Կրօնափոխ Հայերու Վերադարձ Դէպի Հայրենիք

Համօ Մոսկոֆեան, Հեռախօսով՝ Պէյրութ-Պեռլին-Օնթարիօ, 27 Յունիս 2010
 
ՊԵՐԼԻՆԻ ՄԷՋ՝ Հ.Հ. ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԵՐԺ ՍԱՐԳՍԵԱՆ, ԱՌԱՋԻՆ ԱՆԳԱՄ “ՊԱՇՏՕՆԱՊԷՍ” ԱՆԴՐԱԴԱՐՁԱՒ ԿՐՕՆԱՓՈԽ ՀԱՅԵՐՈՒՆ ԴԷՊԻ ԻՐԵՆՑ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴՆ ՈՒ ՀԱՅՐԵՆԻՔԸ ՎԵՐԱԴԱՐՁՆԵԼՈՒ ՄԱՍԻՆ
Գերմանիա կատարած պաշտօնական այցի շրջանակներուն մէջ Հ.Հ. Նախագահ Սերժ Սարգսեան հանդիպում մը ունեցաւ Գերմանիոյ հայկական համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ։ Այսօր, հետզհետէ հայաշատ դարձող այդ կարեւոր գաղթօճախին թիւը կը հասնի 85,000֊ի սահմանը, որոնց մէջ են մանաւանդ, թրքական քաղաքացիութիւն կրող դաւանափոխ, իսլամացած, համշենահայ եւ “քրտացած” ալեւի, զազա, “ղզլպաշ” հայերը։

Առաջին անգամ ըլլալով, հեռատեսիլի եւ զանգուածային լրատուութեան տեսախցիկներուն առաջ, Հայաստանի նախագահը “բացէ ի բաց” ակնարկեց դաւանափոխ հայերուն հետ սերտ կապեր հաստատելու եւ Մայր ժողովուրդին եւ հայրենիքին հետ անոնց կապելու անհրաժեշտութիւնը։ Հեռասփռուած այդ հանդիպման ընթացքին՝ առանձնապէս նշանակալից էր Գերմանիոյ հայոց քաջարի հոգեւոր Առաջնորդ՝ Գարեգին Արք. Պեքճեանի ելոյթը՝ մանաւանդ որ սրբազան հայրը ոչ միայն բազմաթիւ դաւանափոխ հայեր մկրտած կամ գրանցած էր որպէս հայեր՝ այլ եւ թրքական «Զաման» հեղինակաւոր թերթին տրուած հարցազրոյցը մի քանի տարի առաջ ցնցած էր Թուրքիան եւ Գերմանիան՝ ուր կը յայտարարուէր Հայոց Ցեղասպանութենէն փրկուած բազմահազար կրօնափոխ ու “գաղտնի” հայերու մասին։

Այս մետասաներորդ ժամու յայտարարութիւնները, որոնց մասին բազմիցս ներկայացուցած էինք նոյնինքն երբեմնի Հ.Հ. Վարչապետ Սերժ Սարգսեանին “նախկին Ազգային Անվտանգութեան նախարար Կառլոս Պետրոսեանին, նաեւ անցեալ տարի Պէյրութ այցելած Հ.Հ. Արտաքին Գործոց Նախարար Էդուարտ Նալպանտեանին՝ ոչ֊ արժանի լրջութեամբ, զանազան մեկնաբանութիւններով եւ յաճախ հեգնանքով ընդունուած էին Հայոց Պետութեան ղեկավար այրերուն կողմէ։ Իսկ այժմ, երբ դարձեալ ահագնացած է պատերազմի վտանգը Ազրպէյճանի հետ եւ որուն մէջ կրնան ներքաշուիլ Թուրքիան, Ռուսիան եւ ԱՄՆ-ՆԱԹՕ-ն՝ խիստ կարեւորութիւն ստացած է շուրջ 2 միլիոն հայու “կորուսեալ”, բայց իրենց արմատները վերադարձող զաւակներուն անհրաժեշտ ուշադրութեան արժանացնելը եւ գալիք փոթորիկները դիմագրաւելու նախապատրաստութեան մէջ անոնց մասնակից դարձնելը։

Մենք ունինք հզօր դաշնակիցներ ինչպէս քրտական ազատագրական շարժումներու, այնպէս ալ Թուրքիոյ լուսաւորեալ շրջանակներու մէջ, որոնց մէջ բազմաթիւ են ծագումով հայ ղեկավար դէմքեր։ Առաւել եւ Ասորական խալդէական, Արաբ_Քրիստոնեայ թէ դաւանախօս ալեւի-արաբ հայեր, որոնք իրենց կրօնակից եղբայրներուն հետ շուրջ 7 միլիոնի պատկառելի թիւ մը կազմեն Թուրքիոյ եւ 2 միլիոն ալ “թրքական սփիւռք”-ի մէջ՝ Եւրոպայէն մինչեւ Ամերիկաները։

Իսկ ինչո՞վ էին զբաղած մեր հայրենի քաղաքական իշխանամէտ թէ ընդդիմադիր ղեկավարներն ու շարժումները, վերջին տարիներուն։ Զիրար պարսաւելով, Հոկտեմբեր 27 ու Մարտ 1-եր կազմակերպելով, ձերբակալութիւններով ու ցոյցերով, դատավարութիւններով, Եւրոմիութեան եւ միջազգային “ժողովրդավար” կառոյցներուն մօտ ազգադաւ բազմասանքով եւ գործունէութեամբ։ Իսկ հիմա՞, երբ Ալիեւն ուՄահմետեարովը, իրենց “կնքահօր” Էրտողանին հետ նոր պատերազմ կը նախապատրաստեն Հայաստանի դէմ՝ ժամանակը չէ՞ եկած արդէն սթափուելու եւ հասկնալու թէ մեր փրկութիւնը միայ՛ն մեր միաբանութեան մէջ է։

Այո՛, մեր դաւանափոխ, երէկ “գաղտնի”, այսօր “յայտնի” եղբայրներն ու քոյրերը, անոնց դաշնակիցներով մեր գլխաւոր հենարաններէն են Մայր Հայրենիքի պահպանման ու գոյատեւման պայքարին մէջ։
 
You May Also Like