Հայ, Հրեայ Եւ Իսլամ
Հայ, Հրեայ Եւ Իսլամ
Պետական ֆինանսաւորումով առաջանալիք այս ծրագիրները պիտի գործադրուին երկրի ամբողջ տարածքին Ի.Ն.Ա.Տ.Ի.ի միջոցաւ եւ Լանուսի Ազգային Համալսարանի գիտաշխատողներուն պիտի վստահուի անոնց գիտական հովանաւորումն ու արդիւնքներու առարկայական արժեւորումը:
Արմենիա Մշակութային Ընկերակցութեան անունով համաձայնագիրը ստորագրեց Հ.Յ.Դաշնակցութեան Հարաւային Ամերիկայի Կեդրոնական Կոմիտէի անդամ Ժանիկ Քէչեան: Համաձայնագրի ստորագրութեան ներկայ եղաւ Հ.Յ.Դ. Հարաւային Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբի շրջանային տնօրէն՝ Յակոբ Թապագեան, ինչպէս նաեւ Ի.Ն.Ա.Տ.Ի.ի նախագահ՝ Փետրօ Մուրատեան:
Ինչ կը վերաբերի ծրագրերու բովանդակութեան, ապա եւ ըստ երեք համայնքներու կողմէ համաձայնագիրը ստորագրած ներկայացուցչական կազմակերպութիւններու պատասխանատուներու յայտարարութեանց, կը նախատեսուին՝ հրատարակութիւններ, միացեալ միջոցառումներ, ակադեմական գիտահետազօտութիւններ եւ ուսուցման ծրագիրներու միասնական մշակում:
Համաձայնագրի ստորագրութեան մասին այլ մանրամասնութիւններու համար կարելի է այցելել հետեւեալ կայքէջը՝