Հակադրութեանց Երկիր Հայաստանը

 Յարութ Տէր Դաւիթեան, Լոս Անճելըս,  8 Դեկտեմբեր 2015

Յուլիսի առաջին երկու շաբաթներուն, վեցերորդ անգամ ըլլալով գտնուեցանք հայրենի հողի վրայ: Լոս Անճելըս մեր վերադարձին, չուզեցինք անմիջապէս թուղթին յանձնել մեր մտածումները, այլ նախընտրեցինք որ ժամանակ անցնի, որպէս զի անմիջական ու զգացական  տպաւորութիւններու ազդեցութիւնը տեղ տայ իրատես խորհրդածութեանց:

"Անհասկնալին ու անընդունելին, հնադարեան մատուռի անշքացման փորձն է…"

Դժբախտաբար առաջին տեսակի օրինակներու շատ կը հանդիպինք, որոնք յաւուր պատշաճի խօսքեր ըլլալէ անդին, ապակողմնորոշիչ եւ նոյնիսկ վնասակար ալ են, որովհետեւ մեր ուշադրութիւնը կը վրիպեցնեն բուն հարցերէն: Մանաւանդ, երբ ի մտի կ'ունենանք, որ ազգովին կը բոլորենք բախտորոշ ժամանակաշրջան մը, որ պէտք է ստիպէ բոլորիս, ըլլալ զուսպ, անկեղծ եւ անշահախնդիր ու հետեւաբար ծաւալել միայն ու միայն ազգօգուտ գործունէութիւն: Մեր միտքը աւելի պարզաբանելու համար, խօսինք օրինակներով, որոնց անձնապէս ականատես եղանք:

 Յարութ Տէր Դաւիթեան, Լոս Անճելըս,  8 Դեկտեմբեր 2015

Յուլիսի առաջին երկու շաբաթներուն, վեցերորդ անգամ ըլլալով գտնուեցանք հայրենի հողի վրայ: Լոս Անճելըս մեր վերադարձին, չուզեցինք անմիջապէս թուղթին յանձնել մեր մտածումները, այլ նախընտրեցինք որ ժամանակ անցնի, որպէս զի անմիջական ու զգացական  տպաւորութիւններու ազդեցութիւնը տեղ տայ իրատես խորհրդածութեանց:

"Անհասկնալին ու անընդունելին, հնադարեան մատուռի անշքացման փորձն է…"

Դժբախտաբար առաջին տեսակի օրինակներու շատ կը հանդիպինք, որոնք յաւուր պատշաճի խօսքեր ըլլալէ անդին, ապակողմնորոշիչ եւ նոյնիսկ վնասակար ալ են, որովհետեւ մեր ուշադրութիւնը կը վրիպեցնեն բուն հարցերէն: Մանաւանդ, երբ ի մտի կ'ունենանք, որ ազգովին կը բոլորենք բախտորոշ ժամանակաշրջան մը, որ պէտք է ստիպէ բոլորիս, ըլլալ զուսպ, անկեղծ եւ անշահախնդիր ու հետեւաբար ծաւալել միայն ու միայն ազգօգուտ գործունէութիւն: Մեր միտքը աւելի պարզաբանելու համար, խօսինք օրինակներով, որոնց անձնապէս ականատես եղանք:

Նկատելով որ մեր այս անգամուան այցելութիւնը կապուած էր Համաշխարհային Հայ Բժշկական Խորհուրդի համագումարին կողակիցիս մասնակցութեան, ներկայ գտնուեցանք Օփերայի շէնքին մէջ կայացած բացման հանդիսութեան: Պաշտօնական ելոյթներու շարքին, ելոյթ ունեցաւ Սփիւռքի նախարարուհի Տիկին Հրանոյշ Յակոբեան: Իր խանդավառ խօսքին մէջ ըսաւ, որ եթէ թուրքը իմանար, որ հարիւր տարիներ ետք մենք տասը միլիոն պիտի դառնայինք, որ մենք երկու հանրապետութիւններ պիտի ունենայինք, ապա հաւանաբար ցեղասպանութիւն չգործէր: Ապշած էինք անհասկնալի եւ իմաստազուրկ այդ արտայայտութիւնէն: Ի՞նչ ըսել կ'ուզէր նախարարուհին: Արդեօ՞ք վայրկեանի խանդավառութիւնէն կլանուած, ըսաւ խօսքեր որոնք ականջի դիւր կու գային եւ զգացական էին: Բայց ի վերջոյ անիմաստ էին ու վայել չէին նախարարի պատասխանատու պաշտօն զբաղեցնող ղեկավարի, որմէ կ'ակնկալուի պետական մտածողութիւն եւ ոչ թէ ամբոխավարութիւն: Դժբախտաբար այս երկրորդին աւելի յաճախ կը հանդիպինք, քան՝ առաջինին: Կ'արտասանուին խօսքեր ու կ'ըլլան խոստումներ, որոնք կը մնան օդին մէջ եւ որոնց արդիւնքը կ'ըլլայ համատարած հիասթափութիւն ու անտարբերութիւն:

Վերեւ նշուած համագումարի ընթացքին հնչեցին կարծիքներ ու առաջարկներ, որ բժշկութեան ոլորտը այն հազուագիւտ գործօններէն մին է, որ կրնայ նպաստել շրջափակուած Հայաստանի  զարգացման ու ամրակայման: Բայց ի՞նչ սերտուած եւ գործնական քայլեր կ'առնուին այդ ուղղութեամբ: Չխօսինք սփիւռքէն եկած միլիոնաւոր տոլարներու հասնող նուիրատուութեանց եւ սարքաւորումներու «սեփականաշնորհման» մասին: Չխօսինք մեծաքանակ բայց ոչ անպայման մասնագիտական բարձր որակի բժիշկներու արտադրման մասին: Տանք օրինակը Գալիֆորնիոյ համալսարաններէն մէկուն բուժքոյրերու պատրաստման ծրագրին: Այդ ծրագիրը 1995-ին  ներկայացուեցաւ Հայաստանի Բժշկական Համալսարանի ղեկավարութեան, ծրագրի հեղինակին կողմէ: Նոյն ծրագիրը ներկայացուեցաւ Օմանի պետական համալսարանին աւելի քան տասնամեակ մը ետք: Օմանինը հսկայաքայլ կը յառաջդիմէ, մինչ Հայաստանինը փակուած կը մնայ դարակներու մէջ: Ինչո՞ւ: Որովհետեւ բուժքոյրերու յառաջդիմութիւնը կրնայ «վնասել» բժիշկներու գործին: Որովհետեւ կարգ մը մենաշնորհեալ մարդիկ, կառչած իրենց պաշտօններուն, բայց անատակ քայլ պահելու դարուս զարգացումներուն, կ'արգելակեն ամէն յառաջխաղացք: Այս մտածելակերպո՞վ բժշկութեան ոլորտը պիտի զարգանայ Հայաստանի մէջ:  

Լսած էինք «Լոյս» հիմնադրամի կրթական յանդուգն եւ ստեղծարար առաքելութեան մասին: Հիմք ունենալով այն համոզումը, որ «համաշխարհային գիտելիքահենք տնտեսութեան պայմաններում Հայաստանը պէտք է ապահովի իր հզօր ներկայութիւնն աշխարհի լաւագոյն մտածողների եւ նորարարների շարքում՝ դրսեւորելով առաջատար երկրներին համընթաց զարգացում եւ մասնակցութիւն», «Լոյսը» կրթաթոշակ կը շնորհէ աշխարհի լաւագոյն տասը համալսարաններու մէջ սովորող ծագումով հայ ուսանողներու, որպէս զի «Կրթութեան միջոցով արտաքին աշխարհին կապուած եւ ձեռք բերած գիտելիքը ներսում կիրառելով՝ նպաստէ այսօրուան Հայաստանի տնտեսական, հասարակական եւ մշակութային զարգացմանը»: Երեւանի մէջ մեր ներկայութիւնը զուգադիպեցաւ «Լոյսի» «Ոգեշնչման Օր»ուան միջոցառմանը, որու ընթացքին ելոյթ ունեցան զանազան անձնաւորութիւններ՝ «Լոյսի» պատասխանատուներ, կրթաթոշակառուներ, շրջանաւարտներ, ՀԲԸՄ-ի եւ «Այբ» դպրոցի վարչականներ, ինչպէս նաեւ Զուիցերիոյ եւ Հնդկաստանի դեսպանները Հայաստանի մէջ: Շատ բովանդակալից այդ ելոյթներու  շարքին էր նաեւ ՀՀ նախագահի աշխատակազմի ղեկավար եւ «Լոյսի» խորհուրդի անդամ՝ Պրն. Վիգէն Սարգսեանի ելոյթը՝ «Հզօր գաղափարները՝ որպէս միասնականութեան ու զարգացման հիմնաքարեր» իմաստալից խորագրով:

Մասնակցելով իր ելոյթի աւարտին կայացած հարց-պատասխանի բաժնին, դրուատեցինք «Լոյսի» առաքելութիւնն ու նշանաբանը՝ «Սովորել, Գործել, Համաստեղծել» ու հարց տուինք, որ ի՞նչու համար սովորելու եւ գործելու մէջ յաջողութիւններ արձանագրող հայը կը թերանայ համաստեղծելու բնագաւառին մէջ: Որպէս թարմ օրինակ, նշեցինք անցեալ տարի Վան կատարած մեր այցը եւ ականատես դառնալը նորակառոյց բարձրայարկ շէնքերու, որոնք 2-3 տարուան ընթացքին կառուցուած էին, ապահով երդիք տալու Վանի երկրաշարժի աղէտեալներուն, մինչ մենք ազգովին չենք յաջողած Սպիտակի երկրաշարժէն 27 տարիներ ետք նոյնը ընել: Պրն. Սարգսեան մեզի զարմացուց իր պատասխանով: Նախ այպանեց մեզ, որ այդ ոգեւորիչ միջոցառման ընթացքին մենք ջլատիչ արտայայտութիւն ունեցանք, որ ժխտական ազդեցութիւն կը ձգէր դրականօրէն տրամադրուած ներկաներուն վրայ: Երկրորդ՝ հարց տուաւ, որ ե՞րբ վերջին անգամ Գիւմրի գտնուած ենք ու երբ «երկու տարի առաջ» պատասխանեցինք, յարմար տեսաւ չշարունակել իր միտքը: Կրնաք  երեւակայել, որ ինչե՜ր կրնար ըսել եթէ մեր պատասխանը երկուքի տեղ տասներկու տարի ըլլար: Եւ վերջաւորութեան ըսաւ թէ ճիշտ չէր նոյն նժարի վրայ դնել Հայաստանի եւ Թուրքիոյ կարողութիւնները,  Սպիտակի եւ Վանի երկրաշարժներուն տարողութիւնը եւ անտեսել Հայաստանի շրջափակման իրավիճակը: Երանի Պրն. Սարգսեան զանց առնէր իր պատասխանի առաջին երկու բաժինները ու բաւարարուէր վերջին բաժնով: Պետութեան մը նախագահի աշխատակազմի ղեկավարի հասկնալի պատասխան կ'ըլլար եւ իր ներկայացուցած նիւթին յարիր մտածելակերպ:

Իջեւանած ըլլալով «Անի» պանդոկ, ամէն օր կ'անցնէինք անոր հարեւանութեամբ գտնուող Ամենայն Հայոց կաթողիկոսի Երեւանեան նստավայրի եւ այդ համալիրին մէջ գտնուող կաթողիկէ մատուռի կողքով: Սովետական շրջանին, այդ մատուռին շուրջ այլ շէնքեր կառուցելով եւ զայն աչքէ կտրելով, փորձած էին անշքացնել զանիկա: Սովետական պաշտօնական քաղաքականութիւն էր: Թէեւ անընդունելի մեզ նման առաջին Քրիստոնեայ պետութեան վարկին համար, բայց եւ այնպէս քաղաքականօրէն հասկնալի: Անհասկնալին ու անընդունելին, հնադարեան մատուռի անշքացման փորձն է, անտեղի ու փարթամ նորօրեայ նստավայրի մը կառուցմամբ, փոխան՝ հինին արժէքի գնահատման ու վերարժեւորման: Այս հին մատուռի օրինակը մեզի յիշեցուց Ազգային Ժողովի մէկ պատուիրակին տարիներ առաջ կատարած յայտարարութիւնը, որ 50 տարուան հնութիւն ունեցող գիրքը այսօրուան համար անարժէք կը նկատէր:   

Մեր համոզումով, պաշտօն մը ստանցնել պէտք է նշանակէ պատասխանատուութիւն վերցնել քեզի ենթականերուն եւ ընդհանրապէս համայնքին ու ազգին օգտակար դառնալու: Պաշտօնը ծառայութիւն է: Որքան բարձր ըլլայ պաշտօնը, այնքան մեծ՝ անոր հետ եկող պատասխանատուութիւնը: Անցած երկու  տասնամեակներուն, Հայաստանեան քաղաքական, տնտեսական թէ այլ բնագաւառներու կենցաղի դիտորդի մը աչքէն չի կրնար վրիպիլ, որ դժբախտաբար պաշտօն ստանցնելը դարձած է վարինը արհամարհելու եւ շահագործելու տեսակ մը իրաւունք: Այլ խօսքով՝ գոռոզութիւն, որ կը մղէ օրինակի համար, պետութեան նախագահի պաշտօնը գրաւողին, ինքզինքը երկրի «միակ տղամարդը» յայտարարելու եւ կամ երկրի երկրորդ մեծագոյն քաղաքական կուսակցութեան ղեկավարին օր մը յիշեցնելու, որ «տոտ» է, ուրիշ օր մըն ալ անոր շնորհելու հայրենիքի ծառայութեան շքանշան: Դժբախտաբար այս անպատկառ (cynic) մտածելակերպը համատարած է վերնախաւին մէջ, որ արդիւնք է բարձր հոգեմտաւոր արժէքներու բացակայութեան, որ կը ծնի պատեհապաշտներ ու միայն վնաս կը բերէ մեր ազգային շահերուն:

Մեր ազգային ցաւերէն մին ալ այն է, որ մեծ-մեծ կը խօսինք ու բարձր երազներով կը տարուինք՝ Արեւմտեան Հայաստանի ազատագրում, ազգային գաղափարախօսութիւն, ազգային միասնութիւն, ազգային եւայլն, բայց երբ հարցը կու գայ այդ մեծ խօսքերն ու երազները մեր առօրեային հետ փոքր քայլերով կապելու եւ կամաց կամաց իրականացնել փորձելու, կամ շրթունքային ձեւական ծառայութիւնէ անդին չենք երթար, եւ կամ ալ անհամբեր կը դառնանք եւ «մահ կամ ազատութիւն» դաւանելով կ'ընթանանք մահուան յախուռն ճամբով, քան թէ՝ ազատութեան կշռադատ ուղիով: Այս մտայնութեան արդիւնք է, որ հոգեմտաւոր բարձր արժէքներ դաւանիլ կը յաւակնինք, բայց մարդկային տարրական իրաւունքներ կ'ոտնակոխենք: Այս մտայնութեան արդիւնք է, որ «Արի Տուն» կը գովերգենք, բայց երկիրը կը դատարկենք: Այս մտայնութեան արդիւնք է, որ  Երեւանի մէջ կը նախընտրենք Հիւսիսային պողոտայ կառուցել եւ անբնակ պահել, քան թէ Գիւմրիի մէջ աղէտի գօտին վերացնել եւ ժողովուրդը հոն պահել: Այս մտայնութեան արդիւնք է, որ սփիւռքէն ներդրումներու կոչ կ'ուղղենք, բայց երկիրը կը կողոպտենք ու հարստութիւնը դուրս կը հանենք: Այս մտայնութեան արդիւնք է, որ սահմանադրական փոփոխութիւններու անհրաժեշտութիւնը կը ջատագովենք, բայց չենք վարանիր եղածն ալ խախտել իշխանաւորի քմահաճոյքին անսալով: Այս մտայնութեան արդիւնք է, որ Եւրոպական Միութեան հետ համակարգուելու մասին կը ճառենք, ու յանկարծ Եւրասիական Միութեան կը միանանք: Ի՞նչու կ'իյնանք այսպիսի հակադրութեանց մէջ: Որովհետեւ, ինչպէս ախտաճանաչած էր Յովհաննէս Թումանեանը հարիւրամեակ մը առաջ՝ «մենք ներսից ենք փչացած» ու առողջանալու համար պէտք է ցուցաբերենք «ազգային իմաստութիւն, հոգու արիութիւն եւ առողջ բնազդներ»:

Ի՞նչպիսի զգացումներ պիտի ապրէր «Ամենայն Հայոց Բանաստեղծը» եթէ յայտնուէր այսօր: Վստահաբար յուսախաբ պիտի ըլլար տեսնելով, որ իր առաջարկած դեղատոմսը կը մնայ փակ դարակներու մէջ: Տեսնելով, որ դեղատոմսի արժանիքները ընդհանրապէս բացակայ են Հայաստանի թէ Սփիւռքի ղեկավար դասին մէջ, շատ քիչ բացառութեամբ: Բայց եւ այնպէս լաւատես անձ մը ըլլալուն համար, պիտի փնտռէր յուսադրող երեւոյթներ: Ու իր աչքերէն պիտի չի վրիպէին քանի մը հաստատութիւններ, որոնք լաւատեսութիւն պիտի ներշնջէին եւ բարօր ապագայի մը յուսադրիչ նշոյլները պիտի տային:  Պիտի ուրախանար ի տես վերեւ նշուած «Լոյս» Հիմնադրամի առաքելութեան: Պիտի հրճուէր ի տես «Այբ» դպրոցի տեսլականին՝ միաւորելու Մեսրոպեան դաստիարակութեան աւանդը նորօրեայ կրթական յառաջդիմութեանց հետ եւ դաստիարակելու իր արմատներուն կառչած բայց 21րդ դարի մարտահրաւէրները դիմագրաւող նորահաս սերունդներ: Խորին հասկացողութեամբ պիտի ընկալէր Արեւմտեան մշակոյթի օգտաբեր երեսները Հայաստան ներմուծող Հայաստանի Ամերիկեան Համալսարանի գործունէութիւնը: Պիտի հայրական ներողամտութեամբ նայէր իր անուան փաղաքշական աղաւաղումը կրող «Թումո Ստեղծարար Տեխնոլոգիաների Կենտրոնին», ու հրճուէր անոր հիանալի գործունէութեամբ եւ հազարաւոր պատանիներու համացանցի յեղափոխական նորութիւններուն հետ ծանօթացմամբ: Բայց վստահաբար պիտի զայրանար ի տես «Թումանեան Շաուրմա»ին եւ դատարան պիտի դիմէր փոխելու զայն: Դժբախտաբար դատը պիտի կորսնցնէր եւ ստիպուած պիտի դիմէր Եւրոպայի Արդարութեան Դատարան, որ ի նպաստ իրեն արդար վճիռ պիտի արձակէր…

Հայաստան այցելութեան մեր վերջին օրերն էին: Կը քալէինք Բաղրամեան պողոտայով, ուր երթեւեկութիւնը ազատ կ'ընթանար, էլեկտրական հոսանքի թանկացման դէմ բողոքի ելած երիտասարդներու շարժման տապալումով: Ոտքով անցնողներու կարմիր լոյսը վառեցաւ: Կանգ առինք: Կողքիս պապիկ մը իր թոռնիկին ձեռքէն քաշելով ուզեց օրէնքը խախտել եւ ճամբան անցնիլ: Աղջնակը պապիկին ձեռքը ետ քաշեց ու մնաց կանգնած մինչեւ որ լոյսը կանաչ դարձաւ: Յուսադրիչ երեւոյթ էր: Մաղթենք, որ այդ աղջնակին նմանները բազմանան, որքան շուտ, այնքան լաւ:  Քանի դեռ ուշ չէ:

1 comment
  1. Պրաւօ Պարոն Տէր Դաւիթեան

    Պրաւօ Պարոն Տէր Դաւիթեան, ձեր պատկանած կուսակցութեան մէջ դուք միակն էք որ կը համարձակիք քննադատել Հայաստանի պետկան այրերը, իսկ մյուսները կմնան ամօթալի լռութեան մէջ։

Comments are closed.

You May Also Like