Համօ Մոսկոֆեան, Յունուար 2013
Աւելի քան մէկ միլիոն գաղափարակիցներ եւ ազատութեան մարտիկներ, սգակիրներ եւ ընդվզած Թուրքիոյ քաղաքացիներ, ընկերակցեցան Տերսիմի հայազգի հերոսուհի, Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան հիմնադիրներէն` Սաքինէ Ճանսըզի, ֆիտան Տօղանի, Լէյլա Կէօյլէմիզի Փ.Ք.Ք -ի դրօշներով պարուրուած դագաղներուն` նմանը չտեսնուած յուղարկաւորութեան մը, Տիարպեքիրի մէջ:
Համօ Մոսկոֆեան, Յունուար 2013
Աւելի քան մէկ միլիոն գաղափարակիցներ եւ ազատութեան մարտիկներ, սգակիրներ եւ ընդվզած Թուրքիոյ քաղաքացիներ, ընկերակցեցան Տերսիմի հայազգի հերոսուհի, Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան հիմնադիրներէն` Սաքինէ Ճանսըզի, ֆիտան Տօղանի, Լէյլա Կէօյլէմիզի Փ.Ք.Ք -ի դրօշներով պարուրուած դագաղներուն` նմանը չտեսնուած յուղարկաւորութեան մը, Տիարպեքիրի մէջ:
Օրեր առաջ, Փարիզի իրենց կեդրոնատեղիին մօտակայքը սպաննուած ազատութեան եւ անկախութեան քաջարի մարտիկներուն անարգ մահը` յեղափոխական վերածնունդի նոր ալիք մը բարձրացուց բազմաթիւ կոտորածներու եւ ցեղասպանութիւններու վրայ իր պատմութիւնը “կերտած” Թուրքիոյ մէջ: Անգարան, խաբէութեամբ եւ միջազգային դաւերով ձեռք ձգած Օճալան- Աբոյին հետ կը նախապատրաստուէր իբր թէ “հաշտութեան” բանակցութիւններ սկսիլ, փաստօրէն անկարող ըլլալով յաղթել ժողովուրդի մը, որ ազատութիւնը աւելի վեր դասած է քան թէ ստրկութիւնն ու մահը:
Այդ պայքարը ղեկավարուած է նաեւ կրօնափոխ ու “գաղտնի” բազմաթիւ հայերու կողմէ, որոնք Ճանսըզի նման 1915 թուի հայոց ցեղասպանութեան եւ 1938 թուի Տերսիմի կոտորած ցեղասպանութեան վերապրողներու շառաւիղներէն էին: Քրտացած, Ալաուի կամ Քրմաճ, Սիւննի թէ Քզլպաշ, զէնն ի ձեռին, դարձած էին Փ.Ք.Ք.-ի մարտիկները, այսպիսով իրենց վրէժը լուծելով իրենց հայրերուն եւ նախահայրերուն դէմ գործուած ահաւոր ոճիրներուն հանդէպ: Իմրէլիի բանտին մէջ ահաւոր տանջանքներու եւ նուաստման ենթարկուած Աբօն անցեալին հրահանգած էր քրտական յանցագործ ցեղախումբերու անդամներուն` ծնկաչոք ներողութիւն խնդրել հայերէն` իրենց հանդէպ գործուած ոճիրներուն համար…:
Անգարայի աղուէս վարիչներն ու “Միթ”ի գործակալները երեւի պահ մը մոռցան, թէ ինչպիսի անդրադարձ ունեցաւ “խաղաղութեան աղաւնի” Հրանդ Տինքի սպանութիւնը, երբ հազարներ փողոց իջան Պոլսոյ մէջ եւ այլուր` “Մենք բոլորս հայ ենք, Հրանդ Տինք ենք” գոռալով: Իսկ Յունուար 17-ին, Տիարպէքիրի մէջ տեղի ունեցած միլիոննոց յուղարկաւորութիւն ցոյցը` Թուրքիոյ ոճրագործ ղեկավարութեան կ’ազդարարէր, թէ անպատիժ սպանութիւններու եւ կոտորածներու ժամանակը վաղուց անցած է ու երկիրը նստած է եռացող հրաբուխի մը վրայ:
Հողը տերսիմեան թեթեւ գայ վրադ խիզախ հայուհի Սաքինէ Ճանսըզ, եւ քու նահատակ ընկերուհիներուդ հետ վերեւէն տեսնես ազատութեան յաղթանակը բռնատիրութեանց երկրին մէջ:
***
Հայեցի Ուսման Բարեսիրական Օժանդակութեան Նպատակներով
Հարցազրոյց՝
«Եփրեմ» Ոսկերչական Հաստատութեան Եւ Խաչքարի Արտադրութեան ու Արտահանման Տնօրէն՝ Լութֆիք Շխըրտըմեանի Հետ
Համօ Մոսկոֆեան, Պէյրութ, Փետրուար 2013
ՀԱՐՑՈՒՄ.- Կարելի՞ է տեղեկութիւններ տալ «Խաչքար» ոսկերչական ստեղծագործութեան մասին։
ՊԱՏԱՍԽԱՆ.- Կը ներկայացնենք «Եփրեմ» հաստատութիւնը որ հիմնուած է 1964 թ.ին՝ Եփրեմ Շխըրտըմեանին կողմէ։ Մենք կը ներկայացնենք երկրորդ սերունդը. ես Լութֆիք Շխըրտըմեանն եմ, քոյրս՝ Վիրնա ու եղբայրս՝ Ժան, հօրս տնօրինութեամբ է որ 49-ամեայ այս ոսկերչական տունը կը
ՀԱՐՑՈՒՄ.- Կը լսենք որ այս ոսկերչական արտադրանքէն ու վաճառքէն գոյացած գումարներէն մաս մը կը ցանկանաք օգտագործել բարեգործական նպատակներու համար…։
ՊԱՏԱՍԽԱՆ.- Հայութիւնը կամաց-կամաց կը հեռանայ իր արմատներէն եւ շատեր արդէն իսկ իրենց զաւակները կ’ուղարկեն օտար դպրոցներ՝ արագացնելով ձուլման տխուր գործընթացը, պատճառաբանելով թէ վերոյիշեալ ուսման հաստատութիւնները աւելի փայլուն ապագայ կ’ապահովեն։ Մեր նպատակն է ժողովուրդին կարծիքը փոխել եւ քաջալերել վերադարձը դէպի հայկական դպրոցներ։
ՀԱՐՑՈՒՄ.- Այս ոսկեայ խաչքար-ապարանջանը ո՞ւր կրնանք գտնել եւ ինչպէ՞ս ձեռք բերել։
ՊԱՏԱՍԽԱՆ.- Facebook-ի վրայ խումբ (group) մը ստեղծած ենք, յատուկ խաչքարին համար, ուր
ՀԱՐՑՈՒՄ.- Իսկ ի՞նչ են ձեր ծրագիրները, ինչ կը վերաբերի այս եզակի մտայղացումը՝ խաչքարը՝ միջազգային շուկայ հանելու։
ՊԱՏԱՍԽԱՆ.- Մենք 2013 թուին սկսանք «Խաչքար»ի ծրագիրը, յուսալով որ քանի մը ամիսէն այն հասնի աշխարհատարած Սփիւռքի հայերուն՝ զանգուածային լրատուութեան միջոցներով։ Կը փորձենք կազմակերպել հայազգի նշանաւոր աստղերուն հետ պաշտօնական «Խաչքար»ի ներկայացում, որոնց մասին պիտի անդրադառնանք ուրիշ հաղորդումներով։
Այսպիսով՝ եթէ «Խաչքար»ի ծրագիրը յաջողութիւն գտնէ, նոր տարբերակները պիտի “տպագրուին”։ Դարձեալ հայկական բարեգործական նպատակներով։
Մեր նշանաբաններն են՝ յատուկ, մաքուր եւ կեանք ունեցող ոսկեղէններ, ի փառս հայկական ոսկերչական դարաւոր աւանդոյթներուն։