Վաչէ Բրուտեան, Ասպարէզ, 8 Հոկտեմբեր 2015
Կասկած չկայ, որ Հայաստանի քաղաքական կառավարման ներկայ համակարգը ինքզինք սպառած է: Անձի մը (այս պարագային երկրի նախագահին) կամքը շատ յաճախ գերիվեր կը նկատուի բոլոր այլ նկատառումներէ: Համակարգ մը, ուր այս անձը ոչ ոքի հաշուետու է: Այնպէս որ, մեր երկիրը կը գտնուի այս իմաստով որակական ոստումի մը անհրաժեշտութեան դէմ յանդիման:
Վերջին նախագահական ընտրութիւններու աւարտին, երբ ժողովրդային դժգոհութեան ալիք յառաջացաւ, այդ մէկը ստեղծեց նաեւ հոգեբանական ճնշումի այնպիսի կացութիւն մը, ուր իշխանութիւնները կը գտնուէին ներքին քաղաքական ու կառավարման իրենց ոճին մէջ լուրջ զիջումներ կատարելու պարտադրանքին տակ: Այս ուղղութեամբ ալ, յուսադրիչ բանակցութիւններ սկսած էին մէկ կողմէ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան եւ «Ժառանգութիւն» կուսակցութեան, իսկ միւս կողմէ իշխանութեան ներկայացուցիչներուն միջեւ: Այս բանակցութիւնները տապալեց այդ օրերու նախագահական թեկնածու, «Ժառանգութիւն» կուսակցութեան նախագահ նոյնինքն Րաֆֆի Յովհաննէսեան, երբ յայտարարեց, թէ ինք ոչ մէկ առնչութիւն ունի այդ գործընթացներուն (այսինքն բանակցութիւններուն հետ): Եւ վերջ:
Վաչէ Բրուտեան, Ասպարէզ, 8 Հոկտեմբեր 2015
Կասկած չկայ, որ Հայաստանի քաղաքական կառավարման ներկայ համակարգը ինքզինք սպառած է: Անձի մը (այս պարագային երկրի նախագահին) կամքը շատ յաճախ գերիվեր կը նկատուի բոլոր այլ նկատառումներէ: Համակարգ մը, ուր այս անձը ոչ ոքի հաշուետու է: Այնպէս
Վերջին նախագահական ընտրութիւններու աւարտին, երբ ժողովրդային դժգոհութեան ալիք յառաջացաւ, այդ մէկը ստեղծեց նաեւ հոգեբանական ճնշումի այնպիսի կացութիւն մը, ուր իշխանութիւնները կը գտնուէին ներքին քաղաքական ու կառավարման իրենց ոճին մէջ լուրջ զիջումներ կատարելու պարտադրանքին տակ: Այս ուղղութեամբ ալ, յուսադրիչ բանակցութիւններ սկսած էին մէկ կողմէ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան եւ «Ժառանգութիւն» կուսակցութեան, իսկ միւս կողմէ իշխանութեան ներկայացուցիչներուն միջեւ: Այս բանակցութիւնները տապալեց այդ օրերու նախագահական թեկնածու, «Ժառանգութիւն» կուսակցութեան նախագահ նոյնինքն Րաֆֆի Յովհաննէսեան, երբ յայտարարեց, թէ ինք ոչ մէկ առնչութիւն ունի այդ գործընթացներուն (այսինքն բանակցութիւններուն հետ): Եւ վերջ:
Թերեւս ալ օրուան իշխանութիւններուն ուզածն ալ այդ էր: Արդէն իրենց «սրտով» չէին այն քաղաքական զիջումները, որոնք կը պահանջուէին իրենցմէ նշեալ բանակցութիւններուն ընթացքին: «Զիջում» ըսուածն ալ այնպիսի բան մը չէ, որ այդ քայլին դիմողը թմբուկով ու պարով ընէ այդ մէկը, չէ՞:
Յստակ էր, որ անձ մը ուրիշ անձով փոխարինելը ոչ մէկ լուծում կրնայ բերել երկրի խնդիրներուն, որովհետեւ չկան նման երաշխիքներ, չկայ օրինական հսկիչ ու հակակշռող դրութիւն մը: Ժողովրդային լեզուով՝ Կարապետը Հայրապետով փոխարինելը լուրջ մօտեցում չէ: Լուրջ մօտեցումը այն է, որ անհրաժեշտ է ձգտիլ համակարգային փոփոխութեան:
Յստակ էր այլեւս, որ հիմնական փոփոխութիւն մը անհրաժեշտ էր Հայաստանի համար ու այդ փոփոխութիւնը հարկ էր որ կատարուէր հիմնական օրէնքի դաշտէն ներս, այսինքն՝ բարեփոխել սահմանադրութիւնը ու այդ ձեւով ալ՝ կառավարման ամբողջ համակարգը:
Սահմանադրական ներկայ բարեփոխումներու թղթածրարը, որ վաւերացուեցաւ Ազգային ժողովին կողմէ քանի մը օր առաջ, բնականաբար կը պարունակէ բազմաթիւ բնագաւառներ՝ նախագահի պաշտօն, խորհրդարան, դատական համակարգ եւ այլն:
Կարելի չէ օրաթերթային յօդուածի մը սահմաններուն մէջ վերլուծել այդ բոլոր բնագաւառները: Այս յօդուածով, փորձենք անդրադառնալ մէկ հարցի:
Սահմանադրական բարեփոխումներով, Հայաստան նախագահական դրութենէն անցում պիտի կատարէ դէպի խորհրդարանական կառավարման դրութիւն: Ժողովուրդը կ՛ընտրէ խորհրդարանի անդամները համամասնական կարգով. մեծամասնութեան քուէն ստացող կուսակցութիւնը կը կազմէ կառավարութիւնը, որ (սա շատ կարեւոր է) հաշուետու է ժողովուրդի կամքին: Այսինքն խորհրդարանին:
Առանց մտնելու յաւելեալ մանրամասնութիւններու մէջ աւելցնենք, որ մեծամասնութեան քուէն ստացող ուժին կողմէ իշխանութեան հասած կուսակցութիւնը (կամ դաշինքը) միահեծան իշխելու «վայելքը» պիտի չունենայ: Առաջադրուած բարեփոխումներով, ընդդիմութիւնը պիտի ունենայ հակակշիռի ու հսկողութեան լծակներ: Օրինակ. աշխարհի բոլոր խորհրդարանները կ՛ունենան յանձնախումբեր (արտաքին յարաբերութիւններու, ամավարկային կամ տնտեսական, պաշտպանութեան, եւ այլն) ու այդ յանձնախումբերու նախագահները կը պատկանին խորհրդարանական մեծամասնութեան: Այս բարեփոխումներով եւս կը պահուի նոյն տրամադրութիւնը, Բայց… Երբ ընդդիմադիր կողմ մը խորհրդարանական ընդունուած կարգով ուզէ քննութիւն բանալ պետական այս կամ այն օղակի աշխատանքին շուրջ, կազմուելիք յանձնախումբին նախագահութիւնը կը ստանձնէ հարցը արծարծած պատգամաւորը. այսինքն ընդդիմութիւնը:
Ամփոփենք՝ այս բարեփոխումներով, կ՛առաջադրուի անձի կողմէ կառավարումը փոխարինել հաւաքական կառավարումով: Կ՛առաջադրուի կառավարման համակարգը բարեփոխել, զայն ոչ միայն հիմնել ժողովրդային քուէի մեծամասնութեան բարոյական եւ օրինական խարիսխին վրայ, այլեւ ու միաժամանակ, զայն հաշուետուի կարգավիճակին մէջ պահելով:
Այնպէս որ, եթէ համակարգային փոփոխութիւն կ՛ուզենք Հայաստանի մէջ, այդ պարագային ներկայ սահմանադրական նախագիծին պէտք է զօրակցինք:
2 comments
Կառավարման եղանակը պիտի փոխուի բայց խորքը կը մնայ նոյնը
իմ պատկերացումով Նախագահ ՍՍ-ը միշտ աջակցութիւնը ունեցած է Հայաստանի վերնախաւի ներկայացուցիչներուն որոնք տիրական ներկայութիւն են Հանրապետութեան Ազգային Ժողովէն ներս: Հետեւաբար ակնարկել որ «երկրի նախագահին կամքը շատ յաճախ գերիվեր կը նկատուի բոլոր այլ նկատառումներէ» սխալ մենկաբանութիւն մըն է: Իրողութիւնը այն է որ անոր կամքը կը ներկայացնէ Ազգային Ժռղովի մեծամասնութեան կամքը առանց որ արժեւորեմ այդ կամքին բերած նպաստը հանրապետութեան ընդհանրական կամ ժողովրդական շահերուն:
Ազգային մարմնի մեծամասնութեամբ յառաջ եկող Վարչապետը կրնայ ամենայն հաւանութեամբ նոյն այս դրութեան մէջ ըլլալ եթէ պատահի որ տիրական մէկ կուսակցութեան մը աջակացութեամբ իր ընտրութիւնը կարելի ըլլայ ապահովել:
Հանրապետութեան կառավարման եղանակը պիտի փոխուի բայց խորքը կը մնայ նոյնը: Ինչպէս այժմ, գալիքին ալ Ազգային Ժողոխին ներկայացուցիչներու մեծամասնութիւնն է որ պիտի վարէ երկրին քաղաքականութիւնը:
Absolute Mistake
Parev tsez,
Patsartsagabes hamatsayn tchem te sahmanatroutyoune pokhelov hamagarkayin popokhoutyoun eradz gellank Hayasdan! Bedk e gouyr ellal tchi desnalou hamar te SS e gouzeh miagousagtsagan bedoutyoun sdeghdzel yev inke haverjatsnel ir tirke.
Ov e tsernargel? Hayasdani tchendrevadz 3rt nakhakahe! 25 dari eh POLOR endroutyounnere geghdzel en, Moug i me bes shdabi bedi me hed tartsyal bidi gegdzen ays referendumn al.
Yev Tashnagtsoutyoune ggordzagtsi aysbisi lgdi, aborini nakhakahi me hed yev asge aratch al Kotcharyan'i vore Paplovok'i zoukaranin metch mertsnel dvadz er Tashnagtsagani muh!
Bedk e entounil vor aysorva Tashnagtsoutyan "ghegavarner"e tsavok dzakhvadz en, 20 darie yergire kantogh rejimin.
Comments are closed.