Պարոյր Աղպաշեան, Պէյրութ, 25 Ապրիլ 2012
Շատերու մօտ այն թիւր կարծիքը կայ, թէ Հայաստանի մէջ տիրող կամ գոյութիւն ունեցող որեւէ թերացումի, բացթողումի կամ կաղացումի պարագային, պէտք չէ անդրադառնալ անոր, պէտք չէ մեկնաբանել զայն, միով բանիւ՝ պէտք չէ լոյսին բերել զայն:
Ասիկա որքան հայրենական մամուլին, նոյնքան ալ սփիւռքեան մամուլին կը վերաբերի, կը մտածեն այդպիսիներ, հաւատալով՝ “լռութիւնը ոսկի է” ցնդաբանութեան, իսկ համակերպուածութիւնը՝ “անխուսափելի պարտաւորութիւն” մոլութեան :
Պարոյր Աղպաշեան, Պէյրութ, 25 Ապրիլ 2012
Շատերու մօտ այն թիւր կարծիքը կայ, թէ Հայաստանի մէջ տիրող կամ գոյութիւն ունեցող որեւէ թերացումի, բացթողումի կամ կաղացումի պարագային, պէտք չէ անդրադառնալ անոր, պէտք չէ մեկնաբանել զայն, միով բանիւ՝ պէտք չէ լոյսին բերել զայն:
Ասիկա որքան հայրենական մամուլին, նոյնքան ալ սփիւռքեան մամուլին կը վերաբերի, կը մտածեն այդպիսիներ, հաւատալով՝ “լռութիւնը ոսկի է” ցնդաբանութեան, իսկ համակերպուածութիւնը՝ “անխուսափելի պարտաւորութիւն” մոլութեան :
Գաղտնիք չէ, որ Հայաստանի նախորդ նախագահէն մինչեւ գործող նախագահի ժամանակաշրջանը, խօսքի ազատութիւնը, յատկապէս իր տպագիր տարբերակով, առնուազն անմխիթար վիճակի մէջ կը գտնուի – ճնշումներու, բռնամիջոցներու ու զսպումներու զանազան եղանակներով:
Ասիկա չոր իրականութիւն մըն է, զոր կարելի չէ ուրանալ, ոչ ալ հերքել, հետեւելով հայրենական պատկան աղբիւրներուն, որոնք կը վկայեն պետական–կառավարական հակակշիռներու տեսանելի եւ անտեսանելի ուրուականները լսատեսողական ցանցերուն, մամուլին ու լրագրողներուն վրայ:
Այս տխուր մթնոլորտին մասին լաւագոյն պատկերացումն ու իրազեկութիւնը ունի հայրենի ժողովուրդը, երբ գիտէ այն արատաւոր կողմերը երկրին, որոնք իր կեանքին մաս կը կազմեն, բայց անզօր է, որեւէ հակազդեցութեան կամ դատապարտուած է յարմարուելու եւ կամ ալ՝ չուելու:
Պիտի առարկուի, թէ ո՞ւր չկան նման վերիվայրումներ, ո՞ւր տեղի չեն ունենար նման սայթաքումներ, ո՞ւր կը բացառուին նման ճեղքեր. ճիշդ է, քիչ մը ամէն տեղ կան անոնք, ընդ որուն՝ նաեւ Հայաստանի մէջ, բայց ատոնք կը նշանակե՞ն լուռ անցնիլ անոնց կողքէն, չարձագանգել ատոնց ու չգրել (կամ չխօսիլ) անոնց մասին:
Սփիւռքահայութիւնը եւս, որ ոգեւին ու լիովին փարած է իր հայրենիքի երթին, նախանձախնդիր է անոր վերելքին, կառչած է անոր գոյութեան, կրնա՞յ միայն դիտողի դերի մէջ մնալ, երբ կը տեսնէ դեղնագոյն ու մոխրագոյն իրավիճակներ:
Ինչո՞ւ շատեր այդ “միջամտութիւն”ներուն մէջ կը տեսնեն հակահայաստանեան մօտեցումներ կամ հակապետական (ի՜նչ մեծ բառ կամ… ամբաստանութիւն) կեցուածքներ, երբ եղածը այդ արժեչափերով որակելն իսկ աւելի քան… իմաստակութիւն է:
Օրինակի համար, եթէ վերցնենք հայ ժողովուրդի համար ամենէն հրատապ թղթածրարը՝ արտագաղթը, որ կ՝այրէ (պէ՛տք է այրէ) իւրաքանչիւր հայ, ինչո՞ւ ատիկա պիտի չտագնապեցնէ սփիւռքահայ սթափ հատուածները եւ այս մասին բարձրաձայն ու հրապարակաւ արտայայտուելու առիթ պիտի չտայ անոնց:
Հայրենի իշխանաւորներուն մէջ չեն պակսիր այրեր, որոնք այդքան ալ մտահոգիչ երեւոյթ չեն տեսներ այդ ցաւալի արտահոսքին մէջ, հակառակ որ փաստացի տուեալները այլ բան ցոյց կու տան (տարեկան շուրջ 25 հազարի մեկնում կամ արտահոսք), սակայն, ատիկա ո՞րքանով ընդունելի ու հանդուրժելի է, երբ ազգային գերխնդիրի կը վերածուի ան, իր ողբերգական հետեւանքներով:
Այս մասին երբ կը խօսուի, կը գրուի, կը քննարկուի, երբեմն անլուրջ կողմեր, երբեմն կարճատեսներ, երբեմն ալ անգէտներ, լրագրողները, հրապարակագիրները, խմբագիրները կամ ընդհանրապէս այդ հիմնահարցին անդրադարձողները կը նկատեն… պատեհապաշտներ կամ պարագայապաշտներ:
Այսօր, հայրենիքը կլանուած է խորհրդարանական ընտրութեանց նախապատրաստական աշխատանքներով – ընտրագրոհ, քարոզարշաւ, եւայլն, ուր, սակայն, կան մեծ հարցականներ, շփոթներ, թէ՝ ի՞նչ հիմունքներով ու սկզբունքներով պիտի ընթանան եւ աւարտին անոնք:
Բնական է, խօսքը կը վերաբերի արդար, անկաշառ եւ թափանցիկ, ընտրութիւններուն, որոնց այնքան ծարաւը ունի հայաստանցին, ցմրուր ճաշակած ըլլալով անոնց լեղիութիւնը՝ անցնող երկտասնամեակին:
Հոն յամառօրէն կը խօսուի մէկ կուսակցութեան բացարձակատիրական ախորժակներուն եւ ընչաքաղցութեան մասին ու, նոյնհետայն, կը քննադատուի, հոգ չէ թէ “կարաւան”ը անտարբեր կը շարունակէ իր ճամբան:
Սփիւռքն ալ ունի իր աչքն ու ականջը, իր վերլուծումն ու մեկնաբանութիւնը, ինչ կը վերաբերի այս ընտրութեանց գործընթացին մէջ նշմարելի արուեստական խոչընդոտներուն եւ ինքնակալ նկրտումներուն, որոնք կը յուշեն անարդարութիւններու ու կողմնակալութիւններու ամբողջ շարան մը:
Լա՛ւ, եթէ սփիւռքահայ գրիչը, միտքը, գործիչը ունի իր դիտարկումը կամ դատումը այս ուղղութեամբ, թէկուզեւ ոչ–անմիջական պատասխանատուութեամբ, այլ՝ ազատ դիտողի իրաւունքով, ի՞նչ բանը կ՝արգիլէ զինք արտայայտուելու այդ մասին կամ ո՞վ կրնայ բռնանալ անոր վրայ:
Ընդհակառակը, երբ լայնախոհութեան եւ ազատախօսութեան կարկինը լայն բացուի, պէտք է լսել կամ կարդալ զանոնք եւս, ոչ թէ մերթ թշնամանալ անոնց, մերթ ալ՝ դատապարտել:
Վերջին հաշուով, ժողովրդավարութիւնը ի՞նչ է, եթէ ոչ ազատ, բայց անաչառ խօսքի քաղաքական վարքագիծ:
Ժողովրդավարութիւնը ինչի՞ կը ծառայէ, եթէ ոչ բեղուն, բայց կայուն քաղաքական բեմի:
Ժողովրդավարութիւնը ո՞ւր կարելի է տեղադրել, եթէ ոչ յուսատու, բայց փայլուն ապագայի մը ծիրին մէջ:
Ժողովրդավարութիւնը ինչպէ՞ս կ՝ընկալուի, եթէ ոչ ամուր, բայց նպատակային քաղաքական համակարգով:
Սակայն, մեր մօտ, երբ ամէն ինչ ենթադրուած է ըլլալու իր յառաջխաղացքային ընթացքին մէջ կամ ամէն ինչ գտնուելու է իր զարգացման փուլին մէջ, չակերտաւոր երջանիկներ, իրենց գաղափարախօսական թէ պատկանելիական փխրուն պատմուճաններով, տակաւին կը փորձեն աժան եւ յեղյեղուկ միջամտութիւններով բացատրելու այդ “լուսաբանական” բացայայտումներն ու մատնանշումները, հետեւեալ անհեթեթ ակնարկութիւններով.
– Հակահայաստանեա՜ն է
– Հակահայրենակա՜ն է
– Հակազգայի՜ն է
– Հակապետակա՜ն է
Այս վերջինը “գլուխ–գործոց” մըն է, երբ այդ շատերէն–շատեր չեն գիտեր, թէ ի՞նչ ըսել է հակապետական կամ ի՞նչ կը հասկնան հակապետականով…:
Յամենայն դէպս, լաւ կ՝ըլլայ որ հակազդեցութիւնը փնտռուի… այլուր եւ ոչ թէ իրաւ եւ անկեղծ գրիչներու մօտ:
Առ այդ, ձեզի ու մեզի մե՜նծ աւետիս…:
1 comment
Azeri Killings of Artakhtsis
The Artakhtsi military should move into Azeri territory for any attack on Armenian territory. The lost territory in the Shahumian should be recovered. Stalin did much damage to our nation by giving Artsakh and Nakhichevan to the Azeris, Javakh to the Georgians, and Kars/Ardahan to the Turks. When the Soviet Union broke up Russia should have helped the Armenians recover their lost territories. Those lost territories should be brought up before the United Nations along with the still valid Sevres Treaty that Turkey and Armenia signed in August 1920 along with 16 other nations. We cannot wait another 90 to 100 years for our rightful claims. Armenia and the Diaspora must work together and not just talk about our just claims.
Stephan T. Dulgarian
Comments are closed.