորացան, միշտ պահելով իրենց հայկական ինքնութիւնը։ Անոնց մասին բազմաթիւ յօդուածներ, լուսանկարներ ու ֆիլմեր կան։ Մի քանի տարի առաջ, Սուրիոյ արաբ ցեղախումբերու գլխաւոր “շէյխ”երը Երեւան այցելելով պատմեցին բազմաթիւ հայ-հայուհիներու մասին, որոնք կրօնափոխ դառնալով իսկ՝ պահեցին իրենց ինքնութիւնը, յաճախ հանդիպելով հեռու երկիրներէ եկած, վերագտած հարազատներուն հետ՝ շատ յուզիչ պայմաններու մէջ։

Դէպի հայութիւն վերադարձի պայքարը կը շարունակուի։ Արշալոյսը մօտ է համընդհանուր զարթօնքի շարժման հետ։

 

You May Also Like