
(Կամ՝ Կը Շարունակուի՞ Այդ Գործընթացը)
Նորութիւն չէ ասիկա եւ առաջին անգամ չէ որ կ՝անդրադառնանք այս տխուր երեւոյթին, ոչ ալ վերջինը կրնայ ըլլալ, այնքան ատեն որ կը շարունակուի այդ անկումային իրադրութիւնը, ատոր սուր արձագանգները գալով նոյնինքն հայաստանեան պաշտօնական աղբիւրներէ ու լրատու հաղորդամիջոցներէ:



(Կամ՝ Կը Շարունակուի՞ Այդ Գործընթացը)
Նորութիւն չէ ասիկա եւ առաջին անգամ չէ որ կ՝անդրադառնանք այս տխուր երեւոյթին, ոչ ալ վերջինը կրնայ ըլլալ, այնքան ատեն որ կը շարունակուի այդ անկումային իրադրութիւնը, ատոր սուր արձագանգները գալով նոյնինքն հայաստանեան պաշտօնական աղբիւրներէ ու լրատու հաղորդամիջոցներէ:
Չկարծուի թէ ասիկա միայն ներկայ իշխանութեան յատուկ է, ո՛չ, անիկա կար նաեւ նախորդ իշխանութիւններու օրօք, մասնաւորաբար Ռոպերթ Քոչարեանի նախագահութեան շրջանին, որ եղաւ«հարուստ» իր խայտաբղէտ անօրէնութիւններով եւ անարդարութիւններով:
Հանգուցեալ վարչապետ Վազգէն Սարգսեան, նախքան անարգ ոճիրին զոհ երթալը, պաշտօնական առիթով մը, երբ այցելեց Ուաշինկթըն ու հանդիպումներ ունեցաւ ամերիկացի բարձրաստիճան պաշտօնակատարներու հետ, ահաւո՜ր բաներ լսեց Հայաստանի «քորափշըն»ի մասին, մանաւանդ յատենի փոխ-նախագահ Ալ Կորէն:
Վերադառնալով Երեւան, կառավարական առաջին իսկ նիստին, «բռնկիչ» ելոյթ մը ունեցաւ որ բոլորին վերջնագիր տուաւ նման «վարկաբեկիչ տարազում»է մը ձերբազատելու երկիրը, սկսելով նախարարութեանց ու պետական կառոյցներէն մաքրագործումներ կատարելու սպառնալիքով:
Պիտի չզարմանալ, որ «բարեկարգում»ի ձգտող վարչապետը, հաւանաբար զոհը դարձաւ նաեւ այդ առաջադրութեան, յետայնու, փտածութիւնը հասած ըլլալով իր գագաթնակէտին, նորանոր զարգացումներով, իւրացումներով եւ այլանդակութիւններով, առանց դոյզն զսպումներու ու պատժամիջոցներու, որովհետեւ պետական-դատական համակարգերը, առնուազն, մնացին ձեռնունայն, չըսելու համար… մեղսակից:
Կարելի՞ է մոռնալ այն ցաւալի միջադէպը, որ տեղի ունեցաւ քաղաքամայր Երեւանի սրճարաններէն մէկուն մէջ, երբ Ռոպերթ Քոչարեան, ընկերակցութեամբ հանրածանօթ երգիչ Շարլ Ազնաւուրի կ՝այցելէր հոն, եւ ուր կը գտնուէր ոմն Պօղոս Պօղոսեան մը (եթէ անուն-մականունը ճիշդ կը յիշեմ), սակայն, նախագահին «ածիլած գլուխ» – թիկնապահներու անխնայ ծեծին տակ կը սպաննուէր (…զուգարանին մէջ), որովհետեւ համարձակած էր մօտենալ նախագահական թափօրին:
Համատարած զայրոյթ ու ցասում պատճառած հրապարակային ոճիրին պատասխանատուները պատժուեցա՞ն, դատուեցա՞ն, պաշտօնազրկուեցա՞ն: Միամիտ ըլլալու է կարծել թէ նման բան կատարուեցաւ, մինչ Պրն. նախագահը չբարեհաճեցաւ ծպտուն իսկ հանել, երբ իր սահմանադրական, քաղաքացիական ու մարդկային պարտաւորութիւնն էր հետապնդելու հարցը եւ արդարութիւն տալու:
Միւս կողմէ, սակայն, նոյն Քոչարեանը, առիթ չէր փախցներ նախարար փոխարինելու (հրաժարեցնելու) կամ պետական բարձրադիր պաշտօնեայ ճամբելու (պաշտօնազրկելու), երբ իր «խոշ»ին չգար անոր դէմքը կամ գործը:
Ճիշդ այս եւ այլ պատճառներով, առաւել՝ բռնապետական արարքներու եւ ոխակալական վարքագիծի շարունակումով, Քոչարեանի ժամանակաշրջանը եղաւ տխրայուշ հանգրուանի մը սեւ էջը, որուն մօտիկ թէ հեռաւոր պատմութիւնը պիտի արձանագրէ (պէ՛տք է արձանագրէ), արժանի եւ անաչառ գնահատական տալով:
Այս անխուսափելի անդրադարձ-մտորումը ունեցանք, ի լուր վերջերս կատարուած երկու ուշագրաւ եղելոյթներու.
ա. Երեւանի քաղաքապետ Գագիկ Բեգլարեանի խուլիգանական բռնարարքը, խոշտանգելով նախագահ Սերժ Սարգսեանի աշխատակազմի մէկ պատասխանատուն, «վրէժխնդիր» ըլլալու համար իր կնոջ դէմ ցուցաբերուած (՞) վիրաւորանքին, քանի որ անիկա համարձակած է (եղե՜ր) իր կնոջ ըսելու թէ՝ երգարուեստի ձեռնարկի մը ընթացքին չէր կրնար նստիլ նախագահին կից աթոռի մը վրայ (ըստ արարողակարգի սովորութեան):
Որո՞ւն ծանօթ չէր որ քաղաքապետը «խաս-խաս» մարդն էր նախագահին, հաւատարիմն ու կուսակիցը: Թերեւս այդ «ուժն» ալ իրեն… իրաւունք տուած էր (կու տայ) ամէն մարդու հետ վերաբերուիլ այդ ոճով:
Նախագահ Սարգսեան ըմբռնելով գայթակղութեան լրջութիւնն ու վտանգաւորութիւնը, իր նախորդէն աւելի ճկուն ու ճարպիկ դուրս եկաւ, «զոհելու» իր հովանաւորեալը, պահանջելով անոր հրաժարականը: Այս ձեւով, նախ՝ արդարութիւն մատուցելով, ապա՝ իր հեղինակութիւնը փրկելով:
բ. Նախագահ Սարգսեան պաշտօնազրկեց արդարադատութեան նախարարը եւ իր անձնակազմի գլխաւոր հաշուապահը, որոնցմէ առաջինը «անգոհացուցիչ» գործունէութիւն ունեցած է, իսկ երկրորդը՝ «անպարկեշտ» (այս վերջինը տակաւին Քոչարեանի շրջանէն ի վեր):
Ուշացած բայց ոչ ուշ կտրուկ միջոցառումներ, սակայն հարցը այն է, որ այս ուղղութեամբ կա՞յ յստակ ու թափանցիկ քաղաքականութեան ուղեգիծ մը (փլաթֆորմ), թէ՞՝ պարագայական է, նկատի ունենալով որ օրուան իշխանութիւնները, ի դէմս «աչք ծակող» այս անհարթութիւններուն, այլընտրանք չեն տեսներ, բացի «բարի վարուց» վկայագիրներ բաշխելու (կամ յանձնելու):
Ո՞վ կրնայ համաձայն չգտնուիլ հատու միջամտութիւններուն, ուր «մտրակ»ի քաղաքականութիւնը, անյետաձգելիօրէ՛ն, հրամայականութիւն է, օրէնքը բոլորին համար գործադրելի ըլլալով:
Իսկ ովքե՞ր պիտի տան ատոր ապացոյցը, օրինակ, երբ հարկը պահանջէ, պահը հասնի, ժամը հնչէ, փոխանակ սպասելու «դանակը ոսկորին հասնելու»ն, մանաւանդ երբ երկրի ղեկավարական եւ աւագանիական ընտրանիին մէջ կը պատահին անոնք:
Պէտք է տեսնել, ընդունի՛լ, թէ ներհայաստանեան դրուածքին մէջ, կայ, կը գոյատեւէ վատառողջ մտայնութիւն-գործելաձեւ մը, որ ամենէն աւելի կը վնասէ պետական շահերուն ու պետականութիւն հասկացողութեան:
Վազգէն Սարգսեան չկրցաւ երազուած «բարեկարգում»ը կատարել (չձգեցի՛ն), հիմա Սերժ Սարգսեան առած է դողդոջուն, բայց յուսադրիչ քայլ մը, որ պէտք է արդիւնաւորուի, ամրագրուի ու հիմնաւորուի, հականեխիչ բոլոր միջոցները ի գործ դնելով:
1 comment
Pari dari polorit
Ays e badjarneren mege vor menk, hayeres ge pajnouik irarme, irar darper hayer g’oragenk, yev mer abradz yergirnerou metch shad hankisd g’skank. Yergou gatoghigosaran irar hed ge mrtsin, milionner ge dakhsen, nor arachnortaran ge shinen, akhtamare ge mornan. Mer tade hayrenike ge mornank.
Menk amen pane aratch mart enk, HAY enk, vertche kristonia, gam ourish gronki ge badganink, gam ourish bedoutyan me hbadag yenk.
Sireli Vicken, yerp Tourkere arshavetsin haygagan hoghere hedernin votch meg yerk gam arouesd chi perin. Hamsheni, Jabal mousayi, gam Sasouni parpare zoud hayeren tchen.
Skhalneres entounelou badrasdagamoutyamp,
Zohrab Atarian (barzabes hay)
Comments are closed.