Համահայկական Հռչակագրի Ճանապարհը

Մեթր Պարգեւ Դաւիթեան, «Լուսաբաց», 7 Փետրուար 2015

Ա1 հայաստանեան հեռատեսիլի կայանը վերջերս իր «Մենք եւ Ժամանակը» հաղորդաշարի ըն­թացքին ցոյց տուաւ Սովետական Հայաստանի նախկին արտաքին գործոց նախարար Ջոն Կի­րա­կոսեանի կեանքին մասին պատրաստուած ֆիլմ մը, որուն մէջ բազմաթիւ սովետահայ պատ­մա­գէտներ ու պետական գործիչներ վկայակոչեցին այդ մեծ հայրենասէր ու ազգասէր հայուն խիզախ նկարագրի գիծերը եւ անոր մտքին ու գրչին արդիւնք եղող աննախընթաց հրատարակութիւնները սո­վետական շրջանին, որոնց մէջ ան կ’արտայայտէր արեւմտահայ դատին հետ առնչուող յիշա­տա­կութիւններ եւ վերլուծական գաղափարներ։


Մեթր Պարգեւ Դաւիթեան, «Լուսաբաց», 7 Փետրուար 2015

Ա1 հայաստանեան հեռատեսիլի կայանը վերջերս իր «Մենք եւ Ժամանակը» հաղորդաշարի ըն­թացքին ցոյց տուաւ Սովետական Հայաստանի նախկին արտաքին գործոց նախարար Ջոն Կի­րա­կոսեանի կեանքին մասին պատրաստուած ֆիլմ մը, որուն մէջ բազմաթիւ սովետահայ պատ­մա­գէտներ ու պետական գործիչներ վկայակոչեցին այդ մեծ հայրենասէր ու ազգասէր հայուն խիզախ նկարագրի գիծերը եւ անոր մտքին ու գրչին արդիւնք եղող աննախընթաց հրատարակութիւնները սո­վետական շրջանին, որոնց մէջ ան կ’արտայայտէր արեւմտահայ դատին հետ առնչուող յիշա­տա­կութիւններ եւ վերլուծական գաղափարներ։

Արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնը Սովետական Հայաստանի շրջանին թէեւ մեծ արժէք կամ իմաստ չունէր, սակայն Ջոն Կիրակոսեան իր այդ պաշտօնին տուած էր յատուկ եւ մասնաւոր նշա­նակութիւն` բանալով նոր էջ մը ազգային դատի հանդէպ հայրենի գիտակցութեան մէջ։ Իր «Ե­րիտթուրքերը Պատմութեան Դատաստանի Առաջ» երկու հատորով հրատարակուած գործը (անց­եալ դարու ութսունական թուականներու սկիզբներուն) կարելի է նկատել Հայ Դատի դասընթացք Հայ­րենիքի եւ Սփիւռքի հայ ուսումնարաններուն համար։ Անոր վաղաժամ մահէն ետք (Յունիս 1985), իրեն նմաններով մղեալ ու խանդավառ մեր հայրենի ժողովուրդը դուրս եկաւ միլիոնով (1988)՝ ազգասիրութիւն դաւանելով եւ ազգային պետականութեան անկախութիւնը հռչակելով (1990)։

Սովետահայ Ջոն Կիրակոսեանի ազգասէր սերունդը կերտեց Ծիծեռնակաբերդի եւ Սարդա­րա­պատի յուշահամալիրներ, դարձնելով կարելի այն ինչ որ անկարելի կը թուէր այն ատեն, ու անկա­խութենէն ետք կազմեց հայ կամաւոր ու ժողովրդային բանակ եւ քաջաբար մղեց ղարաբաղեան ա­զատամարտ եւ ազատագրեց պատմական Արցախը։ Յետոյ, պահ մը առեւտրական շահերով մտա­հոգ այդ սերունդի մոլորած թեւը բարի դրացնութիւն քարոզելով ստորագրեց ժընեւեան փրոթո­քոլներ, ճեղք բանալով Հայրենիքի եւ Սփիւռքի միջեւ։ Եւ երբ թշնամին բարի դրացնութիւնը շահա­գոր­ծող նկատառումներով յառաջ քշեց խիստ անընդունելի պահանջքներ ու պայմաններ, այդ մո­լո­րած թեւը վերադարձաւ իր արմատին ու սակարկութիւն չճանչցող ազգային գիծին, եւ ամբողջ ու­ժով լծուեցաւ հայ ազգի Ցեղասպանութեան Դատին ծառայութեան եւ այդ դատին ամուր յենարան նկատուող հայ բանակի հզօրացման գործին։

Եւ պատահական չէր որ ցարդ անպարտ Հայ Բանակի Օրուայ նշումէն (Յունուար 28) մէկ օր ետք (Յունուար 29), Ծիծեռնակաբերդի Ապրիլեան Եղեռնի Նահատակաց Յուշակոթողի կամար­նե­րուն առջեւ հաւաքուած ու կանգնած հայ ազգը իր պատասխանատու եւ պաշտօնական լրիւ կազ­մով, գլխաւորութեամբ հանրապետութեան նախագահին, կաթողիկոսներուն եւ սփիւռքահայ զանա­զան ներկայացուցիչներուն, աշխարհին յանձնեց իր Համահայկական Հռչակագիրը` ըսելով, ի մէջ այլոց, թէ իր միասնակամ կամքով պիտի մշակէ իրաւական թղթածրար` որպէս մեկնարկ անհա­տա­կան, համայնքային ու համազգային իրաւունքներու եւ օրինական շահերու վերականգնման գոր­ծըն­թացին։ Եւ նոյն այդ վայրէն ու տեղէն ուղղեց հրահանգի համազօր կոչ հայորդիներու գալիք սե­րունդներուն, որ ցոյց տան հայրենասէր, գիտակից եւ ուսեալ կեցուածք` համայն հայութեան նուի­րա­կան դարաւոր նպատակներու իրականացման համար։

Ատենօք, հայ ազատագրական պայքար շեփորողները եւ անոր կազմակերպման ձեւ ու մար­մին տուողները եղան յեղափոխական ոգիով տոգորուած արեւելահայ գործիչները, որոնց եկան միա­նալու արեւմտահայ անձնուրաց ֆետայիները։ Ժամանակ մը վերջ դերերը շրջուեցան եւ ա­րեւ­մտահայ մեր ժողովուրդը վառ պահեց Ապրիլեան Եղեռնի պատճառով կազմաւորուած հայ պա­հան­ջա­տիրութիւնը, մինչեւ որ արեւելահայ Ջոն Կիրակոսեաններու նմանները իրենց մասնակ­ցու­թիւնը բերին այդ դատին։ Այսօր, Համահայկական Հռչակագրով միացած երկու հատուածները հա­յութեան` Հայրենիք եւ Սփիւռք, որեւէ անգամէ եւ ատենէ աւելի կառչած են իրենց դարաւոր իրա­ւունքներու ձեռքբերման աշխատանքին։

Գիտական արագ նուաճումներով ընթացող մեր ներկան, որուն մէջ թիւն ու ծաւալը անարժէք կը դառնան մտքի ալիքներով յառաջացած «ցունամի»-ին (tsunami) առջեւ, յուսալից կը դարձնէ մեր ապագան, որուն մէջ ուսումնատենչ հայ սերունդները կրնան թշնամին կլանող «ցունամի»-ներ յա­ռա­ջացնել իրենց գիտական բարձր մակարդակով։ Համահայկական Հռչակագրի ճանապարհը աս­ֆալթապատ կ’երեւի` արագընթաց միջոցներով յաղթանակի հասնելու։

*****

Երբ Ցաւալին Կը Դառնայ Ծիծաղելի

Մեթր Պարգեւ Դաւիթեան, «Լուսաբաց», 17 Յունուար 2015

Ահաբեկչութեամբ վիրաւորուած Ֆրանսայի ցաւին բաժնեկից եղաւ ամբողջ աշխարհը, որուն մե­ծա­մասնութիւն կազմող խաղաղասէր եւ ազատասէր մարդիկը դարձած են անկարող ականա­տե­սը քա­ղաքական վերիվայրումներու եւ ենթական՝ կենցաղային կաշկանդումներու, առ ի հետեւանք ափ մը փոք­րամասնական ծայրայեղականներու ատելավառ արարքներուն։

Մշակոյթի եւ քաղաքակրթութեան աշխարհի մայրաքաղաք Փարիզը, որուն մէջ ծնաւ ազա­տու­թիւն, հաւասարութիւն եւ եղբայրութիւն դաւանող յեղափոխական երրորդութիւնը, ուր մտքի եւ գա­ղա­փարի ան­կաշկանդ ազատութիւնը կը թուի թէ ամէն տեղէ աւելի սուրբ է ու նուիրական, անցեալ շա­բաթ դուրս ե­կաւ միլիոններով` դատապարտելու համար ահաբեկչութիւնը իր շնորհալի երգիծա­նկարիչներուն ու ան­բախտ զոհերուն։ Գրիչներ եւ «Ես Շարլի եմ» (Je suis Charlie) գրութիւնը բարձ­րա­ցուցած ամբոխները մեծ ՈՉ կ’ըսէին այն բոլոր մարդոց, որոնք իրենց ծայրայեղ ընթացքով լռե­ցընել կը ջանան ազատ խօս­քը, միտքն ու գաղափարը։

Շա՜տ ցաւալի երեւոյթ էր տեսնել գործուած ոճիրները  եւ անվերապահօրէն դատապարտելի։ Անձ­նական ձախողութիւններու պատճառաւ մոլորած մարդիկ, որոնք վերածնեալ (born again) կրօ­նա­կա­նու­թեամբ մը կուրցած կամ գինովցած՝ կտրուած էին իրենց շրջապատէն, եւ գուցէ իրենց նման­ներուն պէս հրապուրուած էին «ճիհատ»ային յետմահու երազային աշխարհի մը մէջ հաճելի կեանք մը ապրելու խաբ­կանքով, դարձած էին գազան ու բարբարոս` խլելով անմեղ զոհեր, որոնց կար­ծես միակ յանցանքն էր ըլլալ յառաջադէմ երկրի ու կեանքի պարզ ու հասարակ քաղաքա­ցի­ները։

Սակայն այն ինչ որ ցաւալի էր` դարձաւ ծիծաղելի։

Փարիզեան բողոքի ցոյցին ներկայ էին Թուրքիոյ եւ Իսրայէլի ղեկավարները` Տաւուտօղլուն ու Նե­թանիահուն։ Այդ երկու երկիրներու ղեկավարները իրաւունք չունէին «գողնալ», կամ ինչպէս անգլերէ­նով կ’ըսեն steal the show, խռոված աշխարհին առջեւ տեղի ունեցող բողոքի արտայայտութիւնը եւ քա­լել տասնեակ մը պետական  ղեկավարներու շարքերուն մէջ։ Աշխարհ լաւ գիտէ կամ պէտք է լաւ գիտ­նայ, թէ Թուրքիան եւ Իսրայէլը իրենց քաղաքական գործընթացով ձեւով մը պատճառ դարձան ստեղ­ծե­լու առիթներ ու վիճակներ, որոնց ուղղակի կամ անուղղակի հետեւեանքներէն ծնունդ առին ահա­բե­կիչ այդպիսի «խենթերը»։ Անոնց հոն ներկայութիւնը մեզի կը յիշեցնէ «մեռելին ետեւէն քալող ոճրա­գոր­ծը» ասացուածքը։

Արդարեւ, Սուրիոյ յեղափոխութիւնը օգտագործող եւ անոր սահմաններէն ներս աշխարհի իսլամ կրօ­նամոլ «պաշըպօզուք»ները հոն ներածող Թուրքիան ծնունդ տուաւ Իսլամական Պետութիւն կոչ­ուած «հնադարեան» շարժումին, որուն հետեւորդները անոր դրօշը պարզած ահաբեկեցին ու սպաննե­ցին ֆրանսացի երգիծանկարիչներն ու միւս անբախտ զոհերը։

Իսկ Նեթանիահուն, որուն ծայրայեղ քաղաքականութիւնը ծնունդ առաւ Իսրայէլի նախկին խաղա­ղասէր վարչապետ Իցհաք Րապինի սպանութեամբ եւ անոր պետական անողոք ահաբեկչութիւնը պա­ղեստինցի ժողովուրդի արդար ազատատենչութեան դէմ անկասկած որ կը ծառայէ թոյնով եւ ատելու­թեամբ լեցնելու իսլամ ծայրայեղականները, ան ալ իր բաժինը ունի ահաբեկիչ այլախոհներու արտադ­րութեան գործին մէջ։ Ցաւալի հաւաքը այդ երկուքին ներկայութեամբ դարձաւ մասամբ ծիծաղելի, բան մը` որ շատ լաւ կը բացատրուի հետեւեալ արաբական ասացուածքով՝ «ալ-մուտհէք ալ-մուպքի», կամ` «ծի­ծաղի համազօր լացը»։

Ահաբեկչութիւնը դատապարտելի է անշուշտ, որովհետեւ անմեղ զոհեր կը խլէ։ Բայց բոլոր անոնք ո­րոնք իրենց բռնարարքներով կամ դաւադիր քաղաքականութեամբ պատճառ կը դառնան ահա­բե­կիչ­նե­րու արտադրութեան, իրաւունք չունին լաւերու շարքերուն մէջ երեւնալու։

Ահաբեկուած ֆրանսացի երգիծանկարիչները մօտ անցեալի որակումով ձախակողմեաններ էին, ո­րոնց համար մտքի եւ գրչի ազատութիւնը գերադաս կը նկատուէր ամէն տեսակի կրօնական նկատա­ռումներով յառաջացած կաշկանդումէ։ Էրտողանի եւ Նեթանիահուի քաղաքական ուղղութիւնը, իրենց ծայրայեղ աջակողմեան եւ կրօնական թեքումներով, խորթ է եւ անհաշտ այն գաղափարներուն հետ, ո­րոնց պատճառաւ զոհուեցան այդ երգիծանկարիչները։

Կրօնապաշտներու ներկայացուցիչները, Էրտողանի եւ Նեթանիահուի պէս, կրօնամոլ իսլամ այդ ա­հաբեկիչներէն միայն կը տարբերին իրենց դիրքին եւ պաշտօնին բերմամբ իրենց ընծայուած ու ու­նե­ցած պետական ահաբեկչութիւն կատարելու օրինական ապահովութեամբ (absolute immunity), ինչ որ այս առթիւ կը բացատրէ թէ ինչո՞ւ ցաւալին կը դառնայ ծիծաղելի։

You May Also Like
Read More

Ես Չըսեմ…Դուն Ըսէ

Բաբգէն Պոյաճեան, Ճարտարապետ, Թորոնթօ, 21 Սեպտեմբեր 2015 Վերջերս այնքան նոր զարգացումներ կ'ըլլան մեր հայկական առօրեային մեջ, որոնք յաճախ…
Read More
Read More

Թռւրքիա 1998 և 2010

Հեղինակ՝ Մկրտիչ Պուլտուքեան,Պէյրութ,Ապրիլ 2010 The Turkish Dilemma 1998 Անցեալ տարուան Դեկտեմբեր ամսուն, Լիւքսեմպուրկի մէջ կայացաւ խիստ կարեւոր ժողով…
Read More