Հազա՜ր Համբոյր Հայ Լիբանանին

Մեթր Պարգեւ Դաւիթեան, «Լուսաբաց», Թորոնթօ, 7 Մարտ 2015

Լիբանանի մէջ հրատարակուող հայ քաղաքական երեք կուսակցութիւններու պաշտօնա­թեր­թերու խմբագիրները, յետ խորհրդակցութեան, որոշած են Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեա­կին առիթով հրատարակել ԱԶԴԱԿ–ԱՐԱՐԱՏ–ԶԱՐԹՕՆՔ միացեալ թիւ, Ապրիլ 24-ի օրը։

Ի՜նչ հաճելի լուր եւ համազգային ոգի ու կեցուածք` Հայ Սփիւռքի սիրտ Պէյրութէն։

Ի՜նչ դաստիարակիչ գործակցութիւն եւ եղբայրակցութիւն` հայ իրաւապահանջ սերունդնե­րուն։

Ի՜նչ ազգային առողջ մտածում` հաւաքաբար ներկայացնելու իրար ամբողջացնող մտքերը մեր։

Մեթր Պարգեւ Դաւիթեան, «Լուսաբաց», Թորոնթօ, 7 Մարտ 2015

Լիբանանի մէջ հրատարակուող հայ քաղաքական երեք կուսակցութիւններու պաշտօնա­թեր­թերու խմբագիրները, յետ խորհրդակցութեան, որոշած են Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեա­կին առիթով հրատարակել ԱԶԴԱԿ–ԱՐԱՐԱՏ–ԶԱՐԹՕՆՔ միացեալ թիւ, Ապրիլ 24-ի օրը։

Ի՜նչ հաճելի լուր եւ համազգային ոգի ու կեցուածք` Հայ Սփիւռքի սիրտ Պէյրութէն։

Ի՜նչ դաստիարակիչ գործակցութիւն եւ եղբայրակցութիւն` հայ իրաւապահանջ սերունդնե­րուն։

Ի՜նչ ազգային առողջ մտածում` հաւաքաբար ներկայացնելու իրար ամբողջացնող մտքերը մեր։

Շատոնց կը խօսուէր համազգային մէկ շարժումի մը ստեղծումին մասին, որուն մէջ կ’առա­ջար­կո­ւէր լուծել մեր աւանդական ազգային երեք կուսակցութիւնները, որպէսզի մէկ ձայնով հե­տապնդէինք մեր բոլոր ազգային հարցերը։ Օրերը եկած են ցոյց տալու, որ մեր Սփիւռքը բաժնող ու բզքտող ամօ­թա­լի ու խղճալի անցեալը սկսած է փոխարինուիլ ներկայով մը, որուն մէջ մեր երեք աւանդական կուսակ­ցու­թիւնները կ’աշխատին համաշունչ եւ անխոչընդոտ ծրագիրներով, տալով այն տպաւորութիւնը թէ ա­նոնք իրենց սեղմ գործակցութեամբ արդէն ստեղծած են այն հա­մազգային համախմբուած շարժումը ո­րուն մասին շատոնց կը խօսուէր։

Յիսուն տարի առաջ, 1965-ին, Ապրիլեան Եղեռնի յիսնամեակին առթիւ, լիբանանահա­յութիւ­նը հա­րիւր հազար թիւով հաւաքուած էր Պէյրութի Քամիլ Շամուն կոչուող մարզական աւանին մէջ, իր հա­մայն­քային բոլոր գոյներու եւ խաւերու ներկայացուցիչներով, հիմը դնելու պահանջա­տիրութեան ամրո­ցի մը, որուն մէջ զինուորագրուեցան Հայ Դատի բանակին առաջատար սե­րունդ­ները։ Այդ հերոս սե­րուն­դը տուաւ Գաղտնի Բանակ եւ Արդարութեան Մարտիկներ, եւ մեզի հանդէպ անտարբեր եղող ու քնացող աշխարհին հանգիստը խանգարեց։ Այդ հայաշունչ սերունդը աշխարհով մէկ սփռուած հայու­թեան տուաւ ազգային գործիչներ եւ ուսուցիչներ ու դարձաւ պա­պէն աւելի պապական` այն ինչին հան­դէպ որ ազգային  իրաւունքներու պահանջատիրութեան հետ գործ ունէր։ Այդ սերունդը Լիբանանի քա­ղա­քացիական պատերազմին ընթացքին «դրական չէզոքութիւն» կոչուող իմաստուն դիրքորոշում բռնեց եւ իր համայնքին կեանքը փրկեց, ու  յետ պատերազմին ալ ամէնուն կողմէ գնահատուեցաւ ու իր չէզո­քու­թեան որպէս վարձատրութիւն իրեն քաղաքական ներկայացուցչութեան հաւասար կարգավիճակ տրուեցաւ` անոր կուսակցու­թիւններուն միջեւ բաժնելով պետական երեսփոխանական աթոռները։ Այդ սե­րունդը իր մասնակ­ցութիւնը բերաւ Արցախի ազատագրութեան մարտերուն եւ ազգային հողի վրայ արիւն թափեց։

Ահա այդ սերունդի ազգային դաստիարակութեամբ սնած եւ ուռճացած ներայացուցիչները մեր լի­բանանեան համայնքին որոշած են մէկ ձայնով խօսիլ Ապրիլ 24-ի օրը եւ մէկ լեզուով լսելի դարձնել ի­րենց ձայնը։ Լիբանանեան հակադիր քաղաքական հոսանքներու հետ ըլլալու անոնց հանգամանքը եր­բեք պատճառ չէ եղած որ անոնք մէկ կողմ չդնէին ամէն տեսակի հաշիւ եւ զի­նակ­ցութիւն, որպէսզի մէկ եւ ամբողջական երեւոյթ ստանար իրենց միասնակամութիւնը ազգա­յին առաջատար հարց եւ նիւթ ն­կատուող մեր ազգային հասարակաց շահի եւ դատի նկատմամբ։ Ծիծեռնակաբերդի մէջ հաւաքուած հայրենի հայութեան ձայնին Սփիւռքի մէջ ամենէն զօրաւոր ու բարձր ձայնակիցը վստահաբար պիտի ըլլայ Պէյրութի մէջ հազարներով քալող հայութիւնը, որ Ապրիլ 24-ի օրը ձգած գործ ու տեղ Ապրիլեան Ե­ղեռնի հանդիսութեան ընթացքին բռունցք պիտի բարձրացնէ Թուրքիոյ դէմ հաշիւ պահանջելով անկէ, հաշիւ՝ իր նահատակ նախնիներու կորսնցու­ցած հողին ու ինչքին։

Անցեալ շաբթուայ մեր յօդուածը` «Գոնէ Արարատը Տրուէր Մեզի», վստահաբար պիտի չգրուէր եթէ Լի­բանան գտնուելով կեցած ըլլայինք պահանջատիրութեան առաջին շարքերուն վրայ, ուր սրբազան «խենթեր» կը մերժեն ընդունիլ ուժերու անհաւասարակշռութեան պատճառաւ իրապաշտական լուծում գտնել մեր դատին։ Մեր դպրոցական օրերէն բոլորս գիտենք Արշակ թագաւորին պատմութիւնը, թէ ան ինչպէս հայկական հողի վրայ կանգնած կը դառնար յանդուգն ու անզիջող եւ ապա պարսկական հողին վրայ կանգնած կը դառնար զիջող ու տկար։ Նորօրեայ մեր Արշակները գուցէ գտնուին հայրենի հողի եւ անոր մօտ եղող Լիբանանի հողին վրայ եւ ոչ` հոնկէ ովկիանոսներ հեռու գտնուող վայրերու մէջ։ Այո՛, ըլ­լալով հեռու Հայաստանէն եւ Սփիւռքի հայրենիք՝ Լիբանանէն, հեռու ենք հողի ուժէն, եւ մեր օթեակ­նե­րէն արեւմտավայել մտայնութեամբ կը դիտենք ու կը ցանկանք լուծում մեր հարցերուն։

Հոն, մեր հողին վրայ եւ անոր հողին մօտ կանգնողները միայն իրաւունք ունին ըլլալու յան­դուգն եւ անզիջող, ըսելու եւ երգելու` «երբ չի մնում ելք ու ճար, խենթերն են գտնում հնար»։

Այդ հնարը գտան ատենօք Լիբանանէն դէպի Եւրոպա եւ Թուրքիա գացող մեր պահանջատէր «խեն­թերը»։ Այդ հնարը կ’ուզեն գտնել ներկայիս Լիբանանի եղբայրացած մեր ազգային կուսակ­ցու­­թիւն­ները։

Հազա՜ր համբոյր Հայ Լիբանանին։

You May Also Like