Մեթր Գասպար Տէրտէրեան, Պէյրութ, Յունուար 2011
«Ազգային» Կուսակցութեան Մը Բարբաոը
Զուրկ Է Համահայկական Լեզուամտածողութենէ…
Կարծէք՝ շրջադարձ մը կը կատարենք, մանաւանդ վերջերս, անցեալ դարու
70-ականներուն հայ իրականութեան մէջ տակաւ գիտակցուող համահայկականութեան անհրաժեշտութենէն… եւ կը վերադառնանք՝ միջնադարեան աւատապետական բաժանուածութեան, առասպէլներու, հրաշքներու եւ կոյր հաւատքի խաւարամտութեան…: (Ի դէպ՝ ողջմտութեան հրապարակ գալու երեւոյթներէն էին, ՀՅԴ–ի 24-րդ Ընդհանուր Ժողովի եզրակացութիւնները Սովետական Հայաստանի նկատմամբ, եւ՝ Լիբանանի Հայ Համալսարանաւարտներու Միութեան հիմնումը՝ գերազանցապէս համահայկականութեան նշանաբանով):

Մեթր Գասպար Տէրտէրեան, Պէյրութ, Յունուար 2011
«Ազգային» Կուսակցութեան Մը Բարբաոը
Զուրկ Է Համահայկական Լեզուամտածողութենէ…
Կարծէք՝ շրջադարձ մը կը կատարենք, մանաւանդ վերջերս, անցեալ դարու


70-ականներուն հայ իրականութեան մէջ տակաւ գիտակցուող համահայկականութեան անհրաժեշտութենէն… եւ կը վերադառնանք՝ միջնադարեան աւատապետական բաժանուածութեան, առասպէլներու, հրաշքներու եւ կոյր հաւատքի խաւարամտութեան…: (Ի դէպ՝ ողջմտութեան հրապարակ գալու երեւոյթներէն էին, ՀՅԴ–ի 24-րդ Ընդհանուր Ժողովի եզրակացութիւնները Սովետական Հայաստանի նկատմամբ, եւ՝ Լիբանանի Հայ Համալսարանաւարտներու Միութեան հիմնումը՝ գերազանցապէս համահայկականութեան նշանաբանով):



Կուսակցութեան մը գաղափարական քարոզչութեան համար գործածած բարբառին մէջ, որ կը զատորոշուի հայերէնի միւս բոլոր գաւառաբարբառներէն, յստակօրէն արտայայտութիւն կը գտնէ անոր քաղաքական լեզուամտածողութիւնը: Այս օրերուն մենք կը նշմարենք «ազգային» կուսակցութեան մը (ՀՅԴ) բարբառին մէջ, վերադարձ մը անցեալի լեզուամտածողութեան, որուն առարկան համահայկականութիւնը չէ, այլ՝ հատուածամոլութիւնը՝ ըստ էութեան, ձեւականօրէն ու շրթնային կերպով խօսելով հանդերձ համահայկական մարմիններ ստեղծելու անհրաժեշտութեան մասին, ի տես՝ ներկայի հայութեան անմխիթարական ու մթնած վիճակին…:
Երէկ, ոմանք՝ ինչպէս Գրիգոր Նգրութեան, իր կուսակցութեան մէկ տարեդարձին, կ՝ըսէր՝ թէ կը լսէր Նախախնամութեան ձայնը, որ կու գար երկնակամարի թուխպ ամպերուն ետեւէն, եւ մատնացոյց կ՝ընէր ի՛ր կուսակցութիւնը (ՀՅԴ) որպէս Հայոց Փրկիչը, ըսելով՝ «Ա՛յս է Մարդ» (Ecce Homo)… եւ ուրիշ մը՝ հակահասատատութենական (հակաէսթապլիշմէնթ) ենթադրուած Վահէ Օշական մը, Պէյրութի հին Զարեհ–Նուպար ակումբին մէջ, բարձրագոչ ըսելով թէ «Հայրենիքը ամէն բանէ վեր է»ր… կ՝աւելցնէր՝ «Ես երբ աչքս բացի, Հայրենիքս գտայ Դաշնակցութեան մէջ», եւ երբ ներկաներէն չարաճճի մը իրեն դիտել տուաւ թէ ինչպէ՞ս կրնար Դաշնակցութիւնը սեպել Հայրենիք, որ «ամէն բանէ վեր է», եւ ուրեմն, կուսակցութիւններէն ալ վեր… ան անայլայլօրէն կը պատասխանէր՝ «երբ ես ելոյթ կ՝ունենամ, կը խօսիմ սրտաբուխ կերպով, առանց մտածելու…»: Անոր լեզուամտածողութեան մէջ, Դաշնակցութիւնը հաւասարեցուցած էր Հայրենիքին…:
Այսօր, նոր–հին ձայն մը՝ ոմն Մարի Ռոզ Աբուսէֆեան, ի՛ր կուսակցութեան 120-րդ տարեդարձին, Սան Ֆրանսիսքոյէն, Դաշնակցութեան կը վերագրէ Նախախնամութեան հրաշագործելու կարողութիւնը, որուն շնորհիւ Հայը կը շարունակէ գոյութիւն ունենալ՝ որպէս ինքնուրոյն Ազգ…: Ուրեմն, փա՜ռք, Նախախնամութեան եւ անոր ընտրեալ կուսակցութեան, անոր ընտրեալ Որդիին, որ աշխարհ եկաւ փրկելու համար Հայ Ազգը անհետացումէ… եւայլն:
Արդարեւ, Աբուսէֆեան՝ «Ազդակ»ի 15 Դեկտեմբեր 2010 թուակիր համարին մէջ, գրած է՝ «Պատմական դէպքերի հանդէպ արդար մօտեցում» պահանջող ինքնապաշտպանողական մը, եւ՝ առանց կարկամելու եւ կարմրելու… գրած է՝ «բայց ամէնից առաջ ճշդենք, թէ առանց ՀՅԴ–ի հայը արդեօք ընդհանրապէս գոյութիւն կ՝ունենա՞ր որպէս ինքնուրոյն ազգ…»: Մեկնաբանութիւնները աւելորդ են այս կտրուկ վճիռին՝ թէ հայը ընդհանրապէս գոյութիւն չէր ունենար որպէս ինքնուրոյն ազգ, եթէ երբեք գոյութիւն ունեցած չըլլար Դաշնակցութիւնը…: Երէկի եւ այսօրուան այս հի՜ն եւ նոր–հի՜ն զեղումները կը խտացուին մէկ հինցած–մաշա՜ծ ու խժաձայն սկաւառակի լոզունքին մէջ, թէ՝ «Ան, որ դաշնակցական չէ՝ հայ չէ»…:
Քիչ անդին, Աբուսէֆեան, մոռնալով թէ այսօր արդէն ոչ ոք կը հաւատայ հրաշագործութեան, կը գրէ՝ «Ժողովուրդը Դաշնակցութիւնից հրաշքներ է սպասում եւ հիասթափւում է, երբ հրաշքը տեղի չի ունենում, մոռնալով, որ պետութիւնը նա չի ղեկավարում»: Ըսել կ՝ուզէ եթէ այսօր՝ Դաշնակցութիւնը եղած ըլլար Հայաստանի պետութիւնը ղեկավարողը, ան վստահօրէն պիտի կարողանար իրականացնել ժողովուրդի սպասուած բոլոր հրաշքները…: Բայց ան կը խուսափի բացատրելու՝ թէ այդ ինչ պատճառով է որ, այս անգամ գէթ, հրաշագործ իր կուսակցութիւնը չէ յաջողած դառնալ Հայաստանի պետութիւնը ղեկավարող ուժը, փորձած է եւ ձախողա՞ծ այս հրաշագործութիւնը…:
Այսուհանդերձ, Աբուսէֆեան լիովին իրաւացի է, երբ կ՝ընէ հետեւեալ հաստատումը, թէ «Պատմական դէպքերի հանդէպ արդար մօտեցումը անհրաժեշտ է գալիքը ճիշդ կերտելու համար»: Միանգամայն ճիշդ է այս հաստատումը, բայց կը մնայ պարզել ու ճշդել թէ որո՞նք կրնան արդար մօտեցում ունենալ պատմական դէպքերու հանդէպ: Արդեօ՞ք՝ ընտրեալներու ընտրեալագոյնը եղած ըլլալու անվայելօրէն ուռուցիկ եզակիութեան եւ բացառիկութեան յաւակնութիւններով, եւ՝ ինքնապաշտամունքի հասնող ինքնասիրահարուածութենէ տառապող, փքուռած եւ հաւկուրացած, իր անձէն դուրս միւս բոլորը անտեսող եւ արհամարհող անձնաւորութիւն մը պիտի կարողանար «արդար» մօտեցում ունենալ պատմական դէպքերու հանդէպ…: «Գալիքը ճիշդ կերտելու համար» կարելի՞ է արդեօք այսօր հրաշքներու հաւատալ, առասպէլներով սնանիլ կամ Շոփէնհաուըրեան կամապաշտութեամբ առաջնորդուիլ, խզուելով՝ իրական աշխարհէն եւ արհամարհելով հայութեան միւս բոլոր կենսունակ ուժերը…:
Արդեօ՞ք Աբուսէֆեան «արդար» մօտեցում կ՝ունենայ՝ Հայոց Պատմութեան ողջ ընթացքին թաւալող հայրենաթողութեան, ԱՐՏԱԳԱՂԹԻ անիւը 180 աստիճան շրջող Սովետական Հայաստանի կառավարութեան կազմակերպած պատմական ՆԵՐԳԱՂԹին, Հայրենադարձութեան ազգակերտ դէպքին հանդէպ, երբ առանց ամչնալու կը գրէ՝ ազգային գիտակցութենէ եւ հայրենասիրութենէ պարպուած, հետեւեալը. «Երբ խորհրդային Հայաստանի ներգաղթի աշխատակիցները, հայ գաղութները մասնատելու յատուկ դիտումով, իրար դէմ էին հանում գաղութահայութեան…»:
Պատմական իրականութիւնը կ՝ըսէ՝ թէ հայ գաղութներու «մասնատ»ումը կամ՝ աւելի ճիշդը, երկփեղկումը սկսած է այն օրէն, երբ ՀՅԴ, հաւատալով արեւմտաթրքական արեւելումի (օրիանտացիայի) նախընտրելիութեան, որդեգրած էր հակա–Խ. Հայաստան կեդրոնախոյս պառակտիչ ընթացք մը, իսկ միւս բոլոր կուսակցութիւնները, քաղաքական հոսանքներն ու նոյնիսկ անկուսակցական, հայրենակցական, մարզամշակութային ու բարեսիրական կազմակերպութիւնները կանգնած էին Խ. Հայաստանի կողքին, անվերապահօրէն, կեդրոնաձիգ ընթացքով, Խ. Հայաստանը նկատելով ոչ միայն հայութեան իրական (ոչ «հոգեկան») Հայրենիքը, այլեւ՝ մեր ազգային երազներու ապագայ իրականացման միակ շօշափելի կռուանը:
Այս երկփեղկումը շարունակուած ՆԵՐԳԱՂԹի օրերուն, երբ ՀՅԴ–ի ղեկավարութիւնը (ոչ՝ բոլոր շարքերն ու ոչ՝ բոլոր մտաւորականները), մասնաւորաբար Դրօն, Մովսէս Տէր Գալուստեան, Սիմոն Վրացեանը, Վահան Նաւասարդեանն ու Ռուբէն Տէր Մինասեան, շարունակած է հակա–Խ. Հայաստան իր ընթացքը, հերթ մը յարելով նացիական Գերմանիոյ առանցքին, հերթ մըն ալ Արեւմուտքի հակախորհրդային առանցքին, դէմ կանգնելով՝ պատմական շրջադարձային ՆԵՐԳԱՂԹին… եւ աւելի ուշ Էջմիածինին, պատճառ դառնալով Հայց. Եկեղեցւոյ երկփեղկումին, Անթիլիասի կաթողիկոսութիւնն ու Սփիւռքը հակադրելով Էջմիածինին ու Սովետական Հայաստանին, ոչ միայն պառակտելով հայ գաղութները, այլեւ՝ նախաձեռնողը եղած է սփիւռքահայ եղբայրասպան կռիւին՝ սկսած Դուրեան Արք.-ի սպանութեամբ եկեղեցւոյ խորանին վրայ, անցնելով Սարգիս Տխրունիի եւ Պօղոս Նադրեանի սպանութենէն, հասնելով 1956-1958 թուականներու ոճիրներուն…:
Սովետական Հայաստանի օրով, Դաշնակցութիւնը ինքն է, որ պառակտած է Հայ Սփիւռքը՝ իր արեւմտաթրքական արեւելումին բերումով, վարելով հակահայաստանեան քաղաքականութիւն, խոչընդոտելով ամէն համահայկական նախաձեռնութիւն, քանի որ՝ ըստ Դաշնակցութեան վայ տեսակէտին, զոր հարազատօրէն կ՝արտայայտէ Մարի Ռոզ Աբուսէֆեան, իրմէ դուրս գտնուող ու գործող միւս բոլոր հայերը արժանի չեն Հայ նկատուելու…: Այլապէս, եթէ սոցիալիստական Սովետի օրով Անթիլիասը կը հակադրուէր Էջմիածինին, որովհետեւ այս վերջինը կը գտնուէր Սովետի «լուծին» տակ… ապա այսօր՝ «անկախ» «բուրժուական, դրամատիրան հայաստանի օրով, ինչո՞ւ վերականգնուած չէ Հայց. Եկեղեցւոյ միասնութիւնն ու միագլխութիւնը, երբ Դաշնակցութիւնը մետասաներորդ ժամուն կ՝առաջարկէ ստեղծել «համահայութեան համար սէնատ (Ծերակոյտ) մը»…:
Պատմական դէպքերու հանդէպ արդար մօտեցում ունենալու անհրաժեշտութիւնը քարոզող Աբուսէֆեան՝ ինչո՞ւ արդար մօտեցում չունի պատմական ՆԵՐԳԱՂԹ–ին եւ զայն իրականացնող Սովետական Հայաստանի հանդէպ, որ իրականացուցած է նաեւ մեր պատմութեան Նոր Ոսկեդարը, որ կը հանդիսանայ մեր ժողովուրդի պատմական երթի շղթային ամէնէն ամրակուռ ու ոսկեղէն օղակը, որուն շնորհիւ է, որ մենք այսօր գոյատեւած ենք եւ կա՛նք, բայց որուն նուաճումներն ու բարոյահոգեկան արժեհամակարգը (սովետահայ մարդկայնական արժէքներու) այսօր կը մսխուին եւ փոշիանալու վրայ են՝ «անկախ» շուկայական բարքերով ու չարժէքներով գործող Հայաստանի մէջ… ապազգային ու գողապետական օլիկարխիկ իշխանութիւններուն կողմէ:
2 comments
Շնորհակալութիւն
Մեթր Տէրտէրեանի այս գրութիւնը պէտք է որպէս վերջին դարու հայոց պատմութեան դասընթացք ուսուցանուի բոլորին: Այս հարցին շուրջ՝ աւելի խտացած եւ բիւրեղացած քաղաքական վերլուծում մը դժուար է երեւակայել:
Միակ բանը որ կարելի է աւելցնել, այն ալ այդ է թէ հայոց պատմութիւնը կը պատկանի համայն հայութեան: Իր բոլոր փառահեղ եւ իր բոլոր ամօթալի էջերով: Բոլոր կուսակցութիւններու դիրքորոշումները ի’նչ արդիւնքի ալ հասցուցած ըլլան անոնք անկասկածօրէն կը պատկանին մեզի բոլորի’ս եւ ո’չ միմիայն այս կամ այն հատուածին: Մեզի կ’իյնայ միմիայն քննադատակա մօտեցումով զանոնք վերլուծել: Ինչ որ Մեթր Տէրտէրեան կը կատարէ արդեն իսկ աւելիով:
Շնորհակալութիւն իր պայծառ միտքին:
Բարեկամօրէն
Վիգէն Լ. Ադդարեան
Derderian’s comments
If I were in his (big brother Caspar’s shoes) I would prefer not to answer or comment on this lady’s illusions. From time to time Mrs. Marie Rose resurrects from the ashes and utters her political balloons. Even some dashnaks do not accept her eleventh hour super extra size and unnecessary lauds. Just do not take her views seriously.
Comments are closed.