Ազգային-Մշակութային Ինքնութեան Վերացո՞ւմ, Թէ՞ Վերանորոգում
Հրայր Ճէպէճեան, Նիկոսիա, 2 Յունուար 2014
Համաշխարհայնացումը, ըստ Ուիքիփետիայի, կը կատարուի տեսակէտներու միջազգային-համաշխարհային ամբողջացումով, որ արդիւնք է աշխարհի տարբեր տեսակէտներու՝ արտադրողական, գաղափարախօսական եւ մշակութային արժէքներու փոխանակման։ Պարզ բացատրութեամբ, համաշխարհայնացումը այն քայլն է, որ կ'արագացնէ եւ կ'աւելցնէ համաշխարհային եւ միջպետական ազգային եւ մշակութային արժէքներու փոխանակումներու գործընթացը։ Տեղեկատուութեան յառաջխաղացքը՝ ճանապարհորդութեան արագացում, ելեկտրոնային հաղորդակցութեան գերզարգացում, ներառեալ համացանցը, գլխաւոր տուեալներն են համաշխարհայնացման։ Վերջինը կ'արտադրէ երկիրներու եւ հաւաքականութիւններու միջեւ կախեալ ըլլալու վիճակները՝ տնտեսական եւ մշակութային բնագաւառներուն մէջ։
Ազգային-Մշակութային Ինքնութեան Վերացո՞ւմ, Թէ՞ Վերանորոգում
Հրայր Ճէպէճեան, Նիկոսիա, 2 Յունուար 2014
Համաշխարհայնացումը, ըստ Ուիքիփետիայի, կը կատարուի տեսակէտներու միջազգային-համաշխարհային ամբողջացումով, որ արդիւնք է աշխարհի տարբեր տեսակէտներու՝ արտադրողական, գաղափարախօսական եւ մշակութային արժէքներու փոխանակման։
Թէեւ համաշխարհայնացումը սկսաւ թափ առնել 1990 թուականներէն սկսեալ, սակայն պէտք է նայիլ պատմութեան, երբ եւրոպական ցամաքամասէն հետազօտողներ սկսան գտնել նոր աշխարհներ՝ միջին դարերէն սկսեալ։ 20-րդ դարուն սակայն համաշխարհայնացումը սկսաւ ստանալ արագ եւ ուժգին թափ։ Երկրորդ հազարամեակին՝ 2000 թուականին, Միջազգային տնտեսական-դրամատնային ֆոնտը կրցաւ որակել չորս տեսակի համաշխարհայնացման գործօններ՝ տնտեսական եւ վաճառականական, ֆինանսական ներդրումներու, ժողովուրդներու տեղաշարժներ՝ տարբեր պատճառներով, տեղեկատուութեան ընդհանրացում եւ սերմանում։
Ներկայ ժամանակներուն մեծ մարտահրաւէր մըն է կլիմայի փոփոխութիւնը՝ միջպետական ու միջազգային ջուրերու եւ օդի ապականումը եւ ովկիանոսներու տարածքներու յաւելեալ գործածութիւնը։ Այս բոլորը նաեւ գործօն տուեալներ են, որոնք կ'ազդեն համաշխարհայնացման արագընթաց զարգացման վրայ։ Համաշխարհայնացման գործընթացը իր նկարագրային դրոշմը կը դնէ տնտեսական-աշխատանքային գործարարքներու վրայ՝ տնտեսական եւ ընկերամշակութային նկարագիրի կերտման, ինչպէս նաեւ բնութեան եւ շրջապատի զարգացման։
Աստուածաբան Ալեքսանտր Շուայթցըր համաշխարհայնացած աշխարհը կը նկարագրէ որպէս «սահմաններու չքացում», ինչ որ կ'ենթադրէ անհատին ու անոր անհատականութեան ապահովութեան եւ հեղինակութեան նուազում եւ անհետացում։ Շուայթցըր կը շարունակէ՝ մատնանշելով, թէ համաշխարհայնացած աշխարհը եւ իր բոլոր գործօնները իրենց ազդեցութիւնը ունեցած են հաւաքականութիւններու կրօնական, տնտեսական եւ ընկերային կեանքերուն վրայ՝ աշխարհով մէկտեղ։
Ընկերաբան Ռիչըրտ Էրիքսըն կը հաւատայ, թէ ներկայ մարդկային աշխարհը շատ աւելի լաւ եւ իրարու մէջ միաձուլուած է, քան պատմութեան ընթացքին որեւէ ժամանակ։ Այս իմաստով աշխարհը շատ աւելի արագօրէն կը վերածուի եւ կ'ամփոփուի մէկ տեղի մէջ։
Համաշխարհայնացումը ընթացք մըն է, որ իր ազդեցութիւնը կ'ունենայ մարդկային կեանքին վրայ՝ քիչ մը ամէն տեղ։ Էրիքսըն կը նկարագրէ այս իրավիճակը՝ համաշխարհայնացումը, դիտել տալով, որ բոլոր ընկերա-մշակութային գործօնները կ'օժանդակեն, որպէսզի տարածաշրջանային հեռաւորութիւնները նուազագոյնի հասնին, կամ, այլ խօսքով՝ անկարեւոր դառնան։ Այս իրավիճակը ունի իր դրական եւ բացասական կողմերը։ Եթէ մարդիկ տարբեր շրջաններու եւ երկիրներու մէջ ապրելով հանդերձ պիտի կրնան վայելել տարբեր պատեհութիւններ եւ առիթներ, բայց եւ այնպէս նաեւ վտանգները եւ սպառնալիքները պիտի բաժնուին աշխարհին եւ իրարու մէջ։ Որեւէ երկրի քաղաքական, տնտեսական, կենսոլորտային ու այլ իրավիճակները իրենց ազդեցութիւնը պիտի ունենան ուրիշ տեղեր՝ անցնելով անմիջական սահմանները։ Սնունդ, ապրելակերպ, երաժշտութիւն, ծանուցում, համաշխարհային գրականութիւն ու տակաւին բոլոր իրավիճակները կը զգետնեն ու կ'անցնին սահմանային բաժանումներու իրողականութիւններէն…
Եթէ համաշխարհայնացումը կը նկարագրուի առաւելաբար իբրեւ ճարտարարւեստական եւ տնտեսական գործընթաց, բայց պէտք է նկատի առնել նաեւ այլ գործօններու ներգրաւուածութիւնը։ Մարդկային իրաւանց հարցը, օրինակի համար, 20-րդ դարու երկրորդ կէսէն սկսեալ ընդհանրացաւ ամէնէն զարգացած Արեւմտեան քաղաքակրթութիւններու մէջ՝ հասնելով մինչեւ աղքատ եւ երրորդ աշխարհի հեռաւոր գիւղերու մէջ ապրող գիւղացիին…:
Շուայթցըր կը շարունակէ իր վերլուծումը՝ շեշտելով համաշխարհայնացման ստեղծած «փոփոխութեան» եւ անոր որպէս արդիւնք՝ «երկուութեան» իրողականութիւնը։ Ան կ'ըսէ, թէ ինքնութեան կորսուածութիւնը քաջալերեց մարդկութիւնը, որպէսզի փնտռէ իր անձը եւ իր հաւաքականութիւնը։ «Համաշխարհայինը ամբողջացած է տեղականով եւ անհատով», կ'ըսէ Շուայթցըր։ Եթէ մէկ կողմէ կայ անապահովութեան զգացումը եւ վտանգը, միւս կողմէ կայ տրամադրուածութիւնը հասնելու «նպատակին»՝ մարդկային կեանքի նշանակութեան եւ արժէքին։ Տակաւին՝ «հեղինակութեան» կորուստն ու չքացումը ճամբայ բացին ծայրայեղական շարժումներու՝ ըլլայ այդ կրօնական, ազգային եւ ցեղային իմաստով։ Խրուաթիոյ եւ Սերպիոյ պատերազմները, սկովտիական անջատումի փորձերը՝ 1990 թուականներուն, Ֆրանսայի մէջ ներգաղթի օրէնքներու դէմ պայքարը, Աֆղանիստանի մէջ թալէպանական շարժումը, Հնդկաստանի մէջ հինտու ազգայնամոլական շարժումները, «իսլամաց(ած)ուած» հայերու իրենց ինքնութեան վերադառնալու տենչը։ Եւ տակաւին շատ մը ափրիկեան երկիրներու մէջ ականատես կ'ըլլանք զօրաւոր ցեղային «զարթնումներու»՝ իրենց քաղաքական իրավիճակներուն մէջ։ Միացեալ Նահանգներու մէջ կան բազմաթիւ փոքրամասնութիւններ, որոնք կը պահանջեն իրենց մշակութային եւ քաղաքացիական իրաւունքները։ Տակաւին կայ քաղաքական-քաղաքականացած իսլամութիւնը, որ նաեւ սկսած է զօրաւոր կերպով թափ առնել ներկայ աշխարհին մէջ՝ ներառեալ Միջին Արեւելքի…
Ներկայ օրերու այս քաղաքական-քաղաքացիական իրավիճակը, որ դժուար է սահմանել անցեալի «աջի» եւ «ձախի» հասկացողութիւններով, մեկնաբանուած է տարբեր տեսութիւններով՝ շատ մը գիտնականներու եւ տեղեկատուութեան մարզի մէջ հետազօտողներու կողմէ։ Էրիքսըն այս իմաստով կը փորձէ սահմանել քաղաքական ինքնութեան մտածողութիւնը, որ կը յայտնուի տարբեր երեւոյթներու մէջէն։ Եթէ մէկ կողմէ կան անջատողական-ազգայնական շարժումները, նաեւ կան փոքրամասնութիւններն ու անոնց իրաւազրկուած իրավիճակները։ Այս քաղաքական մտածողութեան տարբերակները կարելի է ընդլայնել տակաւին։ Մենատիրական ձգտումները՝ երկիրներու մէջ տիրելու եւ պահելու բնական հարստութիւնները, քրքրած են կրօնական, միջազգային, բայց նաեւ շրջանային իրավիճակները։ Շատ մը ընկերաբաններ-գիտնականներ կը փորձեն տեսնել քաղաքական ինքնութիւնը՝ որպէս հակազդեցութիւն ներկայ օրերու համաշխարհայնացման յառաջացուցած ազատութեան եւ անհատականութեան միտումներու, ուրիշներ՝ որպէս տկարին պաշտպանութիւնը օտար թափանցումներէն, նաեւ նկատի կ'առնուին հոգեբանական գործօնները, ուր կը նկատուին վերադարձի փորձեր՝ պահելու համար ինքնութիւնը եւ արմատները այս հսկայ «փոփոխութիւններու» տարափին մէջ…։ Կան նաեւ մտածողներ, որոնք այս գործընթացին մէջ կը տեսնեն իսկական ծնունդը ընկերվարութեան։
Այս բոլոր վերլուծումները իրաւական ենթահող ունենալով հանդերձ՝ բաւական դժուար է իրավիճակը բացատրել եւ ներկայացնել մէկ պարունակի մէջ։ Յստակ սկսած է դառնալ այն, որ եթէ մէկ կողմէ համաշխարհայնացումը կը ստեղծէ միացնող ուժը, միւս կողմէ նոյն այս ուժը նաեւ քաղաքական ինքնութեան ձգտումները կը տարանջատէ…։ Նոյն իրավիճակին հակադիր երկու երեսներն են…։
Ռոլանտ Ռոպըրթսըն՝ ընկերաբան եւ համաշխարհայնացման տեսաբան, կը հաստատէ, որ համաշխարհայնացումը կը ստեղծէ տեղակայնացման ենթահողը, եւ աշխարհագրական եւ սահմանագծուած երկիրներու մէջ մէջտեղ կու գան ազգային եւ անջատողական ինքնութիւններ, որոնք կը գիտակցին իրենց լեզուին, մշակոյթին, կրօնին, հաւատքին ու տակաւին ցեղային ինքնապահպանման եւ ապահովութեան կանոններուն։ Ռոպըրթսըն այս իրողական վիճակները կը բնորոշէ իբրեւ քաղաքական ինքնութեան ապահովութիւն մը՝ համաշխարհայնացած կարգավիճակին մէջ ստեղծուած։ Լեռնային Ղարաբաղի, քրտական հարցը ու տակաւին Կիպրոսի թրքական բաժնի իրավիճակները իւրաքանչիւրը ինքն իր պարունակին մէջ իրական վկայութիւնն է այս տեսութեան։ Քաղաքական այս ինքնութիւնը՝ տեղական-համաշխարհայնացած հակադիր իրականութեան մէջ, կը յառաջացնէ «մրցակցութեան» իրավիճակը, որ կը դառնայ մղիչ ուժը հաւաքական ինքնութեան հասկացողութեամբ, այս ոչ միայն տնտեսական եւ քաղաքական առումով, այլ նաեւ ճանաչումի եւ ինքնաճանաչումի եւ այլ գործօններու մէջ։ Ու տակաւին, այս մրցակցութենէն մեկնելով յառաջ կու գան տարբերութիւններու իրավիճակները հաւաքական կեանքին մէջ։ Տարբերութիւններ, որոնք եթէ մէկ կողմէ «կը բախին» իրարու (ոչ անպայմանօրէն ֆիզիքական առճակատումով), բայց նաեւ կը մղեն ամրապնդելու ինքնութեան հասկացողութիւնը։ Եւ նաեւ՝ նոյն այս ինքնութեան հասկացողութիւնը եւ կերտումը կը ստեղծէ նոյն «խմբակին» մէջ ըլլալու եւ ապրելու կենցաղը՝ որպէս իւրայատուկ եւ նոյնանման նկարագիր եւ ապրելակերպ։ Այս նկարագիրը եւ ապրելակերպը, եթէ մէկ կողմէ «կ'ապրեցնէ» անցեալի ցաւը եւ անարդարութիւնը՝ բայց նաեւ կ'օգնէ, որպէսզի անհատը կամրջուի իր պատմութեան հետ։ Անհատը եւ իր փորձառութիւնը կը կապուին իր հաւաքականութեան պատմութեան եւ փորձառութեան հետ՝ ու «ես»-ը կը փոխակերպուի «մեր»-ի եւ «մենք»-ի։
Տնտեսագէտ Պիլ Միշել կը հաստատէ, որ նոր ճարտարարուեստը եթէ խոստացաւ հարստութիւն, լաւորակ եւ ապահով կեանք, բայց չամբողջացաւ այդ բոլորը աշխարհի 6,5 միլիառ ժողովուրդի մեծամասնութեան համար, որոնք այսօր կը տառապին անբաւարարութենէ եւ չգոյութենէ։ Ան կ'ըսէ, թէ՝ «ճարտարարուեստը փոխանակ յառաջացնելու մարդկային կեանքը, փոխակերպեց մարդը անմարդկային տուեալներով։ Բայց միեւնոյն ժամանակ նոյն այս ճարտարարուեստը ստեղծեց եւ արտադրեց իրարու կապուած եւ իրարու շաղկապուած աշխարհ մը, որ նաեւ եղաւ մղիչ ուժը համաշխարհայնացման»։
Իրականութիւն է, թէ ներկայ օրերու երիտասարդին համար այս ճարտարարուեստը եղած է հաղորդակցութեան ընդունելի միջոց։
Տեղեկատուութիւնը՝ համացանցին վրայ, ստեղծած է նոր հաւաքականութիւններ, որոնք նոյն ձեւով կը հաղորդակցին իրարու հետ։ Այս համաշխարհայնացած երիտասարդական մշակոյթը նաեւ մէկ լաւագոյն միջոցն է նոր սերունդին համար գտնելու-վերագտնելու իր ինքնութիւնը՝ ազգային եւ հոգեկան իմաստով։ Ի զուր չէ, որ փիլիսոփայութեան մասնագէտ՝ Մարթին Պարպերօ ներկայ տեղեկատուութիւնը կը նկատէ այն տեղը, ուր ներկայ օրերու մշակոյթը կ'արմատանայ իր հոգեկան գիտակցութեամբ եւ ազգային հպարտութեամբ։
Հոս արժէ ընդգծել անձնական-ընտանեկան ապրուած փորձառութիւն մը։ Տղաս, որ 20 տարեկան երիտասարդական հանգրուանի սեմին հայ մըն է, ընկերային հաւաքոյթի մը ընթացքին ծանօթացած է ֆրանսահայ տարեկից երիտասարդի մը, որ միայն գիտէ, թէ հայ է՝ առանց հայերէն կարենալ խօսելու։ Երիտասարդը ցաւ յայտնած է տղուս, թէ իր ծնողքը զինք հայ չեն մեծցուցած։
Եթէ ֆրանսահայ երիտասարդին համար հայերէն լեզուն եւ ինքնութիւնը անդրադարձ մըն էր իր կեանքի էութեանը, բայց նոյնքան նաեւ տղուս համար վերահաստատում մըն էր իր այն անհրաժեշտութեան, որ ինքնութեան վրայ հիմնէ իր կեանքի առաջադրանքները։
Էրիքսըն ունի բացատրութիւնը այս երեւոյթին։ Քաղաքական-ազգային ինքնութեան հասկացողութիւնը յաճախ առնչուած է «հին աւանդէ» վերապրած իրականութեան հետ՝ կրօնական, ցեղային եւ կամ տեղական կապուածութեան հասկացողութիւններու մէջէն։ Էրիքսըն կ'ըսէ, թէ այս երեւոյթին դիմաց յաճախ քննարկուած է՝ իրաւացիօրէն եւ ճշգրտապէս, թէ ինչքան որ քաղաքական-ազգային ինքնութիւնը ունի «աւանդական» պիտակ (իմա՝ երեւցող մասը), բայց նաեւ կայ չերեւցող մասը, որ «այժմէականութեան» հետ առնչուած է ու անոր արդիւնքն է։ Այն բոլոր զօրաւոր զգացումները, որոնք առնչուած են սովորութիւններու հետ՝ մշակոյթ, կրօն թէ այլ, զօրաշարժի կ'ենթարկուին երբ մարդիկ կ'անդրադառնան, թէ այդ բոլորը պաշարումի եւ կորսուելու վիճակի մէջ է…։ Ձուկը ջուրին մէջ չ'անդրադառնար ջուրին արժէքին։ Երբ ջուրէն դուրս է՝ կը զգայ անոր անհրաժեշտութիւնը։ Էրիքսըն կ'եզրակացնէ, թէ քաղաքական ինքնութիւնը հասարակաց զգացում է, եթէ մէկ կողմէ աւանդական, բայց նաեւ այժմէական։ Այս համաշխարհայանացած աշխարհին մէջ եթէ կայ զայն (իմա քաղաքական-ազգային ինքնութիւնը) կորսնցնելու փորձառութիւնը, բայց նաեւ առկայ է գիտակցութիւնը զայն պահելու։ Որովհետեւ մարդը կ'ուզէ գտնել-վերագտնել իր ապահովութիւնը։ Եւ այստեղէն պէտք է փորձել հասկնալ, թէ ինչո՞ւ ցեղային ազգայնականութիւնը, փոքրամասնական շարժումները, քաղաքական կրօնները (ինչպէս՝ քաղաքական իսլամութիւնը) կու տան ապահովութիւն՝ ինքնագիտակցութեան եւ ինքնութեան արժէքին նկատմամբ՝ եւ ինչ որ կրնայ առկայ մնալ աշխարհի շատ մը շրջաններու մէջ՝ մինչեւ որ աւելի լաւ շարժում մը յառաջ գայ…։
Ինչպէ՞ս այս բոլոր տեսադաշտերը եւ տեսանկիւնները պէտք է վերանայիլ հայկական պրիսմակէն… Համաշխարհայնացման այս հսկայ «սպառնալիքին» մէջ եւ դէմ յանդիման ու տեղեկատուութեան աշխարհի յառաջխաղացքի հեւքին մէջ, ուր «երիտասարդական մշակոյթին» հետ շատ դժուար կ'ըլլայ քայլ պահել՝ հայ նոր սերունդին ազգային-մշակութային, լեզուական ու քրիստոնէական ինքնութիւնը պահելու հրամայականովը…
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետի ընդգծումը յստակ է եւ ուսանելի։ «Համաշխարհայնացման հետ բանակցութիւնները թէ խոստումնալից են, եւ միեւնոյն ժամանակ վտանգաւոր։ Եթէ մէկ կողմէ կրնայ (համաշխարհայնացումը) ձեւազեղծել եւ կերպարանափոխել՝ միեւնոյն ժամանակ հարստացնել։ Եթէ համաշխարհայնացման իրավիճակին հետ մեր կապակցութիւնը եւ առնչուածութիւնը ընենք խորունկ ինքնագիտակցութեամբ, թէ մենք ով ենք որպէս հայեր՝ այս մէկը կրնայ հարստացնել մեր մշակոյթը եւ զայն վերածել աւելի ստեղծագործի եւ ուժականի։ Ճիշդ յարաբերութիւնը համաշխարհայնացումի հետ պիտի մղէ մեր մշակոյթը որպէսզի վերանորոգէ ինքզինք։ Եւ վերանորոգուած մշակոյթը, եւ ինքնութիւնը պիտի քաջալերէ հայը, որպէսզի աւելի լաւ շաղկապուի ուրիշ մշակոյթներու հետ։ Եւ մշակոյթ մը, որ չի վերանորոգեր ինքզինք՝ դատապարտուած է մահուան։ Եւ նոյնքան նաեւ՝ ժողովուրդ մը, որ հաւատարիմ չի մնար իր մշակոյթին՝ պիտի անհետանայ պատմութեան սլացքէն…»։
Համաշխարհայնացումը իրավիճակ մըն է, որմէ կարելի չէ խուսափիլ, ո՛չ ալ կարելի է անտեսել զայն։ Ներկայ աշխարհի դրուածքն է ասիկա, եւ հայը նոյնպէս կոչուած է քայլ պահելու ժամանակին հետ։ Այս իմաստով արժէ համաշխարհայնացման նայիլ մէկ կողմէ զգուշաւորութեամբ, բայց նաեւ «օգտուելու» տրամադրութեամբ՝ որ կրնայ հայը «հարստացնել»։ Տեղեկատուութեան ստեղծած ներկայ օրերու «Համաշխարհայնացած երիտասարդական մշակոյթը» պէտք է օգտագործել՝ հայ երիտասարդին ազգային-քաղաքական «ինքնութիւնը» մէկ կողմէ պահելու, բայց նաեւ շարունակելու եւ զարգացնելու գործընթացով։ Համաշխարհայնացման հասկացողութիւնը պէտք չէ ընկալել որպէս «հրէշային» եւ «քանդիչ» երեւոյթ մը միայն՝ ուր ազգային արժէքներ եւ մշակութային ինքնութիւն կը վերանայ։ Համաշխարհայնացումը իրականութիւն մըն է այսօրուան աշխարհին համար, որուն հետ «ճիշդ յարաբերութիւն» մը՝ կրնայ «վերանորոգել» հայը եւ ի մասնաւորի երիտասարդը՝ նաեւ անոր ազգային-քաղաքական մշակութային ինքնութիւնը։ Եւ «վերանորոգուած» ինքնութեամբ է, որ հայը պիտի կրնայ նայիլ վաղուան։