Լեւոն Շառոյեան, Հալէպ, 11 Դեկտեմբեր 2013
Ձիւնառատ օրեր կ՛ապրի Հալէպը։ Շաբաթ մը առաջ՝ օդերեւութաբանական կայանները հաղորդեր էին արդէն, որ ձիւնամրրիկն ու բուքը իրենց տիրապետութեան տակ պիտի առնեն Միջերկրականի արեւելեան ափերը, այսինքն՝ Լիբանանը, Պաղեստինն ու Սուրիան։ Այդպէս ալ եղաւ:
Երեքշաբթի երեկոյեան ժամերէն սկսեալ՝ առատ ձիւն սկսաւ տեղալ Հալէպի եւ շրջակայքին վրայ։ Ամբողջ գիշերը, մինչեւ Չորեքշաբթի (այսօր) կէսօրէ վերջուան ժամերը՝ շարունակ եւ անդադար կը ձիւնէր։ Առաւօտուն, երբ արթնցանք, մեր վիրաւոր քաղաքը ծածկուեր էր սպիտակ սաւանով…։ Մայթերուն, տանիքներուն կամ ինքնաշարժներուն վրայ կուտակուած ձիւնը անցեր էր 8 սնթմ.ը։
Լեւոն Շառոյեան, Հալէպ, 11 Դեկտեմբեր 2013
Ձիւնառատ օրեր կ՛ապրի Հալէպը։ Շաբաթ մը առաջ՝ օդերեւութաբանական կայանները հաղորդեր էին արդէն, որ
Երեքշաբթի երեկոյեան ժամերէն սկսեալ՝ առատ ձիւն սկսաւ տեղալ Հալէպի եւ շրջակայքին վրայ։ Ամբողջ գիշերը, մինչեւ Չորեքշաբթի (այսօր) կէսօրէ վերջուան ժամերը՝ շարունակ եւ անդադար կը ձիւնէր։ Առաւօտուն, երբ արթնցանք, մեր վիրաւոր քաղաքը ծածկուեր էր սպիտակ սաւանով…։ Մայթերուն, տանիքներուն կամ ինքնաշարժներուն վրայ կուտակուած ձիւնը անցեր էր 8 սնթմ.ը։
Կ՛ըսուի, թէ ձիւնը լաւատեսութիւն կը բերէ։ Մեծ ու փոքր, ամէն ոք կ՛ախորժի ձիւնէն, մանաւանդ Արեւելքի մեր երկիրներուն մէջ, ուր ձմեռները ընդհանրապէս կու գան-կ՛անցնին առանց ձիւնի։ Հալէպի այս տարուան ձիւնը արտասովոր էր սակայն։ Լաւատեսութիւն պիտի ներարկէ՞ անիկա մեր խռովեալ հոգիներուն, թէ՞ ծանրօրէն պիտի գայ նստի մեր սրտին վրայ…։
ՁԻՒՆ բառը ,-ըստ իմ բարի սովորութեան,- մտորումներու առաջնորդեց զիս։ Մտքիս մէջ փորձեցի շարել այն բառերը, որոնք կազմուած են «ձիւն» արմատով.- ձիւնագնդակ խաղալ, ձիւնախառն անձրեւ, ձիւնապատ Մասիս, ձիւնապսակ (կամ ձիւնագագաթ) սարեր, ձիւնածաղիկ (կամ ձնծաղիկ)։
Յետոյ յիշեցի «Ձիւնաթոյրը», որ մեր երեխաներուն շատ սիրելի հէքեաթ մըն է։
Ու վերջապէս՝ իմ մտքէն ոգեկոչեցի «Ազդակ»ի երկարամեայ աշխատակից ՁԻՒՆԱԿԱՆը, որուն բուն անունն էր Ճորճ Աբէլեան…
Բայց մեզի՝ սուրիացիներուս համար, գլխաւոր հարցումը (նաեւ մաղթանքը) հետեւեալն է.-
ՁԻՒՆՀԱԼ մը պիտի իրականանա՞յ այս քանդիչ պատերազմին երկու կողմերուն միջեւ…։ Կ՛աղօթենք։
ՈՉ ԵՒՍ Է ԺԻՐԱՅՐ ՆԱՅԻՐԻ
Յապաղումով իմացանք, որ շուրջ երկու շաբաթ առաջ, Նոյեմբեր 27-ին, Պէյրութի մէջ իր մահկանացուն կնքած է լիբանանահայ մամլոյ աշխարհի երիցագոյն դէմքերէն, երկարամեայ խմբագիր ու հրապարակագիր Ժիրայր Նայիրի։ 84 տարեկան էր։
Բուն անունով՝ Ժիրայր Թօսունեան, հանգուցեալը կարկառուն ու յառաջապահ դէմքերէն մին էր Հնչակեան կուսակցութեան, ուր վարած էր
90-ական թուականներու կէսերուն, Ժ. Նայիրի հրաժարած էր «Արարատ» օրաթերթէն ու յաջողած էր ձեռք բերել Ա. Ծառուկեանի երբեմնի «Նայիրի» շաբաթաթերթին արտօնագիրը՝ սկսելով զայն վերահրատարակել նոր տարազով ու պարունակութեամբ, իբրեւ իր սեփական թերթը։ Այս նախաձեռնութեան մէջ իրեն թեւ-թիկունք կանգնած էր Զուիցերիայէն բարերար Յովհ. Չիլինկիրեան։ Այսպէս ալ, նոր «Նայիրի»ն սկսեր էր լոյս տեսնել երկշաբաթեայ դրութեամբ, ունենալով աշխատակիցներու եւ գործակիցներու ուրոյն խմբակ մը։
Նոր «Նայիրի»ն, սակայն, բնաւ չէր յիշեցներ հինը, այն՝ զոր Ծառուկեան հրատարակեց երեսուն տարի շարունակ։ Ժ. Նայիրին, իր աշխարհայեացքով, գաղափարական համոզումներով, ճաշակով թէ կապերով՝ ուրի՜շ խմոր ունէր։ Իր մօտ շեշտուած էին մարքսիստ հակումը, ծայրայեղ ռուսասիրութիւնը, «հակա-արեւմուտք» կեցուածքը…։
Ժ. Նայիրի, այնուհանդերձ, հին սերունդի երեւելի խմբագիրներէն մին կը մնար։ Ունէր հրատարակուած գիրքեր ալ։ Իր մահով, ուշագրաւ էջ մը կը փակուի լիբանանահայ մամուլի պատմութեան մէջ։