Հրայր Ճէպէճեան, Կիպրոս, Մարտ 2013
Հօրս եւ իր ընկերներուն բարեկամական զրոյցներու ընթացքին արտայայտուած խօսքերէն եւ միտքերէն է…: Կիրակի կէսօրէ ետքերու մեր տան մէջ Պէյրութ` հայրս եւ իր բարեկամները կը զրուցէին մշակութային եւ ազգային շատ մը նիւթեր:Բոլորն ալ հոգեպէս եւ մտքով ծանրաբեռնուած` ազգային մեր մտահոգութիւնները իրենց գլխաւոր օրակարգ, կը զրուցէին եւ կը վիճաբանէին…: Եթէ այս մէկն ալ իրենց մէկ նիւթերէն էր`թեկուզ քիչ մը կարօտով` բայց որուն մէջ անպայմանօրէնյուզում եւ տրտմութիւն խառնուած` անոնք հայուն ճնշուած եւ պարտադրուած «ճակատագիրը» կ՛որոնէին…:
Եթէ մանկութեանս եւ պատանեկութեանս տարիներուն ներկայ կ՛ըլլայի հօրս եւ իր բարեկամներուն հաւաքներուն,բայց նաեւ մտիկ կ՛ընէի իրենց զրոյցները, եթէ նոյնիսկ ամէն ինչ չհասկնալով այդ տարիներուն` μայց մտքիս ու հոգիիս մէջ տեղ մը ««բոյն» կը շինէին այդ բոլորը` երեւի որպէսզի անդրադառնամ անոնց երբ մեծնայի ու սկսէի ատակ դառնալու այդ բոլորին…:
Հրայր Ճէպէճեան, Կիպրոս, Մարտ 2013
Հօրս եւ իր ընկերներուն բարեկամական զրոյցներու ընթացքին արտայայտուած խօսքերէն եւ միտքերէն է…: Կիրակի կէսօրէ ետքերու մեր տան մէջ Պէյրութ` հայրս եւ իր բարեկամները կը զրուցէին մշակութային եւ ազգային շատ մը նիւթեր:Բոլորն ալ հոգեպէս
Եթէ մանկութեանս եւ պատանեկութեանս տարիներուն ներկայ կ՛ըլլայի հօրս եւ իր բարեկամներուն հաւաքներուն,բայց նաեւ մտիկ կ՛ընէի իրենց զրոյցները, եթէ նոյնիսկ ամէն ինչ չհասկնալով այդ տարիներուն` μայց մտքիս ու հոգիիս մէջ տեղ մը ««բոյն» կը շինէին այդ բոլորը` երեւի որպէսզի անդրադառնամ անոնց երբ մեծնայի ու սկսէի ատակ դառնալու այդ բոլորին…:
Եւ այդպէս ալ եղաւ…: Ժամանակի ընթացքին սկսայ սորվիլ եւ հասկնալ հայուն` իմ պատմութիւնս…: Ցեղասպանութիւնը եւ անոր արհաւիրքը…: Հօրս եւ իր բարեկամներուն զրոյցին եւ կատակ-յուզումին բովանդակութիւնը: Թէ ինչո՞ւ համար «հայը Հալէպ կը ծնի, Պէյրութ կ՛ապրի եւ Ամերիկա կը մեռնի…»: Եւ թէ հօրս պատմութիւնն ալ մէկ փոքր օղակն էր այդ կատակ-յուզումին: Հալէպ չէր ծնած` եւ իր պատմութիւնը սկսած էր ատկէ առաջ…: Շատ մանուկ տարիքին, հազիւ նորածին, հայրս ծնողացը հետ Այնթապէն եկած էր Հալէպ…: Հասակ առած ու սորված էր «Երազային Հալէպի» մէջ` որմէ ետք անցած էր Պէյրութ` իր կեանքը շարունակելու…: Համալսարան, ասպարէզ, ընտանիք եւ մշակութային-երաժշտական ճոխ կեանք: Բայց հայրս չհասաւ Ամերիկա մահանալու…: Մնաց ու մահացաւ եւ թաղուեցաւ Պէյրութի մէջ` իր կատակ-յուզումը չամբողջացնելու տեսլականով…: Բայց այս տեսլականը իւրաքանչիւր հայուն «ոդիսականն » է…: Ցեղասպանութիւնը ապրած, հայրենի հողը ու տունը կորսնցուցած եւ Սփիւռքի այլ գաղութները իր տուն-տուները շինած (մէկը միւսին ետեւէն, եւ թերեւս արագ-կամաց հերթականութեա՞մբ): Ու տակաւին` նոյնինքն սփիւռքեան ««հոս-հոն» հողերուն մէջ վերջացնելու երկրային կեանքը…՞: Ես պիտի հասկնայի «կատակ-յուզում»ը հօրս եւ իւրաքանչիւր հայուն, թէ ինչո՞ւ էր, որ ««Հալէպ կը ծնին, Պէյրութ կ՛ապրին ու Ամերիկա կը մեռնին…»:
Բայց եւ այնպէս` կեանքը շարունակուեցաւ ու տակաւին…: Մէկ կողմէ անհատական, միւս կողմէ ընտանեկան ու տակաւին ազգային-միութենական եւ եկեղեցական, հոս թէ հոն, մէկ գաղութէն միւսը, հայը շինեց ու շարունակեց ապրիլ-վերապրիլ`որովհետեւ հաւատաց մէկ գերագոյն իրականութեան` Ազգապահպանումին…:
Եւ թէ Հալէպ ծնաւ կամ այլ` հայը առաւ այդ երկրին դրոշմը,կնիքը ու նկարագիրը` շինեց ու շէնցուց: Եւ թէ անցաւ Պէյրութ կամ այլ` դարձեալ ըրաւ նոյնը…: Ու եթէ տակաւին Ամերիկա կամ ուրիշը` դարձեալ նոյնն է, որ կը շարունակուի` ազգապահպանումի եւ հայապահպանումի տեսլականը: Եւ այս տեսլականը անգամ մը եւս ապրեցայ 18 Հոկտեմμեր 2012-ին`Նիւ Եորքի Սրբոց Նահատակաց Ազգային վարժարանին մէջ…: 75 հայ մանուկներ եւ պատանիներ: Մանկամսուր, մանկապարտէզ եւ նախակրթարան եւ մինչեւ 6-րդ դասարան: Խումբ մը նուիրեալ հայ ուսուցիչներ եւ Զարմինէ Պօղոսեանը տնօրէնուհի…: Նիւ Եորքի նման այս հսկայ քաղաքին մէջ, ուր կեանքը ու անոր յառաջացուցած «հեւքը» քեզ կրնայ մինչեւ իսկ շնչահեղձ ընել` շատ հաւանաμար կը փորձուիս մտածելու եւ ըսելու. «Ինչո՞ւ համար է այս փոքրիկ հայկական վարժարանը այս հսկայ քաղաքին մէջ…»:
Զարմինէն եկած էր Հալէպէն…: Իրեն համար հայակերտումը եւ ինքնութեան պահպանումը վեր է ամէն զոհողութենէ եւ սակարկումներէն…: Հալէպի ազգային շունչով մեծցած ու դաստիարակուած` ան կը շարունակէ նոյն ուժգնութեամբ եւ խանդավառութեամբ նոր սերունդ «հայ» մեծցնել…: Եւ հայուն սփիւռքեան կեանքի երթն է այս…: Զարմինէն Նիւ Եորքի մէջ նաեւ կ՛ապրի Հալէպի սէրը` եւ այսօր նաեւ ռմբակոծումը, ժողովուրդին վախը, իր ապրած փողոցներուն հրկիզումը…: Եթէ աչքերուն մէջ կայ կարօտ, բայց նաեւ զսպուած արցունք`քանի Հալէպը որպէս ծննդավայր կարեւոր հիմք է իր կեանքին…: «Ամուսինս եւ ես կը մտածէինք Հալէպ վերադառնալ հանգստեան կոչուելէն ետք…»: Զարմինէին «Երազային Հալէպին» իրականացող -չիրականացող երազն է այս…:
Երբ կը մտնեմ փոքր դպրոցի տարբեր դասարանները` կը փորձուիմ հարց տալ ես ինծի թէ արդեօ՞ք Սրբոց Նահատակաց Ազգային վարժարանի առաքելութիւնը Նիւ Եորքի մէջ կրնայ նմանիլ Աստուածաշունչի Դաւիթի եւ Գողիաթի անհաւասար ուժերու մենամարտին…:
Հուրի Ղուկասեանը կու գայ Պէյրութէն եւ հայերէնի ու հայոց պատմութեան ուսուցիչն է…: Երբ լսեցի հայ պատանիին հայերէն արտասանութիւնը եւ թէ ինչպէս անոնք սորված էին հայ ժողովուրդի պատմութիւնն ու անոր կազմաւորումը` անդրադարձայ այն իրականութեան, որ Դաւիթը` իր անհաւասար մենամարտին եւ ուժին ու կարողականութեան մէջ` նաեւ յաղթեց Գողիաթին…:
Բայց հայուն փորձը այս չէ՞ արդեօք…: Անհաւասար «մենաՄարտ» ու «պայքար»ի իր պատմութեան շատ մը հոլովոյթներուն մէջ…: Ու այս անհաւասար ճակատներուն վրայ` եթէ հայը պարտուեցաւ` բայց դարձեալ ոտքի ելաւ…: Եթէ կործանեցաւ` նորէն շինեց: Եւ եթէ մեռաւ` առիթը ստեղծեց, որ յաջորդները ապրին ու շարունակեն…: Եւ այս բոլորը կրցաւ ընել հայը` քանի հաւատաց հայապահպանումի տեսլականին: Ինքնութեան կանչը իր սրտին ու հոգիին մէջ, հայուն անհաւասար մենամարտը կը շարունակուի…: Բայց նաեւ Նիւ Եորքի մէջ…: Զարմինէն եւ իր փոքր «գումարտակը»` Հուրին, Անին, Մարոն եւ Քրիսթինը` Հալէպէն, Պէյրութէն, Երուսաղէմէն ու տակաւին… Նիւ Եորքէն` կը շարունակեն նուիրումով այս անհաւասար «մենամարտը»…:
Հայուն գոյապայքարի մէկ մեծ մարտահրաւէրն է այս: Նոյնիսկ երբ Հալէպ (կամ այլ) կը ծնի, Պէյրութ (թէ ուրիշ տեղ) կ՛ապրի եւ Ամերիկա (ու տակաւին) կը մեռնի…: Հայուն կատակ-յուզումն է այս իրականութիւնը: Թէ պէտք է շարունակել ապրիլ «հայկական կեանքը» Հալէպ, Պէյրութ, Ամերիկա թէ այլ տեղ…:
1 comment
Անսպառ գրիչ եւ ՛՛կանաչ ճանապարհ՛՛
Մինչեւ ե՞րբ պիտի ապրինք ՛՛Հայուն գոյապայքարի մէկ մեծ մարտահրաւէրն է այս՛՛ դրոյթը: Անշուշտ անյայտ է այնքան ատեն, որ զօրաւոր, համապարփակող երազուած հայրենիքը չունինք:
Շատ սահուն, յստակ եւ հայու ճշմարիտ կեանքը ցոլացնող հայելի, հաղորդագրութիւն եւ հաղորդակցութիւն մըն է այս գրութիւնը:
Կը մաղթեմ անսպառ գրիչ եւ ՛՛կանաչ ճանապարհ՛՛, ինչպէս կ'ըսէ hայաստանցին:
Comments are closed.